Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Հայաստանի Նոր Իրականութիւնը Խղճի Աչքերով

$
0
0

ՅՈՎՍԷՓ ՊԱՐԱԶԵԱՆ

Վերջաբան

Հայաստանի հարցերը հոս չեն սկսիր, ոչ ալ հոս կը վերջանան: Ուսանողներու բոլոր մատնանշումներն ու հարազատ անձկութեամբ դրսեւորուած մտահոգութիւններու վերլուծումները հանդիսադրելը, թերեւս, մեր թերթէն քանի մը շարունակութիւններու յաւելեալ կարիքը զգացուէր: Հոս կը կենամ: Բաւական է այսքանը:

Մեր առօրեայ բազմապիսի ու բազմագոյն հարցերու մասին դեռ արտայայտուեցան` Նունէն, Լենան, Վաչականը, Շահէնը, Շաւարշը, քահանայ մը, Նարէն, Ռատիկը, Նաղաշը, Ճուլիեթան եւ ուրիշներ: Բոլորին շնորհակալ եմ: Անոնք հարստացուցին գիտելիքներս, վերապրեցուցին մտահոգութիւններս, ազգային ապրումներս` իրենց ստեղծագործ  մտորումներով, գործնապաշտ, իրապաշտ, գաղափարապաշտ: Ի՛նչ ալ ըլլայ, ստեղծագործութիւնը, որեւէ ստեղծագործութիւն, նախ կը պատկանի ազգին, ապա` իր ստեղծարար զաւակներուն:

Այս հանդիպումը իսկական բարիք մըն էր: Հայերը աւանդաբար կը հաւատան ու կ՛ըսեն` «Չկայ չարիք` առանց բարիքի», կամ` «Չկայ բարիք` առանց չարիքի», փորձելով գտնել իրենց ապրած ժամանակին իմաստն ու հաւասարակշռութիւնները:

Թո՛ղ ուսանողները չկարծեն, որ իրենց ըսածները պիտի չնշեմ: Բացարձակապէ՛ս. յիշողութեան պակասէ չեմ տառապած երբեք եւ որեւէ՛ պարագայի թոյլ պիտի չտամ, որ ժողովրդավարական զգացումներս աղքատանան իմ ներաշխարհիս մէջ:

Յաճախ կը մտածեմ. որքա՜ն պատահական մարդերով լեցուած է մեր կեանքը, եւ միաժամանակ` որքա՜ն տաղանդաւորներով ու արժէքաւորներով: Մարդիկ կան, որոնք մէկ ակնթարթով յարգանքիդ կ’արժանանան. մարդիկ ալ կան, որ …

Մեր կեանքի հաւասարակշռութիւններն ու ներդաշնակութիւնները ազգային գերագոյն յատկանիշի պէտք է վերածենք: Այլապէս, ժամանակը կը սառչի եւ կը սառեցնէ. արդիւնք` բան չի յառաջանար:

Այսքան, որպէսզի հայրենասիրական քարոզներով չշարունակենք ու դիւրին հռետորութեան նմուշներու զոհ չերթանք:

Հայու ինքնութեան պահպանումը աւելի քան կենսական է, ոչ միայն սփիւռքի, ոչ միայն անհամեմատօրէն զարգացող նոր սփիւռքի, այլ նաեւ` Հայաստանի համար: Այս գործին մէջ խոհեմ դերակատարութիւն ունին Հայաստանի շուրջ 17.000 դաստիարակները, որպէսզի լոյսը աւելի զօրաւոր դարձնեն խաւարէն ու խաւարամտութենէն: Անոնք պէտք է վայելեն պետութեան ազգային քաղաքական քաջալերանքը եւ մղումը:

Հայաստանը պէտք է լաւ հասկնայ, որ սփիւռքի հարցը միայն հայապահպանումը չէ: Հայապահպանումն ալ, սակայն, պէտք է կատարուի ժամանակակից դաստիարակչական կշիռով ու նոր տարազաւորումի մը սրսկումով, որպէսզի կազմաւորուի հայու նորօրեայ շեշտուած դիմագիծը:

Հարց տանք սակայն. սփիւռքի մէջ մեր հասկցած հայրենասիրութիւնը հասունցնելու կազմաւորուած ու թիրախաւորուած մշակոյթ ունի՞նք: Կ՛ըսեմ այս, քանի տարբեր տեսակէտ մըն ալ կայ, ըստ որուն, սփիւռքահայուն մէջ կուտակուած են հայութենէ բխող տարբեր ու տարբեր ազգային նորօրինակ բարդոյթներ, որոնք արգելք կը հանդիսանան այդ մշակոյթի հեզասահ զարգացումին: Ի՛նչ ալ ըլլայ, Հայաստանը երկուքի պէտք չէ բաժնուի, մինչեւ որ հայրենիքը նոր ժամանակներու մէջ իր ժողովրդավարական ճիշդ քայլերու հաւասարակշռութիւնը գտնէ: Վստահաբար պիտի տանք այդ ժամանակը յոյսով, այլ նաեւ` հանդուրժողութեամբ, հակառակ որ մենք` հայերս, ի բնէ թերահաւատ ենք նկարագրով, ինչ որ երբեմն լաւ է ու ճիշդ, երբեմն ալ` չափազանցուած համեմատութիւններով:

Հայը` հայուն համար, հայը` հայով, հայը` հայութեամբ ու հայրենիքով, առանց անշուշտ այս խօսքերուն տալու լոզունգային պարզ ու ընթացիկ իմաստ ու նշանակութիւն, այլ` ժամանակակից հայկական ինքնութեան սահմանում ու հեռանկար:

Հայաստանը լուրջ օրակարգի վրայ պէտք է բերէ ու վերլուծէ սփիւռքի ու սփիւռքահայու հայաթափումի, լեզուական անկումի եւ ընդհանրապէս իր ազգային նահանջողականութեան հիմնական ու երկրորդական հարցերը, պատճառները, երեւցող ու չերեւցող մտահոգութիւնները: Ամէն նորութիւն սկիզբը անիրականանալի ոդիսական մը համարուած է մեր կեանքին մէջ, բայց յետոյ, ժամանակի ընթացքին, ճամբան լաւապէս հարթուած է` մրցունակ համեմատութիւններու տուեալներ յառաջացնելով դէպի ապագայ:

Հայրենիքը հայրենասիրութիւն կը ստեղծէ, հայրենասիրութիւնն ալ` հայրենիք: Ինչպէս` որեւէ բանի վերջաւորութեան սկիզբը, կամ` սկիզբին վերջաւորութիւնը: Բայց հայերուն համար հայու ժամանակը կայ. ի՛նք դժբախտաբար բացակայ է… Մենք ի՞նչ կ՛ընենք այդ ժամանակին համար: Ի՞նչ ըրած ենք մինչեւ հիմա: Անշուշտ ոեւէ մէկը հաւատաքննութեան կանչելու միտում չկայ: Զգուշ ըլլանք նախ, որ հայրենասիրութեան առընթեր, արտագաղթը չքրէականացնենք:

Հայու պատմութիւնը հայու մարդկային կեանքին պատմութիւնն է. ուրիշ բան չի կրնար ըլլալ: Մէկը կը լրացնէ միւսը` փոխադարձութեան կանոնով: Իւրաքանչիւրը կը խաղայ իր դերը` հասկցած ու իր չհասկցած ձեւով, եթէ այս մէկը բան մը կը նշանակէ ուղղակի, կամ անուղղակի հասկնալու ու չհասկնալ ուզողներուն համար:

Հայու ներքին կապուածութեան կառոյցը տարբեր է այլ ազգերու մօտակայ թէ հեռակայ կապուածութենէն: Հայու կապուածութեան մէջ իւրօրինակ ու զգացապաշտական «ազգայնամոլութիւն» մը կը դրսեւորուի յաճախ, ամէն անգամ որ հայեր իրարու կը հանդիպին: Ասիկա` հայու ազնուական «քարիքաթուրան» (ծաղրանկար)ն է, որ արտասահմանի մէջ կրնայ երկար խօսիլ Երեւանի կլկլակներու սառն ջուրին ու հազար ու մէկ այլ բաներու մասին:

Ի՛նչ որ կ՛ապրի հայը, իր պատմական արմատներու օղակներուն հետ կապ ունի: Եթէ չփնտռուած հայկական արխիւներ ստուգենք, գանձեր պիտի գտնենք անոնց մէջ, գանձեր, որոնք դժբախտաբար չեն արժեւորուիր, եւ զանոնք արժեւորելու ալ որեւէ ծրագիր կամ հեռանկար չկայ:

Պրեխտը կ՛ըսէր. մի՛ մտածեր փարաւոններու մասին, երբ բուրգերը կը տեսնես. մտածէ արհեստաւորներու մասին, որոնք ատոնք հիւսեցին: Ե՛ւ ստրուկներուն` պիտի աւելցնէի ես:

Հայերս չենք ուզեր, որ մեր քաղաքակրթութիւնը թանգարան ըլլայ, թանգարան մնայ: Հայկական հարուստ քաղաքակրթութիւն կայ, կը բաւէ, որ փնտռենք, գտնենք, տիրանանք անոր ու վերակենդանացնենք անոնց արժէքները: Մեր հին արժէքներէն որքանի՞ն տիրացանք ու պահպանեցինք: Քաղաքակրթութիւնը կը սորվեցնէ, այն ինչ որ ուրիշներ չեն դասաւանդեր մեր գրաւոր ու մանրամասն ժառանգութենէն: Եկէք` քաղաքական այլցհայմերէ չվարակուինք:

Եկէ՛ք` խօսինք, իրական բաներու մասին ալ: Ամէնէն գէշ հայրենիքը այն է, որ մեր մէջը չէ, կամ այն, որ մեր մէջէն դուրս եկած է, արմատախիլ եղած է, ու մենք զայն կը դիմագրաւենք արհեստական լռութեամբ ու համակերպումով:

Ասկէ աւելի նուազ բան չեմ կրնար երեւակայել: Ամէն տեղ փաղաքշական խօսքեր արտայայտելը մեզ տեղ չի հասցներ: Հայրենիքի մասին խօսելով` պիտի խօսինք բաց, անկեղծ ու հեզասահ ոճով, ոչ անպայման` կմկմալով ու բառերը ծամծմելով:

Այս բոլորէն ետք կը թուի, թէ հայու վիճակագրութիւնները պէտք է աւելի ճիշդ կարդացուին մեր գնահատումներուն մէջ չձախողելու համար:

(Շար. 5 եւ վերջ)


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>