Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
«Ժողովուրդի թշնամին» Իբսենի ամէնէն ժողովրդական թատերախաղերէն մէկն է: Շթոքմանի կերպարը Իբսենի ամէնէն հասկնալի գլխաւոր հերոսներէն է: Հեղինակը ակնյայտօրէն անոր կողմէն է: Շթոքման կը հակադրուի վախկոտ բնակիչներուն: Քանի դեռ դուրս չէ եկած ընդունուած համընդհանուր արժէքներու ծիրէն, ան բարձր դիրք ունի հասարակութեան մէջ, բայց երբ Շթոքման կը սկսի թերութիւններ բացայայտել, հասարակութիւնը յանկարծ կը մերժէ զայն:
Հենրիք Իբսեն
Հենրիք Իբսեն ծնած է 20 մարտ 1828-ին, հարուստ ընտանիքի մը մէջ, Նորվեկիա: Սակայն շուտով անոր հայրը կը սնանկանայ, եւ ընտանիքին նիւթական վիճակը կը վատանայ: Տակաւին 15 տարին չբոլորած` Իբսեն կը ստիպուի աշխատիլ: Այդ տարիներուն ալ (1844-1850) կը սկսի եւ բուռն թափով կը ծաւալի անոր գրական գործունէութիւնը:
Իբսենի առաջին շրջանի գրութիւնները եւ յատկապէս կանուխ տարիներու բանաստեղծութիւնները կ՛արտայայտեն հասարակական վերելքի այն տրամադրութիւնները, որոնք կը տիրէին ազգային զարթօնքի ընթացքի մէջ գտնուող Նորվեկիոյ մէջ, յատկապէս` այդ երկրի երիտասարդութեան: Իբսենի պատանեկութեան տարիներուն Նորվեկիան արդէն կը դառնար դրամատիրական զարգացած երկիր, ուր քաղքենիական յարաբերութիւնները յաճախ սուր ընդհարումներու մէջ էին «ամէնէն հիւսիսային» այդ ժողովուրդի դարաւոր բարքերուն ու սովորութիւններուն հետ:
Այս բոլորը իրենց արտացոլացումը գտան նաեւ նորվեկեան գրականութեան մէջ: Արդէն իր ստեղծագործական կեանքի առաջին շրջանի (1849-1863) թատերախաղերով Իբսեն յայտնուեցաւ իբրեւ ջերմ հայրենասէր, որուն հաւասարապէս կը յուզէին հարազատ Նորվեկիոյ բախտը եւ ժողովուրդին անմխիթար վիճակը:
Անոր կարգ մը թատերախաղերը կը դատապարտուէին շատերուն կողմէ, որովհետեւ եւրոպական թատրոնը պէտք էր խիստ կերպով հետեւէր ընտանիքի բարոյական նկարագիրին եւ պատշաճութեան:
Անոր գործերու շարքին են` «Պուպրիկի մը տունը», «Ուրուականներ», «Վայրի բադը» եւ «Կինը ծովէն»:
Ինչո՞ւ Իբսեն Գրած Է
Այս Թատերախաղը
Շատեր կը հաւատան, որ նորվեկիացի թատերագիր Հենրիք Իբսեն այս թատերախաղը գրած է` կառչած ըլլալով համոզումի մը: Այս թատերախաղը տարբեր ձեւով գրեց «Ուրուականներ»-էն ետք, որ ծանր քննադատութիւններու ենթարկուեցաւ, որովհետեւ կը խօսէր արգիլուած նիւթերու մասին: Տոքթ. Շթոքմանը` «Ժողովուրդի թշնամին» թատերախաղին դերակատարը, խստօրէն կը քննադատէ այն ազատական լրատուամիջոցները, որոնք քարկոծած էին «Ուրուականները» թատերախաղը: Հաւանականութիւն կայ, որ ասիկա պարզապէս զուգադիպութիւն մը չէ:
Իբսենի շարք մը նամակներէն կը հետեւցնենք, որ տոքթ. Շթոքմանի բազմաթիւ գաղափարները շատ մօտ են Իբսենի անձնական գաղափարներուն: Խմբագիրին ուղարկած իր նամակին մէջ Իբսեն գրած է, որ «առանձին եւ կորսուած» կը զգայ` հիմա որ թատրերագրութիւնը հասած է իր աւարտին, քանի որ ինք եւ տոքթ. Շթոքման բազմաթիւ հարցերու մէջ համակարծիք էին: Իբսեն շարունակած է` ըսելով, որ բժիշկը «ունէր յատկութիւններ, որոնք կը մղէին ժողովուրդը` մտիկ ընելու իր բազմաթիւ ըսելիքները, որոնք թերեւս լաւ պիտի չընկալուէին` եթէ ես ըսած ըլլայի»:
Հակառակ որ լայնօրէն համոզուած է, որ «Ժողովուրդի թշնամին» ներշնչուած էր «Ուրուականներ»-ու ժխտական քննադատութիւններէն, շատ յստակ է նաեւ, որ թատերախաղին հիմնական գաղափարները Իբսենի միտքին մէջ կը գտնուէին բաւական ժամանակէ ի վեր: Կարճ ժամանակէ մը ետք, երբ ան հրատարակեց «Պուպրիկի մը տունը» թատերախաղը, Իբսեն գրեց իր դասախօս ընկերոջ` ըսելով. «Ինծի կասկածելի կը թուի, որ արուեստի համար աւելի լաւ պայմաններ պիտի հաստատուին Նորվեկիոյ մէջ` մտաւորական ենթահողին յայտնաբերուելէն եւ մաքրուելէն առաջ, եւ` բոլոր ճահիճները ցամքելէն առաջ»: Ասիկա այն նոյն եզրակացութիւնն է, որ տոքթ. Շթոքմանը հասաւ «Ժողովուրդի թշնամին» թատերախաղի` աւարտին, եւ ասիկա թատերախաղին հիմնական փոխաբերութիւնն է: Կը թուի, որ այս թատերախաղի բեմին վրայ ժայթքող գաղափարները ատենէ մը ի վեր Իբսենի մէջ կ՛այրէին:
«Ժողովուրդի Թշնամին»
Հայ Բեմին Վրայ
Շթոքմանի կերպարը հայ բեմին վրայ առաջին անգամն մարմնաւորած է Գէորգ Պետրոսեանը: Սակայն Շթոքմանի կերպարը հայ թատրոնին մէջ կը կապուի Յովհաննէս Աբելեանի անուան հետ: Ան այդ դերով առաջին անգամ բեմ բարձրացած է 17 սեպտեմբեր 1895-ին, Թիֆլիսի մէջ: Այնուհետեւ այս կերպարը իր ստեղծողին հետ երկար տարիներ շրջած է բոլոր հայաշատ վայրերը, հասած է արտասահմանեան քաղաքներու բեմեր: Աբելեան այս դերով ժամանակի հրատապ ընկերային հարցերը առաջ կը քշէր: 90-ական թուականներուն հայ թատերական քննադատութիւնը հետեւեալ գնահատանքը կատարած է դերասաններ Գէորգ Պետրոսեանի եւ Յովհաննէս Աբելեանի մարմնաւորած շթոքմաններուն մասին. Պետրոսեանի Շթոքմանը պարզ էր ու բնական: Իր հերոսի խոհերը ան կ՛արտայայտէր մեծ համոզումով: Իր մտածուած ու նուրբ խաղով Պետրոսեան ցոյց տուած էր, թէ ուսումնասիրական ի՛նչ մանրակրկիտ, լուրջ աշխատանք կատարուած է կերպարի ներքին էութեան բացայայտման համար: Իսկ Աբելեան կը խաղար մեծ զգացմունքով: «Թատրոն» հանդէսին մէջ 1895 թուականին քննադատ մը կ՛ըսէ, որ Աբելեանի նուրբ, գեղարուեստական խաղը, տիպարի մանրակրկիտ ուսումնասիրութիւնը անոր այդ ներկայացման հերոսը դարձուցին: Այդ տարիներուն Աբելեանի դերակատարութիւնը հանրութեան մէջ ունէր լայն արձագանգ: