Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Սեւրի Դաշնագրի Տեղն Ու Դերը Հայոց Յեղափոխական Արդի Մտածողութեան Մէջ (20 Օգոստոս 1920)

$
0
0

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ 

Քաղաքական մտածողութենէ թելադրուած, հաւանաբար, ճիշդ պիտի ըլլար յօդուածը խորագրել սապէս. այսօր ինչպիսի՞ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ կամ ի՞նչ մակարդակի տեղ կը գրաւէ Սեւրի դաշնագիրը աշխարհաքաղաքական մերօրեայ դասաւորումներու հարթակին վրայ:

Իսկ ինչո՞ւ նման հարցադրում. պարզապէս գիտնալու, թէ արդեօք անիկա գերպետութեանց առաջնահերթութիւններու շարքի՞ն է, որոշումներ կայացնող հզօր երկիրներու կիզակէտի՞ն, անոնց մտասեւեռումին առարկա՞ն է, թէ՞ ընդհանրապէս զայն կարելի է շահագործել ստեղծուած տարբեր իրավիճակներու արանքին:

Դժբախտաբար գաղութարար պետութիւններու պատեհապաշտ, աճպարար եւ շահամոլ քաղաքական եւ զինուորական վարքագիծերուն վկան է եղած հայութիւնը աւելի քան 100 տարի է:

Ահա թէ ինչո՛ւ չենք շեշտադրեր վերեւ յիշուած հարցադրումներուն տարողութիւնը, որովհետեւ հայոց պետականութիւնն ու քաղաքական միտքը ցարդ հեռու է նման ոլորտներու մէջ ազդեցիկ եւ կողմնորոշիչ դերակատարութիւն ունենալէ, միջազգային մակարդակի վրայ ուժեղ կշիռ բանեցնել` եւ ի հարկին համապատասխան կացութիւններ ստեղծելէ, այլ խօսքով` Սեւրի դաշնագիրը իրականացնելէ:

Սա դառն իրականութիւն է` մեր հոգիները կճրտող եւ մտքերը տառապեցնող:

Միւս կողմէ, սակայն, առանց դոյզն երկմտանքի կրնանք եւ մեր արդար իրաւունքն է հարցադրել, թէ Սեւրի դաշնագրի ամբողջական ընկալումը հայոց յեղափոխական արդի մտածողութեան պաստառին վրա՞յ է, այսինքն` հայութիւնը իր պետական համակարգով ի վիճակի՞ է իրականացնել սեւրեան երազանքը:

Սա արդէն ներազգային կեանքի մտածական տարածք է, որուն մասին հարկ է ունենալ պատկերացում եւ ցոյց տալ քաղաքական մտքի հասունութիւն:

Արդ, երբ կ՛ակնարկուի հայոց յեղափոխական մտածողութեան, ըսել կ՛ուզուի, որ նման հաւաքական մտքի աստիճանաչափ ունի եզակի դրոշմ, խարսխուած է հայոց  պատմութեան ակունքներուն, ընդելուզուած` ազգային առանձնայատկութիւններու մէյ-մէկ արժանիքին հետ եւ վաստկած` փառքը իրերայաջորդ սերունդներու:

Իրօք, յեղափոխական մտածողութիւնը ինքնին կամրջում մըն է` անցեալէն եկող ու դէպի ապագայ սլացող: Անով կարելի է ներկայի կեանքը հունաւորել եւ հետագայի աշխատանքները ոգեղինացնել:

Այլ խօսքով` անիկա ըմբոստացումի, պայքարի, պահանջատէր կեցուածքի եւ յեղափոխաշունչ ոգիի ամէնէն իրական արտայայտութիւնն է: Յայտնապէս նման մտածողութեամբ ազգեր կ՛ապրին, կը ստեղծագործեն, կը վերանորոգուին եւ կը գոյատեւեն:

Յեղափոխական մտածողութիւն հասկացութիւնը չ՛ենթադրեր անպայման զէնքի ու պատերազմի հրաւէրներ, այլ ատոնց հետ միատեղ ու հաւասարաչափ անիկա յառաջադէմ եւ ուժեղ ըլլալու պատգամն է, պետական ամրակայուած համակարգի ու քաղաքական մտքի ամենաբարձր չափորոշիչներով աշխատանք կատարելու գիտութիւնն է, նաեւ` ազգային խոր գիտակցութիւնը:

Հաւանաբար չափազանցուած ու եթերային թուին վերոնշեալ ընդգծումները  բոլոր անոնց համար, որոնք կ՛առաջնորդուին, այսպէս ասած, իրապաշտական յղացքներով, այսինքն` պահպանողական ապրելակերպի ուղեկցութեամբ:

Ի դէպ, նման պարտուողական վարքագիծ ծանօթ իրականութիւն է բոլորիս  համար: Հեռաւոր թէ մօտիկ անցեալի հայոց պատմութիւնը կը յուշէ ըստ ամենայնի:

Յայտնենք, որ յեղափոխական բառեզրին եւ անոր ցոյց տուած իմաստին հարկ է առնչել նաեւ տրամաբանութիւն եւ տրամադրութիւն հասկացութիւնները, որպէսզի մեր կարգին գերին չդառնանք ամբոխավար ասոյթներու, աժան վերագրումներու եւ անմիջական յուզումներու:

Փաստօրէն, հայոց պետական-քաղաքական, ընկերային-տնտեսական, գաղափարական թէ այլ բնագաւառներու կողքին, այս օրերուն ինչո՛ւ կ՛ուզենք շեշտը դնել հայոց յեղափոխական արդի մտածողութեան վրայ, բայց մանաւանդ` ինչպիսի՞ պետական համակարգի պատկերացումներ կ՛ուզենք ունենալ, երբ կը խօսինք այնքան էական եւ պատմակշիռ եղելոյթներու մասին:

10 օգոստոս – 22 նոյեմբեր 1920:

Իրերայաջորդ զոյգ թուականներ, որոնք ուղղակիօրէն կ՛առնչուին հայութեան եւ անոր հողային իրաւունքներու ձեռքբերման:

Այսպէս ասած, զիրար ամբողջացնող զոյգ իրադարձութիւններ, որոնք միջազգայնօրէն ճշդեցին ու ամրագրեցին հայ պետականութեան ճակատագիրը` Արեւմտահայաստանի ազատագրումը, հայութեան բնօրրան վերադարձն ու միացեալ Հայաստանի ծնունդը:

Օրին, անկախ Հայաստանի պատուիրակութեան ու անոր ներկայացուցիչին` Աւետիս Ահարոնեանի գրիչով նուիրականացած սեւրեան իրագործումը, թէեւ մնաց սպիտակ թուղթի գերին, այդուհանդերձ` Վուտրօ Ուիլսընի իրաւարար վճիռով սկիզբ կը դրուէր միջազգայնօրէն ընդունուած եւ վաւերացուած փաստաթուղթի մը, որ կ՛ընդգրկէ  պատմական եւ իրաւական անփոխարինելի արժեչափեր:

Արժեչափեր, որոնց հիմքը մարդկային իրաւունքներու պահպանումն է, ժողովուրդներու ազատատենչ եւ ինքնիշխան ապրելու ձգտումը, պետականութեան ամրակայումն ու հայրենի հողին պաշտպանութիւնը:

Սեւրի դաշնագիրը ստորագրուեցաւ ատենի հզօր պետական եւ իրաւական համակարգերու կողմէ, երբ աւելի քան տասը ազդեցիկ պետութիւններ (Ֆրանսա, Անգլիա, Իտալիա, Յունաստան, Պելճիքա, Ճափոն, Լեհաստան, Միացեալ Նահանգներ եւ այլն), ներառեալ` դաշնագիրի առնչակից երկիրներ Հայաստան եւ Օսմանեան կայսրութիւն, անոնք առանձնապէս ընդունեցին Հայաստան աշխարհի քաղաքական եւ իրաւական գոյութիւնն ու հայութեան հողային իրաւունքի անժամանցելիութիւնը:

Ճիշդ է նաեւ այն, որ միջազգային դաշնագիրներ, ինչպէս անցեալին, նաեւ այս օրերուն ոչ մէկ նշանակութիւն կրնան ունենալ, եթէ երբեք անոնց ետին չկանգնին հզօր կռուաններ, ինչպէս` ուժեղ պետական համակարգ, դիւանագիտական փորձառութիւն եւ տնտեսական  հզօր կարելիութիւններ:

Օրին Սեւրի դաշնագիրը զոհ գնաց գերպետութիւններու խօլ եւ խենեշ մրցակցութեան պատճառով ստեղծուած թշնամական կեցուածքներու, թուրքի խորամանկ եւ աղուէսային վարքագիծին, ինչպէս նաեւ` հայ իրականութեան մէջ առկայ քաղաքական ներհակ կողմնորոշումներու:

Այլ հարց, որ հայ քաղաքական միտքը ցոյց կու տար որոշակի ճկունութիւն, կ՛աշխատէր քանի մը ուղղութեամբ, այդուամենայնիւ, անզօր Հայաստան մը չէր կրնար ինքզինք պարտադրել եւ ապահովել Սեւրի յաջողութիւնը:

Ժողովուրդներու պատմութեան վերջին 100-ամեակը կ՛ընդգրկէ քանի մը իրադարձութիւն, որ պատճառ դարձաւ աշխարհաքաղաքական խոր ցնցումներու եւ քարտէսագրական արշաւներու: Սայքս Փիքոյի (16 մայիս 1916) ծաւալապաշտ եւ գաղութարար քաղաքական վարքագիծը արդէն ցուցանիշ էր հետագայ տարիներու եւ տասնամեակներու պատահելիք պատերազմական ուղղութիւններուն:

Օրուան միջազգային համայնքը իբրեւ թէ Սեւրի դաշնագիրով եւ Լոզանի (24 յուլիս 1923) վեհաժողովով փորձ կը կատարէր սանձելու միջազգային քաղաքական լիրբ ախորժակները եւ յոյս ներշնչել փոքր ժողովուրդներու, այդուամենայնիւ, ատոնք մնացին լոկ բարբաջանքներ եւ պատրանքներ:

Այսօր, երբ աշխարհաքաղաքական թէ քարտէսագրական խօլ արշաւներու եւ մահասփիւռ պատերազմներու թատերաբեմ է դարձած երկրագունդի գրեթէ մէկ երրորդ տարածքը,  երբ Միջին Արեւելքի, Հիւսիսային Ափրիկէի թէ եւրոպական Ասիոյ հսկայական հողամասերու վրայ ահաւոր պատերազմներ կը մղուին, երբ Սուրիան զոհ է դարձեր հաւատադրժող խաժամուժի եւ մարդակեր վոհմակներու քմայքին, երբ արաբ-իսրայէլեան, քիւրտ-թրքական թէ միջարաբական պատերազմները, այսպէս ասած, «կ՛աւետեն» նոր Միջին Արեւելքի մը ծնունդը, նոր աշխարհակարգի մը հորիզոնին վրայ երեւումը, ապա, հայութիւնը աւելի քան երբեք պարտաւոր է մէկդի թողուլ ներքին տարակարծութիւնները, զիրար չհանդուրժելու բարդոյթը եւ քաղաքական սին հաշիւները, եւ անյապաղ լծուելու համազգային ու համահայկական մասշտապի աշխատանքներու:

Արդ, ի՞նչ կ՛արժէ բարձրագոյն ամպիոններէ անգամ ճառել Սեւրի դաշնագրի իրաւական թէ քաղաքական արժէքին մասին, երբ զայն իրականացնելու երկար ճանապարհին հայ պետական աւագանին թէ քաղաքական միտքը քայլ առ քայլ այդ ուղղութեամբ չ՛ընթանար: Երբ դիւանագիտական ուժեղ եւ անշրջանցելի համակարգի կռուաններ ստեղծելու աշխատանքները տակաւին կը յամենան:

Ի՞նչ բանի կը ծառայեն այն բոլոր պատմագիտական վերլուծութիւններն ու բարոյահոգեբանական դասերը, երբ հայ պետականութիւնը տակաւին չէ գիտակցած, որ ունի անյետաձգելի յանձնառութիւն ազգը համախմբելու, հզօր Հայաստան կերտելու, հայրենադարձութեան զուլալ շունչ ու ազնիւ  ոգի սնուցելու:

Որո՞ւ համար է պէտք սեւրեան Հայաստանի մը ծնունդը, երբ արտագաղթի յորձանուտին դէմ դնելու փոխարէն, հայ պետական համակարգը ցոյց կու տայ  խեղճութեամբ յագեցած վարքագիծ, ինքնագոհ եւ փերեզակի կեցուածք:

Արդեօք ականատես չե՞նք, թէ փոքր, բայց հզօր պետութիւններ ինչպիսի՞ միջոցներու կը դիմեն պաշտպանուելու եւ յառաջադէմ ազգ ու հայրենիք կերտելու: Ինչպիսի՞ սերունդներ պիտի դաստիարակուին, որպէսզի անոնք իրենց կարգին դառնան յանձնառու հայեր, ինքնավստահ քաղաքական գործիչներ եւ ինքնաբաւ զարգացած սերունդներ, որոնք պիտի ստանձնեն հայրենիքի առաջնորդութիւնը:

Կարելի՞ է Սեւրի երազանքը իրականացնել, երբ հայութիւնը իր զարմանազան սփիւռքներով եւ ուծացման սպառնալիքով կ՛անհանգստացնէ ամէնէն անտարբեր հայերն անգամ:

Ո՞ւր մնաց այն լոզունգախառն արտայայտութիւններու ազդեցութիւնը, հայութեան տնտեսական, քաղաքական, գիտական ներուժէն առաւելագոյնս օգտուելու յանուն միացեալ ու ամբողջական Հայաստանի մը կերտումին:

Առիթով մը շեշտած ենք, թէ Սեւրի դաշնագիրը ազգային իրաւունք է միջազգային դաշնագիր ըլլալէ առաջ, եւ անոր իրականացումը, եթէ երբեք մէկ կողմէ կ՛ենթադրէ աշխարհաքաղաքական նորովի դասաւորումներ, ապա միւս կողմէ անոր ոգին վառ պահելու ամէնէն ճիշդ ճանապարհը այսօրուան Հայաստանի հզօրացումն է, զայն զերծ պահելն է համատարած փտածութենէ, ահաւոր չքաւորութենէ, մենատիրական վարքագիծերէ, ընկերային անարդարութենէ, քաղաքական խաղքութենէ, մենաշնորհեալ վիճակներէ, հայութեան ստեղծագործ ոգին անճիտելէ, աղքատ հայու ճակատագրէն հայութիւնը ձերբազատելէ, ապազգային ու վատոգի մօտեցումներէ եւ այլն, եւ այլն:

Հարկ է պատրաստուիլ, գոնէ ասկէ ետք, առաւելագոյնս օգտուելու միջազգային  մակարդակի քաղաքական ցնցումներէն եւ ձեռք բերելու գէթ նուազագոյն առաւելներ յանուն ազգային երազանքի իրականացման:

Սեւրի դաշնագիրը նաեւ այս կը յուշէ:

7 օգոստոս 2017


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>