ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ
Երեւանի Աղբը Լիբանանեան Ընկերութիւն Մը Կը Հաւաքէ
Գիւղատնտես Ֆետի Ասսաֆն ու իր կինը առաջին անգամն է, որ Հայաստան կ՛այցելեն: Հիացած են Հայաստանով: Տեսած են` Խոր Վիրապը, Նորավանքը, Արենիի քարայրը, Տաթեւի ճոպանուղին եւ վանքը, Գեղարդի վանական համալիրը, Սեւանը, Գօշավանքը, Հաղարծինը եւ Դիլիջանի «դրախտ»-ը:
Շրջած են նաեւ քաղաքամայր Երեւանի մէջ եւ հիացած` քաղաքի երթեւեկի կանոնաւորութեամբ, ապահովութեամբ ու մաքրութեամբ:
Երբ իր դժգոհութիւնը յայտնեց Պէյրութի աղբակոյտերու մասին, Երեւանի աղբի կողովներուն վրայ նկատելով Sanitex արձանագրութիւնը` հարցուց.
– Sanitex-ը լիբանանեան ընկերութիւն չէ՞, ինչպէ՞ս կրնան հոս այսքան մաքուր պահել իսկ Պէյրութը թաղուած է աղբի մէջ…
– Ես ալ քեզի պէս զարմացած եմ,- ըսի:
Համազգայինի «Բագին»-ի Սիրահարներու Հանդիպումը` Հանդէսի 55-ամեակին Առիթով
Թէ այս տարի քաղաքամայր Երեւանը հիւրընկալած է ամէնէն մեծաթիւ զբօսաշրջիկները` յայտնի է բոլորին: Թէ այս տարի Երեւանի մէջ բազմաբնոյթ հանդիպումներ եւ ժողովներ կայացած են` այդ մէկն ալ յայտնի է: Սակայն այն, որ Համազգային մշակութային միութեան կողմէ հրատարակուող «Բագին» գրական հանդէսի 55-ամեակին առիթով հանդէսի սիրահարներէն խումբ մը հաւաքուի Երեւանի «Ակումբ» (Տը Քլապ) սրճարանին մէջ եւ կենաց բարձրացնեն հանդէսի յարատեւութեան համար` եզակի երեւոյթ է… Սեղմ, բայց ջերմ հանդիպում մը, որուն ներկայ էին Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամները, «Բագին»-ի խմբագրական կազմէն անդամներ, հին ու նոր գրողներ, հրապարակագիրներ եւ «Բագին»-ի սիրահար ընթերցողներ:
«Բագին»-ի երիտասարդ գլխաւոր խմբագիր Սոնիա-Սանան Քիլեճեանը ողջունեց ներկաները` յայտնելով, թէ «Բագին»-ը պիտի շարունակէ իր երթը` արդիական իր տեսքով եւ բովանդակութեամբ: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ բանաստեղծ Էդուարդ Միլիտոնեանը, որ պատմեց, թէ ինչպէս Խորհրդային ժամանակաշրջանին «Բագին»-ը կը խլուէր ձեռքէ ձեռք եւ շատերու արգիլուած գրութիւնները լոյս կը տեսնէին «Բագին»-ի էջերուն… Խօսք առաւ նաեւ գրական հանդէսի երիտասարդ խմբագիրներէն` հայրենի գրող Արամ Պաչեանը: Ներկաները խմեցին կենացը «Բագին»-ի հիմնադիրներուն, նախկին խմբագիրներուն, աշխատակիցներուն եւ այժմու խմբագրական կազմին` յարատեւութիւն մաղթելով «Բագին»-ին:
Գրականագէտ Մարկ Նշանեանը «յեղափոխութիւն» կոչեց «Բագին»-ի արդիականացումը յաջողութիւն մաղթելով գրական հանդէսին: Ներկաներէն եղան նաեւ առաջարկներ եւ ամէնէն կարեւորը` բոլորը առիթ ունեցան գինովնալու «Բագին»-ով…
Երեւանը Աշխարհի Ամենաապահով Քաղաքն Է
Երեւանի մէջ տեղափոխուելու համար ամենագործնականը թաքսիներն են: Վարորդներն ալ միշտ տրամադրուած են պատմելու իրենց կեանքի պատմութիւնը, մանաւանդ երբ գիտնան, որ յաճախորդը ուրիշ երկրէ եկած է: Հայաստան այցելող բոլոր զբօսաշրջիկներն ալ առիթը ունեցած են լսելու այլազան վարորդներու պատմութիւնները, որոնք ընդհանրապէս իրենց դժգոհութիւններու մասին են: Շատ հազուագիւտ են այն վարորդները, որոնք չեն խօսիր իրենց մասին եւ ճամբորդին ուշադրութիւնը կը հրաւիրեն երկրին մէջ առկայ դրական երեւոյթի մը վրայ:
Թաքսիի վարորդներէն մէկը մեր ուշադրութեան յանձնեց Երեւանի ապահով ըլլալու իրողութիւնը` յայտնելով, որ` «Պետութիւնը սաղ վերահսկում է մեր առօրեան, ախպէ՛ր. բոլոր սիւներուն վրայ նկարահանող տեսախցիկներ կան, եւ որեւէ սխալի պարագային, շատ արագ ոստիկանները կը բռնեն ականջներէդ: Գերմանացի զբօսաշրջիկը կատակելով` ըսաւ, որ Երեւանը աշխարհի ամենաապահով քաղաքն է, ուր եթէ կինդ բնակարանէն դուրս մոռնաս, մարդ չի մօտենար իրեն…»:
Պանանը Աժանցած Է
Մեր վարորդը Պէյրութէն է: 2006-ին վերջնականապէս հաստատուած է Երեւան: Արդէն տասը տարիէ ի վեր Հայաստանի մէջ ապրելով` վարժուած է երեւանեան ապրելակերպին: Իմ այն հարցումիս` թէ դրական տեղաշարժ կը նկատու՞ի երկրին մէջ այս վարչապետին օրով, պատասխանեց, որ «Բոլորին համար զգալի է դրական տեղաշարժը»: Երբ անպայման խնդրեցի, որ գոնէ մէկ օրինակ յիշէ, յայտնեց .
– Պանանին քիլոն վերջին տասը տարիներուն կը վաճառուէր 900-1000 դրամով: Առաջին անգամն է, որ պանան կրցանք գնել 650 դրամով: Աժանցած է, չէ՞:
Քանի մը օր ետք ես ալ նկատեցի գինի հսկայական նուազում` գիւղատնտեսական պարարտացուցիչի մը: Չորս տարի առաջ պարկին գինը շուրջ 150 ամերիկեան տոլար էր, իսկ հիմա` 50…
Աշխարհը Շատ Փոքր Է
Հիւրերուն հետ տեսնելէ ետք Սեւանը, Գօշավանքն ու Հաղարծինը, որոշած էինք ճաշել Դիլիջանի մէջ: Հարազատներէս մէկը թելադրած էր նոր բացուած «Քարահունչ» ճաշարանը առաջնորդել հիւրերը: Ազգագրական ճաշերով , հայկական ժայռապատկերներով զարդարուած ճաշարանը տպաւորիչ էր: Ճաշէն ետք, երբ բարձր տրամադրութեամբ կը պատրաստուէինք մեկնելու, ճաշարանի սպասաւորներէն մէկը մեզի մօտենալով` յայտնեց, որ ճաշարանին խոհարարը այնճարցի էր:
– Հինգ ամիս է հոս կ՛աշխատիմ: Շատ գոհ եմ: Ընտանիքս ալ շուտով պիտի բերեմ հոս:
Որքա՜ն փոքր է աշխարհը:
Ցորեն Ցանող Գամիշլեցի Կարոն Նոր Մեքենայ Կը Շինէ
Արցախ կատարած մեր այցելութեան ընթացքին առիթ ունեցանք հանդիպելու ազատագրուած տարածքի մէջ ապրող Կարոյին: Կարոն փորձառու ցորեն ցանող է եւ այդ մէկը կու գայ իր մեծ հօրմէն: Ընդարձակ դաշտեր կը ցանէ հացահատիկով` ամուր հաստատուելով հայրենի հողին վրայ: Ինքն է խօսողը.
– Հոս վառելանիւթը թանկ է: Եթէ հոս ցորենը ցանենք այնպէս, ինչպէս որ ընդունուած սովորութիւն է` նախ արտը հերկենք, ապա ցորենը սերմենք, որմէ ետք զայն խառնենք հողին, շատ ծախսալից կը դառնայ: Հիմա կը փորձեմ այս երեք աշխատանքները մէկ անգամով կատարել` գործիքները իրար միացնելով եւ խնայելով վառելանիւթը…
Միայն կարելի է հիանալ նման հայրենասէր եւ ստեղծագործ հայորդիներով:
Ցամաքային Եւ Ծովային Զօրավարներուն Միջեւ
Հայաստանի անկախութեան առիթով, Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ համաժողովի մասնակիցները 21 սեպտեմբերին այցելեցին Եռաբլուր` յարգանքի իրենց տուրքը մատուցելու հոն ննջող հայ քաջերու յիշատակին:
Մեզի կ՛ընկերակցէր անգլիահայ բժշկուհի մը որ համաժողովին մասնակիցներէն էր: Երբ Եռաբլուրէն վար կ՛իջնէինք Էջմիածին երթալու համար, բժշկուհին փափաքեցաւ լուսանկարուիլ մեզի հետ գտնուող` Լիբանանէն Զօր. Մանճեանի եւ Չիլիէն ծովակալ Գույումճեանին հետ: Ցամաքային եւ Ծովային զօրավարներով շրջապատուած` բժշկուհին կ՛ուզէր այս նկարը ցոյց տալ անգլիական բանակին մէջ ծառայող իր օդաչու զաւկին…
Լաչինի Բարձունքին Բնակարան Կ՛ուզեմ
Արցախ կատարած մեր եռօրեայ այցելութեան ընթացքին մեր ընկերակիցն էր Հայաստանի մէջ
«Թիւֆէնքճեան» հիմնադրամի տնօրէն մեր համագիւղացի Րաֆֆի Տուտագլեանը: Հիւսիսէն- հարաւ ընթացող մեր երկարատեւ ճանապարհին ականատես եղանք «Թիւֆէնքճեան» հիմնադրամին կատարած ազգօգուտ բազմաթիւ ծրագիրներու իրականացման: Ուրիշներու կողքին, հրաշալի աշխատանք տարած էր եւ կը շարունակէր տանիլ այս հիմնադրամը: Բազմաթիւ կրթական, բժշկական եւ համայնքային կարեւորութիւն ունեցող շինութիւններ հիմնովին նորոգուած էին` դիւրացնելով ազատագրուած տարածքներուն մէջ հայորդիներու հաստատումը: Լաչինի շրջանին մէջ նոր հաստատուող մեր հայրենակիցը` բնակարան մը կ՛ուզէր բարձունքին վրայ: Իրաւունք ունէր. չքնաղ էր տեսնել հայրենի լեռները այդ բարձունքէն: Հետաքրքրական էր իմանալ, որ բնակարանի շինութիւնը պիտի կատարէր «հայրենասէր» հիմնադրամը…
Կարօ Փայլան Կը Հարցնէ Մուսա Լեռ-Այնճարի Մասին
Համահայկական ժողովի բացումէն օր մը առաջ, կիրակի, 17 սեպտեմբերի երեկոյեան, «Փարաւոն» համալիրի շքեղ սրահին մէջի, պատիւ համաժողովին մասնակցող ներկայացուցիչներուն, Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութիւնը խրախճանք մը կազմակերպած էր` գեղարուեստական ճոխ յայտագրով: Բարձր էր բոլոր ներկաներուն տրամադրութիւնը: Խրախճանքի ընթացքին յանկարծ իրարանցում մը ստեղծուեցաւ, երբ թրքական մեճլիսի հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան մուտք գործեց սրահ: Ներկաները յոտնկայս եւ ջերմ ծափահարութիւններով դիմաւորեցին Փայլանը: Ամէն մարդ փափաքեցաւ լուսանկարուիլ հայազգի երեսփոխանին հետ: Ես եւ սեղանակիցս ալ ուզեցինք ողջունել զինք: Ամբոխին մէջէն հազիւ կրցանք մօտենալ իրեն եւ ձեռքը սեղմել: Երբ իմացաւ, որ Մուսա լեռ-Այնճարէն ենք, հարց տուաւ.
– Հիմա որ ահաբեկիչները հեռացան Լիբանանի արեւելեան լեռնաշղթայէն, Այնճարը աւելի ապահով դարձա՞ւ: Նեղ պարագային կրնա՞ք դուք ձեզ պաշտպանել: Ես քաջածանօթ եմ Մուսա Լերան անցեալին եւ Վագըֆ գիւղին…
Նշանաւոր Մագաղաթները Քանի Մը Յարկ Գետնին Տակ Կը Պահուին
Հիւրերս շշմած են Մատենադարանին մէջ: Սահուն անգլերէնով բացատրութիւններ տուող օրիորդը կէս ժամուան ընթացքին հասցուցած է իրենց տալ սպառիչ տեղեկութիւններ` Մատենադարանին մէջ պահուող կարեւորագոյն մատեաններուն մասին: Այս բոլորէն ետք, երբ իմացան, որ այս մատեանները մեծ գանձեր են հայ ժողովուրդին համար եւ քանի մը յարկ գետնին տակ կը պահուին հաւանական ամէն տեսակի վտանգներէն զերծ մնալու համար, միաբերան գոչեցին.
– Խելքի հասնելիք բան չէ…
Ֆետայիներէն Մասունքներ` «Անդրանիկ»-ի` Թանգարանին Մէջ
Բոլորովին պատահական կերպով տեսայ այս թանգարանը: Այցելելէ ետք «Կոմիտաս»-ի թանգարանը, աչք մը նետեցի գրողներու պանթէոնին, որ շատ բարեկարգ վիճակի մէջ էր` բաղդատմամբ նախկին տարիներուն, ծառուղիի աւարտին նկատեցի «Անդրանիկ»-ի թանգարանը ցոյց տուող նշանը: Մուտք գործելով թանգարան` ականատես եղայ հայ ազատագրական շարժումի նուիրեալ ֆետայիներուն հետ առնչուող բազմաթիւ մասունքներու: Ցուցադրութեան դրուած էին` լուսանկարներ, ձեռագիրներ, քանդակներ, մամուլի հրատարակութիւններ եւ ֆետայիներու անձնական իրերէն նմուշներ: Ուշադրութիւնս գրաւեց դաշոյն մը, որուն վրայ փորագրուած էր «Աղբ. Սերոբ», Սերոբ փաշայի անձնական դաշոյնն էր…
Հայկական Ժառանգականութեան Քննութիւն
Փրոֆ. Լեւոն Եպիսկոպոսեանի տարած աշխատանքին ծանօթ էի: Հանդիպած էինք նաեւ քանի մը տարի առաջ: Տեղեակ էի հայկական ժառանգականութեան ծրագրի (Armenian DNA project) մասին, որ նոր շտեմարան մը կը նկատուի այլազան տեղեկութիւններու:
Փրոֆ. Եպիսկոպոսեան հայկական գաւառներու ժառանգականութիւնը կ՛ուսումնասիրէր եւ կը փափաքէր նաեւ մուսալեռցիներուն ժառանգականութիւնը ուսումնասիրել: Կ՛ուզէր արեան նմուշներ առնել զտարիւն մուսալեռցիներէ: Լաւ առիթ էր Երեւանի մէջ գտնուող մուսալեռցիներէ արեան նմուշներ վերցնելու: Օփերայի շէնքին մօտ կը համախմբէր մուսալեռցիներ` այս ծրագրի կարեւորութիւնը շեշտելով: Յոյս կը յայտնէր նաեւ, որ այս քննութիւնները կրնային աւելիով յստակացնել մուսալեռցիներու ծագումը..
Մուսա Լեռցիներու Մէկ Ճիւղը Արցախն Է
Մուսալեռցիներու ծագման մասին կատարուած են բաւական ուսումնասիրութիւններ: Կայ համոզում, որ անոնց մէկ ճիւղը Արցախէն է: Այս տեսակէտը կը հիմնուի լեզուական ուսումնասիրութիւններու վրայ: Կան բաւական բառեր, որոնք կը գործածուին զոյգ բարբառներուն մէջ:
Արցախ կատարած մեր վերջին այցելութեան ընթացքին, կարգ մը բառեր( ամպաշիւր, ճաթըրտուզ, թէյր…) լսեցինք ղարաբաղցիներու բեռնէ, որոնք նոյնութեամբ կը գործածուին Այնճարի մէջ…
Ե՞րբ Արժանի Գնահատանքի պիտի Արժանանայ Հայաստանի Ա.Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանը
Եթէ ճիշդ է, որ Արամ Մանուկեանն է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադիրը, ապա շատ վիրաւորական է թուրքերէն սորվիլ, թէ ինչպէ՛ս պէտք է յարգել հանրապետութեան հիմնադիրին յիշատակը: Թուրքիոյ մէջ արդի Թուրքիոյ հանրապետութեան հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալը ի պատուի է ոչ միայն պետական կեդրոններուն մէջ, այլ երկրին մէջ ամէն տեղ` սկսելով կրթական հաստատութիւններէն հասնելով մինչեւ ակումբներն ու հիւանդանոցները:
Ո՞ւր է Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիրը. աւա՜ղ, Երեւանի քաղաքային գերեզմանատան շիրիմներուն մէջ կորսուած:
Քաջալերական էր իմանալ, որ Երեւանի քաղաքապետութիւնը որոշած է Արամ Մանուկեանի կիսանդրին կանգնեցնել եկող տարի, հանրապետութեան հրապարակին մօտիկ ինչո՞ւ ոչ` հրապարակին վրայ, չես գիտեր:
Մուսա լեռ-Այնճար
1 հոկտեմբեր 2017