Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Նամականի

$
0
0

Յ. ԱՍՊԵՏ

Յարգելի՛ տեարք,

Յարգելի պատճառներու բերումով ուշացումով կը գրեմ այս նամակը, որուն համար կը խնդրեմ ձեր ներողամտութիւնը:

Շուրջ ամիս մը առաջ ուրախութեամբ ունկնդրեցի «Վանայ ձայն»-ի նոր յայտագիրներու ներկայացման մասին: Սակայն յուսախաբութիւնս մեծ եղաւ, երբ պատահաբար ունկնդրեցի «Տարիներ առաջ» յայտագիրի շարքին առաջինը` նուիրուած երբեմնի հայաշատ Էշրեֆիէ թաղամասի ստեղծման ու անոր անցեալի ազգային կազմակերպական կեանքին:

Յայտնապէս յայտագիրը պատրաստողներն ու ներկայացողները հարկ եղած բծախնդրութեամբ չէին մօտեցած լիբանանահայ կեանքին մէջ Էշրեֆիէի ունեցած նպաստը լաւագոյնս ուսումնասիրելու եւ ներկայացնելու, ինչպէս նաեւ` թաղի կազմակերպական կեանքի փուլերը նշող թուականներուն ու հոն գործած ազգայիններու անուններուն ճշգրտութեան:

Բացի ընկեր Յարութիւն Վարժապետեանէն, որ տարիքի բերումով արտայայտուելու դժուարութիւն ունէր, Էշրեֆիէ թաղը ու անոր ազգային կեանքը հանրութեան եւ յատկապէս նոր սերունդին, ինչ որ սոյն յայտագիրին նպատակն ու մեկնակէտն է, լաւագոյնս, ամբողջական ու ճշգրիտ կերպով ներկայացնելու համար հարկ էր դիմել որոշ պատրաստութիւն ունեցող եւ անցեալին թաղին մէջ դերակատար եղած ազգայիններու, ինչպէս` Տիգի Չպուքճեան-Թորիկեան, Պայծառ Արզումանեան- Գարագաշեան, Կարօ Յովհաննէսեան, Յարութիւն Չեքիճեան եւ ուրիշներ, հոգ չէ թէ անոնք ներկայիս Էշրեֆիէ չեն բնակիր:

Էշրեֆիէի նուիրուած հաղորդումը պէտք էր ամէնէն դիւրինն ու ամբողջականը ըլլար, որովհետեւ թաղի ազգայիններէն Հայկազուն Եափուճեանը եւ Սուրէն Անթոյեանը իրենց յուշերուն մէջ, որոնք հրատարակուած եւ վերահրատարակուած են վերջին հնգամեակին, լայնօրէն անդրադարձած են Էշրեֆիէի կազմութեան ու կազմակերպական կեանքին: Անոնց կողքին, յիսունական թուականներէն սկսեալ Էշրեֆիէի ազգային կեանքի զանազան բնագաւառներու գործունէութեանց մասին Հայկազուն Եափուճեանը եւ «Ազդակ»-ի անձնակազմէն Էշրեֆիէի բնակիչ Հրազդանը` մնայուն կերպով «Ազդակ»-ին ուղարկած են յատուկ թղթակցութիւններ, որոնք յաճախ կը վերահրատարակուին թերթին «50 տարի առաջ» բաժնին մէջ:

Հանրութիւնը եւ յատկապէս նոր սերունդը լուսաբանելու եւ տեղեկացնելու համար արժէ Էշրեֆիէի պատմական արագ նշումը կատարել:

Էշրեֆիէի հայաբնակ շրջանը սկսած է կառուցուիլ Ֆրանսական հոգատարութեան շրջանին` 1924-էն սկսեալ, երբ Ազգերու դաշնակցութեան նիւթական օժանդակութեամբ կը սկսին բնակարաններ կառուցել հայ գաղթականներուն տրամադրելու համար: Թաղամաս, որ հետագային կը կոչուի «Ճերմակ տուներ»:

Շինարարական այս ծրագիրը պատճառ կ՛ըլլայ, որ հայ ընտանիքներ գան ու Էշրեֆիէ հաստատուին:

Հայկական Էշրեֆիէի հիմնադրութեան իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերած են` տոքթ. Տաճատ Սրապեանը, Ենովք Եսայեանը, Ղեւոնդ Տէր Պետրոսեանը, Յակոբ եւ Գրիգոր Յակոբեանները, Գառնիկ Ուղուրլեանը, Վահան Մելիքեանը, Վահրամ Քէօրօղլեանը եւ ուրիշներ:

Յաջորդաբար Էշրեֆիէ` ներկայի «Ազատամարտ» ակումբին ետեւ, որ կը կոչուէր «Բաղնիքի բակ», կու գան հաստատուիլ արաբկիրցի հայրենակիցներ, յատկապէս Բախտիկեան, Ազնաւորեան, Չպուքճեան, Աւագեան, Վարժապետեան ընտանիքները:

1924-ին Յիսուսեան հայրերու նախաձեռնութեամբ հիմը կը դրուի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանին: Դպրոցի վերջին հայ տնօրէնը կ՛ըլլայ հայր Սահակ Քէշիշեանը:

Հայ աւետարանական ժողովարանն ու դպրոցը կը հաստատուին 1926-ին` վերապատուելի Ենովք Հատիտեանին ջանքերով: Երկար տարիներ հոն կը գործեն նաեւ վերապատուելիներ` Սալիպեանը եւ Յակոբ Սաղըրեանը:

1926-1927 թուականներուն հայ առաքելական համայնքն ալ Ֆրանսական հոգատարութենէն կը գնէ ներկայի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ եւ կից դպրոցին հողաշերտը, ուր կառուցուած կային Ֆրանսական բանակի տախտակաշէն հիւղակները:

Էշրեֆիէի նախապէս Եփրեմեան վարժարանին հիմնադիրները եղած են Յովհաննէս եւ Արտեմիս Մանուկեանները, ապա ժամանակ մը` Արշակ Յովհաննէսեանը, հուսկ, 1938-էն սկսեալ, Ղազար Չարըքը, որ իբրեւ տնօրէն կը պաշտօնավարէ մինչեւ 1961:

Դպրոցին առաջին յարկը կը կառուցուի 1948-ին` Ազգային քաղաքական ժողովի յատկացումով եւ թաղեցիներու նուիրատուութեամբ: Երկրորդ յարկի շինութեան նուիրատուն կ՛ըլլայ թաղի ազգայիններէն Վահան Ղորղորեանը, ապա ազգային բարերար Գէորգ Չաթալպաշեանին նուիրատուութեամբ կը կառուցուի դպրոցին նոր շէնքը, եւ կը գնուի դպրոցին կից հողաշերտը:

Էշրեֆիէի ազգային վարժարանին մէջ պաշտօնավարած են ծանօթ կրթական մշակներ`  Միհրան Խրիմեանը, Կարապետ Թաթուլեանը, Բերկրուհի Առաքելեանը, Օլիվիա Պալեանը, Հայկազուն Թրթռեանը:

Դպրոցին առընթեր թիթեղաշէն կառոյցներէն մէկը իբրեւ Ս. Աստուածածին եկեղեցի կը գործածուի մինչեւ 1955, երբ լիբանանահայ ազգային Յակոբ Ապաճեանին նուիրատւութեամբ կը կառուցուի այժմու եկեղեցին, որ ի յիշատակ նուիրատուին` կը կոչուի Ս. Յակոբ:

Էշրեֆիէի մէջ քահանայական ծառայութիւն մատուցած են` Յուսիկ քհնյ. Այանեանը, Խորէն քհնյ. Աճեմեանը, Գէորգ քհնյ. Տէր Յարութիւնեանը, Վրթանէս քհնյ. Թոնդեանը եւ ուրիշներ: Իսկ երկար տարիներ եկեղեցւոյ եւ դպրոցի թաղական խորհուրդներուն մաս կազմած են` Գրիգոր Առաքելեանը, Հայկազուն Եափուճեանը, Կարպիս Պախտիարեանը, Յովհաննէս Չպուքճեանը, Եսայի Գայսերեանը, տոքթ. Յակոբ Պէրպէրեանը, Սարգիս Սարգիսեանը եւ ուրիշներ:

Շրջանի կուսակցական կեանքը կը սկսի 1930-ին: Հայաշէնն ու Էշրեֆիէն կը կազմեն մէկ կոմիտէութիւն, որ կը կոչուէր «Ռոստոմ»: 1935-ին շարքերու թիւի յաւելումով, Էշրեֆիէն Հայաշէնէն բաժնուելով, կը կազմէ զատ կոմիտէութիւն, որ ի յիշատակ շրջանի հերթապահ Մամբրէ Պալաքեանին (Մամբրէ Պալաքեան շրջանի պատանիները Նահր Քելպ պտոյտի կը տանի եւ գետը լողացած ատեն խեղդամահ կ՛ըլլայ)` կը կոչուի «Պալաքեան» կոմիտէութիւն:

Էշրեֆիէի ՀՅԴ կուսակցական կեանքի կազմակերպման իրենց կարեւոր ներդրումը ունեցած են` Սուրէն Անթոյեանը, Վահան Պալեանը, Հայկազուն Եափուճեանը, Ստեփան Հայթայեանը, Րաֆֆի Պէրպէրեանը, Սարգիս Բախտիկեանը, Սուրէն Թրթռեանը, Հայկազ Թրթռեանը, Մանուէլ Սեմերճեանը, Գէորգ Կիւրկրնեանը եւ ուրիշներ: Իսկ շրջանի «Ազատամարտ» պատանեկան միութեան վարիչներ եղած են` Հայկազուն Եափուճեանը, Րաֆֆի Պէրպէրեանը, Յարութիւն Վարժապետեանը, Պետրոս Փելթեքեանը, Հայկազ Թրթռեանը:

Սկզբնական շրջանին ակումբը գտնուած է դպրոցի նոր շէնքին դիմացի կողմը, մայր ճամբուն վրայ: 1951-ին է, որ շրջանը կը նախաձեռնէ ներկայի «Ազատամարտ» ակումբի շինութեան` շրջանի ազգայիններէն հանգանակութիւն կատարելով, որուն կը նպաստէ ազգային բարերար Յակոբ Տէր Մելքոնեանը, որ ի յիշատակ իր եղբօր` Միհրան Տէր Մելքոնեանին, կարեւոր նուիրատուութեամբ հիմը կը դնէ ԼՕԽ-ի «Միհրան Տէր Մելքոնեան» դարմանատան` նպաստելով ակումբի շինութեան: Դարմանատան բժիշկը եղած է Ֆրանսուա Խըրլաքեանը, որ մեծ զոհողութեամբ երկար տարիներ դարմանած է թաղի չքաւոր ընտանիքները: 1967-ին շրջանի նիւթապէս համեստ ազգայիններէն Պիմէն Խընտամեանին 15.000 լ. ո. նուիրատուութեամբ կը կառուցուի երրորդ յարկը` սկաուտներուն տրամադրուելու համար:

Էշրեֆիէի ԼՕԽ-ի մասնաճիւղը հիմնուած է 1930-ին: Հիմնադիրները եղած են` երէցկին Սառա Աճեմեանը, Միրէյ Աւագեանը, Լուսին Մերթիխանեանը: Երկար տարիներ ԼՕԽ-ի վարչական եղած են` Հանըմի Եղիայեանը, Սաթենիկ Եափուճեանը, Շաքէ Պախտիարեանը, Բերկրուհի Առաքելեանը, Օլիվիա Պալեանը, Գայեանէ Բարմաքսզեանը, Արփի Գազանճեանը, Պայծառ Մանուկեանը եւ ուրիշներ:

Էշրեֆիէի հիմնադրութեան օրերէն իսկ շրջանը միշտ ալ ունեցած է մշակութային բեղուն գործունէութիւն` հրապարակային դասախօսութիւններով թէ թատերական ձեռնարկներով: Տակաւին 1938-1944 տարիներուն Հայկազուն Եափուճեանը, Ժորժ Սարգիսեանը, Ժորժ Շահապեանը թատերական ելոյթներ կազմակերպած են եկեղեցւոյ մէջ: Հետագային Ժորժ Սարգիսեանը, Ժորժ Շահապեանը եւ աւելի ուշ Ժաք Լուսարարեանը, Կարօ Խաչատուրեանը, Պայծառ Արզումանեանը եւ Մարօ Սարգիսեանը մաս կազմած են Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին:

Շրջանի ժողովուրդի հայեցի դաստիարակութեան եւ գաղափարական կազմաւորման մէջ կարեւոր դեր ունեցած է «Ազատամարտ» ակումբի գրադարանը` Րաֆֆի Պէրպէրեանի մղումով եւ ղեկավարութեամբ երկար տարիներ ընթերցասէր հասարակութեան տրամադրելով հայ եւ հայերէնի թարգմանուած միջազգային գրականութեան հատընտիրներ` շուրջ 3000 հատոր: Գրադարան այցելողներուն նաեւ կը տրամադրուէր դաշնակցական մամուլը` օրաթերթեր եւ ամսաթերթեր: Էշրեֆիէի մէջ կը հրատարակուէին նաեւ երկու շաբաթաթերթեր` Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի «Մասիս» շաբաթաթերթը` Հրաչ Քաջարենցի խմբագրութեամբ, եւ «Նոր Կեանք» շաբաթաթերթը` Մանուէլ եւ Կարպիս Գազանճեաններու խմբագրութեամբ:

«Ազատամարտ» ակումբի շինութիւնը կը խթանէ նաեւ շրջանի մշակութային կեանքը: Քեմաչիստ Ռուբէն իր նուագարանով, Անայիս-Լուիզա Եղիայեան-Պօզապալեան, Արփինէ Փեհլիւանեան, Սօսի Մինասեան երգերով, Սոնա Ալտըրմշեան ասմունքով կը ճոխացնեն ակումբէն ներս կազմակերպուած հանդիսութիւնները:

1953-ին կը հիմնուի շրջանի Համազգայինի մասնաճիւղը, որուն հիմնադիր անդամները կ՛ըլլան` Բիւզանդ Այնթապլեանը, Վռամ Սամուէլեանը, Գէորգ Պաղճեանը (Վազգէն Այգունի), Լուսին Փանոսեանը, Հանըմի Եղիայեանը, փրոֆ. Շաւարշ Թորիկեանը, Րաֆֆի Պէրպէրեանը, Հայկազուն Եափուճեանը, Սուրէն Անթոյեանը եւ Սարգիս Պէրպէրեանը:

1956-ին, Էշրէֆիէի Համազգայինի նախաձեռնութեամբ, տոքթ. Վարդգէս եւ Էկլանթին Աբրահամեանները հիմը կը դնեն «Քնար» երգի եւ պարի համոյթին, որ հիմնական դեր կ`ունենայ ո՛չ միայն շրջանի, այլ նաեւ` Լիբանանի գաղութի հայ պարարուեստի բնագաւառի զարգացման մէջ:

Տէր եւ տիկին Աբրահամեաններուն կողքին,  «Քնար» համոյթի յառաջընթացին մէջ իրենց կարեւոր նպաստը  կ՛ունենան` Ժիրայր Միսիրեանը, Րաֆֆի Պէրպէրեանը, Սարգիս Պէրպէրեանը, տէր եւ տիկին Գրիգոր Սրապեանները եւ ուրիշներ:

1962-1963 տարիներուն, հայ երիտասարդութիւնը օտար եւ թրքական երաժշտութեան ազդեցութենէն դուրս բերելու մտահոգութեամբ, ակումբի վարչութիւնը կը նախաձեռնէ «Ժամը 6:00-ի թատրոն»-ի կազմակերպութեան` հայ երգիչներու եւ նուագախումբերու մասնակցութեամբ: Լեւոն Գաթըրճեան, Ատիս Հարմանտեան, Էտի Քէվ, Արա Քեքեճեան, ինչպէս նաեւ` տասնեակ մը նուագախումբեր, որոնց շարքին Տը Ֆայվ Ֆինկըրզ եւ Լէ Լիւնէթ Նուար իրենց ելոյթներով կը գրաւեն լիբանանահայ երիտասարդութիւնը` անոնց սիրել  տալով հայ երգը:

Էշրեֆիէն ունեցած է նաեւ մարզական բեղուն կեանք մը: Աշխուժ եղած է մանաւանդ շրջանի սկաուտական խումբը, որ իբրեւ ՀՄԸՄ-ի Պէյրութ Բ. գործած է 1946-էն սկսեալ: Յակոբ (Ճանիկ) եւ Յովհաննէս Ոսկերիչեանը, Յակոբ Կարապետեանը (աքելլա), Յարութիւն Վարժապետեանը, Խաժակ եւ Ժիրայր Սարգիսեանները եւ Յարութիւն Չեքիճեանը կարեւոր դեր ունեցած են շրջանի երիտասարդութիւնը ՀՄԸՄ-ի սկաուտական շարժումին շուրջ համախմբելու մէջ:

Շրջանէն մեծ թիւով երիտասարդներ մաս կազմած են ՀՄԸՄ-ի խումբերուն` զանազան մարզաձեւերու մէջ եւ հանդիսացած են Լիբանանի ախոյեաններ: Գէորգ Լեհիճեանը` ծանրաբարձութեան արաբական աշխարհի ախոյեան, Մուշեղ Այվազեանը, Յակոբ Պոյաճեանը (մարզիչ), Արփի Արզումանեանը` պասքեթպոլ, Ազատ Գալայճեանը (հեծելարշաւի Լիբանանի երկար տարիներու ախոյեան), Ժաք Նալչայեանը, Երջանիկ Վարդիվառեանը եւ շատ ուրիշներ` հեծելարշաւ, Յովհաննէս Նազարեանը (Կիւլիւմ), Արիս Մարզումանեանը` ֆութպոլ:

Էշրեֆիէի ազգային բեղուն կեանքը կը կազմէ կարեւոր մէկ օղակը լիբանանահայ ազգային կեանքին, որ կը հանդիսանայ սփիւռքահայ կարեւորագոյն գաղութը` Ցեղասպանութենէն ետք սփիւռքի ազգային կառոյցներու կազմակերպման, հայեցի դաստիարակութեան ու հայապահպանման գծով իր ունեցած ներդրումին, ինչպէս նաեւ ազգային-քաղաքական մտածողութեան վերածնունդի խթանման համար:

Արդ, հարկ է, որ «Տարիներ առաջ» յայտագիրը պատրաստող խմբակը յատուկ կարեւորութիւն ընծայէ Լիբանանի հայկական թաղերու անցեալի կեանքը պատկերացնող ձայնասփռումներու պատրաստութեան ընթացքին` աւելի խորանալով իր տեղեկահաւաքման մէջ, շրջաններու ամբողջական պատկերը ունկնդիր հասարակութեան լաւագոյնս կարենալ ներկայացնելու համար:

Այս աշխատանքի ըստ կարելիութեան ամբողջական ու համապարփակ կատարումը կրնայ իբրեւ արխիւային տուեալ ծառայել ապագայ պատմաբան ակադեմականներուն, որոնք կ՛ուզեն ուսումնասիրել լիբանանահայ գաղութի պատմութիւնը:

Վերոնշեալ աշխատանքին համար «Ազդակ»-ի խմբագրութեան կարգ մը աշխատակիցներ կրնան իրենց օգտակար աջակցութիւնը ցուցաբերել թէ՛ արխիւային նիւթեր հաւաքելու, եւ թէ խմբագրելու մէջ:

Անցեալի պատմական տուեալներու հաւաքման կողքին կարեւոր է նաեւ հաւաքել, համախմբել եւ  դասաւորել թաղեցիներու պարագաներուն ու այդ թաղամասերու եկեղեցական, կրթական, կուսակցական, միութենական կառոյցներուն քով գտնուող եւ շրջաններու ազգային կեանքին դրսեւորումը հանդիսացող նկարներ, պրոշիւրներ, յայտագիրներ, տոմսեր, հրաւիրագիրներ, տեղեկատուներ, տեղեկագիրներ եւ այլ հրատարակութիւններ, զանոնք մէկտեղել «Ազդակ»-ի յարկին տակ, ուր արդէն կը գործէ թուայնացման յատուկ գրասենեակ մը, կամ` մեր մշակութային հաստատութիւններէն մէկուն արխիւատան մէջ:

Այս աշխատանքի տնօրինումը վստահիլ պատմագիտական, խմբագրական եւ հրատարակչական փորձառութեան տէր ու ազգային կեանքին մէջ դերակատար եղած անձերէ բաղկացած յանձնախումբի մը: Ակնկալելի է, որ պատկան մարմինները` Ազգային առաջնորդարան, Ուսումնական խորհուրդ, թերթերու խմբագրութիւններ, միութենական կառոյցներ եւ հաստատութիւններ կը կարեւորեն ու կը համադրեն մեր գաղութին համար յոյժ կարեւոր նման նախաձեռնութիւն մը:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>