Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Յեղափոխութեան Գաղափարը Ըստ Կրամշիի

$
0
0

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Կրամշիի կենսագրութիւն

Անթոնիօ Կրամշի եղած է իտալացի մարքսական տեսաբան մը: Ծնած է 22 յունուար 1891-ին եւ մահացած ֆաշական չարչարանքի տակ` 27 ապրիլի 1937-ին, բանտին մէջ:

Իր մէջ ընկերվարական գաղափարները ի յայտ կու գան իր ուսանողութեան ժամանակ, երբ ան կ՛ուսանի լեզուաբանութիւն Իտալիոյ արդիւնաբերական քաղաք Թուրինի համալսարանին մէջ` 1911-ին:

Թուրինի մէջ Կրամշիի ուսանողութեան տարիներուն նոր սկսած էր ինքնաշարժներու արտադրութեան ճարտարարուեստը. «Ֆիաթ»-ի եւ «Լանսիա»-ի գործարանները կը խրախուսէին բանուորները, որոնք կ՛ապրէին նիւթական ծանր պայմաններու մէջ:

Այդ ծանր պայմաններուն պատճառով ալ Թուրինի մէջ կը մեծնայ Ընկերվարական կուսակցութեան ժողովրդականութիւնը եւ կը հիմնուի արհեստակցական միութիւն` պաշտպանելու համար բանուորներուն իրաւունքները:

Ծնած ըլլալով Սարտինիա կղզիին մէջ`  ան հեռու էր ընկերվարութենէն եւ միայն կը զօրակցէր գիւղացիներու բողոքներուն` յանուն անոնց ընկերային-տնտեսական կեանքի բարելաւման: Թուրինի քաղաքային կեանքը Կրամշին կը մղէ դէպի ընկերվարութիւն: Ան հանդիպումներ կ՛ունենայ քաղաքին մէջ գտնուող ընկերվարական անհատներու հետ, աւելի մօտէն կը հետեւի ընկերվարական շրջապատին, իսկ 1913-ին վերջնականապէս կ՛անդամակցի Ընկերվարական կուսակցութեան:

Իր նիւթական ծանր պայմաններուն եւ հիւանդութեան պատճառով Կրամշին 1915-ին կիսատ կը ձգէ ուսումը եւ իր սեփական ջանքերով կը հետեւի ինքնազարգացման` պատմական եւ փիլիսոփայական նիւթերուն շուրջ:

Կիսատ ձգելով ուսումը` ան կը նետուի գործի ասպարէզ: Ան արդէն իր ուսանողութեան տարիներուն (1914-էն) դարձած էր յօդուածագիր` ընկերվարական «Ժողովուրդի կանչ» օրաթերթին մէջ եւ իր այդ յօդուածագրութեան շնորհիւ ան հանրածանօթ կ՛ըլլայ լրագրական շրջանակներուն մէջ:

1916-ին ան կը դառնայ Ընկերվարական կուսակցութեան «Յառաջ» պաշտօնաթերթի Պիեմոնտի (մարզ մը, որ կը գտնուի Իտալիոյ հիւսիս-արեւմոտքը) մասնաճիւղի փոխխմբագիրը:

Յեղափոխական գործունէութիւնն ու գաղափարները

1916-էն սկսեալ, երբ Իտալիան արդէն իսկ մտած էր Համաշխարհային Ա. պատերազմին մէջ, եւ ժողովրդային խաւերը դժգոհ էին ընկերային-տնտեսական ծանր պայմաններէն, Կրամշի այդ թէժ տարիներուն կը սկսի ներդրում կատարել աշխատաւորական շարժման դաստիարակչական աշխատանքին մէջ: Ան կը դասախօսէր Ֆրանսական յեղափոխութեան, Փարիզի կոմունայի, կիներու իրաւունքներուն եւ ընկերային ու փիլիսոփայական այլ նիւթերու մասին` Թուրինի արհեստակցական միութեան կեդրոնին մէջ:

1917-ը բողոքներու տարի մը կ՛ըլլայ իտալական աշխատաւորական շարժումին համար: Կը բարձրանան «յեղափոխութեան» ձայները, որոնք իրենց յոյսը կտրած բարեփոխական ձախող փորձերէն, կոչ կ՛ուղղեն Ընկերվարական կուսակցութեան` որդեգրելու յեղափոխական գործելակերպը` կերտելու համար ընկերվարական համակարգ մը Իտալիոյ մէջ: Կրամշին կ՛ըլլայ կուսակցութեան մէջ յեղափոխական այդ թեւի գլխաւոր դէմքերէն մէկը:

Նոյն այդ օրերուն Կրամշի կ՛ընտրուի Ընկերվարական կուսակցութեան Թուրինի շրջանային կոմիտէի անդամ եւ կը նշանակուի «Ժողովուրդի կանչ» օրաթերթի խմբագիր:

Իբրեւ յեղափոխական գործիչ` Կրամշի համակրանք կը տածէ Ռուսիոյ մէջ ծագած Հոկտեմբերեան յեղաշրջումին նկատմամբ: Ռուսիոյ համայնավարներուն պէս, Կրամշի կը հաւատար, որ ընկերվարական յեղափոխութեան մէջ առաջնորդողի դերակատարութիւնը պէտք է ըլլայ բանուորական խորհուրդներուն ձեռքը:

Ընկերվարական կուսակցութեան յեղափոխական թեւի անդամները (Կրամշիի գլխաւորութեամբ) 1 մայիս 1919-ին կը հիմնեն «Նոր ուղղութիւն» շաբաթաթերթը, որ դարձաւ 1919-ին Իտալիոյ մէջ տեղի ունեցած բողոքներու գաղափարական խօսափողը:

13  սեպտեմբեր 1919-ին Կրամշի կը գրէ «Յեղափոխութեան զարգացումը» յօդուածը` «Նոր ուղղութիւն» շաբաթաթերթին մէջ: Այդ յօդուածը կը դառնայ բանուոր դասակարգի պայքարին մղիչ ուժը: Ան կը գրէր. «Միայն բանուոր դասակարգը կրնայ փրկել մարդկային հասարակութիւնը բարբարոսութենէն եւ տնտեսական փլուզումէն… Բանուոր դասակարգը այդ փրկարար աշխատանքը կը կատարէ, երբ ինքզինք կը կազմակերպէ իբրեւ գերիշխող դասակարգ` պարտադրելով իր սեփական բռնատիրութիւնը (դիկտատուրան)` քաղաքական եւ արդիւնաբերական մարզերուն մէջ»:

Վերլուծելով յեղափոխութեան առարկայական ու ենթակայական պայմանները` ան նոյն յօդուածին մէջ կ՛աւելցնէր. «Պրոլետարական յեղափոխութիւնը պարտադրուած է եւ չէ առաջարկուած: Պատերազմին պատճառով ստեղծուած պայմանները (տնտեսական պաշարներու` հաւաքականութեան եւ անհատներու նախնական կարիքներու ապահովման ծայրայեղ անբաւարարութիւնը, արտադրութեան միջոցներու եւ միջազգային առեւտուրի կեդրոնացումը փոքրամասնութեան ձեռքը, աշխարհի երկիրներու գաղութատիրական ենթակայութիւնը անկլօ-սաքսոնական դրամատիրութեան եւ ազգային գետնի վրայ քաղաքական ուժերու կեդրոնացումը փոքրամասնութեան ձեռքը) կրնան ստեղծել հետեւեալ արդիւնքները. կա՛մ ընկերային ուժի նուաճումը բանուոր դասակարգին կողմէ` իր սեփական մեթոտներով եւ գործիքներով` դադրեցնելու համար քաղաքացիական աշխարհի քանդումը եւ նոր հիմքեր դնելու, ուր կարելի կ՛ըլլայ վերականգնել օգտակար գործունէութիւնը եւ կենսական ու կենսուժային արագ մղման զարկ տալ դէպի արտադրութեան եւ ընկերային կեանքի բարձունք, կա՛մ սովահար մահ եւ աշխատաւորներու ուժաթափութիւն, կա՛մ ալ ընկերային անկում` շարունակական կոտորած, մինչեւ որ վերահաստատուի հաւասարակշռուած յարաբերութիւն մը` դրամատիրական արտադրութեան եւ սպառող զանգուածներուն միջեւ»:

1919-ին Իտալիոյ արդիւնաբերական շրջանակներուն մէջ կը հիմնուին բանուորական խորհուրդներ, որոնք կը գրաւեն գործարանները եւ կը հիմնեն բանուորական սեփական իշխանութիւններ: Այդ գաղափարները յայտնի էին Կրամշիի «Բանուորներու ժողովրդավարութիւն» յօդուածին ընդմէջէն, որ լոյս տեսած է «Նոր ուղղութիւն» շաբաթաթերթին մէջ, 21 յուլիս 1919-ին: Սոյն յօդուածին մէջ ան կը գրէ. «Աշխատաւորները պէտք է անցնին ընտրելու իրենց պատգամաւորները` ընտրելով լաւագոյնն ու գիտակիցը: Գործարանային բոլոր ուժերը, գործարաններու կոմիտէութեանց  կապուած ըլլալով, պետութեան ուժը պէտք է տրուի բանուորական եւ գիւղացիական խորհուրդներուն»:

Իտալիայի Ընկերվարական կուսակցութիւնը չի քաջալերեր «յեղափոխական ընկերվարութեան» մեթոտը, եւ ատիկա պատճառ կը դառնայ յեղափոխութեան ձախողութեան: Իշխանութիւնները 1920-ին կը լուծեն խորհուրդները, իսկ յեղափոխականները կը հրաժարին Ընկերվարական կուսակցութեան անդամակցութենէն, որովհետեւ վերջինս կը մերժէ թիկունք կանգնիլ իրենց:

21 յունուար 1921-ին Կրամշին միւս յեղափոխական ընկերվարականներուն հետ կը հիմնէ Իտալիոյ Համայնավար կուսակցութիւնը:

Կրամշիի մտածումները շատ տարբեր էին բազմաթիւ համայնավարներու գաղափարներէն: Ան քննադատեց Ստալինի վարած մենատիրական եւ միակուսակցական պետութեան քաղաքականութիւնները, առաւել` խորհուրդներու անտեսումը:

Կրամշի, ի հակադրութիւն միւս համայնավարներուն, կ՛ուզէր հիմնել միասնական ճակատ մը ընդդէմ ֆաշական իշխանութիւններուն` այդ ճակատին մէջ ընդգրկելով ընկերվարականներն ու արհեստակցական միութիւններու անդամները:

Կրամշիի ժառանգութիւնը կը գտնուի նախորդ դարու 70-ական թուականներու ընթացքին արեւմտեան Եւրոպայի մէջ ձեւաւորուած եւրոհամայնավարութեան մէջ, որ նպատակ ունէր ժողովրդավարութեան միջոցով կերտել համայնական սեփականատիրութիւն` առանց  արեան հեղումի, ինչպէս նաեւ տարբերիլ Խորհրդային Միութեան որդեգրած համայնավարութենէն` յարմարելով եւրոպական յատուկ պայմաններուն: Կրամշիի գաղափարական ժառանգութիւնը կը գտնուի նաեւ ներկայիս Եւրոպայի մէջ ձեւաւորուած արմատական ձախ ուժերուն մէջ, որոնց քաղաքականութիւնները հիմնուած են իրենց աշխատանքներուն մէջ ընկերութեան զանազան խաւերը եւ մանաւանդ արհեստակցական միութիւնները ներառելու սկզբունքին վրայ` ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական մարզերուն մէջ, այսպէս կոչուած` grassroots democracy-ի սկզբունքով:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>