Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Գաղութէ Գաղութ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներ

Վարդգէս Նալպանտեան Կը Պարգեւատրուի «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» Շքանշանով

29 հոկտեմբերին Կլենտէյլի Իրանահայ միութեան կեդրոնի սրահին մէջ, Հալէպի Քարէն Եփփէ Ճեմարանի հիմնադրութեան 70-ամեակի եւ Լոս Անճելըսի Քարէն Եփփէ Ճեմարանի ընկերակցութեան հիմնադրութեան 40-ամեակի զոյգ առիթներով կազմակերպուած յատուկ հանդիսութեան ընթացքին, Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի առաջարկով Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին կողմէ «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պարգեւատրուեցաւ Ճեմարանի շրջանաւարտներէն եւ ներկայիս Ազգային Ֆերահեան վարժարանի փոխտնօրէն Վարդգէս Նալպանտեանը` առ ի գնահատանք ազգային վարժարաններու մէջ տարիներու իր ծառայութեան եւ հայ մշակոյթին հանդէպ ունեցած իր նուիրումին:

Շնորհակալութեան իր խօսքին մէջ Նալպանտեան յայտնեց, որ շքանշանը կը բաժնեկցի Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանին եւ Ազգ. Ֆերահեան վարժարանին մէջ իր պաշտօնավարած շրջաններու տնօրէնութեանց, աշխատակազմին, պաշտօնէութեան, ուսուցչական կազմին ու պատասխանատու մարմիններուն հետ:

Մեծարանքի Երեկոյ` Նուիրուած Իրաքահայ Վաստակաւոր Գործիչ Համբարձում Աղպաշեանի

Հոկտեմբեր 19-ին «Թերրաս» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ մեծարանքի երեկոյ մը` նուիրուած իրաքահայ վաստակաւոր գործիչ եւ գրագէտ, ճրտր. Համբարձում Աղպաշեանի: Երեկոն կազմակերպուած եւ հովանաւորուած էր իրաքահայ բարերար Յակոբ Ղարնաղարեանի եւ Ղարնաղարեան ընտանիքին կողմէ:

Մենար Պետրոսեան-Աղպաշեան կատարեց օրուան բացման խօսքը, ուր նախ նշեց Ղարնաղարեան ընտանիքին կատարած բարեգործութիւնները, ապա ներկայացուց մեծարեալին կենսագրականը` յիշելով անոր տարած տասնեակ տարիներու աշխատանքը իրաքահայ գաղութին մէջ, ինչպէս նաեւ`  Միացեալ Նահանգներու մէջ անոր տարած գործունէութիւնը: Համբարձում Աղպաշեան յօդուածագիր է հայկական զանազան թերթերու եւ հեղինակ է երեք գիրքերու, որոնցմէ առաջինը լոյս տեսած է 2015-ին` անգլերէնով, երկրորդը 2016-ին եւ 2017-ին (երկրորդ տպագրութեամբ)` հայերէնով, իսկ երրորդ հատորը պատրաստ է տպագրութեան:

Նազիկ Տաքեսեան-Պետրոսեան հանդէս եկաւ իր սրտի խօսքով` վեր առնելով Աղպաշեանի ղեկավարած մշակութային, կրթական, թատերական եւ այլ աշխատանքները. ան նաեւ կատարեց Գուսան Աշոտի «Սէրս վանքում Տաթեւի» երգը` Շիրակ Պետրոսեանի նուագի ընկերակցութեամբ:

Իր կարգին, օրուան մեծարեալը խօսք առնելով` իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց Ղարնաղարեան ընտանիքին եւ մասնաւորապէս Յակոբ Ղարնաղարեանին, յիշելով, որ Յակոբ եւ Մինաս Ղարնաղարեան եղբայրները իրենց բարեգործութեան ոգին ժառանգած են իրենց մեծ հօրմէն եւ հօրմէն` հանգուցեալներ Մինաս եւ Յովհաննէս Ղարնաղարեաններէն, իսկ այսօր անոնք ընտանիքին ջահակիրներն են` շարունակելով այդ բարեգործական նախաձեռնութիւնները: Ապա անդրադառնալով օրուան հովանաւորին արժանիքներուն` մեծարեալը ըսաւ. «Յակոբ Ղարնաղարեան իրաքահայ գաղութի ամենափայլուն գործատէրերէն մէկն է եւ բարձր համբաւի տէր անձ մը` թէ՛ Իրաքի, թէ՛ Արաբական Էմիրութիւններու եւ թէ՛ ամբողջ շրջանին մէջ, եւ հակառակ իր գերզբաղ առօրեային` ան ժամանակ կը յատկացնէ ամէն տարի գնահատելու ու մեծարելու իրաքահայ վաստակաւոր անձնաւորութիւններ», շեշտելով, որ ինք պատիւը ունի այդ ցանկին վրայ ըլլալու:

Վերջապէս, խօսք առաւ օրուան հովանաւոր Յակոբ Ղարնաղարեանը, որ անդրադարձաւ Աղպաշեանի ազգային նուիրեալ աշխատանքին` հայկական եւ յատկապէս իրաքահայ իրականութեան մէջ: Ան լուսարձակի տակ առաւ մեծարեալին հեղինակած գիրքերը` շեշտելով, որ բազմաթիւ իրաքահայեր յաջող գործատէրեր դարձած են, սակայն, ըստ իրեն, Աղպաշեան միակն է ներկայիս, որ յաջողած է իրաքահայ պատմութիւնը լոյս ընծայել: Խօսքի աւարտին ան յուշանուէր մը յանձնեց օրուան մեծարեալին:

Պոլսահայ Երգչուհի Սիպիլ Լոս Անճելըսի Մէջ

* 16 հոկտեմբերին Պոլսահայ միութեան «Հրանդ Տինք» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հարցազրոյց-ընդունելութիւն` երգչուհի Սիպիլի ու հայազգի երգիչ Անտրէի: Սիպիլ  Լոս Անճելըս հրաւիրուած էր Համազգայինի եւ Պոլսահայ միութեան կողմէ, երգահանդէսի մը համար:

Պոլսահայ միութեան անունով Սիմոն Աճըլիաչ շնորհակալութիւն յայտնեց երգիչներուն` սոյն հրաւէրը չմերժելու համար, նշելով, որ սոյն հանդիպումը ընտանեկան հաւաքոյթի բնոյթ ունի` մտերմիկ շրջանակի մը մէջ:

Նիւ Եորքէն, Պոսթընէն եւ Շիքակոյէն ետք Սիպիլ կը գտնուէր Լոս Անճելըս: Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց Պոլսահայ միութեան եւ Համազգային այս համագործակցութեան համար եւ նշեց, որ իր ձայնագրութիւնները կատարուած են Պոլսոյ մէջ, իսկ Անտրէի ձայնագրութիւնները` Հայաստանի մէջ:

Իր կարգին, Անտրէ շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն հրաւէրին համար` հաստատալով, որ պիտի շարունակեն իրենց գործունէութիւնը, այնքան ատեն որ ունինք ուժեղ համայնքներ, որոնք կը պահպանեն հայ դպրոցը, եկեղեցին, նաեւ` հայ մշակոյթը, հայ երգն ու պարը:

Աւարտին, Համազգայինի Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի ներկայացուցիչ Ուիլմա Գույումճեանը ուրախութիւն յայտնեց Պոլսահայ միութեան հետ գործակցաբար ձեռնարկի յաջողութեան համար, որուն ընթացքին միասնաբար գործակցելով` մօտէն իրարու ծանօթացան, նորութիւններ սորվեցան եւ իրարու հետ հաղորդակցեցան, ինչ որ մեծ արժէք կը ներկայացնէ երկու միութիւններուն համար:

* 19  հոկտեմբերին թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ընդունեց այցելութիւնը պոլսահայ երգչուհի Սիպիլի: Սրբազանը ողջունեց արուեստագիտուհիին ներկայութիւնը, գնահատեց հայկական երգարուեստին մէջ անոր կերտած վաստակն ու ընդհանրապէս նորահաս սերունդին մէջ հայ երգի տարածման նպատակով անոր ունեցած դերակատարութիւնը: Սիպիլ, իր կարգին, խօսեցաւ իր աշխատանքներուն ու ապագայի ծրագիրներուն մասին, որոնց համար առաջնորդը յաջողութիւն մաղթեց անոր:

22  հոկտեմբերին Լոս Անճելըսի «Ուիլշըր Իպէլ» թատերասրահին մէջ ելոյթ ունեցան պոլսահայ երգչուհի Սիպիլն ու Հայաստանէն երգիչ Անտրէն:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան համերգի կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ, Պոլսահայ միութեան անդամ Նուրհան Իշխանեանը եւ նոյն յանձնախումբի անդամ, Համազգայիի Արեւմտեան Ամերիկայի ներկայացուցիչ Ուիլմա Գույումճեանը, որոնք իրենց ուրախութիւնը յայտնեցին սոյն իւրայատուկ երգահանդէսին համար` նշելով, որ Սիպիլը եւ Անտրէն կը ներկայացնեն բանաստեղծական շունչով գրուած երգեր:

Յայտագիրի ընթացքին ներկայացուեցաւ հայկական դասական ու ժողովրդական երգերու փունջ մը` մեկնաբանութեամբ Սիպիլի, որուն կարգ մը երգերով  ընկերակցեցաւ Անտրէն:

Միքայէլ Շարաֆեան` Կլենտէյլի Շարժապատկերի Փառատօնի «Լաւագոյն Դերասան»-ը`

13-22 հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի շարժապատկերի միջազգային փառատօնը, որուն ընթացքին ամերիկաբնակ հայազգի դերասան Միքայէլ Շարաֆեանը ընտրուեցաւ «Լաւագոյն դերասան»` «Հարսնցուն Վեկասէն» ժապաւէնին մէջ գլխաւոր դերակատարութեան համար:

Շարաֆեան երախտագիտութիւն յայտնեց Կլենտէյլի փառատօնի նախագահ Վելվեթ Ռոտզին, ինչպէս նաեւ Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ Լորա Ֆրիտմընին` աւելցնելով, որ ասիկա իր կեանքին եւ ասպարէզին մէջ կարեւոր հանգրուան մըն է` մանաւանդ իր մասնագիտութիւնը դերասանութիւնը  չէ, այլ` հագուստներու ձեւաւորում:

«Անապատի Ագռաւներ»-ը` Կլենտէյլի Փառատօնի Լաւագոյն Վաւերագրական Ժապաւէնը

Վերջերս տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի շարժապատկերի միջազգային փառատօնը, որուն ընթացքին վաւերագրական լաւագոյն ժապաւէնը ընտրուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմող «Անապատի ագռաւներ» ժապաւէնը բեմադրութեամբ` Մարթա Հուսքէի:

Ժապաւէնը հիմնուած է Ցեղասպանութենէն վերապրած Լեւոն Եօթնաղբարեանի յուշերուն վրայ, որոնք հատորի մը վերածուած էին Եօթնաղբարեանի թոռան` Լեւոն Բարեանի խմբագրութեամբ:

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ

«Երիտասարդ Ընտանիքին Աստուածաշունչը» Գիրքի Շնորհահանդէս

Հովանաւորութեամբ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Մեսրոպ ծ. վրդ. Սարգիսեանի, 27 հոկտեմբերի, Ս. պատարագի աւարտին Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ համալիրի «Փիեռ Քէօսէեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Երիտասարդ ընտանիքին Աստուածաշունչը» գիրքին շնորհահանդէսը:

Շնորհահանդէսին խօսք առին Ծոցի Սուրբ Գրոց ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանը եւ իր կինը` դոկտ. Արտա Ճէպէճեանը, որոնք ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուցին գիրքին բովանդակութիւնը եւ պատրաստութեան ու թարգմանութեան փուլերը: Անոնք նաեւ անդրադարձան գիրքի հրատարակութեան կարեւորութեան յատկապէս` մանկապատանեկան, հոգեբանական ու մանկավարժական երեսներուն, Նոր Կտակարանի խառնուրդ պատմութիւններուն` Աստուծոյ փրկագործութեան ծրագրին շարքը պահելով, սկսելով Հին Կտակարանէն եւ հասնելով մինչեւ Նոր Կտակարան: Նշենք, որ գիրքը պատրաստուած է 4-15 տարեկան մանուկներուն եւ պատանիներուն հոգեւոր դաստիարակութեան համար:

Փակման խօսքով հանդէս եկաւ Մեսրոպ ծ. վրդ. Սարգիսեանը, որ գնահատեց սոյն գիրքի պատրաստութեան աշխատանքը` անդրադառնալով անցնող տարիներու ընթացքին  Ծոցի Սուրբ Գրոց ընկերութեան տարած գործունէութեան, յատկապէս` դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանին աշխատանքին, որ մեծ նպաստ ու ներդրում կը բերէ հայ հոգեւոր գրականութեան: Ան շեշտեց, որ սոյն գիրքը պէտք է դառնայ բոլոր մանուկներուն դաստիարակիչ եւ ուղղութիւն ցոյց տուող գիրք, որպէսզի ունենանք հաւատացեալ դաստիարակուած սերունդներ, որոնք պիտի յաջորդեն մեզի ու վառ պիտի պահեն հայ եկեղեցւոյ կեանքը, ազգային մեր նկարագիրը պահելով:

Շնորհահանդէսի աւարտին տեղի ունեցաւ գիրքին գինեձօնը:

28 հոկտեմբերին գիրքը ներկայացուեցաւ նաեւ Ապու Տապիի Ազգ. Արա Խանոյեան միօրեայ վարժարանի աշակերտութեան:

Խօսք՝ «Երիտասարդ Ընտանիքին Աստուածաշունչը» Գիրքի Հրատարակման Առիթով

Արամ քհնյ. Տէյիրմենճեան «Երիտասարդ ընտանիքին Աստուածաշունչը» գիրքի հրատարակութեան առիթով կը գրէ հետեւեալը.

Ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութեան հովանաւորութեամբ եւ նախաձեռնութեամբ, վերջերս լոյս տեսաւ իր տեսակին մէջ եզակի, գունազարդ, արդիական ոճով եւ իւրայատուկ խորք ունեցող «Երիտասարդ ընտանիքին Աստուածաշունչը», որ կու գայ բաց մը լրացնելու հայոց հոգեւոր գրականութեան աշխարհին մէջ:

Այսօր հայ պատանին կը կորսնցնէ իր ինքնութիւնը բազմամշակոյթ ընկերութեան մէջ: Կեանքը այսօր դարձած է զուարճութեանց ընթացք: «Երիտասարդ ընտանիքի Աստուածաշունչը» կը փորձէ Աստուծոյ խօսքին թարգմանը ըլլալ ուսուցողական ու մանկավարժական կերպով, հեռու` ձանձրացուցիչ ոճէ, գոհացնելու` ներքին աշխարհը հայ երիտասարդին:

Վերջին տասնամեակին Ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութեան հայերէնով եւ արդիական շեշտաւորումներով երրորդ հրատարակութիւնն է «Երիտասարդ ընտանիքին Աստուածաշունչը», որուն մէջ մեծ ներդրում եւ աշխատանք ունեցան վերոնշեալ ընկերութեան գործադիր քարտուղար դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանը եւ իր կինը` դոկտ. Արտա Ճէպէճեանը:

Աշխատանքը օրհնութիւն է, երբ բարիք կը սփռէ, աշխատանքը սրբութիւն կը դառնայ, երբ աստուածահաճոյ նպատակներու կը ծառայէ:

Սուրիա

«Հայաստանը Եւ Արաբական Խալիֆայութիւնը» Գիրքին Արաբերէնի Թարգմանուած Հատորի Շնորհահանդէս

Կազմակերպութեամբ Սուրիոյ Հայ դատի յանձնախումբին եւ արաբական «Ատիեթ» միութեան,  28 հոկտեմբերին Արամ Մանուկեան Ժողովրդային Տան «Լեւոն Շանթ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Սուրիոյ Հայ դատի յանձնախումբին հովանաւորութեամբ 2017-ին Հալէպի մէջ հրատարակուած «Հայաստանը եւ արաբական Խալիֆայութիւնը» գիրքի արաբերէնի թարգմանուած հատորին շնորհահանդէսը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ճորճ Պապեանը, որ լուսարձակի տակ առաւ հայ եւ Արաբ ժողովուրդներու դարաւոր յարաբերութիւնները:

Այնուհետեւ հանդիսավար Դալար Փուշմանեան ներկայացուց գիրքի թարգմանիչ, Արաբ գրողներու միութեան անդամ բժիշկ Ալեքսան Քէշիշեանի կենսագրական տուեալները եւ բեմ հրաւիրեց Սուրիոյ «Ատիեթ» միութեան նախագահ Մոհամետ Քըճճէն` ներկայացնելու թարգմանիչ, բժիշկ Ալեքսան Քէշիշեան մտաւորականն ու թարգմանիչը:

Արաբերէնի թարգմանուած հատորը ներկայացուց Հալէպի պետական համալսարանի դասախօս դոկտ. Ֆայեզ Տայէ:

Այնուհետեւ բժիշկ Ալեքսան Քէշիշեան ներկայացուց հատորի հեղինակին` Արամ Տէր Ղեւոնդեանին կենսագրական տուեալները, մասնագիտական աշխատանքն ու ուսումնասիրակսն վաստակը:

Քուէյթ

Հայաստանի Վերանկախացման 26-ամեակի Նշում

23 հոկտեմբերի երեկոյեան Քուէյթի «Սալուա Սապահ Ահմատ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան 26-ամեակի նշումը` կազմակերպութեամբ Քուէյթի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան:

Ի շարս պետական, դիւանագիտական եւ կրօնական հիւրերու` թեմի առաջնորդ Մասիս ծ. վրդ. Զօպուեան եւ թեմական բոլոր կառոյցներուն մարմինները ներկայ գտնուեցան ընդունելութեան: Այս առթիւ հայր սուրբը շնորհաւորեց  Քուէյթի մէջ Հայաստանի դեսպան Մանուել Բադեանը, անոր կինը` Լիլիթ Գալստեանը եւ դեսպանատան անձնակազմը: Առաջնորդը հաստատեց, որ իւրաքանչիւր հայու պարտքն է գործել եւ ծառայել վերանկախացեալ Հայաստանի հզօրացման ու բարգաւաճման համար:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>