Թեհրան («Ալիք»). Ատրպատականի Ազգային առաջնորդարանը կը տեղեկացնէ, որ ուրբաթ, 13 հոկտեմբեր 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10-ին Ատրպատականի Ազգային առաջնորդարանի «Համազասպ Ոսկանեան» սրահին մէջ պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Թաւրիզի հայագիտական առաջին գիտաժողովին հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ թեմակալ առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանի եւ կազմակերպութեամբ Թեմական խորհուրդին:
Տարբեր երկիրներէն ժամանած օտար հայագէտներ կը մասնակցէին սոյն գիտաժողովին հայագիտութեան կալուածը շօշափող այլազան նիւթերով` հայկական ձեռագրագիտութիւն, պատմութիւն, վաւերագրութիւն, ազգագրութիւն, հայ-գերմանական յարաբերութիւններ, հայ-քրտական յարաբերութիւններ, Գերմանիա եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը, Գերմանացիներու հայախնամ առաքելութիւնը Թաւրիզի եւ Սպահանի մէջ, հայ ժողովուրդի յետեղեռնեան վերընձիւղումը, գոյապայքարը եւ արդար պահանջատիրութիւնը, որոնք ներկայացուեցան առաջին օրուան երեք նիստերու ընթացքին: Գիտաժողովը ընթացաւ անգլերէն լեզուով:
Գիտաժողովի բացումը կատարեց Համպուրկի համալսարանի դասախօս եւ կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամ Իշխան Չիֆթճեանը: Ան հայ ազգի քրիստոնէական կեանքին մէջ առաջին երկու առաքելութիւնները իրագործած սուրբերու` Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալներու գործունէութիւնը առնչեց մեր ազգային պատմութեան եւ ճակատագրին հետ` ակնարկելով անոնց յիշատակին կառուցուած տաճարներէն մէկուն` Իրանի եւ միւսին` Թուրքիոյ սահմաններէն ներս գտնուելու փաստին, ինչպէս նաեւ` մէկուն վերանորոգուած եւ միւսին աւերակ ըլլալու իրողութեան:
Թաւրիզը մեր պատմութեան ընթացքին չէ եղած մշակութային մէկ կեդրոն` Սպահանի նման, սակայն Թաւրիզ եկած, այնտեղ հետք ձգած եւ Թաւրիզէն անցած են` Առաքել Դաւրիժեցիի, Մեսրոպ Թաղիադեանցի, Րաֆֆիի եւ Հրաչեայ Աճառեանի նման պատգամագէտներ, հայագէտներ եւ գրագէտներ, որոնց աշխատանքի հետքերուն վրայ սոյն գիտաժողովի կազմակերպումը կարեւոր համարեց ան: Ապա, անցեալէն ներկայ կամուրջ նետելով, ան անդրադարձաւ առաջնորդ սրբազանի հետազօտական աշխատանքին, որ գիտաժողովին մղիչ ուժ հանդիսացած էր: Բարի գալուստ մաղթելով բոլոր մասնակիցներուն, ան շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց, ինչպէս նաեւ Թեմական խորհուրդի եւ կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներուն` գիտաժողովի կայացման նախապատրաստական աշխատանքներու կազմակերպման համար:
Առաջին բանախօսութիւնը տրուեցաւ առաջնորդ սրբազան հօր կողմէ` «Ատրպատական` մեծ վերապրողը պատմութեան» նիւթով: Սրբազան հայրը Ատրպատականի հայոց թեմի պատմական անցեալի ընդհանուր ներկայացումը կատարելէ ետք, իր նիւթը զարգացուց անոր մշակութային հսկայ ժառանգութեան մասին համապարփակ տեղեկութիւններ տալով: Մատենագիրներէն մէջբերելով` ակնարկութիւններ կատարեց թեմի տարածքին մէջ գտնուող սրբավայրերու մասին, նաեւ անդրադարձաւ այն եկեղեցիներուն, ճգնարաններուն եւ մատուռներուն, որոնք պատմութեան ընթացքին եւ մինչեւ այսօր ուշադրութեան չեն արժանացած հետազօտողներու կողմէ: Թեմի տարածքին հազարաւոր գերեզմանաքարերու փորագրական արուեստին անդրադարձաւ սրբազանը, որոնք անտաշ սալատապաններու ճակատագիրէն ա՛լ աւելի վատ վախճան կ՛ունենան անտիրութեան մատնուած ըլլալու պատճառով:
Ազգային-եկեղեցական մշակութային ժառանգութեան անշարժ եւ շարժական հարստութեան ներկայ իրավիճակը գիտական աշխարհին բանալու հեռանկարով սրբազանը Ատրպատականի ձեռագիրներու, կիրառական արուեստի նմուշներու, մասնատուփերու, աջերու ու խաչերու, ինչպէս նաեւ ազգագրական արժէք ներկայացնող իրերու մասին ընդհանուր պատկերացում տուաւ` ահազանգելով ձեռագիրներու վերանորոգութեան խիստ անհրաժեշտութիւնը: Հնատիպերու վերանորոգման համար օգտագործուած եւ ատոնց պատառոտած էջերը պահպանելու համար անցած դարերուն անոնց կպցուած ձեռագիրներու պատառիկներու արժէքը ներկայացնելով` յոյս յայտնեց, որ ատոնց ուսումնասիրութեամբ նոր լոյս կը սփռուի հայ մատենագրութեան եւ պատմութեան վրայ:
Վերջապէս, անցած դարերու եւ իրերայաջորդ տասնամեակներու ընթացքին քաղաքական եւ այլ բազմապիսի պատճառներով հարուածուած Ատրպատականի թեմը սրբազանը անուանեց «վերապրող», որուն հիմնադրութեան պաշտօնական թուականը մեզ կը տանի աւելի քան 750 տարի ետ:
Երկրորդ նիւթը` «Նոր պրպտումներ Նոր Ջուղայի հայերէն հին ձեռագիրներուն մէջ», ներկայացուց ներկայիս Սպանիոյ Սան Տամասօ եկեղեցական համալսարանի այցելու դասախօս, հայագէտ Պեռնար Ուտիէ: Նստավարն էր Վիլֆրիտ Էկկերսը: Փրոֆ. Ուտիէ տարիներու ընթացքին իր կատարած բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններու կողքին, քանի մը տարիներ առաջ Նոր Ջուղայի մատենադարանին մէջ հետազօրութիւններ կատարած էր եւ սոյն դասախօսութեամբ ձեռագրերու մասին բնագրագիտական նոր տեղեկութիւններ հաղորդեց: Ան անանուն եւ անհեղինակ համարուած շարք մը ձեռագիրներու համար հեղինակներ առաջարկեց եւ նշումներ կատարեց այս ուղղութեամբ: Ան շեշտեց Պօղոս առաքեալի նամակներուն մէկ հին մեկնութեան կարեւորութիւնը, որ նոյնիսկ նկատի չէ առնուած Ե. Պետրոսեանի եւ Ա. Տէր Պետրոսեանի «Ս. Գիրքի հայերէն մեկնաբանութեան մատենագիտութիւն» գիրքին մէջ (Երեւան, 2002): Սոյն դասախօսութեամբ, Պ. Ուտիէ կարեւոր նշումներ կատարեց նաեւ Նոր Ջուղայի հայկական ձեռագրական հաւաքածոյին մէջ գտնուող վրացերէն պատառիկներուն մասին:
Առաջին նիստի երրորդ նիւթը` «Հայերէն եզրերու ծագումնաբանութիւնը թափանցիկ դարձնելու փորձ մը», ներկայացուց Էրլանկեն-Նիւրենպերկի Ֆրետերիք-Ալեքսանտր համալսարանէն Տիրք Նովաք:
Հայոց լեզուի հրապուրիչ անցեալին կ՛անդրադառնար սոյն զեկոյցը` մասնակիցները հրաւիրելով դէպի անոր հնդեւրոպական արմատները: Տիրք Նովաք իր ունկնդիրներուն կարճ ճամբորդութեան մը տանելով լեզուաբանական պատմութեան ուղիներէն` հասաւ մինչեւ դասական հայերէնի` գրաբարի ձեւաւորման, այնպէս, ինչպէս այն կը գտնուի Ե. դարու գրաւոր յիշատակարաններուն մէջ: Նոյն ճանապարհին վրայ ան բացայայտեց յունարէնի եւ ասորերէնի, ինչպէս նաեւ` միջին պարսկերէնի մեծ ազդեցութիւնը հայերէնին վրայ, յատկապէս փոխառեալ բառերու մեծաքանակ ներկայութեամբ:
Ան ըսաւ, որ պահլաւերէնէն փոխ առնուած բազմաթիւ բառերու ներկայութիւնը հայերէնի մէջ պատճառ դարձած է, որ Եւրոպայի մէջ երկար ժամանակ հայերէնը համարուի պարսկական լեզուի մէկ ճիւղը: Զեկոյցը ուշադրութեան առարկայ դարձուց հայերէնի բառապաշարը, որ հնդեւրոպական մայր լեզուէն ժառանգուած է: Նովաք հայերէնը նախ ներկայացուց իր հնդեւրոպական «ազգակիցներու» շրջանակին մէջ, անիկա այն մէկ անկախ ճիւղ կը կազմէ, ինչպէս` յունարէնը: Ազգակցութեան եզրերու (հայր, մայր եւ այլն) շարք մը օրինակներու վրայ հիմնուելով` Տիրք Նովաք հնդեւրոպական լեզուագիտութեան մեթոտը ցոյց տուաւ ձայնաբանութեան մակարդակի վրայ: Լեզուաբանական այս ներածութենէն ետք, Տիրք Նովաք «թափանցիկ» ծագումնաբանութիւններու այլազանութիւն մը մատուցեց մասնակիցներուն, ինչ որ յստակօրէն տեսանելի կը դարձնէր հայերէնի եւ հնդեւրոպական լեզուներու, ինչպէս նաեւ անգլերէնի, գերմաներէնի եւ պարսկերէնի միջեւ եղած յարաբերութիւնը:
Երկրորդ նիստը` «Հայ-գերմանական յարաբերութիւններ», սկսաւ կարճ դադարէ մը ետք, նստավարութեամբ Իշխան Չիֆթճեանի: Սոյն նիստի առաջին նիւթը` «Դորպատի համալսարանի տեսուչը Արարատ լերան վրայ», ներկայացուեցաւ Գերմանիոյ Պուքսթեհուտէ քաղաքի Բարձրագոյն ուսումնարան – 21 համալսարանէն Քաթրին Էնտլերի կողմէ: Երբ գերմանացի ակադեմական Ֆրետերիք Պարոտ (1791-1841) 1829 մարտ 30-ի երեկոյեան գիտական հետազօտութեան նպատակով դէպի Կովկաս եւ Հայաստան ճանապարհորդութեան կը ձեռնարկէր, ռուս-պարսկական պատերազմները արդէն իրենց աւարտը գտած էին` 1828 թուականին Թուրքմենչայի դաշնագիրով, ի նպաստ ռուսական կայսրութեան: Էնտլեր բացատրեց, որ դաշնագիրի կնքումէն ետք, Արարատ լեռը կերպով մը սահմանակէտ կը կազմէր Ռուսիոյ, Պարսկաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ: Ռուսական իշխանութիւնը Պարոտին կը վստահի անդրկովկասեան մէկ գիտարշաւ, որուն նպատակներէն էր նաեւ Արարատ լեռ բարձրացումը: Քաթրին Էնտլեր ըսաւ, որ կ՛ենթադրուի, թէ այս գիտարշաւը նաեւ քաղաքական եւ գաղութատիրական նպատակներ կը հետապնդէր, յատկապէս` այն պատճառով, որ Ռուսիոյ Նիքոլայ Ա. ցարը մեծ հետաքրքրութիւն ցոյց կու տար եւ ճիգ չէր խնայեր այս աշխատանքի յաջողութեան համար: Էնտլեր ներկայացուց Պարոտի հանդիպումը Խաչատուր Աբովեան անունով «սարկաւագի մը», ինչպէս ան կը կոչէր Աբովեանը, որ դառնալու էր իր անփոխարինելի ուղեկիցը, թարգմանիչը եւ լեռնագնացութեան ընթացքին իրեն օժանդակող անձը: Ամփոփելով իր նիւթը` Ք. Էնտլեր ըսաւ, որ 27 սեպտեմբեր 1829-ին Արարատը նուաճուեցաւ առաջին անգամ ըլլալով: Վերջապէս ան նշեց, որ Պարոտ իր աշխարհագրական եւ բնագիտական ուսումնասիրութեանց արդիւնքը ամենայետին մանրամասնութիւններով նկարագրած է իր հրապարակած ընդարձակ տեղեկագրութեան մէջ` «Ճամբորդութիւն դէպի Արարատ` դոկտ. Ֆրետերիք Պարոտի կողմէ» (Պերլին, 1834):
Երկրորդ նիստը շարունակուեցաւ Գերմանիոյ Կէօթինկեն քաղաքի Գէորգ-Աուկուստ համալսարանի դասախօս Քլաուտիա Ռամմելտի «Երթա՜նք Արեւելք. (Միջին Արեւելքի մէջ կատարուած աշխատանքի մը պատկերներ` բաղդատական հեռանկարով. Եոհան Լուտվիկ Շնելլերի եւ Էռնեստ Եակոպ Քրիստոֆելի օրինակը)» նիւթով: Բանախօսը ներկայացուց մարդասիրական աշխատանքի երկու նուիրեալներու գործունէութեան սկիզբը: 1850-ական թուականներուն, Եոհան Լուտվիկ Շնելլեր աւելի քան երկու ամիս կը ճամբորդէ Երուսաղէմ հասնելու նպատակով: Ան կը մեկնի Երուսաղէմ` ապրելու եւ գործելու համար Սուրբ Երկրին մէջ: Սկիզբը ան պատասխանատու կը նշանակուի «Եղբայրներու տան»: Նոյն ժամանակաշրջանին քրիստոնեաներ եւ տիւրզիներ արիւնալի պայքարի մէջ էին Լեռնալիբանանի մէջ: Բազմաթիւ քրիստոնեաներ կը սպաննուէին` որբեր ձգելով իրենց ետին: Շնելլեր իբրեւ հակազդեցութիւն` կը հիմնէ «Սուրիական որբանոց»-ը` Երուսաղէմի պարիսպէն դուրս իբրեւ նոր տուն մը որբերուն համար եւ մինչեւ իր մահը կը մնայ տեսուչը այդ տան: Ապա բանախօսը ներկայացուց այլ անձնաւորութիւն մը` Էռնեստ Եակոպ Քրիստոֆելը (1876-1955), որ նոյնպէս կը ճամբորդէ դէպի Արեւելք: Մալաթիոյ մէջ երկար ժամանակ գործելէ ետք կ՛անցնի Պարսկաստան եւ յատկապէս Թաւրիզի եւ Սպահանի մէջ կ՛աշխատի հաշմանդամներու եւ կոյրերու համար, հայկական շրջանակներուն մէջ: Կեանքի պայմանները մաշեցուցիչ էին: Ամէն պարագայի, Շնելլեր եւ Քրիստոֆել անխոնջ յարատեւեցին իրենց աշխատանքին մէջ: Քլաուտիա Ռամմելտի զեկոյցին կիզակէտը կը կազմէին սոյն միսիոնարներու շարժառիթներու ձեւերը` Միջին Արեւելքի մէջ ապրելու եւ աշխատելու: Ռամմելտ ունկնդիրներուն ծանօթացուց քրիստոնէական միսիոնի ծալքերուն` մէկ կողմէ կայսերապաշտական հետաքրքրութիւններու խնդիրներուն եւ միւս կողմէ` յիշեալ միսիոնարներու իբրեւ մարդասիրական ծառայող նուիրեալ աշխատանքին:
Երրորդ նիստի խորագիրն էր` «Համակեցութիւն եւ Ցեղասպանութիւն» նստավարն էր Քլաուտիա Ռամմելտը: Առաջին զեկուցաբերը` Համպուրկի համալսարանէն Ժիար Մոհետիէն, ներկայացուց իր նիւթը` «Հայերը Միջին Արեւելքի մէջ. հայերու եւ քիւրտերու միջեւ համակեցութեան մէկ օրինակ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ»:
Ժ. Մոհետիէն խօսեցաւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ քրիստոնեաներու եւ եզիտիներու դէմ գործադրուած ցեղասպանութեան մասին, որ նաեւ հայերու կեանքին մէջ մեծ խորտակում յառաջացուց, եւ որ մինչեւ այսօր անոնց հաւաքական ինքնութեան վրայ խոր հետք ձգած է: Ան անդրադարձաւ հայ սփիւռքի իրականութեան, որ Հայաստանի Հանրապետութենէն դուրս կը գոյատեւէ: Բանախօսը Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրածներու եւ անոնց սերունդներու կեանքին անդրադարձաւ, յատկապէս Սուրիոյ մեծ եւ փոքր քաղաքներու մէջ` Հալէպի, Դամասկոսի, Հոմսի, ինչպէս նաեւ Իրաքի մէջ` Պաղտատի եւ Մուսուլի, նաեւ` Իրանի տարբեր քաղաքներուն մէջ:
Իր զեկոյցին մէջ Մոհետիէն խօսեցաւ անոնց ներկայութեան մասին, յատկապէս` քրտաբնակ շրջաններուն մէջ, շեշտելով, որ անոնց գոյութիւնն ու պատմութիւնը Էրպիլի, Տուհոքի, իրաքեան Քիւրտիստանի եւ Գամիշլիի, Աֆրինի շրջանի եւ սուրիական Քիւրտիստանի մէջ տակաւին մանրամասն հետազօտութեան առարկայ չէ դարձած: Սոյն շրջաններուն մէջ հայերը լաւապէս համարկուած են, բայց չեն ձգտած ներառուիլ քաղաքական պատերազմներու եւ պայքարներու մէջ: Ապա բանախօսը հարցադրումներով յառաջ տարաւ իր թեզը. հայեր ինչպիսի՞ յարաբերութիւն ունին տեղի քրտական բնակչութեան հետ, որ մասամբ յետնորդ սերունդ կը կազմէ այն ցեղախումբերուն, որոնք անցեալ դարու ջարդերուն մասնակից եղած են: Արդեօ՞ք անոնց դառն յիշողութիւնը տակաւին թարմ է, թէ՞ արդէն ճիգեր ի գործ դրուած են անոնց յարաբերութիւնները բարելաւելու այն խիստ անկայուն աշխարհամասին մէջ: Ապա ան վերլուծեց զոյգ` հայկական եւ քրտական հասարակութիւններու փոխյարաբերութիւնները` պատմելով երկու իրարմէ տարբեր պատումներ հայերու եւ քիւրտերու մասին, մին Աֆրինի մէջ, իսկ միւսը` Քոպանէի մէջ տեղի ունեցած դէպքեր, համակեցութեան մէկ օրինակ տալով:
Վերջապէս, երրորդ նիստի եւ առաջին օրուան վերջին նիւթը ներկայացուեցաւ Պոխումի Ռուհր համալսարանէն Եան Կեմի կողմէ` «Գերմանիոյ կողմէ 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչումէն տարի մը անց – Ճանաչման եւ ուրացման միջեւ. անձնական նշումներ եւ փորձառութիւններ Հայոց ցեղասպանութեան մասին» խորագրով:
Կեմ իր բանախօսութիւնը սկսելով` ըսաւ, որ Գերմանիոյ մէջ ճանաչման գործընթացը իր աւարտին չէ հասած: Պատմական ճանաչումը այնքան ալ հեշտ ընթացք չունի, ըսաւ ան` դիմադրական այն շարժումները ներկայացնելով յատկապէս, որոնք Գերմանիոյ թուրք համայնքին կողմէ իբրեւ կեցուածք կ՛արտայայտուին: Կեմ Գերմանիոյ մէջ կը համագործակցի հայերու, քիւրտերու եւ արամէացիներու հետ` լսելի դարձնելու համար Ցեղասպանութեան զոհերու եւ հայերու ձայնը: Ան իր զեկոյցին մէջ ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութեան թեմային հետ իր ունեցած անձնական փորձառութիւնները` Միջին Արեւելք կատարած իր ճամբորդութիւններու շրջագիծէն ներս, նաեւ ներկայացուց ընդհանուր պատկերը Գերմանիոյ մէջ` զարգացումներու, ծրագրերու եւ խնդիրներու, որոնք Հայոց ցեղասպանութեան հետ կ՛առնչուին:
Առաջին օրուան նիստը փակուեցաւ առաջնորդ սրբազան հօր եզրափակիչ խօսքով, որ ընդհանուր վերաժեւորումը կատարեց ներկայացուած նիւթերու խիստ շահեկանութեան: Սրբազանը յատկապէս Հայոց ցեղասպանութեան թեմայի շուրջ արտայայտուելով` շեշտեց, որ անհրաժեշտ է մարդկային իրաւանց համաշխարհային խնդիրի լուծման գործընթացէն դուրս բերել աշխարհաքաղաքական շահերը` տեսնելու համար բացայայտ ճշմարտութիւնը հայ ժողովուրդի արդար պահանջատիրութեան:
Նշենք, որ սրբազան հայրը իր բանախօսութեան աւարտին ներկաներուն ծանօթացուց Թաւրիզի մէջ գործող Հայ համալսարանականներու միութեան աշխատանքին` գնահատանքով յիշելով «Ուղեւորութիւն Ատրպատականի հայոց թեմին մէջ» մէկ խորագիրի տակ հաւաքուած լայնածաւալ գիրքին շնորհահանդէսը Ս. Թադէի վանքին մէջ, եռօրեայ ուխտագնացութեան ընթացքին, յուլիս ամսուան 28-ին, որ այնքան բծախնդրութեամբ կազմակերպած էր Թաւրիզի Հայ համալսարանականներու միութիւնը:
(Շար. 1)