ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
19-րդ դարու երկրորդ կիսուն ճարտարարուեստը Շուէտ մուտք կը գործէ: Շուէտը, որ ծանօթ էր իբրեւ գիւղատնտեսական երկիր, կ՛ապրէր աղքատութեան մէջ: Հասարակութեան մեծամասնութիւնը, որ կ՛ապրէր աղքատութեան մէջ, որեւէ դերակատարութիւն չունէր քաղաքական կեանքին մէջ, որովհետեւ ընտրական օրէնքին համաձայն,քուէարկութիւնը սահմանափակուած էր միայն բարձր եկամուտ ունեցողներով:
Ընկերվար-Ժողովրդավարութեան Թափանցման Տարիներ
Հետզհետէ ճարտարարուեստը կը զարգանայ Շուէտի մէջ` իրեն հետ զարգացնելով դրամատիրական յարաբերութիւնները: Պահպանողական կառավարութիւնները յաջորդաբար կը ղեկավարեն դրամատիրութեան զարգացման հոլովոյթը` զրկանքներու ենթարկելով Շուէտի հասարակութեան մեծամասնութիւնը: Շուէտի մէջ ընկերային-տնտեսական ծանր պայմանները առիթ կը ստեղծեն ընկերվար- ժողովրդավարութեան թափանցման:
6 նոյեմբեր 1881-ին ընկերվար-ժողովրդավար տեսաբան Աւկուստ Փալմ նշանաւոր ճառ մը կ՛արտասանէ` «Ի՞նչ կ՛ուզէ ընկերվար-ժողովրդավարութիւնը» խորագիրով: Ան կը սկսի յարձակելով պահպանողականներուն վրայ եւ կը հարցադրէ. «Մեր ընդդիմախօսները (պահպանողականները) ի՞նչ կ՛ըսեն մեր մասին: Անոնք կ՛ըսեն, որ մենք կ՛ուզենք բաժնել ամէն ինչ, որ մենք չենք յարգեր սեփականութեան իրաւունքները, որ` մենք կ՛ուզենք ոչնչացնել ամուսնութեան հասկացողութիւնը եւ պնդենք ազատ սիրոյ վրայ, որ` մենք կ՛ուզենք վերջ դնել կրօնին եւ այլն»: Փալմ` վերլուծելով պահպանողական խեղաթիւրումները, կը պատասխանէ վերոնշեալ հարցադրումին. «Ընկերվար-ժողովրդավարները չեն ուզեր բաժնել, այլ անոնք կ՛ուզեն արգելք հանդիսանալ ջոջ դրամատէրերուն, որ բաժնեն»: Ինչ կը վերաբերի սեփականութեան իրաւունքներու յարգանքին, Փալմ կ՛ըսէ. «Մենք` ընկերվար- ժողովրդավարներս, կ՛ուզենք ամբողջովին յարգել սեփականութեան իրաւունքները: Բայց երբ սեփականութեան իրաւունքները կը դառնան արգելք (խօսքը դրամատիրութեան մասին է) արդիւնաբերութեան եւ պետութեան մտաւոր ու տնտեսական յաջողութեան, ապա այդպիսով պիտի դառնան ոչնչացման առարկայ»:
Փալմ կը յորդորէ ազատ սիրոյ պատճառը փնտռել «մեծ քաղքենի»-ներուն մօտ, որովհետեւ միայն «մեծ քաղքենի»-ները կարելիութիւնը ունին երթալու գիշերային ակումբներ եւ վայելելու այլ կիներու հետ, երբ անոնք չեն ուզեր մնալ իրենց կիներուն մօտ: Այսպիսով, «մեծ քաղքենի»-ները կը սպաննեն բարոյականութիւնը: «Մենք (ընկերվար-ժողովրդավարները) կը դատապարտենք ամէն տեսակի ամուսնութիւն, որ չէ հիմնուած փոխադարձ սիրոյ վրայ», կ՛ըսէ Փալմը` շարունակելով. «Այդ պատճառով ալ ամուսնալուծումը պէտք է աւելի արագ կայանայ»: Վերջաւորութեան, Փալմ կ՛ըսէ. «Մենք` ընկերվար-ժողովրդավարներս, չենք ուզեր սպաննել կրօնը. բայց մենք կ՛ուզենք, որ կրօնը ըլլայ սրտին կապուած հարց: Մենք չենք ուզեր, որ պետութիւնը միջամտէ այդ հարցով: Մենք չենք ուզեր պետական կրօն: Մենք կ՛ուզենք, որ իւրաքանչիւր տղամարդու եւ կնոջ իրաւունքը ըլլայ հաւատալ կամ չհաւատալ ինչին որ ուզեն: Չենք ուզեր, որ ներկայ համակարգը շարունակուի, երբ կղերականը կը պարտադրէ կրօնը մեր վրայ: Ամփոփելու համար` մեր նպատակը պետութեան եւ եկեղեցւոյ անջատումն է»:
Աւկուստ Փալմի` «Ի՞նչ կ՛ուզէ ընկերվար-ժողովրդավարութիւնը» ճառին մէջ ընդգրկուած գաղափարները կը դառնան Շուէտի ընկերվար-ժողովրդավարութեան հիմնական սկզբունքները: «Ընկերվար-ժողովրդավարութիւնը», «Ժամանակը», «Ժողովուրդին կամքը» եւ այլ ընկերվար-ժողովրդավարական թերթեր ու յօդուածներ լոյս կը տեսնեն, դասախօսական երեկոներ եւ արհեստակցական միութիւններ կը կազմակերպուին Շուէտի մէջ: Պահպանողական տարրը աւելի կ՛ընդդիմանայ ընկերվար-ժողովրդավարութեան:
Պահպանողական թերթերը աւելի զօրաւոր յարձակումներ կը գործեն, գործարաններու սեփականատէրերը գործէ կ՛արձակեն արհեստակցական միութիւններու անդամակցող բանուորները, իսկ 1888-ին պետութիւնը կը սկսի բանտարկել ընկերվար-ժողովրդավարները` անոնց «անաստուածութեան» պատճառով:
Հալածանքներէն ազատելու եւ աշխատաւոր դասակարգը ազատագրելու համար, 23 ապրիլ 1889-ին, Եալմար Պրանթինկի եւ Աւկուստ Փալմի գլխաւորութեամբ, կը հիմնուի Շուէտի Ընկերվար-ժողովրդավարական աշխատաւորական կուսակցութիւնը` ի մի խմբելով Շուէտի մէջ գործող բոլոր ընկերվար-ժողովրդավարական թերթերը, արհեստակցական միութիւններն ու հարթակները:
1897-ին ընկերվար-ժողովրդավար տեսաբան Աքսել Տանիէլսոն, ազդուելով Գերմանիոյ Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան ծրագիրէն, կը հրատարակէ Շուէտի Ընկերվար-ժողովրդավարական աշխատաւորական կուսակցութեան ծրագիրը: Ծրագիրի սկզբնաւորութեան կը ներկայացուի տարբերութիւնը ընկերվար-ժողովրդավարութեան եւ Շուէտի մէջ գործող այլ գաղափարախօսութիւններու միջեւ` նշելով. «Ընկերվար- ժողովրդավարութիւնը կը տարբերի այլ քաղաքական գաղափարախօսութիւններէ, որովհետեւ անիկա ամբողջովին կ՛ուզէ փոխակերպել քաղքենիական տնտեսական կազմակերպութիւնը` իրականացնելով բանուոր դասակարգի ընկերային ազատագրութիւնը»: Քաղքենիական տնտեսական կազմակերպութեան փոխակերպման եւ բանուորներու ընկերային ազատագրութեան իբրեւ միջոց` կը ներկայացուի «արտադրութեան բոլոր միջոցներուն ընկերայնացումը (socialization-հանրային սեփականացում): Իբրեւ քաղաքական պահանջներ` ծրագիրը մասնաւորաբար կը պահանջէ քուէարկութեան հաւասար իրաւունք, ութժամեայ աշխատանք, արհեստակցական միութիւններու դերակատարութեան ճանաչում եւ եկեղեցւոյ ու պետութեան անջատում:
1898-ին ընկերվար-ժողովրդավարներուն երաշխաւորութեամբ կը հիմնուի «Ազգային կազմակերպութիւն»-ը, որ Շուէտի բարեկեցիկ համակարգին սիւներէն մէկն է:
Հալածանքներէն Դէպի Փոփոխութեան Ազդեցիկ Դերակատարութիւն
Հակառակ յարձակումներուն, բանտարկութիւններուն ու հալածանքներուն` ընկերվար-ժողովրդավարներուն ժողովրդականութեան համեմատութիւնը կը բարձրանայ Շուէտի մէջ:
1917-1920 թուականներու ժամանակաշրջանին, ընկերվար-ժողովրդավարները, իրականացնելու համար իրենց ծրագիրները (հաւատալով բարեփոխումներու ուղիին), կը դաշնակցին ազատականներուն հետ: 1919-ին ընկերվար-ժողովրդավարներ-ազատական համախմբական կառավարութիւնը կ՛արձանագրէ երկու կարեւոր յաջողութիւններ` ի նպաստ ժողովրդավարութեան: Առաջինը հաւասար քուէարկութեան իրաւունքի շնորհումն է (առանց դասակարգային կամ սեռային խտրականութեան), իսկ երկրորդը` ութ աշխատանքային ժամերու դրութիւնը:
Նոյն 1917-1920 թուականներուն ընկերվար-ժողովրդավարները իրենց պատմութեան մէջ կ՛ապրին մեծագոյն ճգնաժամը: 1917-ին պոլշեւիկեան ուղղութեան համակրող թեւը կ՛անջատուի եւ կը հիմնէ Շուէտի Համայնավար կուսակցութիւնը, որ այսօր կը գործէ Ձախ կուսակցութիւն անունով:
«Երկրային Դրախտ»-ի Կառուցում
1920-ական թուականները ընկերվար-ժողովրդավարներուն համար գաղափարաբանական նորարարացման ժամանակներն էին: Ժամանակաշրջան մըն էր, երբ ընկերվար-ժողովրդավարութիւնը տեսութենէն պիտի անցնէր գործնականացման: 1920-ին ընկերվար-ժողովրդավար Պրանթինկի կառավարութիւնը կը ստեղծէ «Ընկերայնացման խորհուրդ» մը` տեսաբաններ Նիլս Քարլեպիի եւ Ռիքարտ Սանտլերի գլխաւորութեամբ: «Ընկերայնացման խորհուրդ»-ի գործն էր ուսումնասիրութիւններ կատարել` տեսնելու համար, թէ ո՛ր տնտեսական մարզը կրնայ պետականացման ենթարկուիլ: Խորհուրդը կը հրապարակէ տեղեկագիրներ, որոնց համաձայն անկարելի էր, որ պետականացումը յաջողութիւն գտնէր Շուէտի մէջ:
«Ընկերայնացման խորհուրդ»-ի ուսումնասիրութիւններուն հիմամբ, 1928-ին ընկերվար-ժողովրդավարներու ղեկավար Փեր Ալպին Հանսոն կը յայտարարէ իր կուսակցութեան հրաժարումը դասակարգային պայքարի եւ պետականացման ձգտումներէն ու անոնց փոխարէն` որդեգրումը աւելի իրապաշտ եւ գործնական ուղղութեան մը: Ան «Ժողովրդային տուն» խորագիրին տակ արտասանած իր խօսքին մէջ կը նշէ. «Տունը միասնութիւն է: Լաւ տունը չի ճանչնար առանձնաշնորհում, զրկանք, խորթ զաւակներ: Այնտեղ ոչ ոք կը փորձէ օգտուիլ ուրիշներու հաշուոյն: Լաւ տան մէջ կայ հաւասարութիւն, ապահովագրութիւն, համագործակցութիւն եւ օգնութիւն: Հասանելի` հանրութեան համար: Անիկա կը նշանակէ վերացումը ամէն տեսակ` ընկերային եւ տնտեսական խոչընդոտներուն, որոնք այսօր հանրութիւնը կը մատնեն առանձնաշնորհումի եւ յետամնացութեան»: Այս տողերէն կը ծնի Շուէտի ընկերային բարեկեցութեան գաղափարը, որ կենդանի կը մնայ մինչեւ օրս:
1932-1946 թուականներուն Փեր Ալպին Հանսոնը կը դառնայ վարչապետ եւ կ՛իրագործէ այս տողերը գետնի վրայ: Հանսոնի կողքին, ելեւմուտքի նախարարութիւնը կը ստանձնէ Էռնեստ Վիկֆորշ, որ կը դառնայ Շուէտի հարկային համակարգին հայրը` իր վարած բարձր հարկային քաղաքականութեամբ, որով ֆինանսաւորեց ընկերային ծառայութիւնները (առողջապահութիւն, կրթութիւն, փոխադրութիւն եւ այլն): Ընկերային հարցերու նախարարութիւնը կը ստանձնէ Կիւսթաւ Մէօլլըր, որուն շնորհիւ ստեղծուեցաւ ընկերային ապահովագրութիւնը` հաշմանդամներու ապահովագրութիւն, երեխայ ունեցող ընտանիքներու ֆինանսաւորում եւ թոշակի ապահովութիւն: Բոլոր յիշեալ քաղաքականութիւններուն որդեգրման միջոցը հնարած է տնտեսագէտ եւ ընկերաբան Կուննար Միրտալը` նշելով, որ միայն հանրային մարզը կրնայ ծառայել թշուառ վիճակի մէջ գտնուող ընտանիքներուն` անոնց ձրի ծառայութիւններ ապահովելով: Այսպիսով, Հանսոն, Վիկֆորշ, Մէօլլըր եւ Միրտալ կը դառնան Շուէտի բարեկեցիկ համակարգի ճարտարապետները, որոնց գործը նաեւ կը տարածուի միջազգային գետնի վրայ` ազդելով աշխարհի մէջ գործող բոլոր ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութիւններուն վրայ:
Հանսոնէն ետք վարչապետութիւնը կը ստանձնէ Թակէ Էրլանտերը (1946-1969), որուն գործունէութիւնը կ՛ըլլայ բարեկեցութեան համակարգի զարգացումն ու ընդլայնումը: Էրլանտերի կառավարութիւնը հանդէս կու գայ յաւելեալ արժէքի տուրքի առաջադրանքով` կրկնապատկելու համար ընկերային ծառայութիւններու ծիրին մէջ ներդրումները: Բնակարանային ապահովութիւնը Էրլանտերի կառավարութեան կարեւոր նպատակներէն մէկն էր: Էրլանտերի կառավարութիւնը կը ծրագրէ եւ կ՛իրագործէ «միլիոնական ծրագիր»-ը, որ կ՛ընդգրկէր աւելի քան 1 միլիոն բնակարանի կառուցում քաղաքներու արուարձաններուն մէջ` նպատակ ունենալով յարմար գիներով բնակարաններ ապահովել բոլոր քաղաքացիներուն:
Էրլանտերէն ետք ընկերվար-ժողովրդավարներուն ղեկավարութիւնը եւ Շուէտի վարչապետութիւնը կը ստանձնէ Օլաֆ Փալմէն, որուն ժամանակաշրջանը (որուն պիտի անդրադառնանք այլ յօդուածով մը) կը յատկանշուէր ընկերվարական արժէքներու արմատականացումով:
Այսօր Շուէտի ընկերվար-ժողովրդավարական մտածողութիւնը վառ կը պահէ «Ժողովրդային տան» արժէքները եւ միակն է Եւրոպայի մէջ, որ չազդուեցաւ կեդրոնամէտ «Երրորդ ուղի»-ի գաղափարներէն, այլ շարունակեց զարգացնել իր իւրայատուկ գաղափարական ուղղութիւնը: