Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Ո՛չ, Երազ Չէ

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՃԵՆԱՆԵԱՆ

Դարերէ ի վեր հայը կ՛երազէր ունենալ ազատ հայրենիք մը, կը պաշտէր հողը, ուր կ՛ուզէր ապրիլ խաղաղ, շինել, ստեղծել եւ ոչ ոքի ենթարկուիլ: Ահա հայուն էութիւնը` Հայկ նահապետէն ի վեր: Բայց բախտը միշտ դաւաճանած է իրեն ու բաժինը հանած` ցաւ ու լաց, քանդում եւ սպանութիւն. սրտին մէջ կարօտ կեանքին` միշտ երազելով, թէ ե՛րբ ազգին զաւակները մէկ ուժ ու մէկ պետութիւն պիտի դառնան:

Հայ ժողովուրդը շարունակ մնաց նոյն մղձաւանջին մէջ, շրջապատուած արտաքին թշնամիներով ու յաճախ ալ ներքին երկպառակումներով` կորսնցուց պատմական հողերը, ստեղծագործութիւնները, տակաւ նուազեցաւ անոր թիւը, մինչեւ որ կրեց մեծ հարուած` Ցեղասպանութիւնը ու դարձաւ սփիւռք. Եղեռնին յաջորդած տարիներուն տկար հաւաքականութիւններ` տարածուած աշխարհի չորս ծագերուն:

Հակառակ այս բոլորին` չլքեց յոյսը եւ փարեցաւ իր ազգային արժէքներուն ու այն երազին, մեծ հաւատքին, որ օր մըն ալ երազը պիտի դառնայ իրականութիւն: Տարիներու ընթացքին տարբեր երկիրներու մէջ, անհատներ թէ միութիւններ, ջանք թափեցին, որպէսզի հաւաքուին մէկ յարկի տակ` Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի մէջ: Յատկանշական է պատկերը. 70-է աւելի երկիրներէ եկած անձնաւորութիւններու ընտրանի մը` զոյգ կաթողիկոսներ, հանրապետութիւններու զոյգ նախագահներ, պետական աւագանի, սփիւռքահայութեան ներկայացուցիչներ, գիտնականներ, զանազան մարզերու մասնագէտներ, գործատէրեր եւ այլն, աւելի քան 1500 հոգի համախմբուեցան` մասնակցելու Հայաստան-սփիւռք 6-րդ համահայկական համաժողովին, ուր տրուեցան միակամ որոշումներ` յօգուտ հայ ազգի ներկայի եւ ապագայի ծրագիրներուն:

Ահաւասիկ` 18 սեպտեմբեր 2017. պատմական օր մը, ազգային տօն մը, որուն ընթացքին իւրաքանչիւր մասնակից իր բարձր մտածողութեամբ, համախմբուելով մէկ տեսլականին շուրջ, Հայաստան, Արցախ, սփիւռք եւ թիկունք տալու հզօր Հայաստանի մը` տարբեր բնագաւառներու մէջ` զինական, տնտեսական, գիտական, ընկերային, քաղաքական եւ այլն, մոռցնել տալու համար մեզի` մեր ազգին տխուր անցեալը:

Այո՛, երազ չէ այլեւս, Երեւանի երկինքին տակ այդ մեծ հայորդիներու հաւաքը օրհնաբեր իրականութիւն մըն է, եւ կը հաւատանք, որ այդ ժողովին անոնց գլխուն վերեւ կը թեւածէին մեր նահատակներուն արդար հոգիները, նոյնպէս` անցեալի հերոսներուն եւ ազգին նուիրեալներուն խրոխտ հոգիները, որոնց մղումով եւ ներշնչումով տրուեցան մեծ որոշումներ` հայը եւ Հայաստանը զօրացնելու եւ աշխարհի պետութեանց կողքին արժանի տեղը գրաւելու համար ազատ, անկախ եւ միացեալ հայրենիքով, ուր կը տիրէ Հայաստան, Արցախ, սփիւռք անքակտելի ամրութեան սիրոյ ոգին, երգելու` ցեղին փառքը, օր մըն ալ տեսնելու Արարատի գագաթին հայու բռունցքին պատկերը, իրականացնելով մեր տառապանքներէն ծնած հզօր Հայաստանը, որ մեր մեծ երազն է:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>