Հարցազրոյցը վարեց` ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ
Վերջերս հրատարակած «Երիտասարդ ընտանիքին Աստուածաշունչը» հատորին մասին տեղեկութիւններ ունենալու համար «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ Աստուածաշունչի ընկերութիւններու Ծոցի տարածաշրջանի տնօրէն Հրայր Ճէպէճեանին հետ` ծանօթանալու նոր հրատարակութեան նպատակին, բովանդակութեան եւ լոյս ընծայման աշխատանքներուն:
«ԱԶԴԱԿ».- Խօսինք «Երիտասարդ ընտանիքին Աստուածաշունչը» նոր հատորի հրատարակութեան մասին:
ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ.- «Երիտասարդ ընտանիքին Աստուածաշունչը», որ լոյս տեսաւ քանի մը շաբաթ առաջ, հրատարակութիւնն է Աստուածաշունչի ընկերութիւններու Ծոցի տարածաշրջանին: Մենք, որպէս աստուածաշունչի ընկերութիւններ, միջազգային քրիստոնէական հրատարակչական կազմակերպութիւն մըն ենք, որ կը գործենք աւելի քան 200 տարբեր երկիրներու մէջ, որոնք իրարու հետ առնչուած են, ծրագիրներով եւ յայտագիրներով իրարու հետ կը գործակցին եւ իրարու կ՛օժանդակեն: Ես այս կազմակերպութեան հետ կ՛աշխատիմ մօտաւորապէս 37 տարիէ: Առաջին 10 տարին Լիբանանի գրասենեակին մէջ էի որպէս օգնական տնօրէն, իսկ 27 տարիներէ ի վեր ընդհանուր տնօրէնն եմ Ծոցի տարածաշրջանին, որ կ՛ընդգրկէ եօթը երկիրներ` Քուէյթ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Քաթար, Օման, Եմէն, Սէուտական Արաբիա, Պահրէյն: Այս երկիրներուն մէջ տարբեր ազգերու պատկանող մարդիկ կան. մօտաւորապէս 125 տարբեր ազգութիւններ կ՛ապրին: Քրիստոնեաներուն ներկայութիւնը ընդհանրապէս օտարներէ կազմուած է: Մենք, որպէս աստուածաշունչի ընկերութիւններ, կը փորձենք գործակցիլ բոլորին հետ եւ հասնիլ այս բոլոր ազգութիւններուն, որոնցմէ մէկն է նաեւ հայկական ներկայութիւնը: Այս իմաստով մանուկներուն եւ պատանիներուն վերաբերող մեր երրորդ հրատարակութիւնն է ասիկա:
Երկու տարի առաջ Գերմանիոյ մեր գրասենեակը այս գիրքը ներկայացնելով` հարց տուաւ, թէ արդեօք լա՞ւ կ՛ըլլայ, եթէ հայերէնն ալ հրատարակենք: Նայեցայ, առաջին հերթին` պատմութիւնները եւ նկարները շատ գեղեցիկ էին, եւ ըսի, որ այս գիրքը անպայման կը հրատարակենք, բայց ըսի նաեւ, որ կ՛ուզեմ նիւթական օժանդակութիւն, որպէսզի կարելի ըլլայ այս գիրքը հրատարակել, ես որպէս հայ` կ՛ուզեմ հայկական գաղութին գիրքերը նուիրել, ոչ թէ անպայմանօրէն ծախել: Այս պարագային բաւական երկար բանակցութիւններ տեղի ունեցան, բնական է, որ երբ նիւթական պարտաւորութիւններ կան, անշուշտ պէտք է հաշուարկումներ ըլլան. այնպէս որ, քիչ մը երկարեցաւ, մինչեւ որ պէտք եղած պիւտճէն կրցանք գոյացնել, եւ Գերմանիոյ մեր գրասենեակը բարի եղաւ ատիկա ընելու: Երբ նիւթականը ապահովուեցաւ, այս գիրքը բերի Քուէյթ, Քուէյթի եւ շրջակայից թեմի առաջնորդ Մասիս ծ. վրդ. Զօպուեանին ներկայացուցի, խանդավառուեցաւ, որմէ ետք ցոյց տուի Մեսրոպ վրդ. Սարգիսեանին, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու կաթողիկոսական փոխանորդն է: Ցոյց տուի նաեւ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանին. ճիշդ է` ան Լիբանանի թեմի առաջնորդն է: Բարոյական աջակցութիւն ունենալէ ետք աշխատանքի սկսայ: Այն, ինչ որ ըրինք, թարգմանութիւն չէր: Նկարներուն եւ պատմութիւններու շարքի գործածութեան իրաւունքները ձեռք ձգեցինք, ապա հայերէնով վերարտադրեցինք, որովհետեւ երբ դուն հաւաքականութեան համար բան մը պիտի տաս, պէտք է նկատի առնես այդ հաւաքականութեան լեզուն եւ ընկերամշակութային գործօնները: Մենք ալ ասիկա հայ ժողովուրդին եւ պատանիներուն համար պիտի ընենք, բնական է, որ նկատի ունենանք հայկական մեր իրականութիւնները: Եւ այսպէս, մէկ-մէկ ամբողջ պատմութիւնները պարզեցուած հայերէնով վերարտադրեցիք: Ուրեմն հայկական գործ մը եղաւ, բայց անշուշտ` Գերմանիոյ մեր գրասենեակին օժանդակութեամբ, եւ անոր նեցուկին ու նեդրումին համար պէտք է երախտագիտութիւն եւ շնորհակալութիւն յայտնել:
Այս գիրքը կը բաղկանայ 20 գլուխներէ եւ 140 պատմութիւններէ. գլխաւոր միտք բանին այս հրատարակութեան` Յիսուսը ներկայացնելն է պատանիին եւ մեր հայ ընտանիքին, բայց` ներկայացնել այնպէս, ինչպէս որ Աստուածաշունչին մէջ է: Բոլորս ալ գիտենք, որ Աստուածաշունչը գիրք Ծննդոցէն կը սկսի եւ կը հասնի մինչեւ Յայտնութիւն Յովհաննու, բայց այս Գիրքը այդ շարքը չի պահեր, ինչո՞ւ, որովհետեւ գլխաւոր նպատակը Յիսուսը ներկայացնելն է, ինչպէս որ է Նոր եւ Հին կտակարաններուն մէջ: Ամբողջութեամբ աստուածաշունչէն առնուած հատուածներ են. իւրաքանչիւր պատմութեան տակ կայ Աստուածաշունչէն առնուած հատուածը. այնպէս որ, եթէ ծնող մը կամ պատանի մը պիտի ուզէ աւելի գիտնալ պատմութեան մասին, կ’երթայ Աստուածաշունչի հատուած եւ մանրամասնօրէն կը կարդայ:
Բովանդակութիւնը կը սկսի «Փրկիչը ծնաւ» պատմութեամբ, «Հրեշտակը եւ Զաքարիան», «Մարիամը եւ հրեշտակը», «Մարիամը եւ Եղիսաբէթ», «Յովհաննէս Մկրտիչի ծնունդը», «Յիսուսի ծնունդը», «Հովիւները Բեթլեհեմ կու գան», «Յիսուս տաճարին մէջ». օրինակ` այս պատմութեան մէջ Յիսուս կը խօսի Մովսէսի մահուան մասին, ուր կ՛ըսէ նաեւ. «Աստուած Իսրայէլի ժողովուրդը հասցուց այս երկրի սահմանը», ո՞ր մէկ երկիրն է ասիկա. Աստուծոյ ստեղծած երկիրը, ուրեմն հոս կ՛երթայ դէպի ստեղծագործութեան պատմութիւններուն եւ կը ներկայացնէ զանոնք, ապա կու գանք մինչեւ «Նոյեան տապան», «Բաբելոնի աշտարակ», «Աբրահամ եւ Իսահակ» եւ այլն. մէկ այլ օրինակ` Յիսուս կը խօսէր Յովնան մարգարէի մասին. ուրեմն շուտով Հին կտակարան կը դառնայ, որպէսզի բացատրէ, թէ ո՛վ է Յովնան մարգարէն, որուն Յիսուս ակնարկեց իր քարոզին մէջ: Անկէ ետք երբ լերան վրայ էր Պետրոսին հետ, Յիսուս ըսաւ. «Դուք ո՞վ կը կարծէք, որ ես եմ: Եղիա մարգարէ՞ն եմ»: Հոս ետ կը դառնայ Հին կտակարան եւ կը խօսի, որ Եղիա մարգարէն ո՛վ է: Կու գայ մինչեւ Աստուծոյ ողորմութիւնը եւ հոն կը դառնայ Նոր կտակարան ու կը սկսի պատմել Քրիստոսի շնորհած ողորմութիւնը` «Թզենիին պատմութիւնը», «Զաքէոսի պատմութիւնը», «մեծահարուստին պատմութիւնը» եւ այլն… կը հասնի մինչեւ խաչելութիւնը, յարութիւնը, իսկ յարութենէն ետք կը խօսի, թէ ինչպէ՛ս եկեղեցին կազմուեցաւ, «Պենտեկոստէի տօնը», «Պօղոս առաքեալը» եւ կը հասնի մինչեւ «Պօղոս առաքեալի նահատակութիւնը»:
Գիրքին աւարտին նշուած է, թէ ի՛նչ է գիրքին գործածութեան ձեւը. կը մէջբերեմ. «Երիտասարդ ընտանիքին Աստուածաշունչը յատուկ գիրք մըն է: Անիկա բաժնուած է քսան գլուխներու եւ իւրաքանչիւր գլուխ կը պարունակէ աստուածաշունչէն եօթը պատմութիւններ. այսպէս, ծնողները առիթ ունին քսան շաբաթներու վրայ ամէն օր պատմութիւն մը կարդալու իրենց զաւակներուն: Պատմութիւններու շարքը կը հետեւի Յիսուսի առնչուած դէպքերուն, ինչպէս արձանագրուած է Աւետարանին մէջ: Իւրաքանչիւր պատմութեան վերջաւորութեան դրուած է աստուածաշունչին համապատասխան հատուածը, ուր կարելի է պատմութեան մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններ կարդալ»:
Ուրեմն գիրքին գործածութիւնը կարելի է ծնողներու կամ մեծ ծնողներուն կողմէ, որոնք կրնան պատմել մանուկներուն` ոչ անպայմանօրէն բառ առ բառ հեգելով, այլ կրնան այդ հատուածին երթալ, աւելի մանրամասնութիւններ առնել, ապա պատմել` նկարները ցոյց տալով, եւ կամ եթէ մանուկը կամաց-կամաց կը սկսի կարդալ սորվիլ, ծնողները կ՛օգնեն մանուկը, որպէսզի կարդայ: Ունինք նաեւ յետգրութիւն մը մանուկը ծնողներու համար, կրկին կը մէջբերեմ. «Ծնողներ միշտ կ՛ուզեն լաւագոյնը տալ իրենց զաւակներուն: Այս արագ եւ զբաղուածութեամբ լեցուն օրերուն ծնողները կը փափաքին արդիւնաբեր եւ իմաստալից պահեր անցընել իրենց փոքրիկ զաւակներուն հետ: Ընդհանրապէս այդ առիթները գիշերները կ՛ըլլան, երբ ծնողները քնանալու կը պատրաստեն իրենց զաւակները, այս պահերը նաեւ առիթ կ՛ընծայեն անցնող օրուան անցուդարձերուն մասին խօսելու: Աստուածաշունչը անզուգական կարեւորութիւն ունի` դիմագրաւելու կեանքի տարբեր պայմանները եւ զօրանալու Աստուծոյ խօսքով: Հոս կը կայանայ այս գիրքին արժէքը եւ կարեւորութիւնը` իւրաքանչիւր հայ քրիստոնեայ ընտանիքին համար: Պարզ լեզուով գրուած այս պատմութիւնները կարդալով, ծնողներ փոքր տարիքէն իրենց զաւակներուն մէջ քրիստոնէական արժէքներ պիտի դրսեւորեն` կերտելով ինքնավստահ եւ ամուր հիմեր ունեցող նկարագիր եւ անհատականութիւն»: Գիրքի ետեւի կողքին վրայ ալ հետաքրքական բան մը դրած ենք. «Քնանալու ատեն կամ պարզապէս օրուան ընթացքին բարձր ձայնով կարդալու համար գրուած այս գեղեցիկ, կարճ եւ պատկերազարդ պատմութիւնները Հին եւ Նոր կտակարաններէն հաճելի պահեր կը խոստանան ծնողներուն եւ իրենց փոքրիկներուն: Պատմութիւնները կարդալով` ծնողները փոքր տարիքէն իրենց զաւակներուն մէջ քրիստոնէական արժէքներ պիտի դրսեւորեն եւ ամուր հիմեր ունեցող նկարագիր եւ անհատականութիւն պիտի կերտեն»:
Ինչպէս ըսի` այս գիրքը ո՛չ միայն Աստուածաշունչն է, այլեւ միեւնոյն ժամանակ մանկավարժական մեթոտով պատրաստուած գիրք մըն է, որպէսզի օգնէ մանուկերուն սորվելու համար Աստուծաշունչը` ներկայ օրերու տուեալերէն մեկնելով: Ընդհանրապէս մանուկները կը սիրեն պատմութիւն լսել, որ իրենց մտքին մէջ շատ լաւ կը տպաւորուի: Դժբախտաբար ներկայ օրերու հարցը ժամանակն է: Առաջուան օրերը չմնացին, երբ մայր մը կամ հայր մը նստելով իր զաւակներուն պատմութիւն կը կարդայ եւ մանուկները քնանալու կ՛երթան: Պատմութիւններ կարդալը միայն քնանալու ձեւ մը չէ. ատիկա անպայմանօրէն իրենց մտքին մէջ բան մը կը դրսեւորէ: Մենք պէտք է տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս մանուկը իր ճամբան սկսած ատեն մենք Աստուածաշունչի պատմութիւններով իր մտքին մէջ քրիստոնէական ամուր նկարագիր պիտի փորձենք կերտել, եւ ասիկա, ուզենք-չուզենք տունէն պիտի սկսի: Այս գիրքին միտք բանին նաեւ ծնողք-զաւակ յարաբերութիւնը զարգացնելն է եւ միջոց մը տալ ծնողներուն, որպէսզի իրենց զաւակներուն հետ միասին Աստուածաշունչի դաստիարակութեան հետեւին:
«Ա.».-Գիրքը ինչպէ՞ս ընկալուեցաւ հայ հասարակութեան կողմէ:
Հ.Ճ.- Գիրքի հրատարակութիւնը նոր է: Քանի մը շաբաթ եղաւ, որ մեր ձեռքերուն մէջ ունինք զայն: Պէտք է ըսել, որ գիրքը հրատարակուեցաւ Պէյրութ, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան մէջ, որուն մեծապէս շնորհակալ եմ, որովհետեւ շատ գեղեցիկ գործ մըն է, որ մէջտեղ հանեցին` ըլլա՛յ տպագրութիւնը, ըլլա՛յ թուղթը, կազմուածքը եւ այլն: Առաջին հերթին գիրքը տարինք Քուէյթ եւ հոն հոկտեմբեր 20-ին առաջին շնորհահանդէսը ըրինք` գործակցաբար եկեղեցիին եւ հովանաւորութեամբ առաջնորդ հօր: Ուրբաթ, պատարագէն ճիշդ ետք, սրահը բերնէ-բերան լեցուն էր. հետաքրքրական էր նաեւ, որ կիրակնօրեայի մանուկներու վերամուտի օրն էր, այնպէս որ, մեծ թիւով մանուկներ եկած էին: Շատ լաւ առիթ մը եղաւ եւ բաժնեցինք մանուկներուն, որոնց մէջ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց, նոյնքան ալ խանդավառութիւն ստեղծուեցաւ ծնողներուն եւ ժողովուրդին կողմէ: Հայկական դպրոց ալ այցելեցինք եւ առաջինէն մինչեւ վեցերորդ դասարաններու աշակերտներուն բաժնեցինք` տնօրէնին եւ տէր հօր ներկայութեամբ: Իւրաքանչիւր դասարան, որ այցելեցինք, մանուկներուն հետ առիթ ունեցանք քիչ մը խօսելու Աստուածաշունչին մասին: Յաջորդ շնորհահանդէսը ըրինք յաջորդ ուրբաթ, Շարժայի մէջ: Հաճելի մասը այն էր, որ կիրակնօրեայի մանուկները բաժին վերցուցին յայտագիրին մէջ, որ շատ խանդավառութիւն ստեղծեց: Շատ հետաքրքական վկայութիւններ լսեցի քանի մը տեղերէ, որ` ծնողներ իրենք խանդավառութեամբ կը կարդան նախքան գիրքը իրենց զաւակներուն տալը:
Գացինք նաեւ Ապու Տապի, ուր կը գործէ շատ գեղեցիկ շաբաթօրեայ դպրոց մը` իր ամէն տեսակի յարմարութիւններով: Հոն ալ յայտագիր մը ունեցանք. շաբաթօրեայ դպրոցին տնօրէնը եւ տէր հայրը խօսք առին: Մանուկներն ալ իրենց բաժինը բերին եւ գեղեցիկ յայտագիր մը ներկայացուցին, իսկ մենք տեղւոյն վրայ գիրքերը բաժնեցինք աշակերտներուն, որ խանդավառութիւն ստեղծեց: Յաջորդը պէտք էր գայինք Լիբանան: Շահէ եպս. Փանոսեանի հովանաւորութեամբ ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 10 նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Մարաշի հայրենակցական միութեան սրահին մէջ, Կրօնական ժողովի կազմակերպութեամբ եւ առաջնորդ սրբազանի հովանաւորութեամբ: Այս գիրքերը, ինչպէս ըսի, ամբողջութեամբ նուէր են մեր հայկական գաղութներուն: Ես համոզուած եմ, որ որպէս հայ` ես իմ ժողովուրդիս պիտի տամ, պիտի չառնեմ, եւ ատոր համար է, որ ժամանակ առաւ պէտք եղած նիւթական պիւտճէն գոյացնելը, որպէսզի կարենայի անվճար տրամադրել: Լիբանանի պարագային, գիրքերը դրած եմ սրբազան հօր տրամադրութեան տակ, որ ինք տնօրինէ` ըստ պատշաճի: Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան եպս. Սարգսեանին հետ ալ կապ հաստատեցի, հոն ալ որոշ քանակութեամբ գիրքեր պիտի հասցնեմ, որպէսզի, ըստ պատշաճի, Սուրիոյ տարբեր քաղաքներուն մէջ բաժնուի: Որոշ թիւ մը ղրկեցի Հայաստան, որովհետեւ հոն ալ ունինք սուրիահայ ընտանիքներ: Երեքշաբթի, 14 նոյեբերին պիտի երթամ Երեւան, որպէսզի ըստ պատշաճի, բաժնենք: Շատ հաւանական է, որ հոն ալ շնորհահանդէս մը կազմակերպենք Սուրիահայերու օժանդակութեան մարմնին եւ սփիւռքի նախարարութեան հետ գործակցաբար: Տակաւին ունիմ Կիպրոսը, հաւանաբար նաեւ` Յունաստանը: Հետաքրքրական երեւոյթներէն մէկն է Պոլիսէն գիրքին հանդէպ ցուցաբերուած հետաքրքրութիւնը, որոշ թիւով իրենց ալ կը վերապահեմ: Ես չեմ ուզեր, որ գիրքերը սենեակներու մէջ փոշիներուն տակ մնան` պարզապէս պահելու սիրոյն, պէտք է բոլոր փափաքողները ստանան: Ամերիկայէն եւ Աւստրալիայէն կան խնդրանքներ` փոքր քանակներով, ինչ որ քաջալերական է:
«Ա.».- Խօսինք Աստուածաշունչի դաստիարակութեան մասին:
Հ.Ճ.- Բոլոր քրիստոնեաներս միացնողը Աստուածաշունչն է: Շատ գեղեցիկ է այդ բառը, որ կը գործածենք` Աստուածաշունչ: Անգլերէնով կ՛ըսեն` Պայպըլ, արաբերէն` Քիթապ Մուգատաս, բայց հայերէն Աստուածաշունչ բառը շատ գեղեցիկ է, եւ ուրիշ ոչ մէկ լեզուին մէջ կայ աստուածաշունչ` Աստուծոյ շունչը, որովհետեւ աստուծոյ շունչն է, որ մեր կեանքերուն իմաստ կու տայ, մեր շնորհքն է ատիկա ձեւով մը, որ մենք կը ստանանք Աստուծմէ. Աստուծոյ շունչով է, որ մենք կ՛ապրինք: Մեզի` հայերուս պարագային, բոլորս շատ լաւ գիտենք, որ հայերէն գիրերու գիւտը ըրինք, որպէսզի Աստուածաշունչը թարգմանենք, որովհետեւ մենք ուզեցինք քրիստոնէական մեր հաւատքը ամրանայ, յաւերժանայ, եւ Աստուածաշունչը ատոր մէջ կարեւոր դեր կը խաղայ: Անշուշտ վերջը աշխարհաբար թարգմանութիւնը տեղի ունեցաւ, որպէսզի Աստուածաշունչը մատչելի դառնայ մեր ժողովուրդին, այսինքն ժողովուրդի տրամադրութեան տակ դրուի: Կրնանք տարբեր յարանուանութիւններու պատկանիլ, բայց այն, ինչ որ մեզ կը միացնէ, Աստուածաշունչն է, եւ Աստուածաշունչի դաստիարակութիւնն է: Ես ընդհանրապէս ջատագովն եմ, որ Աստուածաշունչը միայն կիրակի օրերու գիրք չըլլայ, որովհետեւ միայն կրօնական բովանդակութիւն չէ, որ Աստուածաշունչը մեզի կը փոխանցէ, այլ միեւնոյն ժամանակ մշակութային գիրք է, այն իմաստով, որ մեզի մեր ազգային ինքնութիւնը կու տայ, մեր յարաբերութիւններուն մէջ կ՛օգնէ, գիտակցութիւն կ՛արթնցնէ, զգաստութիւն կու տայ եւ այս բոլորը համապարփակ դաստիարակութիւն մըն են եւ ատոր համար է, որ ես ջատագովն եմ եւ միշտ կը քաջալերեմ, որ Աստուածաշունչի դաստիարակութիւնը մեր ազգային դաստիարակութեան անբաժան մէկ մասը ըլլայ: Շատ անգամ մարդիկ կը զարմանան, թէ ինչո՛ւ. որովհետեւ Աստուածաշունչը այն գիրքն է, որ մեր քննական մտածողութիւնը կը զարգացնէ եւ դիմացինը ընդունելու պատրաստակամութիւնը կու տայ մեզի. օրինակ` Քրիստոս ըսաւ. «Քու ընկերդ սիրէ քու անձիդ պէս»: Շատ անգամ եւ շատ հաւանաբար պիտի մտածես` ի՞նչ կը նշանակէ «Քու ընկերդ սիրէ քու անձիդ պէս». անձը սիրել ի՞նչ կը նշանակէ: Ֆիզիքակա՞նը պիտի սիրես, հագո՞ւստդ պիտի սիրես, մազե՞րդ: Քու անձդ սիրել, քու ներաշխարհդ սիրելն է, քու ինքնութիւնդ, քու հաւատքդ, հոգեկան կեանքդ, քու լեզուդ, ինքնութիւնդ, մշակոյթդ սիրելն է, եւ եթէ դուն քու անձդ կը սիրես, կրնաս դիմացինը շատ աւելի լաւ հասկնալ, շատ աւելի լաւ ընդունիլ, նոյնիսկ երբ ան քեզի պէս չի մտածեր եւ քեզմէ տարբեր է: Պայման չէ, որ անպայմանօրէն դիմացինդ ճիշդ քեզի պէս ըլլայ եւ այդպէս ալ պիտի չըլլայ: «Ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս»` կը նշանակէ քու անձիդ մէջ պէտք է սէր ըլլայ, որպէսզի դիմացինը կարենաս լսել եւ հասկնալ: Եթէ քու անձիդ մէջ սէր չկայ, ինչպէ՞ս կրնաս դիմացինդ սիրել: Ես միշտ կ՛ըսեմ, որ Աստուածաշունչը քեզի կը սորվեցնէ, կը քաջալերէ, որ դուն ետ դառնաս քու անձիդ, քու ինքնութեանդ, քու հաւատամքիդ, քու մշակոյթիդ, քու լեզուիդ, եւ ասոնք սիրելով է, որ դիմացինդ պիտի կարենաս սիրել: Եթէ մենք որպէս հայ մեր ինքնութեան մէջ ամուր կենանք, մեր ինքնութիւնը սիրենք եւ կառչինք անոր, շատ աւելի լաւ կրնանք հասկնալ դիմացինը, որ տարբեր ինքնութիւն, լեզու եւ տարբեր մշակոյթ ունի: Այնպէս որ, այս իմաստով Աստուածաշունչի դաստիարակութիւնը անհրաժեշտ կը նկատեմ. երբ դիմացինը կը սկսիս տեսնել եւ ընդունիլ, կը սկսիս շատ աւելի քննական կերպով մօտենալ: Ասոնք բոլորը քննական մտածողութիւնը կը զարգացնեն, որ վերջաւորութեան հաւասարակշռութեան գործօն է, որ կրնաս դուն քու անձէդ դուրս գալ եւ տեսնել, որ դիմացդ ալ կայ անձ մը, որ քեզի պէս չէ, բայց ինքն ալ իրաւունք ունի ապրելու եւ իր տեղը ունենալու, ինչպէս որ դուն որպէս հայ իրաւունք ունիս կենալու եւ ապրելու: Աստուածաշունչի ընկալումը այն է, որ ինչպէս դուն Աստուածաշունչը պիտի կարենաս կարդալ, բայց կարդացածդ հասկնալ եւ հասկնալու մէջ նշանակութիւն կերտել` դուն քու անձիդ մէջ: Այս ընկալումին մէջ լեզուական հարցը կայ, մշակութային հարցերը կան, պատմաքաղաքական տուեալները կան: Եւ ասոնք բոլորը կարեւոր են, որովհետեւ լեզուի մէջ իւրաքանչիւր բառ իր խորքային բացատրութիւնները ունի:
Մենք ցեղասպաննուած ժողովուրդ ենք. կը խորհիս, որ ցեղասպանութիւնը, որ մեր պատմութեան սեւ երեսն է իր դերը չունի՞, իր գործօնները չունի՞ որեւէ մէկ հատուած կարդալու եւ հասկնալու տեսակէտէն. անպայմանօրէ՛ն ունի, որովհետեւ Ցեղասպանութիւնը դժբախտաբար մեր մշակոյթին մէկ մասը դարձաւ, մեր մէջն է Ցեղասպանութիւնը. օրինակ երբ Քրիստոս կ՛ըսէ` «Քու թշնամիդ սիրէ», որպէս հայ` երբ կը կարդաս, այս ի՞նչ կու գայ միտքդ, թուրքը կու գայ եւ կը սկսիս որպէս հայ մտածել: Եթէ ամերիկացի մը կը կարդայ այս նոյն համարը, որ քու փորձառութիւնդ չունի, թերեւս բոլորվին ուրիշ ձեւով փորձէ հասկնալ եւ հասկցածին մէջ նշանակութիւն կերտել:
Մենք այսօր, որպէս Աստուածաշունչի ընկերութիւն, Աստուածաշունչը թարգմանել, հրատարակել, բաժնելէն զատ նաեւ կ՛աշխատինք Աստուածաշունչի ընկալումին գործով: Այլ հետաքրքրական երեւոյթ մըն ալ այն է, որ քու ապրած փորձառութիւններդ նաեւ քեզի պիտի ըսել տան, թէ դուն այս հատուածը ինչպէ՛ս պիտի հասկնաս: Քանի որ, երբ հատուածը կարդաս, պիտի ըսես` «Ես այս տեսակի փորձառութեան մէջէն անցայ» եւ այս համարը այդ ձեւով կրնաս վերլուծել: Վերջաւորութեան պիտի տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս մենք Աստուծոյ խօսքին եւ անոր ճշմարտութեան պիտի հասնինք` մեկնելով մեր լեզուամշակութային գործօններէն եւ պատմաքաղաքական տուեալներէն, որով ասոնք շատ կարեւոր իրականութիւններ են, չենք կրնար անջատել: Չենք կրնար մարդու մը, անհատի մը ապրած հաւաքական կեանքի տուեալները անջատել իր հաւատքի տուեալներէն. եթէ ես հայ եմ, քրիսոոնեայ եմ, իմ քրիստոնէական հաւատքս պէտք է զօրացնէ իմ ազգային մշակութային ինքնութիւնս. ահա թէ ինչո՛ւ մենք պէտք ունինք Աստուածաշունչի դաստիարակութիւնը անբաժան մէկ մասը դարձնելու մեր ազգային հաւաքականութեան դաստիարակութենէն: Պէտք է աշխատնաք տանինք, որ Աստուածաշունչը մտնէ մեր ընդհանուր դաստիարակութեան մէջ: Շատ ուրախ եմ, որ այսօր մենք, որպէս հայկական իրականութիւններ, մեր եկեղեցական իրականութիւններէն սկսելով, տարբեր կառոյցներ, սկսած ենք շատ աւելիով արժեւորել Աստուածաշունչի դաստիարակութիւնը մեր կեանքներուն մէջ: Յոյսով եմ, որ այս պզտիկ նուէրը իր բաժինը կ՛ունենայ մեր նոր սերունդի դաստիարակութեան մէջ: