Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Հայաստանի Նոր Իրականութիւնը Խղճի Աչքերով

$
0
0

ՅՈՎՍԷՓ ՊԱՐԱԶԵԱՆ

100 Նոր Եկեղեցիներ

Սուրբ Էջմիածնի միաբաններէն վարդապետ մը երկիւղած յուզումով զեկուցեց, որ անցնող 26 տարուան ընթացքին, հայրենի անկախութենէն ետք, Հայաստանի ու Արցախի մէջ կառուցուած է 100 եկեղեցի, միջին հաշուով` տարին 4 եկեղեցի, չհաշուելով, որ անոնց շինութեան գործընթացը սկսած է 1980-ական եւ 1990-ական թուականներուն:

Էջմիածնի միաբան վարդապետը այս առիթով յայտնեց, որ Մայր Աթոռին ենթակայ 400-է աւելի եկեղեցիներ կը գործեն աշխարհիս մէջ, որոնց համար ծախսուած է շուրջ 26 միլիոն տոլար, միջին հաշուով իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ համար 150-200 հազարի դրամագլուխ մը տրամադրուած է:

Եկեղեցաշինութեան համար մեծահարուստ հայեր հովանաւորած եւ շօշափելի գումարներ տրամադրած են` դեռ չհաշուելով մանաւանդ մեր ժողովուրդի սրտաբուխ նուիրատուութեանց անշահախնդիր մասնակցութիւնը:

Այս առիթով միաբանը զեկուցեց, որ 2010-2016 կատարուած վաւերագրական ուսումնասիրութեան մը համաձայն, աւելի քան 3000 աւերուած յուշարձաններ արձանագրուած են Թուրքիոյ տարածքին, մինչդեռ տուեալ երկրի հողին վրայ հայերս պէտք էր ունենայինք 170.000-է աւելի պատմական յուշարձաններ:

Պատմական Հայաստանի մշակութային բեկորները կ՛ոչնչանան, եւ մեր պատմութիւնը փաստող յիշատակարանները կը մոռցուին մարդկային քաղաքակրթութեան անդենականին մէջ, խորհրդածեց վարդապետը ցած ու տխուր ձայնով մը ու ծանրօրէն նստաւ իր աթոռին վրայ:

Հայկական յուշարձաններն ու պատմական յիշատակարանները խնդիր ունին նախ հողին հետ` ըլլայ ան հայրենի, Արցախի, Նախիջեւանի, Ջաւախքի թէ պատմական բռնագրաւուած Հայաստանի, որովհետեւ անոնց յուշը միշտ կը շալկես ուրիշի, ուրիշներու կեանքով կամ նահատակութեամբ, եւ` ոչ միայն քաղաքակրթական միջամտութեան մը նախանձախնդրութեամբ:

Մեր թշնամիները չգիտցան սիրել մշակոյթը եւ միայն չարագործութեամբ, քանդումով ու ոչնչացումով ցոյց տուին ազնիւ մշակոյթին հանդէպ իրենց բարբարոս մղումները:

Մշակոյթային միասնականութեան ժամանակներու մէջ կ՛ապրինք, թէ՞ մշակոյթը կաթուածահար ընելու յաւելեալ ճիգ մը կը թափենք:

Արդեօ՞ք կը սխալիմ: Պատմութիւնը պիտի դատէ բոլորը` յանցաւորը, նուազ յանցաւորը, անտարբերն ու հասարակ հանդիսատեսը:

Մշակոյթը պատմութեան արժանանալու համար չէ միայն, այլ իսկապէս արժանի ըլլալ նոյնինքն մշակութային համապատասխան արժէքին` պատմութեան ստեղծագործ թէ ամօթալի էջերուն վերաբերող:

Յիշողութիւն եւ լռութիւն:

Յիշողութիւն եւ պատասխանատուութիւն:

Մշակոյթը անապահովութիւն կը ստեղծէ մեր ժամանակներուն մէջ, եւ այդ մէկը մենք կը զգանք, հակառակ որ մենք մշակոյթով մեծցանք եւ կրնանք ըսել, որ տարեկից ենք անոր:

Քանդուած յուշարձանները ո՞ր պատմութեան վկաներն են այսօր:

Կը յուսամ, որ թէկուզ քանդուած վիճակի մէջ` այդ յուշարձանները շարունակեն դիմանալ ժամանակի ու վայրի պատսպարաններուն մէջ:

Յուշարձանը իր արժանապատուութեան պէտք ունի, արժանապատուութիւնն ալ` յուշարձաններուն:

Այսինքն` յուշարձաններու արժանապատուութեան:

Մեր սրբագոյն նահատակները մեր յուշարձաններն են:

Ժողովրդագրական Ցուցանիշներ

Հայաստանի ժողովրդագրական բնական աճի ցուցանիշներու համեմատական պակասը խորապէս մտահոգած է Միջազգային ապահովութեան հարցերու փորձագէտ Եղիշէն, որ աճի նուազման դիմաց հանդիսադրեց վերլուծում մը, գնահատումներ եւ ոչ լաւատես հեռանկարներ`  սփիւռքի հայկական զանգուածներու յամրաքայլ, բայց հաստատ ձուլման բաղդատականներով:

Ան նշեց, որ Հայաստանի իշխանութիւններու կողմէ բազմազաւակ ընտանիքներ ունենալու խրախուսական, բայց ոչ լաւ կազմակերպուած ու արդիւնաւորուած քայլերը, ինչպէս` նիւթական նպաստներ, բնակարանային ծրագիրներու բաղադրիչներ, փաստօրէն ակնկալուած ծնելիութեան թափ տուած չեն, այս յուսատու ծրագրի սպասումներուն` երկրին մէջ տիրող ընկերային, տնտեսական, բազմաբնոյթ արտագաղթի բացասական իրավիճակին, աւելի՛ն, արտագաղթողներու մէկ լուրջ ու մտահոգիչ համեմատութեան արտասահմանի մէջ ծնած ըլլալու պատճառով: Իրողութիւն, որ յաջորդող տարիներուն պիտի ազդէ ուղղակի նաեւ ազգային բանակի թուային համալրման կարիքներուն:

Բաղդատական տուեալներու համաձայն, ժողովրդագրական այս խնդիրը հետզհետէ կը բարդանայ, քանի կը խախտին ծնելիութեան ու մահերու տոկոսները` ժողովրդագրական անհաւասարութիւններու նոր իրականութիւն մը ստեղծելու անհանգստացնող ցուցանիշներով:

Եղիշէն վերարտադրութեան վերաբերող տուեալներ հանդիսադրելով` օրինակ տուաւ, որ 1992-ին Հայաստանի մէջ ծնած են 70.581, 1997-ին 43.929, իսկ 2001-ին 32.065 երեխաներ: Աւելի ընդհանուր, Հայաստանի անկախութեան առաջին տասնամեակին ծնած է 464.457 երեխայ:

Ինքնատիպ թուանշաններ` անպայման: Ծնողներէն մաս մը մանկական տարիք չունեցաւ եւ արտասահման գաղթեց` առանց հայրենի օրօրոցային երգը լսելու, մաս մըն ալ` մեծերէն վերջինները, իրենց հոգին աւանդեցին հայրենի հողին, թէ օտար անհիւրընկալ հողերուն վրայ:

Հեռացումը վստահաբար կռուի իմաստաւորուած կամ չիմաստաւորուած ճանապարհը ցոյց չի տար: Այս մէկը կը հաստատեն ե՛ւ մնացողները, ե՛ւ ազգային երկընտրանքով գոյատեւող հեռացածները: Անոնց համար, կը մաղթեմ, որ հայու պատմութիւնը դիմանայ հին եւ նոր ժամանակի հայելիին մէջ, քանի հայու պտղատու ծառը կը մեծնայ ե՛ւ ամառնային, ե՛ւ ձմեռնային մթնոլորտի պայմաններուն մէջ:

Ամէն հայ պէտք է գիտնայ իր դերն ու դիրքը: Հայ ազգը ամբողջութեամբ եւ առանց նուազագոյն խտրութեան զինուոր է, զինուորագրուած է, քանի Հայաստանի գոյութեան շարունակութիւնը ժամանակաւոր կամ պատահական երեւոյթ մը չէ, թէկուզ ոմանք նոր հայրենիքներ փնտռելու եւ իւրացնելու անբարենպաստ գործին լծուած են, կամայ թէ ակամայ:

Երբեմն ես ինծի հարց տուած եմ, թէ սփիւռքի հայերը իրենց նոր կեանքի որակային արժէքներու գնահատականը կատարա՞ծ են: Սփիւռքի մէջ, արդէն, նոր սփիւռք մը կը կազմաւորուի` հարկադրելով մեզ անոր զատորոշումը կատարելու` «հին», եւ «նոր», կամ ալ` ձախող կերպով «խորհրդային սփիւռք» անուանումով: Մէկ խօսքով, հին սփիւռքին մէջ նոր սփիւռք մը` մասամբ քարտէսագրուած համապատասխան երկիրներու մէջ, չքարտէսագրուած նոր հայութեան ներկայ պատկերը` բարդ, մասամբ անլուծելի խաչբառի մը տպաւորութիւնը տալով:

Գիտէ՞ք` այս բոլորին անունը միայն Հայաստան է, հոգ չէ թէ մեր հերոսներուն մահը չյաջողեցաւ աւելի լաւ կեանք մը ընձեռել հայութեան եւ աշխարհին:

Կեանքի մէջ մարդս ե՛ւ կը շահի, ե՛ւ կը կորսնցնէ, ե՛ւ կը յաղթէ, ե՛ւ կը պարտուի, որովհետեւ մարդ իր անձին ե՛ւ բարեկամն է, ե՛ւ թշնամին:

Հայրենիքները,- ճիշդ է, միշտ որակ ու քանակ չեն արտադրեր, որովհետեւ հայրենի դիմագրաւած խնդիրները ե՛ւ վտանգաւոր են, ե՛ւ չափազանց զգայուն:

Հայաստան ¬ սփիւռք 6-րդ համաժողովին նախագահը խօսեցաւ ապագայի 4 միլիոն բնակչութեան մասին` Հայաստանի մէջ:

Խղճմտանքը հայկական բառ է, բայց մենք 26 տարի ժամանակ կորսնցուցինք հայու ժամանակին մէջ` ժամանակը ժամանակի փակագիծի վերածելով:

Ուշադրութի՛ւն. զգացական հարցերը պէտք է պաշտպանուած ըլլան ժամանակի մաշումին դէմ:

Լեզուի Լուծարում

Բանահիւսութեան ֆաքիւլթէի ուսանող Ռուզաննան իր մտահոգութիւնը յայտնեց Լեզուի պետական տեսչութեան հնարաւոր լուծարման մասին: Անդրադարձաւ լեզուի նշանակութեան, արժէքին եւ տարածման կարեւորութեան եւ ոչ թէ` հակառակը: Անհրաժեշտ նկատեց Լեզուի տեսչութիւնը կառավարութեան կից կառոյցի վերածելու եւ իշխանութիւններու գուրգուրանքին արժանացնելու կարեւորութեան մասին: Ազգ մը չի կրնար ապրիլ առանց իր քաղաքակրթական արժէքին:

Իսկ բանասիրութեան բաժնի ուսանող Մելանիան դիտել տուաւ , որ լեզուն գերագոյն յարգանքի պէտք է արժանանայ հանրապետութեան մէջ բացասական ձեւով միջամտութիւններ կատարողներուն կողմէ, որոնք յաճախ լեզուական ու լեզուագիտական հարցերու գիտութիւն ու մասնագիտութիւն չունին եւ կը զբաղին բառային լարախաղացութիւններով:

Գրականագիտութեան բաժնի ուսանող Նիքոլայը անհրաժեշտ գտաւ Լեզուի պետական տեսչութիւնը գիտական կառոյց դարձնելու եւ դուրս գալու տիրող համակարգէն, որ խեղճ ու կրակ վիճակի մէջ կը գտնուի: Լեզուն պահելը բարոյական հարց է, ըսաւ ան:

Նոյն հարցով ուսանողուհի Ժաքլինն ալ կոչ ուղղեց լեզուական համապատասխան մարտահրաւէրներուն հանդէպ յարգանք ու լրջութիւն ցուցաբերելու` լեզուական մակարդակի որակը պահպանելու հեռանկարով. «Ատենօք լեզուն սրբութիւն էր. պահպանեցէք այդ սրբութիւնը, լեզուն չի բաժներ ժողովուրդները, այլ կը միացնէ զանոնք», ըսաւ ան` իր խօսքը աւարտելով:

Աշխէնը խօսեցաւ լեզուական հանրակրթութեան մասին` ընդգծելով,  հանրակրթութիւնը լեզուի ճամբով ազդու դարձնելու կարեւորութիւնը, որ` պէտք է ունենալ համապատասխան զօրաւոր կառոյց` ուսուցիչ, դաստիարակ ապահովելով: Վերջը` շատ լաւ աշակերտ ու ուսանող, ապա նաեւ` սեղանի վրայ քննարկման դնել մարդ կրթելու հիմնական խնդիրը:

Ճիշդ է, որ կրթական որակը կը պահուի հաւասարապէս որակային կառոյցով ու միաժամանակ դաստիարակով, բայց անպայմանօրէն` մանկավարժական պատրաստութեամբ եւ մանկավարժութիւնը առաքելութիւն համարելու ներշնչումով: Դպրոցներու մէջ միայն հայոց լեզուի դաստիարակչական ծրագիրը բաւարար չէ հայոց լեզուն, գրականութիւնը, պատմութիւնը սիրցնելու համար նստարանի վրայ գտնուողին, այլեւ անոր ներշնչելու հայ լեզուի անփոխարինելի դերը` հայութիւնը համահաւասար յայտարարի մը բերելու համար:

Եթէ ուսանողները կարեւորութեամբ կը մատնանշեն տուեալ պարագան, այս կը նշանակէ, որ կրթադաստիարակչական յստակ արժեհամակարգի մը վրայ պէտք է ծրագրել ուսումնական միջավայրը` իր ընձեռած բազմատեսակ փորձառութիւններով:

Դպրոցը մարդակերտումի հաստատութիւն է, եւ վստահ ըլլանք, որ մեր ազգային բազում հարցերուն պատասխանը կու տայ, որովհետեւ ան նկարագիր կը մշակէ ու կը դարբնէ, յատկապէս, սակայն, կը զօրացնէ մեր ազգային պատկանելիութեան զգացումը:

Հայ դպրոցը, հայկական համալսարանը պարտաւոր են ճշդել, թէ ինչպիսի՛ հայ, ինչպիսի մարդ կը պատրաստէ վաղուան կեանքին համար, կեանքի վաղուան ընտանիքներուն համար: Այս բոլորը ընելու համար, սակայն, վերլուծումները գործնական ծրագրի պէտք է վերածուին միասնական սկզբունքներու շուրջ ընդհանրապէս համաձայնելու համար:

Թէ` ինչպէ՞ս պիտի կոչենք այս բոլորը:

Մի՛ մտահոգուիք, հայերէնի մեր հարուստ լեզուն ճիշդ բառ մը պիտի գտնէ այս բոլորը բնորոշելու համար:

(Շար. 4)

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>