Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

ՏԻրան, Փետուրի Տ՛Արթանիանը

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱԻ

Անոր աղջկան` Սիլվիա Աճեմեանին մղումով եւ հոգատարութեամբ, կը հրատարակուի գիրք մը` նուիրուած քաղաքական ծաղրանկարիչին: Անկասկած, Տիրան եղած է ժողովրդավարութեան ամէնէն սուր եւ զուարճալի հրացանակիրներէն մին:

Փիեռ Սատիքէն եւ Սթաւրոյէն առաջ, Տիրան (1904-1991)` քաղաքական աշխարհի թունաւոր քննադատ, պատմած է կծու սրամտութեամբ ժամանակակից Լիբանանի պատմութիւնը, յատկապէս` պատերազմէն առաջ, Օսմանեան կայսրութեան վերջին օրերը` մինչեւ անկախութիւն, անցնելով ֆրանսական հոգատարութենէն: Ան իր երկար ասպարէզին ընթացքին ունեցած է աւելի քան 60 հրատարակութիւններ (ֆրանսերէն, արաբերէն եւ հայերէն), եւ պէտք չէ մոռնալ, որ ստեղծած է Ղանթուսի, Ապու Թաննուսի եւ Քաջ Նազարի կերպարները: Խիզախ եւ ճարպիկ լիբանանեան խորհրդանշական կերպարներ, որոնց խօսքերն ու հակազդեցութիւնները յառաջացուցած են բազմաթիւ ժպիտներ եւ խնդուքներ:

«Ծաղրանկարիչ կը ծնինք, չենք դառնար»: Այս պիտակին տակ կը գտնուին այս ինքնուսին, թատրոնով խանդավառին անհամար նկարները: Ան լաւ կը տիրապետէր գերմաներէնի, որովհետեւ մանկութեան գերմանական դպրոց կը յաճախէր: 197 էջերէ բաղկացած գիրքը, որ կը կոչուի «Տիրան. ծաղրանկարիչ», հրատարակուեցաւ իր ծննդեան 113-րդ ամեակին Շմելի եւ Շըմելիի տպարանին կողմէ եւ խմբագրուեցաւ անոր աղջկան` Սիլվիա Աճեմեանին կողմէ:

Ծնած է Հալէպ, 1904-ին: Տակաւին պատանի` կը գծէ «Կաւրոշ» հեղինակաւոր երգիծական շաբաթաթերթին մէջ: 22 տարեկանին կը հաստատուի Լիբանան եւ մեծ մուտք կը գործէ լրագրութեան ասպարէզ եւ կը համագործակցի «Լ՛Օրիան»-ի, «Լը Ժուր»-ի, «Լա Ռեւիւ Լիպան», «Ազդակ», «Այգ», «Նահար», «Սայյատ», «Տապպուր»…

Անձնաւորութիւններ կրծող

Եռալեզու ծաղրանկարները թիրախ կը դարձնէին բոլոր շերտերու մտաւորականները եւ մարդիկը, եւ ան կ՛արծարծէր հասարակական-քաղաքական նիւթեր, որոնք ոչ ոք անտարբեր կը ձգէին: Հանրածանօթ անձնաւորութիւններու կրծողն էր, ինչպէս` Քամալ Ժոմպլաթի, Ապտալլա Եաֆիի, Պըշարա Խուրիի, Քամիլ Շամունի, Շարլ Հըլուի, Ֆուատ Շեհապի, Սլէյման Ֆրանժիէի, Մաժիտ Արսլանի, Ռեմոն Էտտէի, Սապրի Համատէի…

Արուեստագէտներուն բարեկամ` ան կը ձգէ ճշմարտութեան վառ պատկերներ, Ուիլիըմ Սարոյեանի, գեղանկարիչներ` Մաթիուի, Փոլ Կիրակոսեանի եւ Տիգրան Տատերեանի եւ ուրիշներու: Քաղաքական, մշակութային եւ աշխարհիկ միջավայրը իր կախարդանքին տակն էր: Բայց ասիկա չի նշանակեր, որ ան չէ անցած տեղական սահմանները` հասնելու Նասըրին, Ռուզվելթին, Չըրչըլին, Նիքսընին, տը Կոլին եւ Փոմփիտուին…

Հազարաւոր նկարներու ընդմէջէն դժուարութեամբ ընտրուեցան 250 կտորներ` կազմելու համար այս գիրքը: Անոր աղջիկը` Սիլվիան կ՛ըսէ, որ կը գծէր ամէն վայրկեան, ամէն տեղ եւ ամէն ինչի վրայ, որ ձեռքը կ՛անցնէր:

Կրակող արուեստը

Գիրք մը` խմբագրուած սրտով եւ նրբագեղութեամբ: Սիլվիա Աճեմեան` Սըրսոք թանգարանի նախկին օգնական խնամակալ, այստեղ կը մեծարէ Սաատ Քիուանը` իբրեւ «գրող, թարգմանիչ, graphic designer, տպագրական գաղափարներու հետազօտող… ցոյց տալու համար, որ ծաղրանկարչութիւնը փոքր արուեստ մը չէ»:

Վստահաբար ոչ փոքր, այլ` կրակող արուեստ, խիղճեր շարժող:

«Շարլի Հեպտօ»-ի եւ այլ զոհուած ծաղրանկարիչներու օրինակները տեսանք վերջերս:

Բառերը, վկայութիւնները եւ վերլուծումները վստահաբար կը լուսաւորեն, բայց կեդրոնացումը գծուած գործին վրայ է: Սրամտութիւն, նրբութիւն, դիտարկութիւն, ճկունութեան, ազատութիւն եւ յատկանիշներու հմտութիւն: Խօսելու մարդկային բնոյթի եւ հետեւող կատակերգութեան մասին:

Գիրք մը, որ բարեացակամութեամբ կը ներառէ հեգնանք, ծաղրանք եւ որոշակի համեմունքներ` պատշաճութեամբ չափուած, Լիբանանի պատմութեան մասին:

«Տիրան. ծաղրանկարիչ (1904-1991)» գիրքին մակագրութիւնը տեղի պիտի ունենայ 4 նոյեմբեր 2017-ին, «Պիէլ»-ի մէջ տեղի ունենալիք Գիրքերու ցուցահանդէսին ընթացքին, ժամը 5:00-ին, «Գրատուն Անթուան»-ի տաղաւարին մէջ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>