Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17235

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Պէյրութի Մասնաճիւղի 2016-2017 Տարեշրջանի Տարեկան Բանակում

Image may be NSFW.
Clik here to view.
Ռաս Մեթնի մէջ տեղի ունեցան ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղի տարեկան բանակումի պաշտօնական արարողութիւնն ու խարուկահանդէսը:

Բանակումը ունէր յատուկ թեմա` «Նստուկ խաղեր», որ բաժնուած էր խումբերու ներքին թեմաներու. մոկլիները կը ներկայացնէին գունաւոր «թուիսթըր»-ը, արծուիկները` աւանդական «տոմինօ»-ն, գայլիկները` հետաքրքրական «Ճենկա»-ն, արիները` հանրածանօթ «ռիսք»-ը, արենուշները` հռչակաւոր ճատրակը, պարմանուհիները` անմոռանալի «X/0»-ն, երէցները` փոքրիկներու օձի խաղը, իսկ խմբապետական կազմը` խորհրդաւոր «Քի է սը»: Այսպիսով, բանակավայրը վերածուած էր նստակեաց խաղերու աշխարհի` խաղերը խորհրդանշող սկաուտական ձեռայիններով, զարդարանքով եւ համապատասխան յայտագիրներով:

Բանակավայրին մուտքը «Սկաուտաւան»-ի խաղադաշտ մըն էր (նախորդ տարիներուն մասնաճիւղին կողմէ պատրաստուած իւրայատուկ «մոնոփոլի»-ն), որ ցոյց կու տար տարբեր խմբային բանակավայրերը եւ սկաուտական բանակավայրի մը մաս կազմող հիմնական բաժինները` խարոյկի վայր, մառան եւ այլն: Մուտք գործելէ ետք այցելուները կ՛անցնէին խմբային բանակավայրերէն, մինչեւ որ հասնէին մասնաճիւղային խարոյկի վայր եւ դրօշակի կայմ, ուր տեղի կ՛ունենային ամէնօրեայ խարուկահանդէսներն ու մասնաճիւղի մտերմիկ մթնոլորտի ձեռնարկները:

Այս բանակումը ունէր նաեւ իր լոզունգը` «Աշխատանքով ու խաղերով միասին յառաջ կ՛երթանք», որ բացատրուեցաւ այնպէս, որ երբ խաղի մտերմիկ մթնոլորտն ու ժրաջան աշխատանքը միաժամանակ գոյութիւն ունենան, կը ստեղծուի յարմարագոյն միջավայրը` յաջողութիւններու հասնելու: Բանակումին նպատակն ալ ճիշդ այդ յաջողութիւնները բազմացնել էր` զարգացնելով սկաուտական ոգին եւ սկաուտները աւելիով կապելով ՀՄԸՄ-ին:

Բազմաթիւ միջոցներ օգտագործուեցան նպատակը իրագործելու համար` խմբային եւ մասնաճիւղային խաղեր ու զրոյցներ, արշաւներ եւ բնութեան մէջ այլազան յայտագիրներ, հաւաքական աշխատանքով մեծ ձեռայիններ կանգնեցնել, անհատական ձիրքեր զարգացնել եւ այլն:

Բանակումը կ՛երկարէր 10 օրերու վրայ. կարգով բանակավայր ժամանեցին բոլոր խումբերը: Բանակավայր այցելեցին Շրջանային սկաուտական խորհուրդն ու խմբապետական կազմերն ու  մասնաճիւղի վարչութիւնը:

Image may be NSFW.
Clik here to view.
Փակման պաշտօնական արարողութիւնն ու խարուկահանդէսը կայացաւ ծնողներու եւ բարեկամներու ներկայութեամբ, որոնց հետ բանակողները  բանակումի իրենց ուրախ պահերը բաժնեկցեցան, այսպիսով աւարտելոյ 2016-2017 տարեշրջանի մասնաճիւղային բանակումը` սկաուտներուն մտքերուն մէջ դրոշմելով անմոռանալի յիշատակներ:

Այցելուներուն մեկնումէն ետք, անմիջապէս սկսան հայկական շուրջպարերն ու քէֆը, որմէ ետք սկաուտները սկսան քակել ձեռայինները ու հաւաքել բանակավայրը:

խումբերը: Բանակավայր այցելեցին Շրջանային սկաուտական խորհուրդն ու խմբապետական կազմերն ու  մասնաճիւղի վարչութիւնը:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17235

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>