Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-Հիմնարկին Նուիրաբերուած Է Արժէքաւոր Գորգ Մը

$
0
0

Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին նուիրաբերուած է բացառիկ արժէք ներկայացնող գորգ մը:

Անիկա Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանին նուիրաբերուած է Ասպետ Համալեանի (կտակատար) եւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան միջոցով` պէյրութաբնակ բժիշկ Հրայր-Մկրտիչ Սրապեանի կտակին համաձայն:

Այս մասին կը տեղեկացնէ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին պաշտօնական կայքը:

Այս նուիրատւութեամբ նուիրատուն կարեւոր նկատած է Հայոց ցեղասպանութեան յիշողութեան պահպանումն ու փոխանցումը սերունդներուն:

Համատան տեսակի այդ գորգը գործած են Ղազիրի որբանոցի սանուհիները, 1925-ին: Անոնց գործած համանման գորգ մը նուիրուած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ք. Քուլիճին` որպէս երախտագիտութիւն ամերիկացի ժողովուրդին` հայերուն ցուցաբերած օգնութեան համար: 1920-ականներուն Ղազիրի որբանոցին մէջ ապաստանած էին Ցեղասպանութենէն փրկուած շուրջ 1400 հայ որբուհիներ, որոնք, ի թիւս այլ արհեստներու, կը սորվէին նաեւ գորգագործութիւն: 1923-1930 թուականներուն այստեղ կը գործուի 3000-է աւելի գորգ, շուրջ 1000 որբ հայուհիներ կը ստանան գորգագործի վկայագիր:

Գորգը պատկանած է պէյրութաբնակ Սրապեաններու ընտանիքին եւ աւելի քան 90 տարի պահուած է իբրեւ մասունք: Նուիրատուին հայրը Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրած Յովհաննէս Յակոբի Սրապեանն է (ծն. 1899-ին), որ 1915-ին տարագրուած է հայրենի Հուսէյնիկ գիւղէն (Խարբերդի նահանգ): Կոտորածներէն մազապուրծ Յովհաննէսը հաստատուած է Հալէպ, ապա` Պէյրութ: Ան Մերձաւոր Արեւելքի ամերիկեան նպաստամատոյցի տարբեր որբանոցներու մէջ, ինչպէս նաեւ` Ղազիրի, աշխատած է իբրեւ ատամնաբուժ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>