Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովը 2013-ին ընդունեց այն բանաձեւը, որ 2 նոյեմբերը կը հռչակէ իբրեւ «Լրագրողներուն դէմ ոճիրներու անպատժելիութիւնը դադրեցնելու միջազգային օր»: Բանաձեւը կոչ ուղղած է անդամ պետութիւններուն` իրականացնելու յստակ միջոցներ, որոնք կը հակադրուին անպատժելիութեան ներկայ մշակոյթին: Թուականը ընտրուած էր 2 նոյեմբեր 2013-ին Մալիի մէջ սպաննուած երկու ֆրանսացիներու յիշատակին:
Այս կարեւոր բանաձեւը կը դատապարտէ բոլոր յարձակումները եւ վայրագութիւնները, որոնք կը կատարուին լրագրողներու եւ լրատուամիջոցներու աշխատակիցներու դէմ: Բանաձեւը անդամ պետութիւնները նաեւ կը պարտաւորեցնէ, որ իրենց առաւելագոյնը ընեն կանխելու համար լրագրողներուն եւ լրատուամիջոցներու աշխատակիցներուն նկատմամբ վայրագութիւնը եւ երաշխաւորեն, որ զոհերը ստանան համապատասխան բուժումները: Ատիկա նաեւ կոչ կ՛ուղղէ անդամ պետութիւններուն, որ խթանեն ապահով եւ յարմարաւէտ միջավայր մը` լրագրողներուն համար, որպէսզի անոնք ինքնուրոյն եւ առանց յաւելեալ միջամտութեան կատարեն իրենց աշխատանքը:
Բանաձեւին մէջ նշուող անպատժելիութեան վրայ կեդրոնացումը կը մեկնի այն մտահոգիչ կացութենէն, որ վերջին 11 տարիներուն ընթացքին 930 լրագրողներ սպաննուած են հանրութեան լուրեր եւ տեղեկութիւններ հաղորդելու համար: Միայն 2016 թուականին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ընդհանուր տնօրէնը դատատարած է սպանութիւնը 102 լրագրողներու, լրատուամիջոցներու աշխատակիցներու եւ ընկերային ցանցի վրայ հանրութիւնը հետաքրքրող լրագրութեան արտադրողներու: 2012-ը լրագրողներուն համար ամէնէն արիւնալի տարին էր, երբ 124 պարագաներ արձանագրուեցան:
Այս թիւերը չեն ընդգրկեր այն բազմաթիւ լրագրողները, որոնք օրական կը տառապին ոչ մահացու յարձակումներէ, ներառեալ` չարչարանք, ստիպողական անհետացումներ, կամայական կալանք, սպառնալիք եւ հալածանք` պատերազմական եւ ոչ պատերազմական կացութիւններու մէջ: Աւելի՛ն. իգական սեռի լրագրողները յատուկ վտանգներու կ՛ենթարկուին, ինչպէս` սեռային յարձակում:
Մտահոգիչ է այն փաստը, որ վերջին տասնամեակին լրատուամիջոցներու աշխատակիցներուն նկատմամբ 10 պարագաներէն միայն 1-ը համապատասխան պատիժ ստացած է: Այս անպատժելիութիւնը կը քաջալերէ ոճրագործները եւ նոյն ատեն կը ցնցէ հանրութիւնը, ներառեալ` լրագրողները: Անպատժելիութիւնը անպատժելիութիւն կը յառաջացնէ եւ կը սնուցանէ վատ շրջանակ մը:
Ըստ լրագրողներու ապահովութեան եւ անպատժելիութեան վտանգին մասին 2016-ի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ընդհանուր տնօրէնին զեկոյցին, 2006-2015 տարիներուն լրագրողներու սպանութիւններու 827 պարագաներէն 8 առ հարիւրը ներկայացուած է իբրեւ լուծուած: Պարագաներուն 40 առ հարիւրը ընթացքի մէջ է, ինչ որ կը նշանակէ, թէ ոստիկանական կամ դատական հետաքննութիւնները կը շարունակուին, կամ պարագաները արխիւի մէջ դրուած են, կամ համարուած են իբրեւ չլուծուած: Պարագաներուն 51 առ հարիւրին մասին, ոչ մէկ տեղեկութիւն ստացուած է, կամ անդամ երկիրը, ուր տեղի ունեցած է սպանութիւնը, միայն ղրկած է պատասխան մը` տեղեկացնելով, որ ստացած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ընդհանուր տնօրէնին հայցը:
Երբ լրագրողներու դէմ յարձակումները անպատիժ մը մնան, շատ ժխտական պատգամ մը կը յղուի, որ հաղորդելով «նեղացնող ճշմարտութիւնը» կամ «չուզուած կարծիքները»` սովորական մարդիկ դժուարութեան կը մատնուին: Աւելի՛ն. ընկերութիւնը կը կորսնցնէ հաւատքը իր սեփական դատական համակարգին վրայ, որուն պարտականութիւնն է պաշտպանել բոլորը: Հետեւաբար լրագրողներուն նկատմամբ ոճիրներ գործողները կը քաջալերուին, երբ կը զգան, որ կրնան իրենց թիրախներուն վրայ յարձակիլ` առանց դատական հետապնդման ենթարկուելու:
Ընկերութիւնը իբրեւ ամբողջութիւն` անպատժելիութենէ կը տառապի: Այն լուրերը, որոնք «կը լռեցուին», ճիշդ ատոնք են, որ հանրութիւնը պէտք է գիտնայ: Տեղեկութիւնը շատ կարեւոր է, որպէսզի մարդիկ լաւագոյն որոշումները կայացնեն իրենց կեանքին մէջ, ըլլայ անիկա տնտեսական, ընկերային կամ քաղաքական: Վստահելի եւ որակաւոր տեղեկութիւն ստանալը ժողովրդավարութեան, լաւ կառավարման եւ արդիւնաւէտ կառոյցներու անկիւնաքարն է:
Այդ միջազգային օրը շահագրգիռ կողմերուն ռազմավարական կարելիութիւն կու տայ հանրութեան ուշադրութիւնը դարձնելու լրագրողներու դէմ ոճիրներու համար անպատժելիութեան դադրեցման կարեւորութեան վրայ: Ատիկա նաեւ կարելիութիւններ կու տայ անոնց, որոնց հիմնական շահերը կրնան տարբեր ըլլալ լրագրողներու ապահովութենէն: Օրինակ, նկատելի առնելով լրագրողներու խորհրդանշական նշանակութիւնը անպատժելիութեան եւ արդարութեան լայն հարցին նկատմամբ, բոլոր անոնք, որոնք կ՛աշխատին իրաւական համակարգին մէջ, ինչպէս` իրաւական եւ դատական գործընթացներուն մէջ ներառուող մարդիկ, անոնք ալ ներգրաւուած են: Ուրիշներ, որոնք հետաքրքրուած են հանրային մասնակցութեան եւ քաղաքացիներու իրաւունքներով, խօսելու տարբեր հարցերու մասին, ինչպէս` փտածութիւնը կամ ընտանեկան բռնութիւնը, նոյնպէս շահագրգրռուած կ՛ըլլան լրագրողներու նկատմամբ յարձակումներու անպատժելիութեան դէմ պայքարին վերաբերեալ բանաձեւին մէջ: Այս լրագրողները դերակատարներ են հանրութեան աչքին եւ անոնց կացութիւնը ազդանշան կ՛ուղարկէ հասարակութեան բոլոր շերտերուն:
Զգալիօրէն, մամլոյ ազատութեան վերաբերեալ «Ճաքարթա հռչակագիրը» ունի 16 կէտեր, որոնք կը վերաբերին լրագրողներու ապահովութեան: Հռչակագիրը ընդունուած է 1500 մասնակիցներու կողմէ, Ճաքարթայի մէջ տեղի ունեցած Մամլոյ ազատութեան համաշխարհային օրուան ընթացքին: Հռչակագիրը «կը դատապարտէ ամէն տեսակի բռնութիւն, յարձակում եւ հալածանք լրագրողներուն դէմ եւ կը ճանչնայ յատկապէս կին լրագրողներուն դիմագրաւած յատուկ վտանգները, ներառեալ` սեռային բռնութիւնը»: Ատիկա նաեւ կ՛ընդգծէ «կարեւորութիւնը հանրութիւնը հետաքրքրող բարձրորակ լրագրութեան, ներառեալ` քննչական լրագրութիւն` ժողովրդավարական քաղաքացիական եւ քաղաքական կեանքի համար, յարգելով արհեստավարժ եւ բարոյական չափանիշները եւ վայելելով աղբիւրներու գաղտնիութեան պահպանութիւնը եւ կը ճանչնայ, որ այս տեսակի լրագրութիւն հանրային օգտակար է ընկերութեան բոլոր անդամներուն»:
Փաստեր եւ թիւեր 2006-2016
- 930 լրագրողեր սպաննուած են այս ժամանակաշրջանին:
- Սպաննուած լրագրողներու 10 պարագաներէն 9-ը լուծուած չէ:
- Սպաննուած լրագրողներուն 93 առ հարիւրը տեղական լրագրողներ են, իսկ 7-ը` օտար:
- Արական սեռի սպաննուածներուն տոկոսը 94 առ հարիւր է:
- Սպաննուած լրագրողներէն 29 առ հարիւրը կ՛աշխատէր պատկերասփիւռի կայաններու համար:
- Սպաննուած լրագրողներուն 17 առ հարիւրը կ՛աշխատէր իբրեւ անկախ լրագրող:
Օգտագործուած աղբիւր՝
«ԵՄՈԱԵՍՔՕ»