Հայաստանի մէջ 16 հոկտեմբերը Հայ մամուլի օրն Է: Օրը կը համընկնի Մատրասի մէջ 16 հոկտեմբեր 1794-ին հիմնուած հայկական առաջին տպագիր պարբերականին` «Ազդարար»-ի հրատարակութեան:
Մամուլը կոչուած է հասարակական, քաղաքական ու մշակութային մեր առօրեայ կեանքին արձագանգը ըլլալու, միաժամանակ, սակայն, առաջնորդողի դեր կատարելու հանրային կարծիքի ձեւաւորման մէջ` հրապարակագրական, մշակութային, գեղարուեստական ու գրական ընդունելի ճաշակ ներկայացնելու, գոհացնելու թէ՛ մտաւորական եւ թէ՛ սովորական ընթերցողին հետաքրքրութիւնները:
Այս երկուքին միջինը գտնելու պատասխանատւութիւնը ունի մամուլը` ընթերցողներու եւ գրողներու իր շրջանակը պահելու ու ժամանակակից լրատուական բաց համակարգին մէջ ուրոյն տեղ ունենալու համար:
Սուրիահայ մամուլը, յատկապէս` հալէպահայ մամուլը, իր իւրայատուկ դերը ունեցած է հայ մամուլի տարեգրութեան մէջ:
«Գանձասար», իր 26-ամեայ անընդմէջ լոյս ընծայումով, սուրիահայ մամուլի պատմութեան մէջ ամէնէն երկարատեւ թերթը կը հանդիսանայ:
Թերթը, իր խմբագրական կազմերով եւ աշխատակիցներով, իր հետեւորդներուն մէջ ընթերցանութեան հուրը, տեղեկացուած ըլլալու մարմաջը վառ պահած է ու տարուէ տարի քայլ պահելով ժամանակի զարգացումներուն ու լրագրական պահանջներուն հետ` փորձած է գոհացնել իր ծաւալող լսարանը:
Եթէ քննական մօտեցումով ակնարկ մը նետենք լրագրական դաշտի ներկայ պահանջներուն վրայ, անհրաժեշտ պիտի գտնենք քանի մը մատնանշում կատարել այս ուղղութեամբ:
Սուրիական տագնապին պատճառով լայն շրջանակներու հասանելի դառնալու անհրաժեշտութիւնը սուրիահայ մամուլի ծառայութեան կոչուած անհատներէն ու անոնց շրջանակներէն կը պահանջէ լրագրական մարդուժի պատրաստութեան ծրագրուած աշխատանք` արհեստավարժ ու ժամանակի պահանջներուն հետ քայլ պահող աշխատակիցներու փաղանգը ընդլայնելու համար:
Նման մարդուժի մը պատրաստութեան տուեալները առկայ են, յատկապէս` սուրիական տեղեկատուական դաշտին արձանագրած զարգացումներուն լոյսին տակ, համեմատած` նախապատերազմեան շրջանի սուրիական լրատուամիջոցներուն ու ընդհանրապէս երկրի տեղեկատուական քաղաքականութեան պարզած վիճակին հետ:
Լրագրական ասպարէզ մուտք գործողը պէտք է քաջ իմանայ, որ թերթը անմիջական բեմն է մեր միջավայրի տագնապներուն եւ հետաքրքրութիւններուն, մեր կեանքին հայելին է ան: Հետեւաբար մամուլի ծառայութեան կոչուած ոեւէ լրագրող հասարակութեան մօտ պէտք է ըլլայ` կարենալ ներկայացնելու համար անոր առօրեան ու ձգտումները: Ան պիտի ունենայ վերլուծող միտք եւ անկաշկանդ արտայայտուելու կարողութիւն եւ կարելիութիւն:
Ինչպիսի՞ տուեալներ, սակայն, կ’երաշխաւորեն լրագրողին արդիւնաւէտ ու անկաշկանդ գործունէութիւնը:
Առաջին տուեալը մասնագիտական մօտեցումն է` հեռու շնչատ խանդավառութեան պատճառով լրագրական դաշտ ուղղուելու պատեհապաշտութենէն: Երկրորդը` լեզուի կատարելագործումն է աստիճանաբար թերթին մէջ գրելու ոճ եւ հմտութիւն ձեռք բերելու համար:
Երրորդը` մասնակցութիւնն է համայնքի ընկերային, ազգային եւ քաղաքական կեանքին` հետեւելու անոր զարկերակին ու պատասխանատուութեամբ մօտենալու լրագրական ասպարէզին: Իր անմիջական առօրեայէն հեռու գործող լրագրողը չի կրնար լոյսին բերել իր իսկ հասարակութեան տագնապներն ու իղձերը:
Չորրորդը` ազատ մտածելու, արտայայտուելու եւ գործելու կարելիութիւնն է: Լրագրողին առարկայութիւնն ու անկեղծութիւնը, ազատ խօսքի հաւաստիութիւնը մեծապէս կախուած են ազատ մտածելու, արտայայտուելու եւ գործելու իր կարողութենէն:
Լրագրական դաշտը ընդարձակելու, զայն արհեստավարժ մարդուժով հարստացնելու ծրագրաւորումը, վերականգնումի մեր աշխատանքներուն զուգահեռ, նոր աւիշ պիտի հայթայթէ սուրիահայ մամուլին ընդհանրապէս:
Չկայ ընթերցող, չկայ գրող» խօսքերը կրկնելով` ձեռնածալ մնալը անհեթեթութիւն է պարզապէս: Դարուս սրընթաց զարգացումին մէջ անգամ պատասխանատու խօսքն ու վերլուծող միտքը անփոխարինելի արժէքներ են: Էականը ընթերցողներու մտքին ու ճաշակին գոհացում տալն ու գրողը քաջալերելն է:
Մամուլի օրուան առիթով կը շնորհաւորենք այս ասպարէզին ծառայող բոլոր նուիրեալները` աշխատանքի նոր թափ ու կորով մաղթելով անոնց: