ՐԱՖՖԻ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ
Լիբանանեան մամուլի եւ ընկերային ցանցերու ճամբով լրագրողներ ու «աքթիւիսթ»-ներ սկսած են լուսարձակի տակ առնել ընկերատնտեսական եւ առողջապահական վիճակները` կարիքաւոր պարագաներուն կացութիւնները ներկայացնելով հանրութեան: Անոնք կը լուսանկարեն, էջեր կը լեցնեն, կը մեկնաբանեն եւ, տակաւին, այնպիսի մթնոլորտ կը ստեղծեն, որ կարիքաւոր պարագան հասնի գերզգայուն վիճակի եւ նոյնիսկ արցունքներ թափէ, որպէսզի տեղեկագրութիւնը առաւել եւս «ազդեցիկ» դառնայ: Ո՞վ կ’ուզէ դժուարին պայմաններուն մէջ լուսանկարուիլ` իր վատ պայմանները դարձնելով հասարակութեան սեփականութիւնը: Վստահաբար` ոչ մէկը: Այս ընթացքը ենթակայի հոգեվիճակի եւ կացութեան շահագործում է:
Եւ տակաւին, հայ կարիքաւորներ ներկայացնելու վիճակները պէտք չէ դիտել բարեսիրական մարմաջներ ունենալու եւ «լուր հասցնելու» դիտակէտէն, այլ պէտք է տեսնել խորքը ու մարդկայինէն անդին` քաղաքական նպատակները, փորձելով թերագնահատել եւ արժեզրկել լիբանանահայ կառոյցներուն կատարած աշխատանքը եւ աղաւաղելու լիբանանահայ կառոյցներուն ծառայողական դիմագիծը ու ցոյց տալու, որ կարիքաւոր հայորդիները անտուն եւ անտէր մնացած են ու ազգային կառոյցները համապատասխան հոգատարութիւն եւ գուրգուրանք չեն ցուցաբերեր:
Այս բոլորը կը կատարեն, որպէսզի հասարակութիւնը ըսէ, որ` «կառոյցները բան մը չեն ըներ», եւ ուրիշներ ալ համարձակութիւնը ունենան ըսելու, որ` «եկած դրամն ալ արդէն կ՛ուտեն…»:
ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերու ընկերուհիները իրենց բոլոր կարելիութիւնները ի սպաս կը դնեն, որպէսզի իւրաքանչիւր շրջանի մէջ հասնին տասնեակ ընտանիքներու կարիքներուն` նիւթապէս ու բարոյապէս աջակցելով դժուարին պայմաններու մէջ ապրող պարագաներու: ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը, «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ը, «Գարակէօզեան» հաստատութիւնը եւ դեռ «Նարեկացի Տիրամօր կեդրոն»-ը օրական հարիւրաւոր հայորդիներու սպասարկութիւններ կը մատուցեն, ընկերային հարցերը կը քննեն, նիւթական կ’ապահովեն, կրթաթոշակ կը վճարեն, գիրք-պայուսակ կ’առնեն, դեղորայք կը տրամադրեն: Այսօր հարիւրաւոր աշակերտներ նուազագոյն նիւթականով ուսում կը ստանան հայկական վարժարաններու մէջ, եւ ծախսերու բեռը կը ստանձնեն մեր դպրոցներուն շուրջ համախմբուած բարերարները, բազմաթիւ ֆոնտերը եւ կառոյցներու նիւթական ապահովող նախաձեռնութիւնները:
Տակաւին, Ազգային ինքնութեան ֆոնտերը, իրենց եզակի բնոյթով յաւելեալ ժպիտ կը պարգեւեն նորապսակներուն, համալսարանականներուն, երրորդ զաւակ ունեցողներուն, մկրտուողներուն… Անդին` Երեսփոխանական գրասենեակը օրական տասնեակ պարագաներու հարցերը կը քննէ եւ համապատասխան օժանդակութիւնները կը տրամադրէ: Դեռ, ԱՖՀԻԼ-ը բազմաթիւ կարիքաւորներու կ’ապահովէ բազմատեսակ սպասարկութիւններ: Անդին` «Կեանք մը փրկենք» ֆոնտը արդէն շատերուն իրողապէս կեանքի փրկարարը հանդիսացած է… Եւ շարքը երկար է…
Անցնող օրերուն «Նահար» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած ակնարկը, ատկէ առաջ ալ քանի մը այլ գրութիւններ եւ այստեղ ու այնտեղ դիմատետրեան գրառումներ չեն կրնար կերպարանափոխել մեր կառոյցներուն իսկական դիմագիծը եւ թերագնահատել անոնց դերը:
Ընդունինք, որ մեր հայորդիները ոչ մէկ ատեն մէջտեղ մնացած են: Փաստը այն է, որ ոչ մէկ հայ մուրացկանի կը հանդիպինք փողոցը: Իսկ եթէ կան նման պարագաներ, ապա պարզապէս տեղեակ պահելով` անպայմանօրէն անոնք պէտք եղած օժանդակութիւնն ու զօրակցութիւնը կը ստանան: Անտեղեակութիւնը կարելի չէ վերագրել անտարբերութեան: Առաւել խոցելին այն է, որ հայեր իրենք իսկ այսպիսի երեւոյթներ կ’օգտագործեն «լուր» տարածելու եւ այսպէս կոչուած` «առաջատար մարդասէր» ըլլալու պիտակը կրելու, մինչդեռ անոնք կամուրջ պէտք է հանդիսանան պարագաներուն եւ կառոյցներուն միջեւ:
Երկրի ընկերատնտեսական վիճակին պատճառով պահանջներուն եւ կարելիութիւններուն միջեւ առկայ համեմատութիւնները փոխուած են, դժուարութիւններն ու արգելքները բազմացած են, սակայն մեր կառոյցները իրենց կարելին կը կատարեն, որպէսզի օգտակար հանդիսանան մեր հայորդիներուն: Հարկ է գնահատել մեր կառոյցներուն ներդրումը եւ մասնակից դառնալ նորանոր իրագործումներու արձանագրութեան` ըստ կարելւոյն զօրակցելով ծրագիրներուն:
Տարեկան դրութեամբ, հազարաւոր ընտանիքներ օժանդակութիւն կը ստանան մեր կառոյցներէն, եւ սպասարկման զօրակցող անհատներն ու հաստատութիւնները հաւատքով, համոզումով, գիտակցութեամբ եւ նուիրումով կը կատարեն իրենց սրբազան պարտականութիւնն ու առաքելութիւնը: Վստահաբար յաւելեալ ծրագիրներու եւ յաւելեալ կազմակերպուածութեան ու բծախնդրութեան ակնկալութիւն ունենալը բնական պահանջ է, որ երբեք չ’արժեզրկեր նուիրական գործին տարողութիւնն ու արժէքը:
Աշխատանք մը, որ արեւու նման «անաղմուկ» է, բայց կը փայլի եւ «հովանոցներ»-ով չի ծածկուիր…