Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Հայաստանի Նոր Իրականութիւնը Խղճի Աչքերով

$
0
0

ՅՈՎՍԷՓ ՊԱՐԱԶԵԱՆ

Դէպի Երկիր

Համալսարանական աշխարհին մէջ զրոյցը կը սկսի բանասէր, ՀՅԴ-ի անդամ Հրաչեայի խօսքով: Ան լիովին հետաքրքրուած է «Դէպի Երկիր»` լայնօրէն քննարկուած խորհրդանշական պատկերացումներ ամփոփող, համեմատաբար իրապաշտ տուեալ կարգախօսով: Այս բառերով ատոր խորունկ իմաստը բնութագրուած է արդէն ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովին կողմէ եւ զուգահեռաբար ընդգրկուած` կուսակցութեան ծրագրին մէջ, որպէս Հայ դատի լուծման հեռանկարային հիմնական բաղձանքներէն մէկը, որ կը միտի ամբողջական հայութեամբ, ամբողջական հայրենիքի մը կերտումի երազին, ազգի ու ժողովուրդի ազնուագոյն մարդկայնացումով:

Խորհրդանշական այս կարգախօսը հայուն համար թէ՛ արժէքային նպատակ է, թէ՛ վերարժեւորուած քաղաքականութիւն, թէ՛ ազատագրական յեղափոխաշունչ մարտակոչ, թէ՛ ազատագրական պայքար, թէ՛ պետականութեան լիարժէք կերտում` զտարիւն մարտնչումի արտացոլում, յեղափոխական փորձադաշտերու ներգործութեամբ:

Հայուն «Դէպի Երկիր»-ը, կ՛ըսէ Հրաչեան, ազգային¬քաղաքական մեր դաշտի ինքնուրոյն պայքարն է` պատմականօրէն բախտորոշ արժեւորումներով ու  ազդեցութիւններով, որ հայուն կու տայ ազգային ինքնութեան յստակ ու անջնջելի արեւելում ու ազգայնօրէն զարգացող գիտակցական գնահատումներ:

Հրաչեան նկատել տուաւ նաեւ, որ այս կարգախօսը պատմական ժողովրդավարութեան ժամանակացոյցը արագացնելու «թէ ուշացնելու» գործընթացի մը հետ պատշաճեցնելու կանխատեսումին հետ առնչուած հանգրուանային անհրաժեշտ գործընթաց մըն է` խաղաղ, բարգաւաճ ու աշխարհաքաղաքականօրէն շարունակելու կոչուած երկիր մը ըլլալու յստակատեսութեամբ:

Այսքան. որպէսզի ոմանք չկարծեն, թէ գաղափարաբանութիւնները պատահական ու պարագայական բաներ են:

Ինքնութեան Հարցեր

Լեզուագէտ փրոֆեսէօր Զաւէնը վերլուծեց «Հայաստան», «հայրենիք», «սփիւռք», «հայրենասիրութիւն» եզրերը, մեր ամէնօրեայ,  սխալ կամ ճիշդ, գործածական իմաստային ոլորտի համեմատական ու բաղդատական տարբերութիւններով:

Այսօր ո՞վ է Հայաստանէն արտագաղթած հայը, եւ ի՞նչ են անոր ազգային¬արժէքային չափանիշները: Իսկ «սփիւռք» եւ «սփիւռքահայ» անուանումը ազգային ինքնութիւն որոնելու, ինքնութիւն դրսեւորելու, ինքնութիւն բիւրեղացնելու իմաստով ի՞նչ մակարդակներու վրայ կը տարուբերի:

Սփիւռքահայը եւ ընդհանրապէս հայը քանի՞ տեսակ ինքնութիւններ ունի: Ինքը ո՞ր մէկը կը նախընտրէ, ո՞ր մէկը կը զատորոշէ:

Ինքնութիւններ կան, որոնք ազգային են, ցեղային, կրօնական, գաղափարական, դասակարգային, աղանդաւորական: Հայը ո՞ր մէկուն վրայ իր շեշտը կը դնէ, ո՞ր մէկը առաւել չափով կը դրսեւորէ քանակի ու որակի աստիճանական նախընտրութիւններով թէ ընկերային դասակարգումներով:

Հայաստան, իր ներքին թէ արտասահմանեան գործօն կառոյցներով, կը զբաղի՞, առաջնահերթութիւններու կարգով կիզակէտի կը վերածէ՞ արտագաղթող զանգուածներու հայկական ինքնութեան առաջնահերթ խնդիրները:

Ոմանք ինքնութեան հարցերուն մէջ տարբերութիւններ չեն ուզեր տեսնել` ո՛չ յատկանիշներու, ո՛չ քաղաքական, ո՛չ ալ մշակութային: Ժխտումը կը մեկնաբանեն հանգամանքներու հասունացումով: Չեն համարեր, որ ինքնութեան հարցը գաղափարական է: Համաձայն են, սակայն, հարցը քննարկելու նպատակային հոլովոյթի հարթակներու վրայ: Այս տեսակէտին կառչածներ համոզուած են, որ հայու ինքնութեան հարցը պէտք է քննարկուի ռազմավարական ու մարտավարական փոխազդեցութեանց վերլուծական արդիւնքներու հիմամբ:

Եզրափակելով իր զեկոյցը` Զաւէնը, շեշտը դրաւ ինքնութեան հարցի որակական տարբերութիւնները զատորոշելու եւ փոխըմբռնման մը յանգելու անհրաժեշտութեան վրայ:

Ինքնութեան պահպանումը կենսական է: Անցեալին կարեւորութիւն կու տային անոր որակին, հիմա կ՛անտեսեն նաեւ քանակը: Կը թուի, որ ինքնութիւնը բազմատեսակ տագնապներու չի տոկար այլեւս եւ կը զիջի ձուլումի դիւրին ճամբուն: Ինքնութեան զիջումը կրակի հետ խաղալու պէս բան մը եղած է: Չարիքին արմատը` ինչպէս կ՛ըսենք յաճախ, երբ կ՛ուզենք բան մը աւելիով շեշտել:

Եզրակացութիւն. տրամաբանութեամբ մէկը քաջ չ՛ըլլար. հաւատք ալ կ՛ուզէ: Առանց հաւատքի` քաջութիւնը կը նսեմանայ: Այս հարցին մէջ,  սակայն, շատ տարբերակներ ալ չկան, ոչ ալ երկար¬բարակ ընտրութիւն կատարելու հնարաւորութեան դաշտ մը գոյութիւն ունի:

Ասոնք հաճելի հարցականներ չեն, բայց այլեւս չենք կրնար խուսափիլ անոնցմէ, քանի այդ հարցերուն մենք բոլորս թէ՛ մօտ ենք, թէ՛ ալ` շատ հեռու…

10 Միլիոն Հայութիւն

Արցախցի մանկավարժ դասախօս Նելսոնը կանգ կ՛առնէ հայութեան ներկայի թիւին վրայ: Հառաչելով ու բարձր շեշտադրումով կ՛ըսէ` «Տաս միլիոն հայութի՜ւն»:

Կ՛արժէ նշել, որ այս թեզը նորութիւն է, եւ չէ՛: Վարկածը ախտաճանաչումն է 3 միլիոն հայութեան մայր հողին վրայ, 7 միլիոն ալ օտար` հիւրընկալ թէ ո՛չ հիւրընկալ հողերու վրայ:

Ըստ Երեւանի եւ Ստեփանակերտի պետական թուային տուեալներու, 1992-2016 1.700.000 հայեր անդարձ արտագաղթած են Հայաստանէն: Հայաստանէն արտագաղթողներուն համար Հայաստանը անցեա՞լ է արդեօք:

Նելսոնը թերահաւատութիւն, աւելի՛ն, բացարձակ անվստահութիւն արտայայտեց պաշտօնական վիճակագրական արձանագրութեանց դրսեւորումներուն վրայ, դիտել տալով, որ թուաքանակային այս անարժանահաւատութիւնը կու գայ խորհրդային կարգերու ժամանակներէն իբրեւ տխուր ժառանգութիւն մը, որ, նայած պարագային, կ՛որդեգրուի յետխորհրդային իշխանութիւններու մտայղացումներու իւրացումով:

Վերլուծեց, որ թիւի յաւելումներն ու նուազումները ընդհանրապէս կը կատարուին բարձրաձայն, կամ առնուազն` լռելեայն: Յաճախ ալ` կատարեալ լռութեամբ, նայած` նոյնինքն հարցի դերակատարութեան թեմաթիկ յատկանիշներուն, երբ բան մը կ՛ուզես գերադասել, կամ երբ բան մը կ՛ուզես քողարկել:

Նելսոնը հարց դրաւ, որ պէտք է վերլուծել ու եզրակացութեան մը յանգիլ այն իրողութեան մասին, թէ ինչպէ՛ս կը մեկնաբանուի համապատասխան այն վարկածը, երբ հայրենիքները բնակչութիւն կը կորսնցնեն անկախ երկիր ու պետութիւն դառնալէ ետք, եւ աւելի դիւրին կը դառնայ հայրենիք ազատագրելը, քան թէ` հայութիւնը իր հողին վրայ պահելը:

Եզրակացութիւն. Հայաստանի բնակչութեան թիւերը մեզի կու տան երկրի իրական պատկերը` անկախ այն իրողութենէն, որ անոնք պաշտօնապէս կը յայտարարուին կամ չեն յայտարարուիր:

Համալսարանական
Մտահոգութիւններ

Համալսարանական համակարգին մէջ մեծցած ու պաշտօնավարած փորձագէտ մը` Սուրէնը, լուրջ մտահոգութիւն յայտնեց համալսարանի մուտքի քննութիւններու բաղդատական արդիւնքներու ամփոփումի լոյսին տակ: Ի յայտ եկած է, որ այս տարի մօտաւորապէս 60 առ հարիւր տոկոսով թափուր տեղեր մնացած են: Ըստ իրեն, ներկայի բացայայտուած տուեալներով, համալսարանը, համակարգի սեփական ու պետական իր հատուածներով, ունի շուրջ 20.000 նուազ տեղ: Համալսարան ընդունուած են 9000 դիմորդներ, ինչ որ կը պարզէ, թէ ընդհանուր թիւի կէսէն աւելին թափուր մնացած է: Նշեց, որ ուսանողներու քանակի նուազումը անբաւարարութեան լուրջ բարդութիւններ կը ստեղծէ համալսարաններուն համար: Մէկ խօսքով, աշակերտութեան թիւը 20.000-ով պակսած է:

Հայաստանի կրթադաստիարակչական համակարգը արկածախնդիր իրականութեան մը ենթակայ է համապատասխան ուսումնական մարտահրաւէրներու պարագայական առատութեան, նաեւ պակասին պատճառով: Կրթական փոփոխութիւնները կապուած են մարդու եւ ուսանողի անմիջական փոփոխութեանց հետ, ինչ որ ամէնէն դժուար բանն է:

Հայաստանի կրթութիւնը առնելիք ու տալիք բան ունի` նոյնինքն կրթական ռազմավարութեան պատշաճելու հարկադրանքով եւ իր դիմագրաւած խայտաբղէտ միջավայրին պատճառով:

Փորձագէտը գոհունակութեամբ նշեց, որ Հայաստանի սահմանամերձ գիւղերու աշակերտութիւնը 2017-2018 ուսումնական տարուան համար կառավարութեան յանձնարարութեամբ ձրի պիտի ստանան իրենց բոլոր դասագիրքերը, քանի անոնց ծախսերը պիտի հատուցուին կառավարութեան կողմէ:

Հայկական Անձնագիր

Համալսարանական «վերնատան» մասնակցող (յիշելու համար թումանեանական թիֆլիսեան փոխաբերական իմաստային գործածութիւնը) զանգեզուրցի կայքէջի լրագրող Նայիրան արծարծեց հայկական անձնագիրի զգացական «հեղինակութեան» պարագան: Ան խօսեցաւ իր կատարած մէկ ուսումնասիրութեան մասին` ընդգծելով, որ համաշխարհային առումով հայաստանեան անձնագիրը 68-րդ տեղը կը գրաւէ գործածական կարեւորութեան ու մաքսային արժանահաւատութեան տեսակէտէն:

Նայիրան դիտել տուաւ, որ Սուրիոյ պատերազմին պատճառով սուրիացի քաղաքացիներու, որոնց կարգին նաեւ` հայերու, իրաւունք տրուած է անարգել, ընդամէնը 29 տարբեր երկիր այցելելու: Լրացուցիչ ըսաւ, որ Գերմանիոյ եւ Սինկափուրի անձնագիրները 158 երկիրներ ազատօրէն մուտք գործելու արտօնութեան իրաւունք ունին, իսկ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու անձնագիրները` 127 երկիր:

Շարունակելով պարզել իր հետազօտութիւնը` լրագրողը յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի Միջազգային գաղթականներու կազմակերպութեան վիճակագրական տուեալներուն համաձայն, կատարուած` 160 երկիրներու մէջ, 710 միլիոն մարդ յայտարարած է, որ իր երկրէն այլ տեղ գաղթել կը ցանկայ: Այս թիւէն 66 միլիոնը ծրագրած է արդէն 2018-ին գաղթել, իսկ 23 միլիոնն ալ գաղթելու նախապատրաստական աշխատանք կը տանի:

Հետաքրքրական է, որ Թուրքիա գաղթել ուզողները գաղթականական այս ցանկին 15-րդ կարգի վրայ կը գտնուին, իսկ Ազրպէյճան գաղթելու փափաք յայտնած չէ բացարձակապէս ո՛եւէ մէկը:

Եզրափակեց իր խօսքը` թեթեւ հեգնական ժպիտ մը շուրթերուն վրայ:

¬ Անշուշտ յայտնի չէ, թէ անոնք, որոնք կ՛ուզեն Թուրքիա գաղթել, անկէ ետք դէպի ո՛ւր կ՛ուզեն ճամբորդել…

Եզրափակելով` ան նշեց, որ հայաստանեան անձնագիրը անհրաժեշտ չէ, որ մէկը հայ զգայ, ոչ ալ անձնագիրը կորսուած հայը կը վերադարձնէ իր ազգային ակունքներուն, կամ` հայկական ապրումներուն ու զգացումներուն:

Անձնագիրը նաեւ հայու ինքնութեան կամ ինքնահաստատման նուաճում կարելի չէ համարել, որեւէ պարագայի:

Եզրափակելով` նշեց նաեւ, որ հայկական անձնագիրի տիրանալ ուզող հայը կը քաջալերուի դեսպանատուներու անձնակազմի դիմումէն, որ կ՛արժէ 2 եւրօ, բայց այդ տետրին տիրանալու համար Հայաստանի մէջ կը վճարէ 150 եւրօ, հայաստանեան համապատասխան հաստատութեան` «ՕՎԻՐ»-ին: Գումարը մեծ չէ, բայց տրուած խոստումին ու յանձնառութեան բարոյական վնասը մեծ է:

Այս աշխատանքին համադրումը` համադրումի պէտք ունի, չյիշելու համար սկիզբի օրերը, երբ անձնագիրի տիրանալու համար 1000 տոլար կը պահանջուէր իւրաքանչիւր հայրենասէր սփիւռքահայէ:

Լաւ կ՛ըլլայ, որ պահպանենք անձնագիրի ազգային, քաղաքական, զգացական ու բարոյական արժէքը, դիտել տուաւ Նայիրան` քիչ մը տրտմած շեշտով:

Որպէսզի հայը չվախնայ հայ ըլլալէ…

Անձնասպանութիւնները
Չեն Պակսիր

Բժշկութեան ուսանող Սերգէյը, ծանրացաւ ընկերային առաջնահերթ ու սիրտ ճմլող հարցի մը վրայ, որ այլապէս կապուած է իր ուսման ու մասնագիտութեան մարզին հետ, այն է, որ ընթացիկ տարուան յուլիս ամսու ընթացքին Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան ճգնաժամային կառավարման կեդրոնի տուեալներու հիմամբ, 2017-ի առաջին 7 ամիսներու ժամանակամիջոցին Հայաստանի մէջ 90 հոգի անձնասպան եղած է:

Սերգէյ բաղդատական մը կատարելով` նշեց, որ նոյն ամիսներուն նախորդ տարուան զոհերու թիւը 85 էր:

Անձնասպանութեան դիմած քաղաքացիները մեծ մասով իրենց կեանքին վերջ տուած են բնակարաններու թէ առանձնատուներու մէջ, ուրիշներ նետուած են բարձր շէնքերէ, մաս մըն ալ` բարձր կամուրջներէ:

Հայաստանի մէջ անձնասպանութիւնը անուն ունի: Կարգ մը պարագաներու` մականուն ալ ունի, քանի կեանքը մեր ներկան ու ապագան է առաջին ու վերջին հայուն համար ալ, մանաւանդ երբ կը պատահի պատերազմի ճակատէն դուրս:

Երբ երկրի մը բնակիչները անձնասպանութեան կը դիմեն, այդ երկրի բարոյական արժէքը կը ստորագնահատուի, կը նսեմանայ, երկրի ապագայի հակակշիռը, հաշուեկշիռը, համանման զուգակշիռը կը խախտի, կը կորսուի, մտածող ու զգացող հաւաքականութիւնները կ՛անէանան, գաղափարական, դասակարգային տարբերութիւնները կը մրցին իրարու հետ, մանաւանդ` իրարու դէմ:

Այս երկրին մէջ Աստուծմէ ղրկուած փրկարարներ չկա՞ն, եզրափակեց ուսանող բժիշկ Սերգէյը հիասթափեցնող դառն շեշտով մը:

(Շար. 2)


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>