Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Թաւրիզի Հայագիտական Առաջին Գիտաժողովը

$
0
0

ԹԵՀՐԱՆ («Ալիք»). Ատրպատականի հայոց թեմի Թեմական խորհուրդին կողմէ կազմակերպուած Հայագիտական Ա. գիտաժողովի վերջին եւ եզրափակիչ նիստը տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 16 հոկտեմբեր 2017-ին, Դարաշամբի Ս. Ստեփանոս Նախավկայի հրաշակերտ վանքին մէջ: Գիտաժողովին մասնակից հայագէտները, որոնք գիտաժողովի առաջին օրն անցուցած էին  Ազգային առաջնորդարանի «Համազասպ Ոսկանեան» սրահին մէջ, շաբաթ եւ կիրակի օրերու ընթացքին առիթ ունեցած էին այցելելու Ատրպատականի պատմական թեմի փառքը կազմող վանքերը` Ս. Թադէ եւ Ծոր-Ծոր, տեսած էին աստուածաշնչական Արարատ լեռն ու Արտազ գաւառն ընդհանրապէս, խոր տպաւորութեամբ համախմբուեցան Ս. Ստեփանոս վանքի սրահին մէջ: Սոյն այցելութիւններով անոնք իրենց գիտական աշխարհին ու աշխատանքին կը ներարկէին պատմութեան ու արուեստի տարբեր երեսներ ու մանրամասներ:

«Գրականութիւն եւ կենսագրութիւն» նիստի առաջին զեկուցաբերն էր Վիլֆրիտ Էկկերս, որ զեկուցեց` «Ինչպէ՞ս գրել անգրելիին մասին. Հայոց ցեղասպանութեան մասին գրականութիւն» նիւթի մասին: Ան ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող չորս վէպեր` Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա Տաղի քառասուն օրերը» (1933), Էտկար Հիլզենռաթի «Վերջին մտածումին հեքիաթը» (1989), Ֆեթհիէ Չեթինի «Մեծ մայրս» (2004) եւ Փիթըր Պալաքեանի «Ճակատագրի սեւ շունը» (1997) գործերը` ամփոփելով ու անոնցմէ վեր հանելով ինչ-ինչ երեսներ: Էկկերս շեշտեց, որ ինք կը հետաքրքրուի յատկապէս հետեւեալ հարցերով. սոյն հեղինակներն ինչպէ՞ս կրցած են գրել անգրելիին մասին. իսկ մենք իբրեւ ընթերցող` ինչո՞ւ կը յափշտակուինք այսօր անոնց պատումներով: Առաջին երկու երկերը գրի առնուած են գերմանացի հրեաներու կողմէ եւ դիտուած են ժամանակակիցի աչքերով, իսկ միւս երկուքը` մին թրքուհիի, միւսն ալ ամերիկահայի կողմէ` թոռան աչքերով դիտուած: Աւելի քան հարիւր տարիներ անցած են Հայոց ցեղասպանութենէն, շեշտեց Էկկերս, սակայն ինչ որ պատահած է, տակաւին մաս կը կազմէ մեր ներկայ ժամանակին: «Այս վէպերուն ուղղուած իմ մօտեցումը հայեացքն է մէկ կողմէ գերմանացի գրողի եւ միւս կողմէ` նացի գերմանացիներու յետնորդի մը», ըսաւ ան: Գերմանական հաւաքական ինքնութեան ակնոցով դիտելով Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը` զեկուցաբերը հաստատեց, որ փորձառութիւններն իրարմէ կ՛օգտուին մեր նպատակադրումներէն անկախ: «Քաղաքական եւ նոյնիսկ հետազօտական բազում աշխատանքներ յաճախ չեն գործեր այն ազդեցութիւնը, որ կը գործէ պարզ պատմուածք մը, հեքիաթ, որու մէջ ներկայ է ժողովուրդներու ծայրագոյն փորձառութիւնը», յիշեցուց ան: Ան պատմեց իր հանդիպումը Ֆ. Չեթինի ու Փ. Պալաքեանի հետ, Գերմանիոյ մէջ, Պերլինի ճիշդ այն վայրին մէջ, ուր Հիթլերի Գերմանիան կ՛որոշէր հրեաներու Ողջակիզումը իրագործել: Յիշեալ վէպերու ներկայացումէն եւ շարք մը հարցերու վերլուծումէն ետք ան անդրադարձաւ նաեւ ներկայի թրքական իշխանութեան ուրացման ամուլ եւ ինքնաքանդիչ քաղաքականութեան:

Երկրորդ զեկուցաբերն էր Օմանի Նիզուայի համալսարանի գերմանագիտութեան դասախօս, գերմանացի հայագէտ Մատթիաս Ֆրից, որ ներկայացուց հետեւեալ նիւթը. «Լեւոն Շանթի գերմանական շրջանը. Գերմանական «Դարավերջի» ակադեմիայի ազդեցութիւնը անոր արձակի ու քերթողութեան վրայ»: Ֆրից նախ ներկայացուց նշանաւոր հայ թատերագիր Լեւոն Շանթի (1869-1951) կեանքի  տարբեր փուլերը: Ծանօթ է, որ ան Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան հիմնադիր անդամներէն մէկը եղած է եւ տնօրէնը` Պէյրութի Նշան Փալանճեան ճեմարանին, եւ որ իր կեանքի վերջին երկու տասնամեակները անցուցած է Պէյրութի մէջ, ուր եւ ան մահացած ու թաղուած է: Ան իր ուսման մեծ մասը ստացած է գերմանական համալսարաններուն մէջ: Պոլսոյ Սկիւտարի եւ Էջմիածնի հոգեւոր ճեմարանին մէջ իր սկզբնական կրթութիւնն աւարտելէ ետք, շուրջ քսան տարեկան իր հասակին, տակաւին իբրեւ Լեւոն Սեղբոսեան ան մեկնած է Գերմանիա եւ 1893-1899 թուականներուն Լայփցիկի, Ենայի եւ Միւնիխի համալսարանները յաճախած է` ուսանելով ոչ միայն փիլիսոփայութիւն, այլեւ` մանկավարժութիւն եւ ուրիշ առարկաներ: Մատթիաս Ֆրից ցոյց տուաւ յիշեալ համալսարաններու արձանագրութեանց տոմարներուն մէջ գտնուող Շանթի վերաբերող վաւերաթուղթերը: Գերմանական ժամանակաշրջանին Շանթ արդէն իսկ արձակ ու չափածոյ երկերու հեղինակ էր, ինչ որ նուազ ծանօթ է, ուր ան իր մտածումները կ՛արտայայտէր ազգի ու ընկերութեան մասին: Գերմանիոյ մէջ գրի առնուած այս երկերու շարքին են` «Երազ օրեր», «Դրսեցիները», «Դերասանուհին», «Դարձ» խորագրուած երկերը, եւ ասոնց կողքին քերթուածներու մէկ հաւաքածոյ` «Երգեր» խորագիրով: Զեկոյցով ցոյց տրուեցաւ, թէ ինչպէ՛ս Շանթի վաղ շրջանի ստեղծագործութիւնները ազդեցութիւն կրած են գերմանական ակադեմական շրջապատէն, Գերմանիոյ 19-րդ «դարավերջ»-ի (fin de cicle) ժամանակաշրջանէն: Ֆրից վերջաւորութեան նաեւ Շանթի «Փիլիսոփաներ» քերթուածի օրինակով լուսաբանեց գերմանական ազդեցութեան ձեւն ու ոլորտը:

Վերջին նիստի վերջին զեկուցաբերն էր Իշխան Չիֆթճեան, Համպուրկի համալսարանէն, որ ներկայացուց «Կենսագրական վերհանումներ Ներսէս արք. Մելիք-Թանգեանի (1866-1948) վաստակէն» նիւթը: Ան Ատրպատականի հայոց թեմի բազմավաստակ առաջնորդի` Ներսէս արք. Մելիք-Թանգեանի կեանքի ու գործունէութեան ուրուագծումէն ետք վերհանեց անոր կենսագրութենէն կարեւոր երեսներ, որոնք ճակատագրական նշանակութիւն ունեցած են թեմի եւ ընդհանրապէս հայոց պատմութեան տուեալ ժամանակաշրջանին համար: Չիֆթճեան հաստատեց, որ Մելիք-Թանգեան կը պատկանի պատմութեան մէջ այնպիսի անձնաւորութիւններու փաղանգին, որոնց կենսագրութիւնը չի բաժնուիր պատմութենէն, այլ կը կերտէ պատմութեան տուեալ հատուածը: Հայոց պատմութեան ճակատագրական պահերուն` Ցեղասպանութենէն առաջ, անոր ընթացքին եւ անկէ ետք ան նուիրուած  է գաղթականախնամ հսկայածաւալ աշխատանքին` անձնապէս նիւթական նպաստի միջոցներ որոնելով եւ հայթայթելով: Ա. Աշխարհամարտէն խուսափող քրիստոնեայ բազմաթիւ զանգուածներու տեղաւորումը Ջուլֆայի մէջ, անոնց խնամքը, ապա վերադարձը`  իրենց բնակավայր, Ցեղասպանութեան որբերու հոգածութիւնը, ինչպէս նաեւ 1920-1921-ին Հայաստանի Հանրապետութեան աքսորեալ աւագանիի ապահովութիւնն ու բարեկեցութիւնը անոր համար եղած են առաջնահերթութիւններ: Երկու աշխարհամարտերու ընթացքին ան ներհայկական եւ արտահայկական մակարդակներուն վրայ` հոգեւոր, քաղաքական, դիւանագիտական, կրթական, որբախնամ, գաղթականախնամ բազմածաւալ գործունէութեամբ պատմութիւն ու կենսագրութիւն իրարու միահիւսած է: Գաղթականներու հովանաւորիչի անոր նուիրեալ աշխատանքը բարութեամբ չէ դիտուած խորհրդային իշխանութեան կողմէ, որ բազմիցս ճնշում բանեցուցած է Էջմիածնի օրուան գահակալին վրայ` ստիպելով Ներսէս սրբազանին հրաժարիլ իր պաշտօնէն: Հայ եկեղեցւոյ պատմութեան էջերուն մէջ կարեւոր եւ ժողովրդավարական օրինակ համարեց Չիֆթճեան սոյն պարագան, ուր եկեղեցւոյ պետին վերջաւորութեան չի յաջողուիր իրեն պարտադրուած կամքի իրականացումը, երբ Մելիք-Թանգեան իր պաշտօնին կը մնայ վեհափառի առաջարկներն ու հրահանգները կ՛արժանանան համաժողովրդական կրկնուող մերժումներու:

Նշենք, որ ե՛ւ առաջին` ուրբաթ օրուան, ե՛ւ երկուշաբթիի զեկոյցներու աւարտին զեկուցաբերներուն հարցեր ուղղուեցան, եւ անոնք տուին հարկ եղած լուսաբանութիւնները` յաճախ ճամբայ բանալով քննարկումներու:

Երրորդ զեկոյցի քննարկումէն ետք առաջնորդ սրբազանը հրաւիրեց մասնակիցները` կատարելու իրենց եզրակացութիւնները ե՛ւ իրենց Թաւրիզ կեցութեան եւ ուսումնասիրական շրջագայութիւններու, ե՛ւ գիտաժողովի մասին: Կարճ հաստատումներով մասնակիցներէն իւրաքանչիւրը արտայայտելէ ետք իր մասամբ անտեղեակութիւնը Ատրպատականի հայոց թեմի բազմաշերտ պատմութեան եւ մանաւանդ ներկայի դրութեան, ուրախութեամբ շեշտեց իր այս առաջին ծանօթութիւնը: Անոնք մասնակից դարձած էին նաեւ վերանորոգուած ձիակառքի բացման արարողութեան, կիրակի, առաջնորդարանի շրջափակին մէջ, հանդիպելով թեմի ժողովուրդի ներկայացուցիչներու հետ, զրոյց ունեցած էին առաջնորդ սրբազանին հետ` թեմի եւ ընդհանրապէս Իրանի քրիստոնեաներու ներկային մասին: Խանդավառ մթնոլորտին մէջ եւ ապագայ համագործակցութեան զանազան ծրագիրներու առաջարկներով անոնք արտայայտեցին իրենց հոգեկան եւ մտաւոր գոհունակութիւնը` յայտնելով իրենց կարծիքն ու քննական գնահատականը:

Անոնք քաջալերուած էին անցեալ եւ ներկայ ժամանակներուն Ատրպատականի մէջ հայերու հարստացնող գոյութեամբ:

Գիտաժողովի վերջին նիստն ու եզրափակումը սրտառուչ կարեւորութիւն ունէին յատկապէս նաեւ Նախիջեւանի սահմանամերձ, գոհարակերտ Ս. Ստեփանոսի մէջ տեղի ունենալուն պատճառով: Ընդամէնը քանի մը քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ Հին Ջուղայի ամբողջապէս կործանուած գերեզմանատունէն Ցեղասպանութեան հարցերու, ինչպէս նաեւ մեր մշակոյթի ու պատմութեան մէջ ճակատագրական դերեր ստանձնած Լեւոն Շանթի եւ Մելիք-Թանգեան սրբազանի նման պայծառ անձնաւորութիւններու աշխատանքին անդրադարձը խորհրդանշականէն աւելի իմաստ ունին` նշելով գիտութեան եւ անոր ներկայացման վայրի կապին կարեւորութիւնը:

Մեր օրերուն, երբ հայագիտութեան թիւր հասկացողութիւնը, անոր անհարկի քաղաքականացումն ու ազգայնական շահերու անիմաստ ծառայեցումը հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ այնքան տարածուած իրականութիւններ դարձած են, նման գիտաժողովի իրականացումը, մեծաւ մասամբ օտար հայագէտներու հնարաւորինս առարկայական մօտեցմամբ, յոյս կը ներշնչէր: Արդարեւ, հայագիտութեան առաւել բացումը դէպի մասնագիտական այլ ոլորտներ, երիտասարդ ուսանողներու ընդգրկումն ու անոնց հետաքրքրութիւններու քաջալերումը, օտար հայագէտներու առաւել ներգրաւումը, որեւէ տեսակ «շահերու» շրջանցումը եւ նման առաջադրանքներ հայագիտութեան համար զարգացման նախապայմաններ ու մարտահրաւէրներ են:

Սրբոց Թարգմանչաց տօնի նախօրէին սկիզբ առած եւ տօնէն երկու օր ետք շարունակուած եւ իր աւարտին հասած գիտաժողովը այս իմաստով ալ պատգամալից էր: Մեր թարգմանիչ հայրերը օտարի իւրացման եւ հայացման սքանչելի օրինակներ տուած են ոչ միայն Ե. դարուն, այլեւ ԺԴ. դարուն` Ծոր-Ծորի վանքին մէջ: Անոնք Արեւելեան Հայաստանի սահմաններէն եւ անոր նեղմիտ վանականներէն հալածական, Յովհաննէս Ծործորեցիի գլխաւորութեամբ, այնտեղ կատարած են արեւմտեան սկոլաստիկ երկերու հայացումը, կաթոլիկ «հակառակորդի» լեզուի եւ լեզուամտածողութեան հայացումով իսկ մեզ ժառանգ ձգելով ժամանակի հայկական լեզուազգացողութեան անգնահատելի օրինակներ:

Սրբազանը կատարեց գիտաժողովի եզրափակիչ խօսքը, շնորհակալութիւն յայտնեց մասնակիցներուն, որոնք ընդառաջած էին գիտաժողովի հրաւէրին, Թեմական խորհուրդին եւ գիտաժողովի կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներուն, անոնց յանձնեց յուշանուէրներ` Ս. Թադէի մանրակերտ օրինակները, եւ վերստին հանդիպելու յոյսով բարի վերադարձ մաղթեց անոնց` դէպի իրենց բնակած երկիրները:

 

(Շար. 2 եւ վերջ)

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>