Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Պատմական. Քորէայի Տագնապի Լոյսին Տակ

$
0
0

Չոսին Ջրամբարի Կռիւները Եւ Սէուլի Գրաւումը
Չինական Ու Հիւսիսքորէական Ուժերուն Կողմէ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Մարինզներ Չոսին ջրամբարին մօտ

Քորէայի հիւսիսային գօտիին մէջ, Չոնկչոն գետի ափերուն, 1950 նոյեմբերի վերջաւորութեան մղուած բուռն կռիւներէ ետք ամերիկեան եւ հարաւքորէական ուժերը պաշտպանական նոր գիծեր հաստատեցին, իսկ չինացիք աշխատեցան կտրել ամերիկեան եւ հարաւքորէական ուժերու ճանապարհները:

Թրքական զօրագունդը զօրավար Թահսին Եազըճըի հրամանատարութեամբ կեդրոնացաւ Վավոն գիւղին շուրջ, կասեցնելու համար չինական յառաջխաղացքը:

Սակայն թրքական զօրքը կապի ու հաղորդակցութեան եւ համակարգումի լուրջ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէր: Անոնք ոչ անգլերէն, ոչ ալ քորէերէն կը հասկնային եւ միջավայրին ու պայմաններուն ալ անծանօթ էին:

Հարաւքորէական 200 հոգինոց ջոկատ մը Թոքչոնէն ճամբայ ելաւ միանալու թրքական զօրքին, բայց թուրքերը զանոնք չինացի կարծելով կրակ բացին եւ սպաննեցին 14 ու վիրաւորեցին 6 զինուոր:

Թուրքեր Վավոնի մէջ պաշտպանական դիրքեր եւ դէպի հիւսիս-արեւելք կիսաշրջանակային օղակ հաստատեցին:

Չինական 114-րդ զօրաբանակին 38-րդ զօրագունդը, զօրավար Ժայ Ժոնկիուի հրամանատարութեան տակ գիշերային յարձակումով մը քանդեց թրքական առաջին դիրքերը:

Թուրքեր արագօրէն պաշտպանական նոր դիրքեր գրաւեցին Վավոնի շուրջ: Չինացիք գրոհի անցան թրքական պաշտպանական դիրքերուն վրայ եւ սկսան յառաջանալ: Թուրքերը պաշարուեցան եւ ձեռնամարտի մտան. բախումը եղաւ կարճ, բայց աղիտալի: Թուրքեր շուրջ 400 սպաննուած տալէ ետք պաշարման շղթան քակեցին եւ նահանջեցին դէպի արեւմուտք, Սինիմ-րի գիւղը:

Չինացիք Վավոնի շրջակայ բլուրները գրաւելէ եւ դիրքեր հաստատելէ ետք Սինիմ-րիի ճամբաները կտրեցին եւ արագ յարձակումով մը թրքական զօրքերը հրետանային ուժեղ կրակի տակ առին: Թրքական հրամանատարական կեդրոնին եւ դիրքերուն միջեւ կապը կտրուեցաւ: Չինացիք նոր ուժեր իջեցուցին եւ պաշարման շղթայ հաստատեցին: Թուրքեր մեծ կորուստներ տալէ ետք նահանջեցին:

* * *

Չոսին ջրամբարը կը գտնուի Քորէայի հիւսիս-արեւելեան կողմը: Չոսին ճափոներէն հնչումն է. քորէիրէն անիկա կը կոչուի Չանկճին ջրամբար: 126 քիլոմեթր երկարութեամբ ճակատի գիծը կը սկսէր Հունկնամէն եւ ձիւնածածկ լեռներէն ու Ֆունչիլին եւ Թոքթոնկ լեռնանցքներէն անցնելով կը հասնէր Չոսին ջրամբար: Եուտամի-նի եւ Սինհունկ-նի գիւղերը կը գտնուին ջրամբարին արեւմտեան եւ արեւելեան կողմերը: Հոնկէ ճամբան կը շարունակուի դէպի Հակապրու-րի, կ՛անցնի Քոթօ-րիէն եւ կը հասնի Հունկնամ նաւահանգիստ: Ճամբան դարձդարձիկ է, ժայռոտ եւ կան ցից բարձունքներ: Շրջանը ցանցառ բնակչութիւն ունի:

Ամերիկեան ուժերը զօրավարներ Էտուըրտ Ալմոնտի եւ Օլիվըր Սմիթի հրամանատարութեան տակ շարժեցան դէպի Չոսին ջրամբար եւ տեղաբաշխուելով պաշտպանական դիրքեր հաստատեցին:

Սառնաշունչ ձմեռ էր եւ ջերմաստիճանը զերոյէն վար 35 ցոյց կու տար: Ամէն կողմ` ձիւն ու սառոյց: Զինուորները ցուրտէն պաշտպանուելու անհրաժեշտ հագուստներ չունէին եւ կը սառէին. բժշկական օգնութիւն հասցնելը դժուար էր եւ մորֆին կը ներարկէին: Ուտեստեղէն հասցնելն ալ դժուար էր: Հրետանին ալ անբաւարար էր:

Զօրավար Սմիթի հրամանով պաշտպանական ամուր յենակէտեր հաստատուեցան եւ օդանաւերու էջքի համար Հակարու-րիի եւ Քոթօ-րիի մօտակայ հարթ վայրերը մաքրուեցան: Ջրամբարին անմիջական շրջակայքը ամերիկացիք պաշտպանական մէկ գիծ հաստատեցին: 9-րդ բանակը ութ զօրագունդ կեդրոնացուցած էր ճակատի գիծին վրայ, գլխաւորաբար` Եուտամի-նիի եւ Սինհունկ-նիի միջեւ:

Չինացիք 120 հազար զինուոր կեդրոնացուցին ջրամբարին շուրջ: Անոնք որոշեցին նախ Եուտամի-նիի եւ Սինհունկ-նիի ամերիկեան դիրքերը ջախջախել, այնուհետեւ շարժիլ դէպի Հակարու-րի եւ բնաջնջել 9-րդ բանակը:

Չինացի զինուորներն ալ անհրաժեշտ հագուստներ չունէին, ցուրտէն կը սառէին եւ սննդեղէնի տագնապ կը դիմագրաւէին:

1 դեկտեմբեր 1950-ի առաւօտուն ամերիկացիք յարձակման անցան, բայց չինական ուժեղ դիմադրութեան առջեւ կանգ առին եւ քաշուեցան, որմէ ետք բարձունքներուն վրայ նոր դիրքեր հաստատեցին եւ աշխատեցան Հակարու-րին իրենց ձեռքը պահել:

Չինական բանակը երկու ուղղութեամբ հակայարձակման անցաւ. մէկ թեւը Եուտամի-նիի ուղղութեամբ քալեց, իսկ միւս թեւը Քոթօ-րիի հարաւը հասաւ:

Գիշերը կռիւները սաստկացան եւ անխնայ  ռմբակոծումները շարունակուեցան մինչեւ առտու: Ամերիկեան ուժերը Եուտամի-նիէն քաշուեցան եւ պաշտպանական նոր դիրքեր հաստատեցին:

1419-ի բարձունքին չինական դիրքերը խոցելի էին: Ամերիկացիք գրաւեցին բարձունքը եւ սկսան յառաջանալ դէպի լեռները, ճամբուն արեւելեան կողմը իրենց հակակշիռին տակ պահելու դիտաւորութեամբ: Քանի մը ժամուան կռիւներէ ետք մարինզները բացին Եուտամի-նիի եւ Հակարու-րիի ճամբան:

Երեկոյեան, մինչ չինական ուժերը, յոգնած` իրենց առաջին հանգիստը կ՛առնէին, ամերիկացիք օդային յարձակման անցան եւ ծանր կորուստներ պատճառեցին անոնց:

Դեկտեմբեր 3-ին եւ 4-ին ամերիկեան ուժերը յառաջխաղացք արձանագրեցին, մինչ չինացիք նահանջեցին դէպի հիւսիս:

Ջրամբարին արեւելեան կողմէն յառաջանալով ամերիկացիք շարժեցան դէպի Մուփիոնկ-նի, ուր չինացիք բուռն դիմադրութիւն ցոյց տուին: Արիւնահեղ գօտեմարտեր մղուեցան. ամերիկեան ուժերը ծանր հարուած ստացան եւ 2500 մարինզներէն 1050 հոգին միայն կրցաւ խոյս տալ դէպի Հակարու-րի:

Ամերիկացիք երկու գումարտակ զօրք տեղակայած էին Հակարու-րիի մէջ: Ստեղծուած կացութեան առջեւ անոնք պաշտպանական նոր գիծեր հաստատեցին: Մարինզներու շարքերուն մէջ դիրքային նոր դասաւորումներ կատարուեցան:

Դեկտեմբեր 6-ին չինացիք յարձակման անցան Հակարու-րիի վրայ: Ամբողջ օրը կռիւը շարունակուեցաւ փոփոխակի յաջողութիւններով: Գիշերը չինացիք յարձակումը սաստկացուցին:

Մարինզները, մութ գիշերուան մէջ հակայարձակման անցան, Հակարուր-իի եւ Քոթօ-րիի միջեւ ճամբան բացին եւ գրաւեցին շրջակայ բարձունքները: Քիչ ետք չինական հրետանին սկսաւ սաստկօրէն ռմբակոծել ամերիկեան դիրքերը եւ ճամբաները. ստեղծուեցաւ քաոսային վիճակ: Գիշերային կռուի մէջ մասնագիտացած մարինզներու ջոկատ մը արագ ու անակնկալ յարձակում մը շղթայազերծեց չինական դիրքերուն վրայ եւ մեծ վնասներ պատճառեց անոնց:

Չինացիք փորձեցին Ֆունչիլին լեռնանցքը եւ կամուրջը իրենց հակակշիռին տակ առնել: Արիւնահեղ մարտերէ ետք դեկտեմբեր 11-ին ամերիկացիք քաշուեցան Ֆունչիլին լեռնանցքէն եւ Հունկնամի պարագիծին շուրջ ամրացան:

Զօրավար Տուկլաս ՄաքԱրթըր ուժերու նոր վերադասաւորում կատարեց: Հարաւքորէական ուժերը Հունկնամի նաւահանգիստին շուրջ պաշտպանական ամրութիւններ հաստատեցին, իսկ ամերիկեան ծովուժը սաստկօրէն սկսաւ ռմբակոծել չինական դիրքերը, պաշտպանելու համար Հունկնամի պարագիծը:

Չինական յարաճուն յարձակումներուն առջեւ ամերիկեան եւ հարաւքորէական դիրքերը տկարացան: Ուժերու յարաբերակցութիւնը արագօրէն փոխուեցաւ: Չինական բանակին կողմէ հիւսիսային Քորէայի գրաւումը այլեւս կը նկատուէր անխուսափելի:

Արեւմտեան կողմէն շրջանցելով ամերիկեան զօրքերը, չինացիք շրջապատեցին զանոնք 420 հազարնոց բանակով եւ թեւային հարուած հասցուցին ամերիկեան 8-րդ բանակին:

Ստեղծուած կացութեան առջեւ զօրավար Մաք Արթըր 8-րդ բանակին հրամայեց նահանջել եւ 38-րդ հորիզոնականին վրայ կեդրոնանալ: Զօրավար Ուալթըր Ուոլքըր, 8-րդ բանակի հրամանատարը, դեկտեմբեր 23-ին զոհ գնաց ինքնաշարժի մը արկածին:

Չոսին ջրամբարի յառաջացեալ դիրքերուն վրայ տեղակայուած ամերիկեան հետեւակազօրքի 7-րդ գունդը հիմնովին ջախջախուեցաւ եւ բնաջնջուեցաւ:

Ամերիկացի զինուորներ նափալմով Չոսին ջրամբարի չինական դիրքերը ռմբակոծելու պահուն

Դեկտեմբեր 24-ին ամերիկեան 193 մարտանաւեր խմբուեցան Հունկնամի նաւահանգիստին մէջ: Խուճապային վիճակի մէջ` 105 հազար զինուորներ եւ 98 հազար քորէացի քաղաքայիններ լեցուեցան նաւերը եւ Պուսան փոխադրուեցան:

Ժամը 14:36-ին ամերիկեան վերջին նաւը հեռացաւ նաւահանգիստէն:

Դեկտեմբեր 25-ի առաւօտուն չինական ուժերը մտան Հունկնամ եւ քանդեցին նաւահանգիստը:

Արեւելեան ռազմաճակատը այսպիսով տապալեցաւ: Ամերիկացիք փութով պաշտպանական գիծեր սկսան կառուցել արեւմտեան գօտիին մէջ:

Չոսին ջրամբարի շուրջ կռիւներուն ամերիկացիք եւ հարաւքորէացիք, պաշտօնական տուեալներու համաձայն, 13,900 զոհ տուին: Չինացիք տուին 19,202 (ոչ պաշտօնական տուեալներով` 60 հազար) զոհ, եւ շուրջ 30 հազար չինացի զինուոր ալ ցուրտէն մահացաւ:

Հիւսիսային Քորէայի մեծ մասը վերագրաւուեցաւ չինական ուժերուն կողմէ: Քիմ Իլ-Սունկ հիւսիսքորէական բանակը սկսաւ վերակազմել եւ զայն չինական հրամանատարութեան ենթարկեց: Ան Մաօ Ցէ Թունկէն խնդրեց պատերազմը շարունակել, մինչեւ ամբողջ Քորէայի ազատագրումը:

* * *

Չինական եւ հիւսիսքորէական ուժերը 31 դեկտեմբեր 1950-ի երեկոյեան լայնածաւալ յարձակողականի անցան 38-րդ հորիզոնականին վրայ տեղակայուած ամերիկեան եւ հարաւքորէական ուժերուն դէմ:

Ամերիկեան 8-րդ բանակը, որուն հրամանատարութիւնը ստացած էր զօրավար Մաթիու Ռիտկուէյ, Իմճին գետի երկայնքին պաշտպանական դիրքեր հաստատած էր Սէուլը պաշտպանելու համար: Սէուլ, Հան գետի ափին, կը գտնուի 38-րդ հորիզոնականէն 56 քիլոմեթր հարաւ:

Չինացիք յարձակման անցան Իմճին գետի ափերէն, թերակղզիի արեւմտեան կողմէն եւ սկսան յառաջանալ կեդրոնական գօտիին մէջ գտնուող Չունչոնի ուղղութեամբ: 33-ի ճամբան 38-րդ հորիզոնականէն անցնելով կը հասնէր Սէուլ: Այլ ճամբայ մըն ալ, Իմճինի վրայէն Քեսոնկը, Մունսանը եւ Քոյանկը կը կապէր Սէուլի: Ուրիշ ճամբայ մըն ալ Չունչոնէն կ՛ուղղուէր դէպի Սէուլ:

Ձիւն ձմեռ էր, Իմճին եւ Հան գետերը սառած էին եւ ջերմաստիճանը զերոյէն վար 20 ցոյց կու տար:

Ամերիկեան առաջին եւ 9-րդ զօրագունդերը Իմճին եւ Հան գետերը պաշտպանելու պարտականութիւն ստանձնած էին, մինչ հարաւքորէական երրորդ զօրագունդը Չունչոնի շուրջ տեղակայուած էր:

Արագ եւ վճռական հարուածով մը չինացիք սկսան յառաջանալ դէպի հարաւ, շրջափակելու համար ամերիկեան եւ հարաւքորէական ուժերը: Կէս գիշերին ճակատի գիծը խորտակուեցաւ:

1 յունուար 1951-ի առաւօտուն հարաւքորէական ուժերը արագօրէն նահանջի ճամբան բռնեցին: Զօրավար Ռիտկուէյ հրամայեց կասեցնել չինական յառաջխաղացքը եւ դիմադրութիւն կազմակերպել, բայց հարաւքորէական ուժերը շարունակեցին նահանջը:

Իր կարգին Հարաւային Քորէայի նախագահ Ռի Սինկման հրամայեց իր զօրքերուն դիմադրել, բայց ապարդիւն:

Երեկոյեան, Իմճին եւ Հան գետերու ամերիկեան դիրքերը վտանգուեցան: Չինացիք 14 քիլոմեթր յառաջացան եւ թեւանցեցին ամերիկեան ուժերը:

Չինական ուժերը Սէուլի մէջ

Յունուար 2-ի առաւօտուն չինական ուժերը կանգ առին եւ սկսան պատրաստուիլ, ամերիկեան 8-րդ բանակը ամբողջովին շրջափակելու դիտաւորութեամբ:

Հարաւքորէական նահանջող ուժերուն միջեւ կապը կտրուած էր: Անոնցմէ կարգ մը միաւորներ արդէն վոնճու հասած էին:

Յունուար 3-ի առաւօտուն զօրավարներ Ռիտկուէյ, Ֆրանք Միլպըրն եւ Ճոն Քուլթըր խորհրդակցեցան եւ որոշեցին պարպել Սէուլը: Ամերիկեան ուժերու կարգ մը միաւորներ ուղղուեցան դէպի արեւմուտք` Քոյանկ, այլ միաւորներ ալ արեւելեան ուղղութեամբ շարժեցան:

Չինացիք որոշած էին պաշարել Սէուլը եւ հոն բնաջնջել ամերիկեան ուժերը, բայց անոնց նահանջը անակնկալի բերաւ զօրավար Փենկը, որ հրամայեց յարձակման անցնիլ ամերիկեան նահանջող զօրքերուն ուղղութեամբ: Քանի մը դիրքերու վրայ ձեռնամարտեր մղուեցան:

Անգլիական եւ աւստրալիական զօրամիաւորումները ամերիկեան ուժերուն հետեւելով Սէուլի իրենց դիրքերը պարպեցին:

Յունուար 4-ի առտուան ժամը 7:40-ին ամերիկեան 9-րդ զօրագունդի վերջին զինուորները հեռացան Սէուլէն:

Չինական ուժերը արագօրէն կը յառաջանային եւ ճակատի գիծը խորտակուած էր: Սէուլ սաստկօրէն կը ռմբակոծուէր:

Բրիտանական հետեւակազօրքի 29-րդ զօրագունդը, որ տակաւին իր դիրքերուն վրայ կը գտնուէր, ժամը 8:00-ին հրաման ստացան հեռանալու Սէուլէն:

Նոյն պահուն հարաւքորէական կառավարութիւնը լքեց Սէուլը:

Չինական ուժերը արդէն հասած էին Սէուլի դուռերուն: Քաղաքին մէջ մնացած էր միայն ամերիկեան հետեւակազօրքի 27-րդ զօրագունդը, որ քանի մը դիրքերու վրայ տկար դիմադրութենէ ետք կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին սկսաւ նահանջել եւ անցաւ Հան գետը: Քիչ ետք չինական եւ հիւսիսքորէական ուժերը մտան ամայացած մայրաքաղաքէն ներս: Քաղաքացիներէն շատեր սառած գետին վրայէն անցնելով փախուստ տուած էին դէպի հարաւ: Քաղաքապետարան հասնելէն ետք չինական ուժերը Հիւսիսային Քորէայի դրօշակը բարձրացուցին:

Յունուար 5-ին չինական եւ հիւսիսքորէական ուժերը յարձակման անցան Քիմփօ օդակայանին եւ Ինչոնի ուղղութեամբ:

Յունուար 7-ին, Ինչոնը գրաւելէն ետք չինական ուժերը կանգ առին:

Սէուլի կռիւներուն ամերիկացիք տուին 481, բրիտանացիք` 300, աւստրալիացիք` 9 զոհ. հարաւքորէական զոհերուն թիւը կը հասնէր քանի մը հազարը: Չինացիք տուին թիւը 5800, հիւսիսքորէացիք` 2700 զոհ:

Չինական եւ հիւսիսքորէական ուժերու յառաջխաղացքը կասեցնելէ ետք ամերիկեան հրամանատարութիւնը հակայարձակման որոշում կայացուց: Զօրավար Տուկլաս ՄաքԱրթըր մինչեւ իսկ մտածեց հիւլէական ռումբերով հարուածել Հիւսիսային Քորէան եւ Չինաստանը:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>