2-3 նոյեմբեր 2017-ին Չեխիոյ մայրաքաղաք Փրակայի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպական 13-րդ «Քրիսթալ սթար» միջազգային երաժշտական, պարի եւ թատերական փառատօնը:
Թաթուլ Հաճեան (կիթառ) ներկայացուց Հայաստանը` գեղարուեստական ղեկավար ունենալով Արմանտօ Ղուկասեանը: Թաթուլ վարպետօրէն կատարեց Տոմենիքօ Սքարլաթիի «Սոնաթա K239» եւ Վիչենթէ Ասենչոյի «La Frisanca» բարդ ստեղծագործութիւնները: Եւրոպայէն` Գերմանիա, Սլովենիա, Ուքրանիա, Ռուսիա, Իտալիա եւ այլ երկիրներէ իրենց մասնակցութիւնը բերին թիւով 37 կատարողներ:
Յուրախութիւն տայ ժողովուրդին` Հայաստանը ներկայացնող Թաթուլ Հաճեանը սոյն փառատօն-մրցումին դարձաւ բաժակակիր` շնորհիւ իր բարձրատաղանդ եւ հմուտ բեմական կատարողական արուեստին:
Թաթուլ ծնած է Լիբանան եւ 10 տարեկանին ծնողներուն հետ, հայրը` յայտնի երգիչ Գէորգ Հաճեան եւ մայրը` բանասէր Ֆրիտա Գզլեան-Հաճեան, հաստատուած է Հայաստան:
Երաժշտական նախակրթութիւնը ստացած է Երեւանի Չայքովսքիի անուան պետական երաժշտական եւ տարրական տասնամեայ ուսումնարանին մէջ` ուսուցիչ ունենալով Նունէ Պատալեանը, ապա ընդունուած է Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոց` փրոֆ. Յակոբ Ջաղացպանեանի մասնագիտական ղեկավարութեամբ եւ քառամեայ բարձրագոյն ուսումը աւարտած է գերազանց արդիւնքով:
Ան 16 տարեկանէն սկսած է դասաւանդել Երեւանի երաժշտական վարժարաններուն մէջ, ինչպէս` Արմէն Տիգրանեան, Անահիտ Ցիցիկեան, Ալեքսանդր Հեքիմեան եւ Բարսեղ Կանաչեան եւ ցայսօր ունի իր անձնական աշակերտները:
Թաթուլ մասնակցած է շարք մը միջազգային փառատօներու` Հայաստանի Հանրապետութեան, Թիֆլիսի, Պուլկարիոյ եւ Փրակայի մէջ: Մենահամերգներով հանդէս եկած է Երեւանի, Արցախի եւ Լիբանանի Այնճար գիւղին մէջ եւ որպէս փայլուն կատարող` մասնակցութիւն բերած է Հայաստանի մէջ յայտնի երգահաններու ձայնագրութեանց եւ նուագակցած` անոնց մենահամերգներուն:
Ան օժտուած է գերլսողութեամբ. վարպետօրէն կը տիրապետէ կիթառի ամենանրբագոյն երանգներէն մինչեւ ամենայաղթական հնչողութեան, որուն շնորհիւ գերած ու հմայած է իր լսարանը: