Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Եւրոպական Մամուլը Քաթալոնիոյ Մասին. «Յանկարծ Պրեքսիթը Այդքան Ալ Գէշ Չի Թուիր»

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Քաթալոնիոյ մէջ տեղի ունեցած հանրաքուէն եւ ատոր յաջորդած իրադարձութիւններն ու զարգացումները տարաբնոյթ մեկնաբանութիւններու դուռ բացած են: Լրատու միջոցներ, մեկնաբաններ, քաղաքական գործիչներ, պլոկըրներ եւ ընկերային ցանցեր օգտագործողներ ամէն օր ըսելիքներ եւ կոչեր ունին: Բազմաթիւ վերլուծաբաններ կը հաւատան, որ այս տագնապը 1981 թուականի պետական հարուածի փորձէն ետք ամէնէն ծանրն է:

Կը ներկայացնենք եւրոպական հեղինակաւոր թերթերու տեսակէտներէն հատուածներ:

 Ն.

«Լաւ կողմը նայեցէ՛ք… Պրեքսիթը այլեւս այդքան ալ լուրջ չէ»:
«Լը Թան», Զուիցերիա

«Սահմանադրութեան թիւ 155-րդ յօդուածին դիմելը կատարուած է այնքան օրինաւոր եւ թափանցիկ, որ կարելի չէ ատիկա նկատել յարձակողական արարք մը` Քաթալոնիոյ ինքնավարութեան կամ քաթալոններու իրաւունքներուն դէմ: Ընդհակառա՛կը, Մատրիտի արձագանգը եղած է օրինական եւ անհրաժեշտ` ընդդէմ Քաթալոնիոյ անպատասխանատու եւ անտարբեր քաղաքական գործիչներէն եկող մարտահրաւէրին: Մատրիտ այդ քայլով կոչ կ՛ուղղէ Քաթալոնիոյ մէջ ինքնակառավարման արագ եւ օրինական վերադարձի»:

«Էլ Փայիս», Մատրիտ

«Էլ Մունտօ»  կը համեմատէ Քաթալոնիոյ անկախութեան հռչակումը «Հոկտեմբեր 1934-ի ողբերգութեան» հետ` ակնարկելով յեղափոխական ըմբոստութեան, որուն ընթացքին հարիւրաւոր անձեր սպաննուեցան եւ Քաթալոնիոյ ինքնավարութիւնը առկախուեցաւ: Թերթը Քաթալոնիոյ առաջնորդ Փուչտեմոնը կը մեղադրէ ընդդիմութեան իրաւունքները եւ մեծամասնութեան ձայնը անտեսելու յանցանքին եւ արժանապատւութիւն ու պարկեշտութիւն չդրսեւորելու համար:

«Սխալ պիտի ըլլայ այդ անցուդարձերը ճանչնալ իբրեւ անկախութեան հռչակում, որովհետեւ Քաթալոնիոյ խորհրդարանը դադրած է ժողովրդավարական իշխանութիւն ըլլալէ, երբ կայացուց ապօրինի հանրաքուէն: Սահմանադրութեան թիւ 155-րդ յօդուածին դիմելու  Սպանիոյ վարչապետ Մարիանօ Ռախոյի քայլը  անխուսափելի պարտաւորութիւն մըն է: Կոչ կ՛ուղղենք կառավարութեան` զինելու ինքզինք ինքնավստահութեամբ եւ դատի արդարութեամբ»:

«Էյ.Պի.Սի.»

«Հռչակագիրը գագաթնակէտն է հոլովոյթի մը, որ կործանած է քաթալոնական քաղաքականութիւնը, երկփեղկած` հասարակութիւնը եւ Քաթալոնիան, իբրեւ շրջան, լքած է հակաժողովրդավարական, ազգայնամոլ խումբ մը մարդոց, որոնք կը նսեմացնեն Եւրոպական Միութեան ոգին: Կոչ կ՛ուղղենք սպանացիներուն` միանալու երկրի կառավարութեան շարքերուն»:

«Լա Ռազոն»

«Դժուար է պատկերացնել աւելի կարեւոր օր մը: Վարչապետ Մարիանօ Ռախօ դրուատանքի արժանի է  քաթալոնացիներու ընտրական իրաւունքները պաշտպանելու նպատակով առած քայլին համար: Նոր ընտրութիւնը լաւագոյն միջոցը պիտի ըլլայ լուծելու անկախութեան հարցով յառաջացած տագնապը: Պէտք է զգուշանալ շրջանի ընկերութիւններու արտահոսքէն, արտասահմանեան ներդրումներու ներգրաւման եւ Քաթալոնիոյ միջազգային հեղինակութեան վատթարացումէն»:

«Լա Վանկուարտա», Քաթալոնիա

«Սահմանադրութեան թիւ 155 յօդուածի կիրարկումը կրնայ շատ վնասակար հետեւանքներ ունենալ բոլոր քաթալոնացիներուն համար: Կոչ կ՛ուղղենք բոլոր կուսակցութիւններուն` միասնաբար աշխատելու, երկխօսութեան միջոցով լուծում մը գտնելու: Կը հաւատանք, որ Ք. Փուչտեմոն կը կրէ վերջնական պատասխանատւութիւնը Քաթալոնիոյ ինքնավարութեան առկախման համար: Անկախութեան հռչակումը տարիներու պատասխանատւութենէ խուսափումի քարոզչութեան արտադրութիւնն է` հիմնուած  յօրինուած դժգոհութիւններու, չափազանցութիւններու, կիսաճշմարտութիւններու եւ կեղծիքներու վրայ»:

«Էլ Փերիոտիքօ», Քաթալոնիա

Անկախութեան կողմնակից Քաթալոնիոյ  «Էլ Փունտ Աւուի»  թերթը հրատարակած է ցնծացող անջատողական ամբոխներու լուսանկար մը, «Ողջո՛յն, անկախութիւն» խորագիրով: Թերթը կը քննադատէ Սպանիոյ ծերակոյտը թիւ 155 յօդուածի բիրտ կիրարկման համար` զգուշացնելով, որ յառաջիկայ օրերուն փողոցներուն եւ դրամական վերահսկողութիւնը բանալին պիտի ըլլայ նոր հանրապետութեան:

«Ողջունելի է վարչապետ Մարիանօ Ռախոյի կոչը` շրջանին մէջ ընդհանուր ընտրութիւն կայացնելու, որովհետեւ ատիկա քաթալոնացիներուն պիտի տայ բեմը: Անընդունելի է միայն քանի մը ժամ գոյատեւած երեւակայական «Անկախ հանրապետութիւնը», որ յայտարարուած է Փուչտեմոնի կողմէ: Իրավիճակը չափազանց լուրջ է սպանացիներուն համար, որպէսզի անձնատուր ըլլան ուրախութեան կամ զայրոյթի չափազանցութեան: Եւրոպայի սիրտին մէջ այսպիսի տագնապներ կրնան վնասել Եւրոպական Միութեան»:

«Լը Մոնտ», Ֆրանսա

«Սպանիոյ վարչապետ Մարիանօ Ռախոյի առած քայլերը պիտի դժուարացնեն հակամարտութիւնը շրջանցելը: Ձերբակալութիւններ, գործադուլներ, պոյքոթներ, զանգուածային ցոյցեր  եւ նոյնիսկ վայրագութիւններ այժմ կրնան յաջորդել»:

«Ցայթունկ», Գերմանիա


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>