Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Թարգմանչաց Տօնը Սրբոց Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարանին Մէջ

$
0
0

Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարանը 26 հոկտեմբեր 2017-ին յիշատակեց Թարգմանչաց տօնը: Օրուան խորհուրդը փոխանցող յատուկ գրաւչութիւն ստացած էր հանդիսասրահին բեմը, ուր նախակրթարանէն մինչեւ երկրորդական դասարաններու աշակերտները իւրայատուկ ոճով եւ գեղարուեստական յայտագիրով արժեւորեցին Թարգմանչաց խորհուրդը` հայոց լեզուի փառաբանանքը հիւսող բանաստեղծութիւններով, խմբային երգերով, որոնք ընդելուզուած էին ջութակի երաժշտական մեղեդիներու ազգայնաշունչ թրթիռներով, մենապարով եւ գաւառական պարով:

Հանդիսութեան ներկայ էին պաշտօնական հիւրեր, որոնց շարքին` Գէորգ եպս. Ասատուրեանը` օգնական եպիսկոպոս Հայ կաթողիկէ Լիբանանի թեմին, Անարատ յղութեան հայ քոյրերու  միաբանութեան ընդհանուր մեծաւորուհի մայր` Արուսեակ Սաճոնեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան ներկայացուցիչ Վլատիմիր Պօղոսեան, գերապատիւ հայրեր, ծնողաց վարչութեան անդամներ եւ ծնողներու հոծ բազմութիւն մը:

Օրուան պատգամաբերն էր Գէորգ եպս. Ասատուրեանը, որ իր պատգամին մէջ վեր առաւ Թարգմանչաց տօնին իմաստն ու խորհուրդը` յորդորելով աշակերտները ամէնօրեայ ապրումի եւ կենցաղի վերածելու թարգմանիչներուն սուրբ կտակը:

Ան ողջունեց ծնողներուն ներկայութիւնը` դիտել տալով, որ անոնք իրենց առօրեային մէջ նման ձեռնարկի մասնակցելով կը յարգեն յիշատակը Մեսրոպ Մաշտոց վարդապետին, Սահակ Պարթեւ հայրապետին, համայն Թարգմանչաց վարդապետներուն, բազմաթիւ ուրիշ գրական մշակներուն: «Դուք կը ցուցաբերէք այդ անզուգական թարգմանիչներու ժառանգութեան հաւատարիմ մնալու գիտակցութիւնը: Այդ գիտակցութիւնը 170 տարիներէ ի վեր հազարումէկ զոհողութիւններու ու զրկանքներու գինով իրերայաջորդ սերունդներուն փոխանցելու առաքելութիւնը ստանձնած են Անարատ յղութեան միաբանութեան Հայ քոյրերը: Ասոր մէկ վկայութիւնն է ո՛չ միայն այսօրուան այս ձեռնարկը, այլ նաեւ հայ քոյրերու առաքելութեան գոյատեւումը ցայսօր` հայկական բոլոր գաղութներուն մէջ, նաեւ` մայր հայրենիքին մէջ», ըսաւ ան: Գէորգ եպս. աւելցուց, որ հայապահպանման առաքելութիւնը նաեւ դրուած է հայ ընտանիքին ուսերուն:

Խօսքը աշակերտներուն ուղղելով` հայր սուրբը ըսաւ. «Համապատասխան չափով ծանօթ է Թարգմանիչներուն ու անոնց մեծասքանչ գործին: Անոնք մինչեւ իսկ Աստուծոյ հետ մեր սեփական լեզուով հաղորդակցելու միջոցը ստեղծելով, ապա հայերէն լեզուն սորվեցնելու մտադրութեամբ վարժարաններ բանալով յաւերժագիր պարգեւեցին հայ ազգին: Անոնք լեզուն ու մշակոյթը քրիստոնեայ կրօնքին, հաւատքին հետ միաձուլելով` ձեւաւորեցին հարազատ հայուն դիմագիծը, որ իր արտայայտութիւնը կը գտնէ լեզուին, մշակոյթին եւ հաւատքին մէջ». ան յորդորեց տէր կանգնիլ թարգմանիչներէն փոխանցուած աւանդին եւ ըլլալ անոնց արժանի յաջորդը:

Հանդէսի աւարտին բեմ հրաւիրուեցաւ Հայաստանի դեսպանութեան ներկայացուցիչ Վլատիմիր Պօղոսեանը, որ սփիւռքի նախարարութեան անունով «Մայրենիի դեսպան» մետալով պարգեւատրեց վարժարանը` հիմնադրութեան 95-ամեակին առիթով:

Հանդիսութեան եզրափակիչ խօսքը արտասանեց վարժարանի տնօրէնուհի առաքինափայլ քոյր Արմինէ Մակարոսեանը, որ դպրոցին տրուած մետալը մեծարանքի մեծագոյն ցուցանիշը նկատեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց նախարար Յակոբեանին:

«Գնահատանքի այս մեծ պատիւը կը շնորհուի անցեալ թէ ներկայ տասնեակ հարիւրաւոր նուիրեալներու` կրօնաւոր թէ աշխարհական, որոնք Հռիփսիմեանց վարժարանին մէջ անշահախնդրօրէն ամրապնդեցին մարդակերտումի եւ հայակերտումի սրբազան գործը` լիբանանահայ սերունդներու կեանքին մէջ», ըսաւ քոյր Արմինէ:

Տնօրէնուհին Թարգմանչաց տօնը նկատեց ուխտի օր, որովհետեւ այդ օրը ուխտած են եւ կ՛ուխտեն ըլլալ ու մնալ հաւատարիմ մեր մեծասքանչին, երկնատուր մեր այբուբենին, Թագուհի թարգմանչաց` Սուրբ Գիրքին, հաւատարիմ մեր առաջին ուսուցիչ` Մեսրոպ Մաշտոցին, քրիստոնէական մեր կրօնին, հայ եկեղեցւոյ, հայու մեր ինքնութեան, եւ այսու մնալ միշտ պատուաբեր հարազատ զաւակները` Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանին, մեր թանկագին մայր հայրենիքին եւ ծննդավայր` սիրելի Լիբանանին:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>