ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Հոլանտայի մէջ իւրաքանչիւր քայլափոխի կայուն, յարաճուն գիւղատնտեսութեան ապագան կը կազմաւորուի ոչ թէ մեծ ընկերութիւններու ժողովասրահներուն մէջ, այլ` հազարաւոր համեստ ընտանեկան տնտեսութիւններուն մէջ: Ասոր փաստը յստակօրէն կը տեսնենք, Թետ Տուիժվեսթին եւ անոր եղբայրներուն` Փիթըրի, Ռոնալտի եւ Ռեմքոյի երկրային դրախտին մէջ: Պալիցիներուն նման` Տուիժվեսթիները կառուցած են ինքնուրոյն սննդամթերքի համակարգ, ուր հաւասարակշռուած են մարդու հանճարեղութեան եւ բնութեան կարողականութիւնները:
Տելֆթ հին քաղաքին մօտ գտնուող Տուիժվեսթիներուն 146 հազար քառ. մեթր ջերմոցին մէջ այցելուները կը շրջին 6 մեթր բարձրութեամբ մութ կանաչ լոլիկի տունկերուն քովէն (5): Տունկերը արմատ նետած են ոչ թէ հողին, այլ` պազալթի եւ կաւիճի մանրաթելերէ հիւսուած թաղարներու մէջ: Տունկերը ծանրաբեռնուած են 15 տեսակի լոլիկներով` իրենց համով գոհացնելով բծախնդիր ճաշակները: 2015-ին միջազգային պարտիզամշակութեան մասնագէտներու դատական կազմը Տուիժվեսթիները անուանեց աշխարհի ամէնէն նորարար լոլիկ մշակողները:
2004-ին, փոխադրուելով եւ վերակառուցելով իրենց 70-ամեայ ագարակը, Տուիժվեսթիները որոշեցին անկախանալ բոլոր տեսակի արտաքին միջոցներէն: Ագարակը կ՛արտադրէ անհրաժեշտ ուժանիւթը, պարարտացուցիչները եւ նոյնիսկ բերքը բաշխելու եւ վաճառելու ծրարումի անհրաժեշտ սնտուկները: Ջերմոցներուն միջավայրի նպաստաւոր ջերմութիւնը ամբողջ տարուան ընթացքին կ՛ապահովուի ստորերկրեայ երկրաջերմուժի միջոցով, որ կ՛եռայ Հոլանտայի տարածքին առնուազն կէսին տակ: Ոռոգումի միակ աղբիւրը անձրեւէն հաւաքուած ջուրն է, կ՛ըսէ Թէտ, որ կը տնօրինէ մշակումի ծրագիրը:
Մանրաթելերուն մէջ արմատ նետած մէկ քիլօ լոլիկը 15 լիթրէն պակաս ոռոգման ջուրի կարիք ունի, մինչ բացօթեայ դաշտերունը` 60 լիթր: Տարին անգամ մը ամբողջ բերքը վերստին կը ցանուի նոր հունտերով, իսկ հին տունկերը մշակուելէ ետք կը գործածուին սնտուկներ շինելու: Այն սակաւաթիւ միջատները, որոնք կը մտնեն ջերմոց, կը դիմաւորուին գիշատիչ, անյագ ցեցերու պաշտպան բանակին կողմէ` նման Phytoseiulus persimilis-ին, որոնք հետաքրքրուած չեն լոլիկով, այլ կը յափշտակեն վնասակար սարդ ցեցերը:
Այցելութենէս քանի մը օր առաջ, Թետը մասնակցած էր հողագործներու եւ հետազօտողներու ժողովին, Վակենինկէնի մէջ: «Այս միջոցով է, որ նորարարութիւններ կը փոխանակենք` յառաջդիմելու եւ բարելաւելու: Հոլանտայի բոլոր շրջաններէն մարդիկ կու գան քննարկելու տարբեր հեռանկարներ եւ ընդհանուր նպատակներ: Ոեւէ մէկը առանձինն բոլոր հարցերուն պատասխանը չունի», ըսաւ ան:
Մահու կենաց հարցի մը պատասխանին որոնումը յանգեցաւ Հոլանտայի ամենանորարար ընկերութիւններէն մէկուն գոյացումին: 50 տարի առաջ Եան Քոփփերթ իր վարունգի ցանքին համար կը գործածէր թունաւոր միջատասպաններ: Երբ բժիշկը յայտնեց, որ ան զգայնութիւն ունի միջատասպաններու հանդէպ, Քոփփերթ միջատներու եւ սարդակերպերու բնական թշնամիներուն մասին ուսումնասիրութիւն կատարեց: Այժմ իր «Քոփփերթ կենսաբանական համակարգեր»-ը աշխարհի առաջնորդող կենսաբանական` միջատասպան եւ ախտաբուժ ընկերութիւնն է` 1330 պաշտօնեաներով եւ 26 միջազգային մասնաճիւղերով, արտադրութիւնը վաճառելով 96 երկիրներու մէջ:
Օրինակ, Քոփփերթ կրնայ հայթայթել բամպակի տոպրակներով կարմրորդի թրթուռներ, որոնք կը վերածուին լուիճներ լափողներու: Կամ` շիշ մը 2000 ցեց, որոնք կ՛որսան բոյսերու սարդացեցերը: Ոչ մէկ արհեստական բեղմնաւորում կը մրցի Քոփփերթի աշխուժ բզզամեղուներուն հետ, որոնց իւրաքանչիւր փեթակը կը բեղմնաւորէ օրական կէս միլիոն ծաղիկ: Այս միջոցով հողագործներ 20-30 տոկոս աւելի բերք կ՛արտադրեն եւ կէս ծախսով, քան թէ` արհեստական բեղմնաւորումով:
Հոլանտայի մէջ ծինային միջամտութեամբ հունտեր չեն գործածուիր եւ չեն արտադրուիր: Հունտ արտադրող առաջատարներէն` Հոլանտան 2016-ին արտածած է մօտ 1,7 միլիառ տոլարի հունտ: Ըստ «Քիճին» ընկերութեան Արժեն Վան Թունենի, մասնիկային բուծումի գիտութիւնը*, առանց ծինային միջամտութեան, յատկանշական արդիւնք կու տայ, այնպէս, ինչպէս 10 հազար տարի առաջ «Արգասաբեր մահիկի» հողագործները կ՛օգտագործէին: Հելին Պոս կ՛ըսէ, որ այսպիսի արհեստագիտական մէկ լոլիկի հունտ, որ կ՛արժէ կէս տոլարէն նուազ, կ՛արտադրէ անհաւատալի` շուրջ 68 քիլօ լոլիկ:
«Սնունդի հովիտի» շատ մը գործարարներու նման` Պոս աշխատած է աշխարհի ամէնէն աղքատ երկիրներու արտերուն եւ քաղաքներուն մէջ: Վերջին 30 տարիներուն պաշտօնավարած է Մոզամպիքի, Նիքարակուայի եւ Պանկլատէշի մէջ ու գիտէ, որ անօթութիւնը եւ աւերիչ սովը վերացական վտանգներ չեն: «Անշուշտ այսպիսի երկիրներու մէջ անմիջապէս չենք կրնար կիրարկել Հոլանտայի գերարդիական հողագործութիւնը, սակայն կը կիրարկենք միջին արդիական լուծումներ, որոնք հսկայական արդիւնք կու տան», կ՛ըսէ Պոս: Ան օրինակ կը բերէ համեմատաբար ծախսը քիչ, թափանցիկ կերպընկալ ձեւանիւթէ ջերմոցները, որոնք եռապատիկ բերք տուած են` բաղդատաբար բացօթեայ դաշտերուն, ուր բերքը ենթակայ է երաշտի` չորացումի եւ մակաբոյծներու:
2008-էն Ռիժք Զուան օժանդակած է մշակումի ծրագիրի մը Թանզանիոյ 200 հազար քառ. մեթր արտի մը մէջ: Հունտերը կը ղրկուին Հոլանտա որակական քննութեան չափերը ծլարձակումի արագութիւնը, զտութիւնը եւ դիմադրողականութիւնը` մակաբոյծներու եւ ախտերու դէմ: Համագործակցութեան ծրագիրներ ընթացքի մէջ են Քենիոյ, Փերուի եւ Կուաթեմալայի մէջ: «Կը փորձենք իրենց յատուկ պայմաններուն յարմարող հունտեր զարգացնել», կ՛ըսէ Պոս: Սակայն կը շեշտէ կարեւորութիւնը մնայուն կերպով գործակցելու, զրուցելու հողագործներուն հետ` հասկնալու անոնց դժուարութիւնները, եւ ոչ թէ` վերէն վար մօտեցումը, որ կը ձախողի նման օտար բարեսիրական ծրագիրներու մէջ:
Հոլանտացի կարգ մը հետազօտողներու կարեկցութիւնը` անօթութեան վտանգին ենթարկուած ժողովուրդներուն, կը ծագի ազգային հոգեցնցումէն. Հոլանտան Բ. Համաշխարհային պատերազմի վերջին տարին սովի պատճառով կորսնցուց 10-20 հազար մարդ: Տասնեակ տարիներ ետք ՎՀՀ-ի յարաճուն զարգացման եւ սննդամթերքի ապահովութեան պատուակալ փրոֆեսօէր` Ռուտի Ռապինկէ բարեփոխեց համալսարանը` ուսումնական ծրագիր, դասախօսներ եւ ուսանողութիւն, հաստատութիւնը վերածելով, իր խօսքով` «Աշխարհի համար համալսարանի»: Այժմ ակադեմական հետազօտութիւններուն կարեւոր մէկ մասը յատկացուած է աղքատ երկիրներուն:
Համալսարանը աւարտողներուն 45 տոկոսը եւ դոկտորներուն երկու երրորդը կ՛աշխատին արտերկրի հարիւրէ աւելի երկիրներու մէջ: Չին եւ ինտոնեզիացի համալսարանականները մեծամասնութիւն կը կազմեն, եւ անոնցմէ շատեր կը պաշտօնավարեն ասիական, ափրիկեան եւ հարաւամերիկեան գիւղատնտեսութեան նախարարութիւններուն մէջ: Ապա հեղինակը տեսակցութիւններ կ՛ունենայ համալսարանի կարգ մը օտար ուսանողներու հետ, որ զանց առի յօդուածը կրճատելու նպատակով:
«1944-45 մահացու սով մը տարածուեցաւ Ճաւայի մէջ` պատճառ դառնալով 2,4 միլիոն մարդու մահուան: Շրջանային բերքի կործանիչ ձախողութիւնները մտահոգած են Ինտոնեզիան, նոյնիսկ` վերջերս, 2005-ին: Սննդամթերքը հերթական կերպով կ՛անհետանայ Նեփալի գիւղաբնակ շրջաններուն մէջ` երաշտի եւ ներածումի բարձր արժէքին պատճառով: 2011-ին սովը տարածուեցաւ «Ափրիկէի եղջիւր» (Եթովպիա, Էրիթրէա, Ճիպութի եւ Սոմալի) շրջանին մէջ` ազդելով 13 միլիոն մարդու վրայ. իսկ 2017-ին 1,6 միլիոն ուկանտացիներ սով կը դիմագրաւեն, եթէ այլ երկիրներէ օժանդակութիւն չստանան: Այս բոլորը այն ժամանակ աներեւակայելի էին, սակայն անոնք աննշմար են` բաղդատելով ապագայի նախատեսութեան հետ:
Սովի սպառնալիքի ենթակայ վերոնշեալ երկիրներուն եւ դիմացի Եմէնի ճգնաժամը կ՛ազդէ 20 միլիոն եւ անողոքելի կերպով թիւը աւելցող ժողովուրդին վրայ: Ըստ ՄԱԿ-ի, «Մարդկային ամենամեծ ճգնաժամը կը դիմագրաւենք ՄԱԿ-ի ստեղծումէն ի վեր», 2017 մարտին ազդարարեց շտապ օգնութեան համադրող Ստեփան Օ՛Պրայըն: «Մեր դժուարագոյն գործը մեր ժողովուրդին ըմբռնումը փոխելուն մէջ կը կայանայ` գալիք ճգնաժամին մասին, եւ ի՞նչ պէտք է ընել զայն դիմագրաւելու համար», կ՛ըսէ Նանտուտու: «Այդ է իմ գործս, երբ երկիր վերադառնամ: Չենք կրնար երես դարձնել իրականութեան»:
Վակենինկենէն շուրջ 6400 քմ հարաւ` «Ափրիկէի արեւելեան ճեղք» հովիտին լուբիայի ընտանեկան արտին մէջ հոլանտական «ՍոյլՔերզ» հողագործութեան ճարտարարուեստական ընկերութեան խումբը կը բացատրէ յատկութիւնները` ձեռքի փոքր գործիքին: Բջիջային հեռաձայնի միջոցով գործիքը կը չափէ հողին քիմիական բաղադրութիւնը, կենսաբանական նիւթերը եւ այլն եւ կը յղէ Հոլանտա գտնուող տուեալադարան, որ 10 վայրկեանէն պատասխան տեղեկագիրով մը կը ղրկէ հողին անհրաժեշտ սնուցիչները եւ անհրաժեշտ պարարտացուցիչը: Քանի մը տոլարով տեղեկագիրը տուեալներ կը տրամադրէ, որոնք կը նպաստեն բերքի կորուստը նուազեցնելու, մինչ հողագործը ցարդ որեւէ հողի տարրալուծարանային ծառայութեան միջոց չէ ունեցած:
Ըստ մօտաւոր նախահաշիւի, աշխարհի 570 միլիոն ագարակներէն միայն 5 տոկոսէն նուազը հողի տարրալուծարանային ծառայութեան կարելիութիւն ունի: Այսպիսի թիւերն են, զորս հոլանտացիները մարտահրաւէր կը նկատեն:
«Մեր աշխատանքը ի՞նչ կը նշանակէ զարգացող երկիրներուն, այս հարցը միշտ օրակարգի վրայ է», կ՛ըսէ Մարթին Շոլթըն` ՎՀՀ-ի կենդանաբանական գիտութեան բաժնի վարիչը: «Այս է մեր խօսակցութեան նիւթը», կ՛եզրափակէ ան:
Տարածել գիտութիւնը, կերակրել աշխարհը` Վակենինկէն համալսարան եւ հետազօտութիւնը, հաստատուած «Սնունդի Հովիտին» մէջ` հոլանտական գերարդիական նմանակը «Սիլիքոն Հովիտին», բանալին է հողագործութեան յաջողութեան, որ կ՛արտածէ նաեւ դէպի աշխարհ»:
Հայաստանը իբրեւ գերազանցօրէն գիւղատնտեսութեան երկիր` օժտուած է անհամեմատօրէն շատ աւելի բարենպաստ պայմաններով, քան` Հոլանտան: Դժբախտաբար, սակայն, տակաւին սննդամթերք կը ներածենք նոյնիսկ մեր թշնամիներէն… Ժամանակն է, որ Հայաստանը դառնայ ոչ միայն ինքնաբաւ, այլ` սննդամթերք արտածող առաջատար երկիր: Արտադրողական մնացեալ բոլոր բնագաւառները էական, սակայն ՏՆՏԵՍԱՊԷՍ երկրորդական են: ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՆՑՔԸ ՊԷՏՔ Է ԸԼԼԱՅ ԳԻՒՂԱՏՆՏԵՍՈՒԹԻՒՆԸ, հեռու` կարկտան միջոցներէ, կասեցնելով արտագաղթը եւ գործնապէս ծրագրելով` բարձրացնել բնակչութեան թիւը:
10 հոկտեմբեր 2017
(Շար. 2 եւ վերջ)
Ծանօթ.-
1. Թարգմանութեան ճշգրտութեան համար օգտագործուած են «Նայիրի» կայքէջի բառարանները:
2, *Կարգ մը շեշտադրումներ իմ կողմէս:
3, LED= Light Emitting Diode = Լոյս արձակող ուղարկիչ` Լուսարձակ Ուղարկիչ:
4, Հոմակենսութիւն = Symbiosis
(1) ( http://www.nationalgeographic.com/magazine/2017/09/holland-agriculture-sustainable-farming/ )
(2) ( http://www.amsterdam.climatemps.com/sunlight.php )
(3) ( http://www.atb.am/en/armenia/nature/climate/ )
(4) ( http://www.aztagdaily.com/archives/364045 )
(5) ( http://duijvestijntomaten.nl/en/ )