Սրբոց Թարգմանչաց տօնը Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ նշուեցաւ բոլոր կարգերուն մէջ` մանկամսուրէն մինչեւ բարձրագոյն կարգ, ուր, դասարանային աշխատանքներով եւ հանդիսութիւններով, անգամ մը եւս յարգանքի տուրք մատուցուեցաւ Հայ դպրութեան հիմնադիր հայրերուն, եւ լուսարձակի տակ առնուեցաւ անոնց գրական հարուստ ժառանգութիւնը:
Այս տարի տօնակատարութիւնները տեղի ունեցան վարժարանի բակին մէջ, Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի յուշակոթողին առջեւ, 27 հոկտեմբերին: Աշակերտական զոյգ հաւաքներուն ընթացքին ներկայացուեցան խմբային արտասանութիւններ եւ երգեր. աշակերտութեան անունով խօսք արտասանեց աւարտական դասարանի աշակերտ Էլի Թորանեանը, որ վերահաստատեց նոր սերունդին հաւատարմութիւնը` ոսկեդարու արժէքներուն: Այս առիթով աշակերտները իրենց ձեռքով պատրաստած նշաններով պատուեցին Մեսրոպեանի հայերէնի եւ հայոց պատմութեան ուսուցիչ-ուսուցչուհիները:
Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ օգնական ժողովրդապետ Ղազար վրդ. Պետրոսեանը նախակրթարանի աշակերտներուն հետ երկխօսութեան ձեւով վեր բերաւ Թարգմանչաց տօնի թելադրանքները, իսկ երկրորդականի աշակերտներուն ուղղուած իր խօսքին մէջ վերլուծեց հայերէնի թարգմանուած աստուածաշնչեան առաջին նախադասութեան իմաստը:
Մեսրոպեանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ աշակերտները հրաւիրեց` անդրադառնալու հայ մշակոյթի եւ գրականութեան հարստութեան: Ան մասնաւորաբար անդրադարձաւ հայերէնի անաղարտ պահպանութեան եւ գործածութեան կարեւորութեան, դիտել տալով, որ հայ մշակոյթին եւ լեզուին հանդէպ սէրն ու հաւատարմութիւնը պէտք է դրսեւորուի առօրեայ դրութեամբ` հայ խօսքով, հայ երգով եւ հայ ոգիով կենդանի պահելու համար մեր ոսկեղենիկ լեզուն:
Տօնին առիթով Մեսրոպեանի տնօրէնութիւնը գնահատանքի նշանով պատուեց վարժարանի հայերէնի եւ հայոց պատմութեան հանգստեան կոչուած ուսուցչուհի Ալիս Պոյաճեանը, որ աշակերտներուն արտասանեց իր սրտի խօսքը` յորդորելով զանոնք արժանի յետնորդները ըլլալ Սուրբ Մեսրոպի եւ Սուրբ Սահակի: Նախակրթարանի պատասխանատու Սալբի Մուղալեանը այս առիթով ըսաւ, որ Ալիս Պոյաճեանը գործեց մեծագոյն սիրով ու անսպառ խանդավառութեամբ` սիրելի դառնալով իր աշակերտներուն եւ սիրելի դարձնելով հայերէնը` անոնց: Կրեկուար Գալուստ իր հերթին շեշտեց, որ 27 տարիներու իր անձնուէր ծառայութեամբ, Ա. Պոյաճեան անջնջելի դրոշմ ձգած է վարժարանի պատմութեան եւ հայ սերունդներու դաստիարակութեան մէջ: