ԱՆԻ ԱՊԱՃԵԱՆ
Եւ անընդհատ պարեցին
Բոլորաձեւ եւ ուղիղ
Կեանքի պարը հեշտագին:
Երազկոտ, անջատուած ամբոխէն
Իրարու հետ պինդ, ուրախ,
Մօտ ու հեռու հայեացքներէ:
Սրտի զարկերը զուգահեռ կ՛ընթանան
Երգի լարերուն:
Ամբոխը լարուած մեքենայ,
Ցնծութեան կանչերով
Կը թնդացնէ սրահը շարժուն
Մինչ անոնք կը ձուլուին դանդաղօրէն…
2017