Հայոց պատմութեան ամբողջ ժամանակաշրջան մը կը ներկայացուի համաշխարհային հեղինակաւոր մշակութային կեդրոններէն մէկուն` Նիւ Եորքի «Մեթրոփոլիթըն» թանգարանին մէջ: 4-17 դարերու հայ պատմամշակութային ժառանգութիւնը ներկայացնող բացառիկ ցուցահանդէսին բացումը նախատեսուած է 2018-ի սեպտեմբերի 21-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերականգնման օրը:
Ցուցահանդէսին մասին մանրամասնութիւններ, «Արարատ Էսքիճեան» թանգարանին մէջ հոկտեմբերի 22-ին ներկայացուց «Մեթրոփոլիթըն»-ի միջնադարեան արուեստի եւ վանքերու վարչութեան բիւզանդական բաժնի համակարգող Հելեն Էւանսը:
«Ցուցահանդէսում կը ներկայացուեն վաղ միջնադարից մինչեւ 17-րդ դար հայոց պատմութիւնը եւ մշակոյթը` քրիստոնէութեան ընդունման, Մեսրոպ Մաշտոցի կողմից հայ գրերի ստեղծման ու դրա ազդեցութեան, Կիլիկիայի հայոց թագաւորութեան տարիների մասին ցուցանմուշներ, տարբեր դարերի ձեռագրեր, հայերէն առաջին տպագիր գրքեր», տեղեկացուց Հելեն Էւանսը:
Ցուցադրութիւնը հիմնականին մէջ կազմուած պիտի ըլլայ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի թանգարանին, Մատենադարանի եւ Պատմութեան թանգարանի նմուշներէն, նաեւ պիտի ներառուին Երուսաղէմի Սուրբ Յակոբեանց եկեղեցւոյ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, Մխիթարեան միաբանութեան մօտ պահուող հայ միջնադարեան մշակոյթի որոշ գանձերէն նմուշներ` տրամադրուած «Կիւլպէնկեան» հիմնարկին եւ որոշ ոչ հայկական աղբիւրներու կողմէ:
Հելեն Էւանսը նշեց, որ բացառիկ առիթ կ’ընձեռուի` աշխարհի հնամենի մշակոյթներէն մէկը կրող ժողովուրդին պատմամշակութային ժառանգութիւնը ժամանակակից ձեւով ներկայացնելու: «Մենք յոյս ունենք, որ ցուցադրութիւնը հայերին հպարտութեան տեղիք կը տայ, երբ տեսնեն, թէ Հայաստանը ինչպէ՛ս է ըստ պատշաճի ներկայացուած: Միաժամանակ ակնկալում ենք աշխարհին առաւել ճանաչելի եւ ընդունելի դարձնել հայ մշակոյթը` որպէս համաշխարհային արուեստի ներկայանալի մաս», նշեց Էւանս` պատիւ համարելով իր ներգրաւուածութիւնը ցուցահանդէսի կազմակերպման գործին մէջ:
Բանախօսութեան ընթացքին հայկական ձեռագիրներու մասնագէտ Էւանս խօսեցաւ հայոց պատմութեան տարբեր ժամանակաշրջաններու իրադարձութեանց մասին, ներկայացուց հազուագիւտ ձեռագիրներ:
Պատասխանելով ներկաներէն մէկու հարցին, թէ ինչպէ՞ս կարելի է լուծել աշխարհի տարբեր թանգարաններու մէջ, այդ կարգին` «Մեթրոփոլիթըն»-ի մէջ, այլ երկիրներու անունին ներքոյ ներկայացուած հայ մշակոյթի գանձերը որպէս հայկական ներկայացնելու հարցը, Հելեն Էւանսը դիտել տուաւ, որ այսպիսի ցուցահանդէսները լաւագոյն միջոցը կրնան ըլլալ: