Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Հայրենի Կեանք

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Նախագահը Հանդիպում Ունեցած Է Համաշխարհային Ճանաչում Ունեցող Հայ Գիտնականներու Հետ

Նախագահ Սերժ Սարգսեան 6 նոյեմբերին  իր գրասենեակին մէջ ընդունած է համաշխարհային ճանաչում ունեցող գիտնականներ, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի արտասահմանեան անդամներ Եուրի Օգանէսեանը եւ Անի Աբրահամեանը, որոնք Երեւան եկած էին մասնակցելու համար նոյեմբեր 6-8 տեղի ունեցած Համահայկական գիտաժողովին:

Երկու գիտնականները նաեւ պիտի մասնակցին  Ա. Ի. Ալիխանեանի անուան ազգային գիտական գիտավերլուծարանի (ԱԱԳԳ) ռազմավարութեան մշակման քննարկումներուն:

Հաղորդենք, որ Եուրի Օգանէսեան Հայաստանի վարչապետին կողմէ նշանակուած ԱԱԳԳ միջազգային գիտական Խորհուրդի նախագահն է: Այս Խորհուրդը 2009-2010 թուականներուն ձեւաւորած է միջազգային յանձնախումբ մը, որ ձեռնարկած է Երեւանի Բնագիտութեան համալսարանը ազգային գիտական գիտավերլուծարանի վերափոխելու աշխատանքին:

Անի Աբրահամեանը ամերիկեան եւ եւրոպական գիտական շարք մը հիմնարկներու կառավարման փորձ ունեցող գիտնական է, որուն մասնագիտութիւնը գլխաւորաբար միջուկային բնագիտութեան եւ «իզոթոփներ»-ու արտադրութեան բնագաւառին մէջ է: Աբրահամեան եւս ներգրաւուած է Եուրի Օգանէսեանի կողմէ ձեւաւորուած միջազգային յանձնախումբի գործունէութեան մէջ:

Ողջունելով անուանի գիտնականները` նախագահը գնահատած է անոնց պատրաստակամութիւնը` աջակցելու Հայաստանի գիտութեան զարգացման, ինչպէս նաեւ ներդրում ունենալու յատկապէս բնագիտութեան եւ ուսողութեան բնագաւառներու առաջընթացի եւ երիտասարդ գիտնականներու կրթութեան գործին մէջ:

«Ղարաբաղ Կարպետ» Ընկերութեան Կողմէ Արտադրուած Առաջին 10-ը Էքոգորգերը Անմիջապէս Սպառած Են

«Ղարաբաղ կարպետ» ընկերութեան կողմէ արտադրուած առաջին 10-ը էքոգորգերը անմիջապէս սպառած են: Այս մասին լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է «Ղարաբաղ կարպետ» ընկերութեան տնօրէն Սեւակ Խաչատրեանը եւ աւելցուցած է, որ էքոգորգերուն առանձնայատկութիւնը այն է, որ անիկա քիմիական մշակման չեն ենթարկուիր, զերծ են գունային յաւելումներէ եւ հանգստացնող ազդեցութիւն կը գործեն նոյնիսկ տեսողական իմաստով:

Ըստ Ս. Խաչատրեանին, թելի ստացումէն մինչեւ պատրաստի արտադրանք` գործընթացը կը կատարուի առանց ժամանակակից արհեստագիտութիւններու կիրարկման, ինչը ոլորտին համար կարեւոր բաղադրիչ է: Աշխատանքները կը տեւեն մօտաւորապէս 5 ամիս, իսկ հումքը կը ստացուի Արցախի եւ Հայաստանի լեռնային շրջաններու ոչխարներու բուրդերէն:

Անդրադառնալով ընկերութեան աշխատանքներուն` Ս. Խաչատրեան նշած է, որ վերջին տարիներու ընթացքին «Ղարաբաղ կարպետ» ընկերութիւնը վերականգնած եւ գործած է 500-է աւելի տեսակի գորգեր, իսկ ներկայիս կը ստեղծեն նաեւ նոր նախշերով հեղինակային գորգեր:

Ըստ ընկերութեան տնօրէնին, անոնք ունին 100 աշխատակից, որոնք կը զբաղին ո՛չ միայն գորգագործութեամբ, այլեւ` կարպետներու եւ յուշագորգերու գործով:

Սփիւռքի Նախարարութիւնը 302 Սուրիահայ Ուսանողներու Կրթաթոշակ Կը Յատկացնէ

Հայաստանի կառավարութիւնը սփիւռքի նախարարութեան գումար պիտի յատկացնէ` 302 սուրիահայ երիտասարդներու ուսման վարձը փոխհատուցելու համար:

2012-էն ի վեր, ամէն տարի սուրիահայ ուսանողներու ուսման վարձի փոխհատուցման համար դրամական միջոցներու հիմնական մասը տրամադրուած է «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան եւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին կողմէ: Ցուցաբերուած նիւթական աջակցութիւնը բաւարար չըլլալուն պատճառով սուրիահայ ուսանողներուն ուսման ամբողջ վարձը փոխհատուցելու նպատակով դրամական միջոցներ տրամադրուած են նաեւ պետական պիւտճէէն: 2014-ին պետական պիւտճէէն տրամադրուած է 26 միլիոն, 2015-ին` 24 միլիոն, 2016-ին` 20 միլիոն դրամ: 2017-ին նոյնպէս անհրաժեշտութիւն յառաջացած է ուսման վարձի փոխհատուցման համար պետական պիւտճէէն յատկացնել մօտաւորապէս 20 միլիոն դրամ:

Նշենք, որ ուսման վարձի փոխհատուցման կարիք ունին 302 սուրիահայ ուսանողներ, որոնց ուսման վարձը կը կազմէ 194 միլիոն 198 հազար 400 դրամ: 73 ուսանողներու վարձավճարին 60 տոկոսը, որ կը կազմէ 20 միլիոն դրամ, կ՛առաջարկուի վճարել պետական պիւտճէի միջոցներու հաշուոյն, իսկ մնացած ուսանողներուն ուսման վարձի փոխհատուցումը կը կատարուի Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան կողմէ յատկացուած միջոցներուն հաշուոյն:

Սրտի Անվճար Վիրահատութիւններուն Թիւը Կ՛աւելնայ

Կառավարութիւնը իր 9 նոյեմբերի նիստին որոշեց աւելցնել քաղաքացիներու համար սրտի անվճար վիրահատութիւններուն թիւը:

Ըստ որոշումին, կը նախատեսուի նուազեցնել որոշ ծրագիրներու ընդհանուր միջոցները եւ զանոնք ուղղել սրտի վիրահատութեան ծառայութիւններու մատուցման:

«Կը նախատեսուի նուազագոյնի հասցնել պիւտճէական միջոցներու հաշուոյն ցած արդիւնաւէտութեամբ ծրագիրներու իրականացումը: Կ՛առաջարկուի նուազեցումներու հաշուոյն «Սիրտի վիրահատութեան ծառայութիւններ» ծրագիրի ընդհանուր միջոցները աւելցնել 194 միլիոն 477 հազար 600  հայկական դրամով, որուն շրջանակներուն մէջ մինչեւ 2017 թուականին աւարտը կարելի պիտի ըլլայ փոխհատուցել լրացուցիչ 220 սրտի վիրահատութիւն», նշուած է կառավարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

Նոյեմբեր 11-ին Երեւանի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Համաքաղաքային Ծառատունկ-Շաբաթօրեակ

Երեւանի քաղաքապետարանէն տեղեկացուցին, որ ծառատունկի ծիրէն ներս ոռոգելի տարածքներու մէջ տնկուեցան տարբեր տեսակի ծառեր եւ թուփեր, իսկ մայրաքաղաքի բակերը, զբօսայգիներն ու պուրակները, ինչպէս նաեւ հանրային նշանակութեան կառոյցներն ու ճանապարհներու յարակից տարածքները զարդարուեցան պատշաճ տեսքով:

Ծառատունկ-շաբաթօրեակին մասնակցեցան քաղաքապետարանի եւ վարչական շրջաններու աշխատակազմերու, պետական ու անձնական կազմակերպութիւններու աշխատակիցներ, կրթօճախներու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:

Մասնակիցներուն տրուեցան բահեր, ձեռնոցներ, պարկեր եւ անհրաժեշտ այլ պարագաներ:

Հայաստան Պիտի Ունենայ Իր «Տիզնիլենտ»-ը, Որ Պիտի Կոչուի «Նոյլենտ»

Հայաստանի կառավարութիւնը «Տիզնիլենտ» եւ «Եունիվըրսըլ» ընկերութիւններու փորձագէտները Հայաստան հրաւիրած է` Վանաձորի մէջ «Տիզնիլենտ»-ի նման վայրի մը նախագիծի իրագործման աշխատանքներու համար: Այդ վայրը պիտի կոչուի «Նոյլենտ»: Այս մասին յայտարարած է վարչապետ Կարէն Կարապետեանը:

«Նախագծի աշխատանքները սկսած են մէկ տարի առաջ, մեկնարկած է 100 միլիոն տոլարի ներդրումային ծրագիրը արդիւնաբերութեան եւ գիւղատնտեսութեան ոլորտներուն մէջ, եւ այժմ իտալացի լաւագոյն խորհրդատուներ կ՛օգնեն մեզ Վանաձորի զարգացման հայեցակարգը մշակելու», ըսած է վարչապետը:

Վերջինս նաեւ յայտնած է, որ կառավարութիւնը ներկայիս կը քննարկէ ենթակառուցային կարելի լուծումները, որոնք կրնան առաւել գրաւիչ դարձնել Վանաձորի մէջ իրականացուող ձեռնարկը:

Թալինի Մէջ Բացուեցաւ Հայաստանի Մեծագոյն Արեւային Կայանը

7 նոյեմբերին  Արագածոտնի մարզի Թալին քաղաքին մէջ բացումը կատարուեցաւ Հայաստանի ամէնէն մեծ` 1 մեկաուաթ հզօրութեամբ «Թալին-1» արեւային կայանը:

Այս եզակի նախագիծը արտադրական ծաւալով եւ կարելիութիւններով կարեւոր նշանակութիւն ունի Հայաստանի արեւային ուժանիւթի, բնապահպանութեան եւ տնտեսական զարգացման ոլորտներուն համար:

Նախագիծը իրականացուած է հայաստանցի ներդրողներու խումբի (Էդուարդ Մարութեան, Արա Կարապետեան, Զաւէն Սարգսեան եւ Հայկ Չոբանեան) միջոցներով եւ համաֆինանսաւորուած է Գերմանահայկական հիմնադրամին եւ KFW դրամատան կողմէ:

Յայտնենք, որ արեւային կայանի բացման արարողութեան ներկայ էր նաեւ վարչապետ Կարէն Կարապետեանը:

Հայաստանի Մէջ Քոնեաքի Արտադրութիւնը Աճած Է 56 Տոկոս

Քոնեաքը 2017-ի առաջին 9 ամիսներուն ամէնէն շատ արտադրուած ոգելից խմիչքն էր Հայաստանի մէջ:

Ըստ Ազգային վիճակագրական ծառայութեան տուեալներուն, այս տարուան յունուարէն սեպտեմբեր ամիսներուն 21.134 միլիոն լիթր քոնեաք արտադրուած է, ինչ որ 56,5 տոկոսով աւելի է 2016-ի նոյն ժամանակահատուածի 13,503 միլիոն լիթրէն:

Աճած է նաեւ գինիի արտադրութիւնը 36 տոկոսով, գարեջուրինը` 10 տոկոսով եւ շամփայնիայինը` 11 տոկոսով: Յունուարէն սեպտեմբեր այս խմիչքներուն արտադրութեան ծաւալները կազմած են համապատասխանաբար` 5.872 միլիոն լիթր, 17.766 միլիոն լիթր եւ 320.800 լիթր:

Նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին հետ համեմատած` 29 տոկոսով նուազած են օղիի արտադրութեան ծաւալները. 2016-ին արտադրուած էր 5.603 միլիոն լիթր, իսկ 2017-ին` 3.945 միլիոն լիթր:

Ուիսքիի արտադրութիւնը նոյնպէս նուազած է. նախորդ տարուան 9 ամիսներուն 1.083 միլիոն լիթրի փոխարէն` այս տարի 876.000 լիթր արտադրուած է:

«Հայաստանի Երաժշտութիւն»-ը` Անդամ Երաժշտութեան Եւրոպական Խորհուրդին

«Հայաստանի երաժշտութիւն» ոչ կառավարական կազմակերպութիւնը վերջերս անդամ դարձաւ Երաժշտութեան եւրոպական խորհուրդին: Անիկա հայաստանեան առաջին կազմակերպութիւնն է, որ 1972-ին հիմնուած նշեալ խորհուրդին անդամ կը դառնայ:

Հաղորդենք, որ Երաժշտութեան եւրոպական խորհուրդը Երաժշտութեան միջազգային խորհուրդի շրջանային խումբ մըն է, որ կը ներկայացնէ Եւրոպան: Անիկա նոյնպէս ոչ կառավարական մարմին մըն է, որ կը զբաղի երաժշտական հարցերով:

Յիշեցնենք, որ Երաժշտութեան միջազգային խորհուրդը, որ 1949-ին հիմնուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ, երաժշտութեան բնագաւառին մէջ կազմակերպութիւններու եւ հիմնարկներու մեծագոյն ցանցը կը հանդիսանայ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles