ՑՈՂԻԿ ԱՇԸԳԵԱՆ
Ճարտարապետութեան եւ շինարարութեան
Հայաստանի ազգային համալսարանի ուսանողուհի
Երեւան-Էրեբունին բոլորեց իր 2799-րդ տարեդարձը եւ այլեւս 2800 տարեկան կը համարուի: Այսքա՜ն տարիներ ապրած է, շէնցած է, գեղեցկացած է Վանի թագաւորութեան ամրոցը եւ տակաւին կը շարունակէ իր առաքելութիւնը: Ինչե՜ր տեսած է մեր քաղաքը: Ինչե՜ր պիտի տեսնէ տակաւին: «Երեւանցիներուս» համար Երեւանը, մեր մայրաքաղաքը ըլլալէ բացի, մեր տունն է : Ամէնօրեայ մեր կեանքի գործողութիւններուն հարթակն է եւ մեր մտաւոր ու հոգեւոր ներաշխարհը սնուցող միջավայրը: Պարզաբանում մը: Ան, որ Երեւանը իր տունը կը համարէ եւ յիշողութիւններու թէկուզ փոքր հանգրուանով մը կապուած է Երեւանին, կը համարեմ երեւանցի: Երեւանի առօրեան պարզ է: Ընդհանրապէս կը սկսի լուրջ զրոյցներով, դրացիներուն հետ, կանգառը նոյն հանրակառքը սպասող համաքաղաքացիի մը հետ, կամ նոյնիսկ հանրակառքի վարորդին հետ: Իսկ զրոյցի նիւթերը, եթէ ըսեմ` այլազան են, հաւանաբար լաւ նկարագրած չեմ ըլլար: Ինչպէ՞ս կրնաս օդի ջերմաստիճանը եւ արցախեան խնդիրը այլազանութիւն վերնագիրին մէջ ներառել: Ի դէպ, փոխադրական միջոցները երեւանցիներու օրուան մէկ կարեւոր մասնիկն են: Անոնք ըլլան հանրակառք ,մեթրօ կամ թաքսի: Ոչ մէկը միւսին կը զիջի աւելի հետաքրքրական ըլլալով: Երեւան ապրողը ամէնէն քիչը կէս ժամ օրական կ՛օգտագործէ այս միջոցներէն մէկը կամ քանի մը հատը:
Կեդրոն բնակողները ի հարկէ կը վայելեն առաւելութիւններ, որոնցմէ ամէնէն նախանձելին քալելով աշխատանքի կամ համալսարան երթալն է: Երեւանի միջով քալելը կարծես պարգեւ մըն է: Պարգեւ մըն է, որ մեզի տրուած է սուղ գինով: Պարգեւ մըն է, որ գոհարն է հայկական արդի ճարտարապետութեան հանճարներէն Ալեքսանդր Թամանեանի ստեղծագործ միտքին: Պարգեւ մը, որ վսեմ է եւ ազգային` իր էութեամբ, քանի որ հիմնուած է ազգային մտածողութիւն ունեցող ճարտարապետի մը գաղափարով:
Կան որոշ փողոցներ, որոնց մէջէն երբ քալես, կը զգաս քնքշութիւն, գուրգուրանք. կարծես` այդ պաղ քարէ սեւ շէնքերը, որոնց վրայի նախշերը այնքա՜ն նուրբ են եւ նազելի, քեզ մօր մը պէս կը շոյեն եւ հոգիդ կը պարուրեն մեղմ հպումներով, սակայն միաժամանակ հայրական հպարտութեամբ մը քարէ ըմբոստները կը փորձեն քեզ քաջալերել: Պէտք է զգալ տաքութիւնը այդ միջավայրին եւ ըմբոշխնել անոր ընծայած յուշերը, բուրմունքը եւ սէրը: Այս շէնքերը, այսինքն` սեւ քարէ շէնքերը, 19-րդ դարու գոհարներ են, որոնք հիմնականին մէջ բնակելի տարածքներ եղած են: Ո՛չ բարձրայարկ, երկուքէն չորս յարկ բարձրութեամբ կառոյցներ, 19-րդ դարու տարածուած նոր-դասականութեան (neoclassical) տիպին պատկանող, սակայն ի տարբերութիւն եւրոպականին եւ ռուսականին` իրենց կերպարին մէջ կը շեշտուի հայկական ճարտարապետական միտքի բնականոն զարգացումը` ի՛ր իսկ դաւանած ազգային ժառանգութեան հիման վրայ:
Այս շէնքերը յուշարձաններ են, որովհետեւ ունին պատմական նշանակութիւն, ազգային նկարագիր, հայ միտքի զարգացման արդիւնք են եւ այդ ժամանակաշրջանը ներկայացնող քարէ վկաները:
Շատ ցաւալի է եւ ընվզեցուցիչ, անկախութենէն ետք, մանաւանդ` վերջի տասնամեակին, այս յուշարձաններու հանդէպ կառավարութեան ցուցաբերած վերաբերմունքը: Մեծ թիւով նման յուշարձաններ քանդուած են, եւ փոխարէնը կառուցուած են բարձրայարկ բնակելի շէնքեր կամ հիւրանոցներ, որոնք ճարտարապետական տեսանկիւնէ ցած որակի եւ ճաշակի օրինակներ են: Չեն համապատասխաներ Երեւանի միջավայրին եւ կը խաթարեն անոր դիմագիծը:
Հիմնական պատճառը այս շէնքերը քանդելուն` նիւթական շահ ապահովելն է: Նիւթական շահ` ազգային պատմական յուշարձաններու հաշուոյն: Այս աստիճանի հասած է նիւթապաշտութիւնը: Երեւանը զարգանալու եւ բարգաւաճելու հսկայական կարելիութիւններ ունի, «յարգելի՛» գործարարներ, բայց ոչ` իր պատմութեան եւ ապագայի հաշուոյն:
Ամէն քաղաք իր գրուած պատմութիւնը ունի եւ հարկաւ` իր քարէ պատմութիւնը: Պատմութիւնը արժէք է: Պատմութեան հետքերու պահպանումը եւ վերականգնումը ազգային արժեհամակարգ է: Եթէ պատկան մարմինները եւ հայ ճարտարապետները իրենց վստահուած աշխատանքը կատարեն` նկատի ունենալով այս արժեհամակարգը, պիտի կարենանք Երեւանի զարգացման ուղին ճշդել: Եւ եթէ հայ երիտասարդ ճարտարապետներով կրցանք մեր ակունքներուն վերադառնալ, սորվիլ եւ ըմբռնել մեզի հասած ճարտարապետական ժառանգութիւնը, պիտի յաջողինք ստեղծել արդի հայ ազգային ճարտարապետութիւն, որ իր իւրայատկութիւններով կրնայ նոր թափ տալ հայ արուեստին եւ նորամուծութիւն բերել համաշխարհային Ճարտարապետութեան մէջ, որ ինքնին համաշխարայնացումէն ազդուած է բացասականօրէն: Մէկ բան յստակ է ինծի համար. այս ներկայ ընթացքը շարունակելի պէտք չէ ըլլայ, պէտք է ըլլայ դատապարտելի` Երեւանի բնակիչերէն սկսեալ մինչեւ ամէն մէկ հայ անհատ: Հետեւինք մեր մայրաքաղաքի լուրերուն, հայ մամուլը թող զգաստութեան հրաւիրէ այս ապազգային գործը կատարողները:
Պարոյր Սեւակի խօսքերով `«Մեր դարէ կարօտն ու մեր քարէ նազանք»-ը պէտք ունի իր զաւակներուն հոգատարութեան , որպէսզի մեր կանչը ի զուր չկորչի, որպէսզի մեր տենչն ալ չսառչի եւ մեր փոքրիկ հողի մեծ երազանքը մեծանայ դարերով: «Երեւան դարձա՜ծ, իմ էրեբունի»: