ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Խմբագիրները պէտք չէ նիւթականով մտահոգուին: Միջազգային կարգը այդպէս է: Հայկական իրականութեան մէջ սեփական թերթերու խմբագիրներուն աննախանձելի վիճակը յայտնի է պատմականօրէն, իսկ այսօր նման թերթերու գրեթէ անհետացումը փա՛ստ է: Կուսակցական մամուլի պարագան քիչ մը տարբեր կրնայ ըլլալ, երբ թերթի նիւթականին ապահովումը, աւելի ճիշդ` թերթը չփակելու երաշխաւորութիւնը իր վրայ կը վերցնէ պատասխանատու մարմինը:
Այսօրուան դրութեամբ, կուսակցական թերթերն ալ կրնան նիւթական տագնապներ դիմագրաւել: Մանաւա՛նդ երբ տպագիր մամուլը ընդհանրապէս նահանջի մէջ է, նիւթական միջոցներու սղութեան պարագային կամ նախապատուութիւններու եւ առաջնահերթութիւններու հրմշտուքին մէջ թերթը կրնայ ուշադրութենէ վրիպիլ, կամ` կրճատումներով (օրաթերթը դարձնելով երկօրեայ կամ շաբաթօրեայ) հրատարակուելու լուծման առաջնորդուիլ:
Յամենայն դէպս նիւթական մտահոգութենէ ձերբազատած մամուլ ունենալը երազային է մեր իրականութեան մէջ: Սակայն կ՛արժէ այդ երազը հետապնդել: Թերեւս նման նպատակի մը համար ամէնէն յանձնառու զինուորագրեալները կրնան ըլլալ նախկին խմբագիրները, մանաւա՛նդ անոնք, որոնք հայկական մամուլի նահանջին դէմ վճռական կեցուածք որդեգրելու տրամադրուած են: Բարեբախտաբար, եւ մեր առօրեան կ՛ապացուցէ այդ, հայ մամուլին զօրակցելու պատրաստակամ մարդոց ու բարերարներու թիւը աննշան չէ՛: Անհրաժեշտ է, սակայն, այս նիւթական հոսքը ճի՛շդ կառավարել` մշտական եկամուտի աղբիւրներու որոնումով:
Կրնա՞նք «Ասպարէզ»-ը այդպիսի վիճակի մը հասցնել: Մենք 110-ամեակի տօնակատարութիւնը կ՛ուզենք այդ վիճակին հասնելու կարեւոր քայլերով նշանաւորել: Միայն այդպիսի նպատակի մը հետապնդումը կրնայ արդարացնել մեր շարունակական դիմումները` «Ասպարէզ»-ի բարեկամներուն ու ընթերցողներուն: