ՀԱՄԲԻԿ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
Անակնկալներու եւ անսպասելի դէպքերու ու անցուդարձերու երկիր Թուրքիոյ մէջ ամէն օր տեղի կ՛ունենան այնպիսի հետաքրքրաշարժ, արմանք ու զարմանք եւ նմանը չունեցող երեւոյթներ, որոնց դիմաց մարդ արարածը երբեմն ապշած ու շուարած` կատարուած այլանդակութիւններէն, չի գիտեր պահ մը` ի՞նչ ընէ, լա՞յ, թէ՞ խնդայ…
Արդարեւ, այդօրինակ ծիծաղաշարժ դէպք մըն էր, որ պատահեցաւ, երբ վերջերս, հոկտեմբերի 15-ին, թրքական Սեւ ծովի ափին գտնուող Ռիզէ քաղաքին մէջ (պատմական Հայաստանի քաղաք) ելոյթ ունեցած պարոն Էրտողան իր խօսքին մէջ ըսաւ հետեւեալը` ամենայն յոխորտանքով ու գոռոզութեամբ, զարմացնելով նոյնիսկ զինք մտիկ ընող երիտասարդ ամբոխը.
«Մեր երկրի 79 միլիոն բնակիչներէն զատ` մենք ունինք նաեւ միլիոնաւոր եղբայրներ, որոնք կ՛ապրին այլ աշխարհագրական տարածքներու մէջ, եւ որոնց հետ մենք ունինք պատմական կապեր»: Պատմական կապե՞ր, արդեօք ի՞նչ կապերու մասին կը խօսի պարոն նախագահը… սուլթանական շրջանի արեան բաղնիքներո՞ւն, թէ՞ ազատութիւններ լռեցնելու համար բարձրացած կախաղաններու… Իրապէս հարցական է:
Շարունակելով իր խօսքը` ան կ՛ըսէ. «Մեր հետաքրքրութիւններու ծիրին մէջ կը մտնեն` Իրաքը, Սուրիան, Լիբանանը, Ղրիմը, Ղարաբաղը, Ազրպէյճանը, Պոսնիան եւ այլ եղբայրական շրջաններ: Երբ որ Թուրքիան կորսնցնէ իր անկախութիւնը եւ կորսնցնէ իր ապագան, այդ ժամանակ անշուշտ մենք կը կորսնցնենք մեր հետաքրքրութիւնը այդ տարածքներուն նկատմամբ նաեւ»: Հոս, բնականաբար, մեր հետաքրքրութիւնը կը սրի… արդեօք պարոն նախագահը կը վախնա՞յ Թուրքիոյ գերիշխանութեան վրայ…
Աւելի՛ն. ան շարունակելով իր յաղթական ելոյթը` կը յարէ. «Այսօր շատ պատմաբաններ կը խորհին, որ Թուրքիոյ սահմաններուն մէջ պէտք է մտնեն Կիպրոսը, Հալէպը, Մուսուլը, Էրպիլը, Քերքուքը, Պաթումը, Սալոնիկը, Վառնան, Արեւմտեան Թրակիան եւ Եգէական ծովու կղզիները»:
Կեցցե՜ս, պարո՛ն Էրտողան… այս ի՜նչ չնաշխարհիկ միտք… այս ի՜նչ բացառիկ հնարք ու գիւտ, երբ կը փորձես Թուրքիոյ սահմաններուն մէջ առնել վերոյիշեալ քաղաքներն ու շրջանները` առանց հաշուի առնելու այն, թէ ո՛վ կ՛ապրի այսօր այդ հողերու ու տարածքներու վրան: Արդեօք այդ երկիրներու բնակիչներ կը փափաքի՞ն գրկաբաց ընդունիլ ձեզ ու վերստին ձեզ տեսնել իրենց հետ կողք-կողքի… մոռցած ամէն տխուր օր, զոր ապրեցան սուլթանական ժամանակաշրջանին: Անոնք հազի՛ւ ազատագրեցին իրենց տուներն ու տեղերը ձեր նախահայրերուն թաթերէն եւ դուրս դրին ձեր «ենիչերիներ»-ը իրենց պապենական հողերէն: Հիմա հարց կու տանք, ինչո՞ւ այս նոր ոտնձգութիւնը` սակայն: Ի՞նչ հեռաւոր նպատակներ կը հետապնդէք եւ վասն ինչի՞: Չէ՞ր բաւեր անցնող վեց տարիներուն տիրութիւն ըրիք ու պաշտպանեցիք ահաբեկչական խմբակներ եւ զանոնք առաքեցիք Սուրիա… Հիմա ի՞նչ սադայէլական նոր ծրագիրներ կը մշակէք եւ որո՞ւ հաշուոյն:
Շարունակելով մեր հարցադրումը` կ՛ըսենք. արդեօք անբաւարա՞ր էին հայկական ու բիւզանդական հողատարածքները, զորս գրաւեցին ձեր պապերը` ջարդով ու կոտորածով, մահով ու քանդումով ու անոնց դարերու հայրենիքներուն վրայ հիմնեցիք Օսմանեան կայսրութիւնը` 1356 թուականին եւ նոր թրքական (որպէս թէ` ժողովրդավար) հանրապետութիւնը` 1923-ին, 1915 թուականին ցեղասպանութեան ենթարկելէ ետք մէկուկէս միլիոն հայորդիներ, մնացածներն ալ քշելով արաբական դեղին անապատները:
Ամէն պարագայի, դատապարտելով իր արտայայտածը, ես կը խորհիմ, որ իր ամբոխավար ճառին մէջ շա՜տ համեստ ու ժուժկալ գտնուած է այս անգամ Թուրքիոյ նախագահը եւ մնալով քաղաքավարութեան սահմաններուն մէջ` չէ պահանջած վերջնականօրէն Թուրքիոյ կցել` ամբողջ Իրաքը, Սուրիան, Լիբանանը, Յորդանանը, Եգիպտոսը, Սէուտական Արաբիան եւ Ծոցի երկիրները… կամ` Յունաստանն ու Պուլկարիան, հասնելու համար արեւմուտքէն` Պոսնիա, արեւելքէն` Ղարաբաղ… Իսկ ինչո՞ւ պարոն նախագահը չի խօսիր Չինաստանի մասին… չէ՞ որ անկէ եկած են թուրք ցեղախումբեր:
Դարեր շարունակ իրենց սպառնալիքներով ու մահասարսուռ յարձակումներով եւրոպական ու միջինարեւելեան կարգ մը երկիրներ ու քաղաքներ գրաւած, զինու ուժով իւրացուցած եւ այդ երկիրներու ժողովուրդները հարիւրամեակներ ստրկացուցած օսմանցի սուլթաններու նոր թոռը` Էրտողան, բացէ ի բաց, առանց դիւանագիտական ու քաղաքական սահմանումի կը համարձակի պահանջել` Կիպրոսը, Սուրիոյ Հալէպը, Իրաքի Մուսուլն ու Քերքուքը, քրտական Էրպիլը, Վրաստանի Պաթումը, յունական Սալոնիկը, Պուլկարիոյ Վառնան, Արեւմտեան Թրակիան եւ Եգէական ծովու կղզիները…
Վստահաբար այս պահանջկոտութեան ախորժակին տեղեկացան եւրոպական քաղաքակիրթ երկիրներ ու նամանաւանդ Միացեալ Նահանգները, որոնք հովանաւորն ու պաշտպանողն էին տարիներ շարունակ Թուրքիան եւ նեցուկը անոր, որոնք երէկուան «Հիւանդ մարդը» խնամեցին, բուժեցին, առողջացուցին, օգտագործեցին` հիւսիսի արջին դէմ եւ հիմա, վերջին շրջանին, շատ ալ տաք չեն Թուրքիոյ հետ` վերջինիս որդեգրած ռուսամէտ քաղաքականութեան պատճառով:
Որձեւէգ ու լարախաղաց Թուրքիան վերջին հարիւր տարիներուն շատ լաւ գիտցաւ օգտագործել իր պարանը` ջերմ համբոյր փոխանակելով մերթ Արեւելքի եւ մերթ Արեւմուտքի հետ, յարմարելով բոլոր «գաղափար-կաղապար»-ներուն, զարգացնելով իր երկիրը` բազմապիսի բնագաւառներու մէջ, ռազմականէն մինչեւ տնտեսականը եւ քաղաքականը անկասկածօրէն, որ առիթ կը շնորհէ իրեն խօսելու` որպէս հզօր երկիր:
Ահա՛ այդ է պատճառը, որ ռազմականօրէն ապահով ու զօրաւոր Թուրքիան այսօր սկսած է ձեռնոց նետել աջ ու ձախ` հպարտանալով իր «մեհմեթճիք»-ով, որ այսօր մուտք գործած ըլլալով Սուրիա եւ Իրաք` խուլ կը ձեւանայ երկու պետութիւններու պաշտօնական կոչերուն առջեւ, սիրաշահելէ ետք Ռուսիոյ գաղջ համաձայնութիւնը եւ Միացեալ Նահանգներու ձեւական ու հաճոյաբոյր հաւկուրութիւնը:
Մեզի համար թէեւ շատ հետաքրքրական է եւ զարմացնող` այս կացութեան մէջ լռութիւնը բոլոր այն երկիրներու քաղաքական ու պետական պատասխանատուներուն, որոնցմէ օր ցերեկով հող կը պահանջէ Թուրքիոյ նախագահը` հրապարակաւ, առանց զգուշութեան:
Հայաստանի հիւսիսային դրացին` Վրաստանը, որ շատ լաւ յարաբերութիւններ ունի հարեւան Թուրքիոյ հետ, զարմանալիօրէն անոր արտաքին գործոց նախարարութիւնը լուռ է եւ որեւէ ձեւով ձայն չի բարձրացներ` դատապարտելու համար այս հող ու տարածք` «Պաթում» քաղաքը պահանջող յայտարարութիւնը: Չենք գիտեր` վա՞խ… թէ՞ զգուշութիւն, կամ լուռ համաձայնութի՞ւն, գուցէ դիւանագիտական բարձր խա՞ղ… Կ՛երեւի մեր հասողութենէն վեր է այս խնամիական սիրաբանութիւնը:
Քաղաքական վերլուծաբաններու եւ Միջին Արեւելքի ապագայով հետաքրքրուած բոլոր ուսումնասիրողներուն համար իրապէս զարմանալի է եւ նորութիւն` թրքական սուր ու անկուշտ ախորժակը, որ կ՛ուզէ իր երախին մէջ առնել օտարապատկան հողատարածքներ… 79 միլիոն բնակիչ ունեցող Թուրքիոյ նախագահը պահ մը սակայն կը մոռնայ, որ Թուրքիոյ հարաւ-արեւելքը այսօր բնակեցուած է քիւրտ ազգաբնակչութեամբ, ուր կ՛ապրին 24 միլիոն քիւրտեր, որոնք տարիներէ ի վեր կը պայքարին ինքնավարութեան եւ, ինչո՞ւ չէ, ազատութեան ու անկախութեան համար: Նաեւ` Թուրքիան իր մէջ կը հաշուէ բազմամիլիոն ալեւիներ, որոնք կը տառապին նոյն պահանջով, ինչպէս նաեւ` այլ փոքրամասնութիւններ, որոնք կը սպասեն Թուրքիոյ մէջ ծագելիք նոր հրդեհներուն, որոնց պատրոյգը մօտ է բոցավառելու… Կը հաւատանք…