Ուրբաթ, 27 հոկտեմբեր 2017-ին Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ Թարգմանչաց տօնին նուիրուած ատենամարզանք:
Լիբանանի, Հայաստանի եւ վարժարանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, 12-րդ դասարանէն Սարգիս Աբգար բացման խօսքին մէջ ըսաւ, որ հայ ազգը աշխարհի ամէնէն հարուստ լեզուն ու մշակոյթը ունեցող ազգերէն է` հարց տալով, թէ այս բոլորը գիտնալով ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս չսիրենք հայ լեզուն, որովհետեւ հաց չի՞ տար մեզի: Ան կոչ ուղղեց հոգեւոր սնունդը նիւթականին հետ չբաղդատելու, աւելի ողջմտօրէն մտածելու մեր հոգւոյն սնունդին մասին: Ապա ան իր խօսքը փակեց` յիշեցնելով Խաչատուր Աբովեանի խրատը. տասը լեզու սորվեցէք, բայց ձեր լեզուն ամուր պահեցէք:
Յայտագիրը սկսաւ մանկապարտէզի աշակերտներուն կատարած պատմութեան ներկայացումով եւ «Իմ մայր լեզու» երգով, որմէ ետք 3-րդ դասարանի աշակերտները խումբով ասմունքեցին «Մեսրոպ Մաշտոցին»-ը:
Օրուան պատգամախօսն էր Զմմառու վանքի երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի եւ Սուրբ Միքայէլ նորընծայարանի տեսուչ Գրիգոր վրդ. Պատիշահ, որ իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ հայ ժողովուրդին ու հայ եկեղեցւոյ հոգեմտաւոր նկարագիրը կերտող եւ ազգային ուրոյն ինքնութիւնը բացայայտող կարեւորագոյն եւ մեծագոյն պարգեւը անտարակոյս հանդիսացաւ հայոց ոսկեղնիկ այբուբենը: Աստուածասէր ու ազգասէր հոգեւորականներ կարողացան հայութեան փոխանցել հին աշխարհի ազդեցիկ ազգերու հարիւրաւոր պայծառ միտքերը թարգմանիչ վարդապետներու միջոցով: Ապա վարդապետը հարց տուաւ, թէ ինչպէ՞ս չողբանք մեր լեզուի մերթ ընդ մերթ նահանջը, երբ համատարած անտարբերութիւն կը տիրէ: Ան շեշտեց, թէ որքան ալ կարեւոր է օտար լեզուներու իմացութիւնը, սակայն մայրենին առաջնահերթ պէտք է ըլլայ, որովհետեւ հայուն լեզուն հայերէնն է:
2-րդ դասարանէն խումբ մը աշակերտներ ասմունքեցին «Տաղ հայերէն լեզուին», որուն յաջորդեց «Թարգմանչաց հետեւորդներ» խորագրեալ կենդանի պատկերը` պատուելով հայ գրագէտները: 4-րդ դասարանէն խումբ մը աշակերտներ ասմունքեցին «Հայոց լեզու»-ն, որմէ ետք 7-րդ կարգի աշակերտները ներկայացուցին պար մը` «Հայաստան ջան» երգով: Յայտագրի վերջին բաժինով 6-րդ դասարանը երգեց «Մեր լեզուն» երգը:
Վարժարանի տնօրէն Եղիա ծ. վրդ. Եղիայեանը իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց այս տօնակատարութիւնը պատրաստողներուն, եւ ըսաւ, որ մենք այսօր մեզի հետ պէտք է տանինք հայկական հոգին, յարգանքը` հանդէպ մեր լեզուին, սէրը` հանդէպ մեր թարգմանիչներուն, որոնք եղան մեր երկրորդ լուսաւորիչները, որոնց կը պարտինք մեր այսօրուան մշակոյթը: