ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի 2017-2018 տարեշրջանի պաշտօնական վերամուտը տեղի ունեցաւ կիրակի, 29 հոկտեմբեր 2017-ին: Արդարեւ, կիրակի կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին մասնաճիւղի բոլոր խումբերը, առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին, տողանցեցին Պուրճ Համուտի հայահոծ թաղերուն մէջ: Պուրճ Համուտի փողոցներէն Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճ տողանցող ՀՄԸՄ-ականները կատարեցին դրօշակի արարողութիւն ու բացուած յայտարարեցին վերամուտն ու օրուան հանդիսութիւնը: Դրօշակի արարողութենէն ետք տեղի ունեցաւ աստիճանատուչութիւն: Արարողութեան աւարտին Պուրճ Համուտ մասնաճիւղի վարչութեան անունով խօսք առաւ եղբայր Յակոբ Չըպլաքեան, որ իր կարգին նորանոր վերելք եւ յաջողութիւն մաղթեց մասնաճիւղին:
Ապա Շրջանային սկաուտական խորհուրդին անունով խօսք առաւ քոյր Արտա Զէյթունցեան, որ իր կարգին յաջողութիւն մաղթեց ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ մասնաճիւղին` յուսալով, որ 100-ամեակին նուիրուած Համա-ՀՄԸՄ-ական բանակումի նախապատրաստական աշխատանքները ըլլան հեզասահ:
Արարողութեան յաջորդեց գեղարուեստական յայտագիր, որ տեղի ունեցաւ Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի սրահին մէջ` ներկայութեամբ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Շրջանային սկաուտական խորհուրդին ու Շրջանային խմբապետութեան ներկայացուցիչներու:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ քոյր Անժելա Տաղլեան: Ան յայտնեց, որ ՀՄԸՄ-ը եղած է ու կը մնայ հայերուս տունը, դպրոցը, մաքուր ու անսահման դաշտը: ՀՄԸՄ պայքարեցաւ ու գոյատեւեց բոլոր դժուարութիւններու դէմ, եւ ամէնէն մեծ փաստը այն է, որ ներկայիս ՀՄԸՄ ունի 108 մասնաճիւղեր, 9 շրջանային վարչութիւններ եւ 33 մեկուսի շրջաններ: Ապա ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին առիթով ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ մասնաճիւղի սկաուտները ներկայացուցին ՀՄԸՄ-ի պատմութիւնը` անցեալէն մինչեւ ներկան:
Գեղարուեստական յայտագիրը բաժնուած էր ութ մասերու: Առաջին բաժինով խումբ մը արիներ ու գայլիկներ ներկայացուցին Լորտ Պէյտըն Փաուըլի ծրագիրը, որ ծայր տուաւ «Պոյ սկաուտ» խումբերու կազմութեան: Երկրորդ բաժինով` Շաւարշ Քրիստեանի Հայ մարմնամարզական ընդհանուր միութեան հիմնադրութիւնը: Երկրորդ բաժինին յաջորդեց կենդանի պատկեր մը. խումբ մը արենուշներն ու արիներ ներկայացուցին Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած պատկեր մը` ընկերակցութեամբ նազպարի մը, որ ներկայացուց պարմանուհի փաղանգը: Չորրորդ բաժինով հանդէս եկաւ երէց փաղանգը, որոնք ներկայացուցին հայ ֆետայիներու պայքարն ու յաղթանակը: Ապա գայլիկ Ա. վոհմակը բուրգով ու մոկլիները եռագոյն դրօշակներով ճոխացուցին մթնոլորտը. անոնք ներկայացուցին Հայաստանի ազատ եւ անկախ հանրապետութեան ստեղծումը: Հայաստանի անկախութեան ստեղծման յաջորդեց Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան ստեղծումը, որ ներկայացուցին երէց փաղանգն ու խմբապետական կազմի տղաքը: Ապա արծուիկ երամն ու գայլիկ Բ. վոհմակը ներկայացուցին ՀՄԸՄ-ի շրջաններն ու մասնաճիւղերը: Նախավերջին բաժինով արենուշ խումբը հայկական պարով մը ներկայացուց Հայաստանի երկրորդ անկախութեան կերտումը: Եւ վերջապէս, յայտագիրը իր աւարտին հասաւ «Դարեկան ՀՄԸՄ-ին» քայլերգով, որ նուիրուած է ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին:
Տեղին է նշել նաեւ, որ յայտագիրի աւարտէն ետք ներկաներուն բաժնուեցան գրիչներ` իբրեւ յուշանուէր ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ մասնաճիւղի պաշտօնական վերամուտին առթիւ: