ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ
Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախուբը կը ներկայացնէ Հենրիք Իբսենի «Ժողովուրդի թշնամին» թատրերգութիւնը: Դէպքը տեղի կ՛ունենայ 19-րդ դարուն Նորվեկիոյ քաղաքներէն մէկուն մէջ, որուն բնակիչներէն մէկը` բժիշկ Սթոքմեն, կը յայտնաբերէ շրջանին ջերմուկներէն մէկուն թունաւորուած ըլլալը: «Մեր» «Ժողովուրդի թշնամին», բեմադրութեամբ Սուրէն Խտըշեանին, տեղի կ՛ունենայ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ եւ կը պատկանի բոլոր ժամանակներուն, այնքան ատեն որ բախում կայ արդար քաղաքացիներու եւ ժողովուրդին ու իշխանութիւններուն միջեւ:
Այս բեմադրութեան առիթով «Ազդակ» կարճ զրոյց մը ունեցաւ բեմադրիչ Սուրէն Խտըշեանին հետ, որպէսզի ան մանրամասնէ Հենրիք Իբսենի «Ժողովուրդի թշնամի»-ին յատկանշանակութիւնը եւ խօսի այս թատրերգութեան իր ընտրութեան մասին:
«Այս թատրերգութիւնը քանի մը տարի առաջ մտքիս մէջ սկսաւ եփիլ: Ըսեմ ինչպէս` Հենրիք Իբսեն նորվեկիացի թատերագիրը «Ժողովուրդի թշնամին» գրած է 19-րդ դարուն` ի պատասխան իր «Ուրուականներ» թատրերգութեան իշխանութիւններուն եւ ժողովուրդին կողմէն ստացած ընդունելութեան: «Ուրուականները» կը ներկայացէ ընկերութեան մը մէջ հօրմէ զաւակ փոխանցուած ախտերուն մասին: Այս նիւթը կտրականապէս մերժուած երեւոյթ մըն էր 19-րդ դարու Նորվեկիոյ ընկերութեան համար, որ շատ ամուր կառչած էր ընտանիք հասկացողութեան սրբութեան եւ չէր հանդուրժեր որեւէ շեղում: Իր այս թատրերգութիւնը մերժուելէ անդին` քարկոծուած էր եւ մեկուսացուցած էր զինք: Առ այդ, Իբսեն կը գրէր «Ժողովուրդի թշնամին», որ կը խօսի Նորվեկիոյ մէկ անյայտ շրջանի մը ջերմուկներուն թունաւորուած ըլլալուն եւ այս տագնապին` բոլորին կողմէն ընկալուած ըլլալուն մասին: Թունաւորումին ապացոյցը մէջտեղ կը հանէ բժիշկ Սթոքմենը, որ սակայն ինքզինք դէմ յանդիման կը գտնէ իշխանութիւններուն եւ ժողովուրդին հետ, որոնք կը նախընտրեն սուտի մէջ ապրիլ, քան` ընդունիլ իրականութիւնը: Իբսեն ջերմուկներու թունաւորման ընդմէջէն կ՛արծարծէ համակարգին փտածութեան եւ իշխանութիւններուն դէմ ելլելու չկարենալ մասին: Ինչպէս որ պատահեցաւ քանի մը տարի առաջ Պէյրութի հրապարակը: Ժողովուրդը չկրցաւ գլուխ ելլել իշխանութեան հետ»:
«Իբսենի այս թատրերգութիւնը երկու դար ետք իսկ ժամանակակից է եւ աշխարհի տարբեր տեղեր տակաւին կը խաղցուի: «Ժողովուրդի թշնամին» չորս տարին անգամ մը Պրոտուէյի մէջ բարեփոխումներով կը ներկայացուի, ինչպէս օրինակ, վերջերս բժիշկը կին մը եղած էր, բան մը, որ Իբսենին համար տարօրինակ պիտի չըլլար, որովհետեւ ան առաջին թատերագիրն է, որ բուռն պաշտպանը եղած է կնոջ իրաւունքներու: Կ՛ըսուի, որ Իբսենի զոքանչը զինք մղած է այդ պայքարին»:
«Իբսեն 19-րդ դարու ամենամեծ թատերագիրներէն մէկը կը համարուի, իսկ ինծի համար ան ամենամեծն է: Ան հիմնադիրն է ժամանակակից տրամային եւ կը համարուի իրապաշտ թատրոնի հայրը: Շէյքսփիրէն ետք, ամէնէն շատ խաղցուած թատրերգութիւնները Իբսենինն են, նոյնիսկ կը սեպուի Շէյքսփիրի յաջորդը: Իբսեն ծանօթ էր իր գայթակղեցուցիչ նիւթերով, եւ բոլոր հարցերը կը մնային անաւարտ եւ չլուծուած, այսինքն ան ընթերցողին կամ հանդիսատեսին կը ձգէր աւարտել պատմութիւնը` այս ձեւով ստիպելով մտածել ու վերլուծել դէպքերը: Օրինակ, իր ամէնէն նշանաւոր գործը` «Պուպրիկներու տուն»-ը, կ՛աւարտի գլխաւոր հերոսին` Նորային տունը լքելով: Հակառակ անոր որ այդ ժամանակաշրջանին կնոջ մը տունը լքելը ինքնին յեղափոխութիւն մըն էր, Իբսեն չի տեղեկացներ, թէ ի՛նչ կը պատահի Նորային ատկէ ետք: Նոյնն է պարագան «Ժողովուրդի թշնամի»-ին:
«Իբսենէն ազդուած են հռչակաւոր թատերագիրներ, ինչպէս` Պեռնարտ Շօ, Օսկար Ուայլտ, Արթիւր Միլըր: Շատեր կ՛ըսեն, որ Լեւոն Շանթն ալ իրմէ ազդուած է: Իսկ մենք կը ներկայացնենք Լեւոն Շանթի թարգմանութիւնը, զոր 1950-ին Գասպար Իփէկեան ինք բեմադրած էր, իսկ 1964-ին` Ժորժ Սարգիսեանը»:
«Ըսեմ, որ շնորհակալ եմ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան»-ի վարչութեան, որ վստահեցաւ ինծի, որպէսզի կարենամ գլուխ հանել այս հսկայ աշխատանքը: Գաղտնիք մը չէ, որ այս գործը անձնական ճիգերով պիտի չկարենայի մէջտեղ բերել, քանի որ մեծ արտադրութիւն մըն է թատերական բոլոր մակարդակներու վրայ: Դժուար բեմադրութիւն ունի եւ կ՛ակնկալէ լուրջ մօտեցում եւ արհեստավարժ դերասաններ, ինչպէս նաեւ` բեմական խօսքի, շարժուձեւի եւ ձայնի հմտութիւն: «Իփէկեան»-ի վարչութիւնը ինծի օժտեց այս բոլորը մէջտեղ բերելու հնարաւորութիւններով, մանաւանդ` թատերական տագնապ ապրող մեր ժամանակաշրջանին մէջ, երբ ունինք յստակ դերասանական մարդուժի պակաս: Կը մնայ, որ հանդիսատեսը ներկայացումներուն գայ եւ ինք հակազդէ»:
Ներկայիս ան բեմ պիտի բարձրացնէ Հենրիք Իբսենի «Ժողովուրդի թշնամին», վաղը` շաբաթ, 11 եւ կիրակի, 12 նոյեմբերին, ինչպէս նաեւ յաջորդ շաբաթավերջին` 17, 18 (կալա) եւ 19 նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ: