Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Գաղութէ Գաղութ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Լիզ­պո­նի Գոր­ծո­ղու­թեան 34-ամ­եա­կին Նուիր­ուած Ձեռ­նարկ­ներ

Աւստ­րալ­իա

Կազ­մա­կեր­պու­թեամբ ՀՅԴ Արեւմտ­եան Սիտնիի ՀՅԴ «Քե­ռի» խում­բին, 30 յու­լի­սին Սիտնիի Հայ առա­քե­լա­կան Սուրբ Եր­րոր­դու­թիւն եկե­ղեց­ւոյ մէջ, յա­ւարտ Ս. պա­տա­րա­գի, մա­տուց­ուե­ցաւ հո­գե­հանգստ­եան պաշ­տօն` նուիր­ուած Լիզ­պո­նի հինգ նա­հա­տակ­նե­րուն: Աւար­տին եկե­ղեց­ւոյ շրջա­փա­կին մէջ կանգ­նեց­ուած խաչ­քա­րին մօտ տե­ղի ու­նե­ցաւ ծաղ­կեպ­սակ­նե­րու զե­տե­ղում:

Այ­նու­հե­տեւ Սմիթ­ֆիլ­տի սկաու­տա­կան սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ձեռ­նարկ, որուն բաց­ման խօս­քը ար­տա­սա­նեց Կի­կօ Կի­րա­կոս­եան:

ՀՅԴ Աւստ­րալ­իոյ Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէ­ին խօս­քը ար­տա­սա­նեց Մո­սիկ Ին­ճե­ճիկ­եան: Ան յայտ­նեց, որ հայ ազ­գին գո­յա­տե­ւու­մը պայ­մա­նա­ւո­րե­լով ազատ ու ան­կախ հայ­րե­նիք մը ու­նե­նա­լուն հետ` անոնք չխնա­յե­ցին որե­ւէ ճիգ` թշնամի­էն պա­հան­ջե­լու հա­յու­թեան այդ ար­դար իրա­ւուն­քը, աւելց­նե­լով, որ անոնք ազ­գաս­պա­նու­թիւնը կան­խե­լու հա­մար դի­մե­ցին ինք­նաս­պա­նու­թեան եւ այս պատ­ճա­ռով կը տար­բե­րին սո­վո­րա­կան անձ­նաս­պան­նե­րէն: Ան նկա­տել տուաւ, որ անձ­նա­կան կեան­քը, վա­յել­քը հա­ճոյք չէր պատ­ճա­ռեր անոնց, որով­հե­տեւ ազ­գա­յին պատ­կա­նե­լու­թեան զգա­ցու­մը իրենց հա­մար առաջ­նա­հեր­թու­թիւն  էր:

Անդ­րա­դառ­նա­լով Լիզ­պո­նի գոր­ծո­ղու­թեան եւ այլ ահա­բեկ­չա­կան գոր­ծու­նէ­ու­թիւն­նե­րու տար­բե­րու­թեան` Ին­ճե­ճիկ­եան ըսաւ, որ 1983-ին  քա­ղա­քա­կան դաշ­տին մէջ հա­յուն ձայ­նը լսե­լի դարձ­նե­լու հա­մար պէտք էր դի­մել զին­եալ պայ­քա­րի. պայ­քար մը, որ իր ետին ու­նէր ար­դար իրա­ւունք ու յստակ նպա­տակ­ներ, աւելց­նե­լով, որ ներ­կա­յիս զին­եալ պայ­քա­րը ի զօ­րու է միայն հայ­րե­նի­քի սահ­ման­նե­րուն վրայ: Ան շեշ­տեց, որ ար­դի քա­ղա­քա­կան զար­գա­ցում­նե­րը մե­զի կը պար­տադ­րեն միայն քա­ղա­քա­կան ու­ղին բռնե­լով` պա­հան­ջել մեր ազ­գին իրա­ւունք­նե­րը, եւ եզ­րա­փա­կե­լով իր խօս­քը` ըսաւ, որ Հայ յե­ղա­փո­խա­կան դաշ­նակ­ցու­թեան առաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րէն մէկն է քա­ղա­քա­կա­նա­ցած հայ սե­րունդ պատ­րաս­տել` շա­րու­նա­կե­լու հա­մար մեր պայ­քա­րը:

Ձեռ­նար­կը փակ­ուե­ցաւ Սուրբ Եր­րոր­դու­թիւն եկե­ղեց­ւոյ հո­վիւ Ներ­սէս աբղ. Յա­րու­թիւն­եա­նի պատ­գա­մով եւ «Պահ­պա­նիչ»-ով: Ձեռ­նար­կի ըն­թաց­քին գոր­ծադր­ուե­ցաւ նա­եւ գե­ղար­ուես­տա­կան յայ­տա­գիր:

Յու­նաս­տան

Կազ­մա­կեր­պու­թեամբ ՀՅԴ Յու­նաս­տա­նի Երի­տա­սար­դա­կան միու­թեան Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան, 30 յու­լի­սին Ֆիք­սի Ս. Կա­րա­պետ եկե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ հո­գե­հանգստ­եան արա­րո­ղու­թիւն` Լիզ­պո­նի հինգ անձ­նա­զոհ հե­րոս­նե­րու յի­շա­տա­կին:

Օր­ուան պա­տա­րա­գիչ Նա­րեկ քհնյ. անդ­րա­դար­ձաւ հե­րո­սա­կան արար­քին` ընդգ­ծե­լով Լիզ­պո­նի հե­րո­սա­պա­տու­մին այժ­մէ­ա­կա­նու­թիւնը, մա­նա­ւանդ` ար­ցախ­եան պայ­քա­րի իրո­ղու­թեան մէջ, երբ Լիզ­պո­նի տղոց արար­քը անձ­նա­զո­հու­թեան օրի­նակ է` մե­րօր­եայ ազա­տա­մար­տիկ­նե­րու եւ սահ­ման­նե­րու պա­հա­պան զի­նուոր­նե­րու հա­մար:

ՀՅԴ Յու­նաս­տա­նի Երի­տա­սար­դա­կան միու­թեան Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան ան­դամ Վազ­գէն Սա­ւուլ­եան իր խօս­քին մէջ յայտ­նեց, թէ որ­քան ալ տա­րի­նե­րը անց­նին, Լիզ­պո­նի տղոց զո­հա­բե­րու­թիւնը որ­պէս կեն­դա­նի օրի­նակ կը մնայ իւ­րա­քան­չիւր դաշ­նակ­ցա­կան երի­տա­սար­դի հա­մար: Յա­նուն բո­լոր հայ երի­տա­սարդ­նե­րուն` Սա­ւուլ­եան վե­րա­նո­րո­գեց խոս­տու­մը` անձ­նա­զոհ հինգ տղոց օրի­նա­կով կառ­չած մնա­լու Հայ դա­տի պա­հան­ջա­տի­րա­կան պայ­քա­րին, հա­յու­թեան ար­դար իրա­ւունք­նե­րու ձեռք­բեր­ման, Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան պայ­քա­րի ուղի­ին վրայ:

Մի­աց­եալ Նա­հանգ­ներ

30 յու­լի­սին Արեւմտ­եան թե­մի բո­լոր եկե­ղե­ցի­նե­րուն մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ հո­գե­հանգստ­եան յա­տուկ արա­րո­ղու­թիւն` հա­յու­թեան ար­դար իրա­ւունք­նե­րուն հա­մար 34 տա­րի առաջ իրենց կեան­քը զո­հա­բե­րած Լիզ­պո­նի հինգ հե­րոս­նե­րու յի­շա­տա­կին:

Թե­մի առաջ­նորդ  Մու­շեղ արք. Մար­տի­րոս­եան հան­դի­սա­պե­տեց Էն­սի­նո­յի Ս. Նա­հա­տա­կաց եկե­ղեց­ւոյ Ս. պա­տա­րա­գին եւ իր պատ­գա­մին մէջ  վեր առաւ Լիզ­պո­նի հինգ հե­րոս­նե­րուն նա­հա­տա­կու­թե­նէն բխած ան­ժա­ման­ցե­լի պատ­գամ­նե­րը` յի­շեց­նե­լով, որ  հայ ժո­ղո­վուր­դի դա­րա­ւոր տա­ռա­պան­քէն ու ան­տես­ուած իրա­ւունք­նե­րուն ի խնդիր պայ­քա­րի հնո­ցէն ծնած հինգ հայ երի­տա­սարդ­ներ 34 տա­րի առաջ յան­դուգն գոր­ծո­ղու­թիւն մը կա­տա­րե­ցին Լիզ­պո­նի թրքա­կան դես­պա­նա­տան դէմ` իրենց կեան­քե­րուն եւ ար­եան գնով աշ­խար­հին յի­շեց­նե­լու, որ ցե­ղաս­պա­նին ոճի­րը չէ մոռց­ուած, եւ հայ ժո­ղո­վուր­դը տէրն է իր ան­սա­կար­կե­լի իրա­ւունք­նե­րուն եւ չի զի­ջիր իր հո­ղա­յին եւ ազ­գա­յին իրա­ւունք­նե­րէն, եւ պէտք է իրեն վե­րա­դարձ­ուին իր պատ­մա­կան հո­ղե­րը, ար­դար հա­տու­ցում կա­տար­ուի Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րուն եւ այլ կո­րուստ­նե­րուն հա­մար:

Եզ­րա­փա­կե­լով իր խօս­քը` սրբա­զա­նը հրա­ւի­րեց յար­գան­քով խո­նար­հե­լու Լիզ­պո­նի հինգ նա­հա­տակ­նե­րուն յի­շա­տա­կին առ­ջեւ եւ մաղ­թեց, որ անոնց կեան­քին գնով կերտը­ւած պատ­գա­մը վառ մնայ իրա­ւա­տէր հա­յու­թեան հոգի­ին մէջ եւ առաջ­նոր­դէ մեր երի­տա­սար­դու­թեան պա­հան­ջա­տի­րա­կան պայ­քա­րը` մին­չեւ վերջ­նա­կան ու ամ­բող­ջա­կան յաղ­թա­նակ:

Սուր­իա

*30 յու­լի­սին Լա­թաք­իոյ Ս. Աստ­ուա­ծա­ծին եկե­ղեց­ւոյ մէջ, Ս. պա­տա­րա­գի աւար­տին, հո­գե­հանգստ­եան պաշ­տօն կա­տար­ուե­ցաւ Լիզ­պո­նի մար­տիկ­նե­րուն նա­հա­տա­կու­թեան 34-րդ տա­րե­լի­ցին առի­թով:

Աւար­տին «Գան­ձա­սար» սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ձեռ­նարկ: Տա­թեւ Ա. քհնյ. Մի­քա­յէլ­եան իր ելոյ­թին մէջ  անդ­րա­դար­ձաւ 34 տա­րի առաջ ողջ աշ­խար­հը ցնցած Լիզ­պո­նի տղոց ող­ջա­կիզ­ման:

* 30 յու­լի­սին Սուր­իոյ Պա­տա­նե­կան միու­թեան «Արամ Մա­նուկ­եան» եւ «Սերժ Թով­մաս­եան» մաս­նա­ճիւ­ղե­րու 4-րդ եւ 5-րդ կար­գե­րու պա­տա­նի­նե­րը այ­ցե­լե­ցին Հա­լէ­պի Ազ­գա­յին գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ գտնուող Լիզ­պո­նի հին­գի յու­շա­կո­թող` յի­շա­տա­կե­լու անոնց նա­հա­տա­կու­թիւնը յա­նուն հայ ժո­ղո­վուր­դի պա­հան­ջա­տի­րու­թեան եւ վե­րա­նո­րո­գե­լու Հայ դա­տի հե­տապնդ­ման իրենց ուխ­տը:

* 30 յու­լի­սին ՀՄԸՄ-ի Հա­լէ­պի մաս­նա­ճիւ­ղի Երէց պար­ման մի­ա­ւո­րի արի-արե­նուշ­նե­րը այ­ցե­լե­ցին Ազ­գա­յին գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ գտնուող Լիզ­պո­նի հինգ նա­հա­տակ­նե­րուն յու­շա­կո­թող` յար­գե­լու անոնց յի­շա­տա­կը եւ վերս­տին հնչեցը­նե­լու հայ ժո­ղո­վուր­դի իրա­ւունք­նե­րու վե­րա­տի­րաց­ման անոնց պատ­գա­մը:

Մի­աց­եալ Նա­հանգ­ներ

ՀՅԴ Կեդ­րո­նա­կան Կո­մի­տէն Շնոր­հա­ւո­րա­կան Այ­ցե­լու­թիւն Տուաւ Լի­բա­նա­նի Հիւ­պա­տո­սին

1 օգոս­տո­սին ՀՅԴ Արեւմտ­եան Ամե­րի­կա­յի Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէի պատ­ուի­րա­կու­թիւն մը, գլխա­ւո­րու­թեամբ Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Տա­րօն Տէր Խա­չա­տուր­եա­նի, այ­ցե­լեց Լի­բա­նա­նի հիւ­պա­տո­սա­րան եւ շնոր­հա­ւո­րեց Լի­բա­նա­նի գլխա­ւոր հիւ­պա­տոս Ճո­նի Իպ­րա­հի­մը` Լի­բա­նա­նի նոր դեսպան պաշ­տօ­նին իր նշա­նակ­ման առ­թիւ:

Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէի պատ­ւի­րա­կու­թիւնը շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց գլխա­ւոր հիւ­պա­տո­սին` Լոս Ան­ճե­լը­սի հայ հա­մայն­քին եւ յատ­կա­պէս ՀՅ Դաշ­նակ­ցու­թեան հետ իր սերտ գոր­ծակ­ցու­թեան հա­մար: Քննարկ­ուե­ցան հե­տա­գայ գոր­ծու­նէ­ու­թեանց ուղ­ղու­թիւն­նե­րը, որոնց շար­քին` յա­ռա­ջի­կայ երես­փո­խա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րու ծի­րէն ներս նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու ըն­թաց­քը, որ պի­տի շա­րու­նակ­ուի նոր հիւ­պա­տո­սին հետ, ինչ­պէս նա­եւ` այս տար­ուան սեպ­տեմ­բե­րին գու­մար­ուե­լիք լի­բա­նան­եան սփիւռ­քի հա­մայնք­նե­րու հա­մա­ժո­ղո­վին օրա­կար­գը եւ այլ ըն­թա­ցիկ հար­ցեր:

Գլխա­ւոր հիւ­պա­տո­սը իր շնոր­հա­կա­լու­թիւնը յայտ­նեց ՀՅԴ պատ­ուի­րա­կու­թեան` հիւ­պա­տո­սա­րա­նին եւ ՀՅԴ-ի մի­ջեւ սերտ գոր­ծակ­ցու­թեան հա­մար, շեշ­տե­լով, որ այդ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւնը նոյն ոգի­ով պի­տի շա­րու­նակ­ուի յա­ռա­ջի­կայ տա­րի­նե­րուն` յօ­գուտ Լի­բա­նա­նի ու լի­բա­նան­եան սփիւռ­քին, որուն ան­քակ­տե­լի մասն է սփռուած լի­բա­նա­նա­հա­յու­թիւնը:

Ատրպատական

«Ուղեւորութիւն Ատրպատականի Հայոց Թեմին Մէջ» Գիրքի Շնորհահանդէսը

Ատրպատականի առաջնորդական պաշտօնին համար իր ընտրութեան օրէն սկսեալ (յունուար 2012) Գրիգոր եպս. Չիֆթճեան նախաձեռնած էր թեմի տարածքին գտնուող բոլոր ազգապատկան կառոյցներուն ցանկագրման աշխատանքին` հաւատալով, որ գէթ գիրի միջոցով անոնք պէտք է փրկուին` յաջորդող սերունդներուն կտակուելով իբրեւ մեր ժողովուրդի պատմութեան էջերուն արձանագրելի յիշարժան մշակութային կոթողներ:

Առ այդ, վանքի տարեկան եռօրեայ ուխտագնացութեան ծիրին մէջ, հովանաւորութեամբ Ազգային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ Թաւրիզի Հայ համալսարանական ուսանողներու միութեան վարչութեան, 28 յուլիսին Ս. Թադէի վանքի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ «Ուղեւորութիւն Ատրպատականի հայոց թեմին մէջ –  հայկական յուշարձաններու հետքերով» կոթողական երկասիրութեան շնորհահանդէսը:

Երեկոյին բացման խօսքը արտասանեց դոկտ. Վարդան Սիմոնզ, որ շեշտեց, թէ 546 էջերու սահմաններուն մէջ հսկայ աշխատանքի արդիւնք գիրքը Ատրպատականի հայոց թեմի նորագոյն համայնագիտարանն է, որ կ՛ընդգրկէ ազգային-եկեղեցական կառոյցներու պատմութենէն բաժին մը, եւ որուն առաջին հատորին վստահաբար պիտի հետեւին  յաջորդ երկուքը:

Համալսարանական միութեան վարչութեան ատենապետ Անահիտ Յակոբեան ներկայացուց հատորը` զայն կոչելով «կոթողական աշխատութիւն», որուն դժուար աշխատանքը անձնապէս ծրագրած եւ սիրայօժար ստանձնած էր թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեան: Ան գոհունակութիւն յայտնեց, որ թեմին մէջ անգամ մը եւս ականատեսը եւ վկան են անմոռանալի եւ յաւերժական արժէք ներկայացնող անգնահատելի աշխատութեան մը` թեմի 200-էն աւելի եկեղեցիներու եւ հոգեւոր ժառանգութիւնը անմահացնող տպագրութեան մը:

Ապա Յակոբեան անդրադարձաւ հեղինակի անձին եւ Ատրպատականի հայութեան մէջ ունեցած սիրոյ եւ յարգանքի բացայայտ երեւոյթին, եւ` վերջին տարիներուն անոր ծաւալած գործունէութեան բազմաշերտ երեսներուն: Ան նաեւ ամփոփ տեղեկութիւններ տուաւ գիրքի բովանդակութեան եւ մասնագիտական մօտեցումով պատրաստուած նիւթերուն, ինչպէս նաեւ սրբազան հօր լեզուական ու ոճային առանձնայատկութեան մասին:

Ազգային իշխանութեան անունով Ազգային վարչութեան ատենապետ Ռուբիկ Ջանանեան ելոյթ ունենալով` պատիւ համարեց նման գիրքի մը հրատարակութիւնը Ատրպատականի մէջ, թեմի առաջնորդին գրիչով, յիշեցնելով, որ գիրքը մնայուն յուշարարը պիտի ըլլայ թեմի հարուստ ժառանգութեան: Ան նաեւ գիրքը կարեւոր աղբիւր համարեց երկրի մշակութային ժառանգութիւններու բոլոր հիմնարկութիւններուն համար եւ փափաք յայտնեց, զայն պարսկերէնով թարգմանուած տեսնելու:

Աւարտին սրտի խօսքով հանդէս եկաւ գիրքի հեղինակ առաջնորդ սրբազանը, որ յայտնեց, թէ պատմութեան գանձանակին մէջ իր համեստ լուման նետելով` սոյն պահուն կը մոռնայ բոլոր այն դժուարութիւնները, զորս կրած էր անցնող տարիներուն ընթացքին` տեղագրելով  հատորին մէջ ամփոփուած թեմի ազգապատկան կալուածներուն մէկ բաժինը: Ան վկայարան համարեց սոյն հատորը, որովհետեւ պարագաներու բերումով խոնարհած եւ խոնարհուող  սրբարաններուն հաւաքավայրն է եւ յայտնեց, որ պիտի հրատարակէ նաեւ անոր յաջորդ երկու հատորները:

Հանդիսութեան ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

Ս. Թադէոս Առաքեալի Վանքի 63-րդ Ուխտագնացութիւնը

27-29 յուլիսին տեղի ունեցաւ Ս. Թադէոս առաքեալի վանքի 63-րդ եռօրեայ ուխտագնացութիւնը:

27 յուլիսին ուխտաւորները ժամանեցին վանք եւ նախապատրաստուեցան յառաջիկայ երկու օրերու ազգային եւ հոգեւոր ծրագիրներուն:

28 յուլիսի երեկոյեան վանք ժամանեց Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանը` ընկերակցութեամբ Թեմական խորհուրդի անդամներուն: Սրբազանը մաղթեց, որ եռօրեայ ուխտագնացութիւնը աղօթանուէր կեանքի առաջնորդող ազդակ հանդիսանայ բոլոր ուխտաւորներուն համար: Ապա տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն:

29 յուլիսին Ս. Թադէի վանքի տաճարին մէջ պատարագեց եւ քարոզեց առաջնորդ սրբազանը:  Ան պատմական ակնարկ մը նետեց վանքի հիմնադրութեան օրէն մինչեւ ներկայ ժամանակաշրջանը` անդրադառնալով մեր ժողովուրդի ապրած տառապանքին եւ պայքարի հզօր ուժին ու դիմադրողականութեան:

Աւարտին, առաջնորդ սրբազանը յատուկ գնահատագիր յանձնեց Ատրպատականի հայոց թեմի ազգային բարերար Համազասպ Ոսկանեանին, որ Վանքերու ուխտագնացութեան յանձնախումբի հիմնադիր անդամներէն ըլլալով, այս տարի եւս կարեւոր ներդրում ունեցած էր` մեկենասը դառնալով սրբազան հօր հեղինակած «Ուղեւորութիւն Ատրպատականի հայոց թեմին մէջ – հայկական յուշարձաններու հետքերով» գիրքի Ա. հատորին: Սրբազան հայրը գրաւոր օրհնութիւն յանձնեց նաեւ յանձնախումբի բոլոր անդամներուն` առ ի գնահատանք անոնց զոհաբերութեան:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>