19 հոկտեմբերին ՀԲԸՄ-Ի Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանի աշակերտները գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրով մը վերանորոգեցին մայրենի լեզուին հանդէպ իրենց ուխտը:
Բացման խօսքը արտասանելու համար բեմ բարձրացան Է. կարգէն Մէրի Նաճարեանը, Մէյրի Կէպէնլեանը եւ Կայէլ Էլսուէյտին, որոնք իրենց խօսքին ընդմէջէն հակիրճ ձեւով փոխանցեցին օրուան խորհուրդը եւ աւելցուցին, թէ հայ ժողովուրդը պատմութեան ընթացքին ունեցած է եւ այսօր ալ ունի երկու նուիրական ու աստուածապարգեւ սրբութիւններ` Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին եւ կատարելագոյն այբուբենը հայոց, որոնց ամուր փարած, եւ որոնց շնորհիւ հայութիւնը գոյատեւած է պատմութեան ընթացքին եւ կրնայ շարունակել իր ներկայութիւնը այս աշխարհին վրայ:
Գեղարուեստական յայտագիրին ընդմէջէն Բ. դասարանի աշակերտները արտասանեցին «Հայ դպրոց»-ը, Գ. դասարանի աշակերտները կատարեցին «Հայերէն երգենք» խմբերգը, Դ. կարգի աշակերտները արտասանեցին Սիլվա Կապուտիկեանի «Խօսք իմ որդուն» բանաստեղծութիւնը, Ե. կարգի աշակերտները յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին կատարելով «Մայրենի լեզու» խմբերգը, իսկ Զ. կարգի աշակերտները արտասանեցին Մուշեղ Իշխանի «Հայ լեզուն տունն է հայուն» բանաստեղծութիւնը, ապա ցուցադրուեցաւ «Այբուբեն հայոց» խորագիրով տեսերիզ մը: Յայտագիրի գեղարուեստական բաժինը աւարտեցաւ Ա. կարգի աշակերտներու պարով:
Հուսկ խօսք առաւ վարժարանի տնօրէն Մարալ Պալեօզեանը, որ ըսաւ, թէ մենք հպարտ պէտք է ըլլանք, որովհետեւ հայ ժողովուրդը սակաւաթիւ այն ժողովուրդներէն է, որ ունի իր սեփական այբուբենը, հետեւաբար իւրաքանչիւր աշակերտ պէտք է սիրէ ու գուրգուրայ մայրենիին: Ապա ան գնահատեց աշակերտներուն անթերի ներկայացումը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց յայտագիրին պատասխանատու ուսուցիչներուն: