Ուրբաթ, 27 հոկտեմբեր 2017-ին Անգարայի մէջ կատարուեցաւ «Մելիքէ Խաթուն» մզկիթին բացումը, զոր կատարեց Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը. այս առիթով ան մզկիթին առնչուած համապարփակ ելոյթ ունեցաւ, զանազան ակնարկութիւններ ընելով հոն` բնականաբար կրօնական եւ քաղաքական դասեր տալու սլաքներ ալ արձակեց, ինչպէս միշտ:
Էրտողանի արձակած սլաքներէն ամէնէն հետաքրքրականը, զոր այստեղ կ’ուզենք լուսարձակի տակ առնել, հետեւեալ տողերն են. «Միակուսակցական իշխանութեան ժամանակաշրջանին Անգարա անցեալի ինքնութենէն պոկելով եւ ընդհանրապէս առանց մզկիթի ձգելու դրժման երեւոյթը անհնար իրականութիւն է: Մզկիթները ախոռներու վերածելու անցեալ ժամանակաշրջանի մտածելակերպը կրկնուած է նաեւ Անգարայի մէջ, ուր մզկիթները դատապարտուած են մառաններու, պահեստանոցներու վերածուելու եւ շէնքերու աննկատ անկիւնները մնալու»:
Էրտողանի ելոյթին վերոնշեալ հատուածը անմիջապէս մեզի մտածել կու տայ, որ Թուրքիոյ նախագահը, երբ կը խօսի սրբավայրերը դիտումնաւոր կերպով ախոռի վերածելու, աւերելու կամ այլ բաներու ծառայեցնելով` սրբապղծելու երեւոյթին մասին, կը մոռնայ, որ Թուրքիոյ տարածքին բռնագրաւուած հայկական հողերուն վրայ կամ այլ շրջաններուն մէջ գտնուող հայոց մշակութային ժառանգը քանի մը դարէ թուրանա-թրքական բարբարոս ծրագիրի զոհը դարձած է, որ տակաւին կը շարունակուի:
Նախագահ Էրտողանի ուշադրութեան պէտք է յանձնել, որ երբ երկրի մը նախագահը կը խօսի կրօնի մը սրբավայրերու պահպանման մասին, չի կրնար անտեսել եւ կամ անտեսման քաղաքականութիւն կիրարկել այլ կրօնի պատկանող սրբավայրերու հանդէպ հետեւողական կերպով կատարուող անմարդկային սրբապղծումները եւ ոչնչացնելու ծրագիրներն ու աշխատանքները:
Այստեղ կարեւոր կը նկատենք Թուրքիոյ պետութեան կողմէ մշակութային բնաջնջումի ենթարկուած հայկական սրբավայրերու քանի մը օրինակ ներկայացնել:
Նախ հարց կու տանք, թէ ո՞ւր են հայոց միջնադարեան մայրաքաղաք Անիի 1001 եկեղեցիները, վանքերը, մատուռները, ի՞նչ եղաւ անոնց ճակատագիրը:
Այնուհետեւ կը նշենք քանի մը եկեղեցիներ, որոնք սրբապղծութեան եւ անմարդկային ամէն տեսակի վայրագութեան արժանացած են ու կ’արժանանան:
– Անիի աւերակներէն քանի մը քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ Կարս նահանգի Գոզլուճա գիւղը գտնուող հայկական Բագնայրի (Բագնայր կը նշանակէ` «կրակին նուիրուած բագիններու քարայր») վանքն ու եկեղեցին, որ 989 թուականին կառուցուած է Վահրամ Պահլաւունիի կողմէ, այսօր տեղացիները իբրեւ ախոռ կը գործածեն:
Գիւղացիները նաեւ վանքին քարերը օգտագործած են իրենց տուները, ախոռներն ու ցանկապատները կառուցելու համար:
– Սասունի մէջ բազմաթիւ պատմական կառոյցներ` ամրոցներ, ջրաղացներ եւ եկեղեցիներ, աւերուած վիճակի մէջ են: Այդ կառոյցները ոչ միայն բախտի քմահաճոյքին ձգուած են, այլեւ կանխամտածուած եւ ծրագրուած ձեւով սեւ ձեռքերու կողմէ կ’աւերուին:
Սասունի գիւղական շրջաններուն մէջ գտնուող բազմաթիւ եկեղեցիներ մեծ մասամբ կա՛մ իբրեւ ախոռ կ’օգտագործուին, կա՛մ ալ լքուած են բախտի քմահաճոյքին: Նոյն շրջանին մէջ նոյն ճակատագիրը կը կրեն նաեւ` Քառասուն Մանուկը, Չիրթինիկը, Բեկսեն, Միտինգը, Արծուիկը եւ Գոմք վանքը:
– Պաթման նահանգի Սասուն շրջանի Արվիզինք եւ Շէնգալիք գիւղերուն մէջ հայկական եկեղեցիները նոյնպէս ախոռի վերածուած են:
– Վանի Շատախ շրջանի մէջ 100 տարի առաջ հայ հաւատացեալներուն ծառայած, իսկ աւելի քան 30 տարի առաջ իբրեւ դպրոց օգտագործուած հայկական եկեղեցին այժմ իբրեւ անասուններու համար կերի` խոտի պահեստանոց կ’օգտագործուի:
– Ուրֆայի (պատմական Եդեսիա) Կերմուշ (Կերմուշը նախապէս հայկական գիւղ եղած է: Տեղացիները զայն այժմ Տաղեթեղի կը կոչեն) գիւղին մէջ գտնուող հայկական պատմական եկեղեցին ախոռի վերածած են:
Եկեղեցին տարիներ առաջ վերանորոգուած էր սփիւռքահայերու ջանքերով, եւ անոր վրայ երեք լեզուներով ցուցանակ փակցուած էր` նախատեսելով զայն բանալ զբօսաշրջիկներու առջեւ, սակայն ատոր փոխարէն` տեղացիները եկեղեցին կ’օգտագործեն եղջերաւոր մեծ անասուններու համար իբրեւ գոմ:
– Վանի Ս. Բարթողիմէոս հայկական եկեղեցին, որ կը գտնուի Պաշքալէ շրջանի Ալպայրաք (պատմական` Աղբակ) բնակավայրին մօտ, կառուցուած է 13-14 դարերուն: Վանքը երկար ժամանակէ ի վեր կը գտնուի զինուորական գօտիի մէջ եւ աւերակի վերածուած է թուրք զինուորներու կողմէ: Զինուորները գանձ փնտռելու նպատակով ցանկապատած են եկեղեցւոյ տարածքը եւ վնաս հասցուցած` եկեղեցւոյ պատերուն վրայ գտնուող սրբապատկերներուն:
Ս. Բարթողիմէոսի գերեզմանին վրայ է, որ կառուցուած է այս եկեղեցին: Մինչեւ Համաշխարհային Ա. պատերազմ` տաճարը գործած է իբրեւ եկեղեցի, սակայն Հայոց ցեղասպանութենէն ետք անիկա քանդուած է:
Այժմ իբրեւ արտաքնոց կը գործածուի թուրք զինուորներու կողմէ եւ կը կրէ մշակութային սպանդի հետքերը:
– Էրզրումի Ազիզիէ շրջանին մէջ գտնուող Սուրբ Մինաս եկեղեցին, որ նախապէս օգտագործուած է իբրեւ ախոռ, այժմ դարձած է որոնողներուն ուշադրութիւն գրաւող գանձը եւ, «մասնաւոր սեփականութիւն» ըլլալու պատճառաբանութեամբ, անհրաժեշտ ուշադրութեան չ’արժանանար:
Ճակատագիրի քմահաճոյքին յանձնուած Սուրբ Մինաս եկեղեցին տեղացիները որպէս ախոռ կ’օգտագործեն:
– Զմիւռնիոյ Մենեմեն շրջանին մէջ գտնուող հայկական եկեղեցին ախոռի վերածուած է: Մինչեւ 1922 գործած եկեղեցին արդէն բախտի քմահաճոյքին ձգուած է:
Յաճախ իբրեւ ախոռ օգտագործուող եկեղեցին, որ ամբողջութեամբ թալանուած ու աղբով լեցուած է, յարմար վայր դարձած է թմրամոլներու եւ հարբեցողներու համար:
Հայերուն հեռանալէն ետք եկեղեցին որոշ ժամանակ զինապահեստանոց եղած է, սակայն յետոյ իշխանութիւնները տարածքը անուշադրութեան մատնած են, որպէսզի շէնքը «ինքնիրեն» փուլ գայ:
– Կարս նահանգի Տեկոր գաւառին մէջ գտնուող հայկական հինգ եկեղեցիներէն միակ կանգուն մնացածը` Սուրբ Սարգիս եկեղեցին, ախոռի վերածուած է եւ պատերը փլած են, իսկ քարերը` փոխադրուած տեղւոյն բնակիչներուն կողմէ, նաեւ եկեղեցւոյ որոշ հատուածները քանդուած են գանձախոյզներու կողմէ:
– Անտիոքի հայկական վեց եկեղեցիներու համալիրին վրայ մզկիթ կառուցուած է: Անտիոքի Սամանտաղ կոչուած շրջանին կից, Եողունօլուք գիւղի շուրջ 350 տարեկան հայկական 6 եկեղեցիներէ բաղկացած համալիրին վրայ, 1915-1920-ական թուականներուն Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանին գիւղէն հայերու բռնագաղթի պատճառով, բնակութիւն հաստատած թուրքերուն կողմէ 1940-ին կառուցուած է մզկիթ մը, որ այժմ կը գործէ իբրեւ աղօթատեղի: Այնուհետեւ, 6 եկեղեցիներու համալիրին վրայ անոնք կառուցած են մզկիթը, որուն տակ գտնուող եկեղեցիները գիւղացիները օգտագործած են իբրեւ խոտի պահեստ, ախոռ եւ պահեստարան:
Անգամ մը եւս պարտք կը զգանք ընդգծել, որ դիտումնաւոր եւ ծրագրուած ձեւով քանդուած հազարաւոր հայկական եկեղեցիներու վրայ զարդարուած նուրբ զարդանախշերու փորագրութիւններու քարերուն կրնաք հանդիպիլ այդ շրջաններու բնակիչներու կառուցած բնակարաններուն, ախոռներուն, պահեստանոցներուն, ամէն տեսակի կառուցուած շէնքերուն պատերուն վրայ օգտագործուած:
Արդարեւ, վերոնշեալ օրինակները բազմաթիւ են եւ սահմռկեցուցիչ: Սակայն ակնյայտ իրողութիւն է ոչ հայերուն համար միայն, այլ` ամբողջ աշխարհին, որ քաղաքակրթութեան ու ժողովրդավարութեան դասեր տալու ելած Թուրքիան եւ անոր նախագահ, նոր օրերու սուլթան Համիտը` Էրտողան գործնապէս ու քաղաքականապէս իր լրումին կը հասցնէ իր նախահայրերուն ջարդարար ծրագիրը:
Թուրքիոյ պետութեան ոճրագործ մօտեցումը ամէն առիթի շեշտուած է եւ անկարելի է թաքցնել: Ան աւելի քան դար մը առաջ իրագործեց ցեղասպանութիւն, բռնագաղթի ենթարկեց հայեր, յոյներ, ասորիներ եւ այլ փոքրամասնութիւններ, սովի մատնեց ու բռնադատեց արաբներ, թուրանական ցեղին չպատկանող ժողովուրդներու դէմ գործեց բարբարոսութիւն, որ վայել է իրեն:
Գործադրուած ցեղասպանութիւնը բնականաբար չեղաւ միայն մարդկային, անոր հետ զուգահեռաբար ընթացան նաեւ մշակութային բազմափուլ ու մինչեւ օրս շարունակուող ջարդերը: Էրտողան երբեք չի վարանիր նոյնիսկ հակազդեցութիւններ ունենալու իրմէ արդարութիւն պահանջողներուն դէմ: Ան վերջին 6-7 տարիներուն գլխաւոր դերակատարը եղաւ Սուրիոյ ահաւոր ողբերգութեան, Եւրոպան շանթաժի կ’ենթարկէ` գաղթականներու ողբերգութիւնը հասոյթի աղբիւրի վերածելով, զինք նեղի մատնելու արեւմտեան փորձերուն դիմաց կը փորձէ բարեկամութիւն խաղալ Ռուսիոյ հետ, ու տակաւին, ոճրային խաղերու շարքի պատմութիւնը երկար է:
Այս բոլորին կողքին, Էրտողան, երբ ամէն առիթին կը խօսի մզկիթներ ախոռի վերածուելու մասին, մինչ շատ շուտ կը մոռնայ կրկին, թէ մօտիկ անցեալին` 21 սեպտեմբեր 2014 թուականին, յատկապէս Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 23-րդ տարեդարձին օրը, Թուրքիոյ տարածքէն անդին, Տէր Զօրի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն նուիրուած եկեղեցւոյ, անոր կից գտնուող թանգարանին եւ համալիրին ականահարումի իրագործումը իրականացաւ իր իսկ հրահանգով:
Եւրոպական զգեստներ հագուող թուրքերը կը մնան նոյն թուրքերը, որոնց նկարագիրին մէջ ոչինչ փոխուած է: Էրտողան պէտք չէ քաղաքակրթութեան դասեր տայ, այդ մէկը կատարելու փոխարէն` ան պէտք է նախ ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը, ապա կասեցնէ սրբավայրերու դէմ կատարուած սրբապղծութիւնները:
Հայկական հարիւրաւոր եկեղեցիներ, հոգեւոր կրթարաններ նոյն ճակատագիրը կը կիսեն. աւերակներու վերածուած եկեղեցիներու պատերը հայերու հանդէպ ատելութեան դրսեւորումներ կ’արտայայտեն:
«Եօթը հայ սպաննողը դրախտ կ’երթայ» պնդումն ու «հայ» եւ «հայու զաւակ» բառերը դեռ հայհոյանքի տեղ կ’օգտագործուին Էրզրումի եւ այլ շրջաններու մէջ: 1915-ի Ցեղասպանութենէն ետք մնացած հայկական գործատեղերը, բաղնիքները, տուներն ու եկեղեցիները կը ջնջուին: Պէտք է լաւ ըմբռնել, որ այդ սրբավայրերը կամ մշակութային կառոյցները ոչ միայն կրօնական կարեւորութիւն ունին, այլեւ պատմական կոթողներ են:
Այնպէս որ, սրբավայրերու պահպանման դասատու Էրտողանի «մարդասիրական» յայտարարութիւններ կատարելէ առաջ եւ ժողովուրդներու իրաւունքներուն եւ կրօնական սրբութիւնները պահպանելու մասին խօսելու փոխարէն` անհրաժեշտ է նախ ինքզինք վերատեսութեան ենթարկել եւ ցեղապաշտ, թրքութեան ու թուրանական ատելութիւնէն դուրս գալ, զգաստանալ:
Վերջապէս, անփոփոխ կը մնայ այն իրականութիւնը, որ պատմութեան մէջ եւ մինչեւ այսօր թուրքերուն արժէքը եղած է անոնց դաւաճանութիւնը: