Երբ կը կարդանք կամ կը լսենք Սեւրի դաշնագիրին` նախագահ Ուիլսընի պատրաստած Հայաստանի քարտէսին մասին, ոմանց մօտ հաւանաբար այն տպաւորութիւնը կը ստեղծուի, որ Ամերիկայի 1913-1921 թուականներու 28-րդ նախագահը` Վուտրօ Ուիլսըն (1856-1924), Համաշխարհային Ա. պատերազմէն եւ Օսմանեան կայսրութեան փլուզումէն ետք «զբաղումի համար» նստած ու Հայաստանի ապագայի քարտէսը գծած է… Այս թիւրըմբռնումին եւ ընդհանրապէս Սեւրի դաշնագիրին մասին որոշ շրջանակներու կողմէ թերագնահատումին հաւանական պատճառներէն են`

Ամերիկայի նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի ստորագրութիւնը եւ նախագահական կնիքը կրող, ուստի, ամերիկեան պետական օրէնքի վերածուած Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմանը ճշդող քարտէսը (1):
1.- Խրիմեան Հայրիկի «Երկաթէ շերեփ» արտայայտութեան յաճախակի վերյիշումը, իբր թէ բացարձակ եւ վախճանական ըմբռնում ու յուսահատական վիճակ:
2.- Յաճախ սխալ կերպով եւ առանց հիմնաւորումի արտայայտուած կարծիքները, թէ Լոզանի դաշնագիրը փոխարինեց Սեւրի դաշնագիրը, ինչ որ բնաւ իրականութեան չի համապատասխաներ:
3.- Խորհրդային ժամանակաշրջանի առաջին օրէն իսկ` հայադաւ վարքագիծը, որ ոչ միայն չպահանջեց Սեւրի դաշնագիրով ամրագրուած հայապատկան հողերը, այլեւ Հայաստանի Հանրապետութեան հողերէն Արցախը եւ Նախիջեւանը նուիրեց նորաստեղծ, երկու տարուան կեանք ունեցող Ազրպէյճանին, Ախալքալաքը` Վրաստանին, եւ Արեւմտեան Հայաստանի Կարս, Արտահան եւ Սուրմալու նահանգները, Արարատ լեռով ու Անի քաղաքով, պարտուա՛ծ Թուրքիոյ:
4.- Այս նիւթին կապակցութեամբ ընդհանրապէս ոչ մասնագիտական եւ մակերեսային մօտեցումը:
Սեւրի դաշնագիրը ի զօրու է տակաւին, գէթ` իր հայկական հողային պահանջատիրութեան պարագային. տես` «Սեւրի դաշնագիրը եւ «Հայաստանի հովանաւորութիւնը», ուր նաեւ կը պարզուի, իբրեւ անջատ առաջադրանք, ամերիկեան կողմին հիմնաւորումը, թէ ինչո՛ւ Ամերիկան չստանձնեց Հայաստանի հոգատարութիւնը (1): Փաստօրէն, 29 յունուար 2015-ի Համահայկական հռչակագիրը ներառած է Սեւրի դաշնագիրը` հետեւեալ հատուածով. «… Ինչպէս նաեւ` 1920 օգոստոս 10-ի Սեւրի հաշտութեան պայմանագիրի եւ 1920 նոյեմբեր 22-ի` Միացեալ Նահանգների նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի Իրաւարար վճիռի դերը եւ նշանակութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքներու յաղթահարման հարցին մէջ» (2):
Սեւրի դաշնագիրին Ամերիկայի նախապատրաստական աշխատանքները.
1919-ին նախագահ Վուտրօ Ուիլսըն Մերձաւոր Արեւելք ուղարկեց երկու հետախուզական առաքելութիւններ` տեղեկութիւններ հաւաքելու, յետհամաշխարհային Ա. պատերազմի` տարածաշրջանին ապագային մասին դիրքորոշուելու համար: Առաջինը` 1919 յունիսին, դիւանագիտական` «Թուրքիոյ հոգատարութեան (mandate) 1919-ի միջդաշնակցային առաքելութիւն», որ հետագային ճանչցուեցաւ պատուիրակութեան ամերիկացի համանախագահներուն անունով` «Քինկ-Քրէյն (Հենրի Չըրչիլ Քինկ եւ Չարլըս Քրէյն) առաքելութիւն», նպատակ ունենալով քննել նախկին Օսմանեան կայսրութեան ոչ թրքական տարածաշրջաններու ժողովուրդներուն, արաբական աշխարհ եւ Անատոլիա, ինքնորոշման ապագայի տրամադրութիւնները:
Առաքելութեան նստավայրը Կոստանդնուպոլիսն էր, եւ անոնք տեսակցութիւններ ունեցան (ոչ թրքական) համայնքներու պատասխանատուներուն եւ օսմանեան կառավարութեան ներկայացուցիչներուն հետ: Դաշնակից երկիրներու պատուիրակները հրաժարեցան առաքելութեան մասնակցելէ, որպէսզի պարտաւորուած չըլլան գործադրելու առաքելութեան եզրակացութիւնը` անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունենալով ապագայի իր յատուկ ծրագիրը: Առաքելութիւնը իր տեղեկագիրը ներկայացուց Փարիզի մէջ, 28 օգոստոս 1919-ին, որ զանազան պատճառներով չհրապարակուեցաւ մինչեւ 2 դեկտեմբեր 1922: Հիմնական պատճառը Անգլիոյ եւ Ֆրանսայի գաղութատիրական ծրագիրներն էին, որոնք արդէն դրսեւորուած էին 28 յունիս 1919-ի Փարիզի (Վերսայ) վեհաժողովին: Այս երկիրները նպատակ չունէին ճանչնալու ազգերու ինքնորոշման իրաւունքը, որուն բացասական հետեւանքներուն ցարդ ականատես ենք տարածաշրջանին մէջ:
Տեղեկագիրին հայկական բաժինով «առաքելութիւնը զօրակցութիւն յայտնեց ստեղծելու հայկական պետութիւն` մերժելով այն տեսակէտը, որ Թուրքիան պիտի յարգէր հայ բնակչութեան իրաւունքները` նկատի առնելով պատերազմի ընթացքին Հայոց ցեղասպանութեան նախադէպին փաստը` պատճառը» (3):
1919 օգոստոսին նախագահ Ուիլսըն ուղարկեց 50 անդամ հաշուող, որոնց մէջ` առ նուազն երկու ամերիկահայ բարձրաստիճան զինուորականներ, երկրորդ առաքելութիւն մը` «Ամերիկեան զինուորական առաքելութիւն դէպի Հայաստան», գլխաւորութեամբ հազարապետ-զօրավար Ճէյմս Ճ. Հարպորտի (1866-1947): Հետագային ճանչցուելով իբրեւ «Հարպորտ առաքելութիւն»` անոր նպատակն էր ուղղուիլ Անատոլիոյ կեդրոնը, ապա Հայաստան` հետազօտելու եւ տեղեկագիր պատրաստելու քաղաքական, զինուորական, աշխարհագրական, վարչական, տնտեսական եւ այլ նկատառումներու, որոնք կը ներառեն ապագայի ամերիկեան հաւանական շահերը եւ պատասխանատուութիւնները տարածաշրջանին մէջ (4), (5), (6), (7):
Թարգմանաբար կը ներկայացնեմ «Հարպորտ առաքելութեան» պատրաստած հաստափոր տեղեկագիրին 43 էջ յաւելուածին եզրակացութիւն գլուխը:
Մնայուն կերպով առաքելութիւնը ի մտի ունէր կատարելիք հետազօտութեան բարոյական ազդեցութիւնը` իր այցելած շրջանին մէջ: Ամիսներէ ի վեր, Ֆրանսայէն մեկնելէ առաջ, խիստ ահազանգային տեղեկագիրներ ստացած էինք Անդրկովկասէն, մասնաւորապէս` թրքական բանակին կողմէ կազմակերպուած մօտալուտ յարձակումներու մասին, թուրք-ռուսական նախկին միջազգային սահմանին երկայնքին: Թուրքիոյ մէջ առաքելութեան ուղեւորութիւնը այս տեղեկագրերուն հիման վրայ ծրագրուած էր` նպատակ ունենալով ստուգել իրականութիւնը եւ կարելիութեան սահմաններուն մէջ զսպիչ ազդեցութիւն կիրարկել:
Գրեթէ Սեւ ծովէն մինչեւ Պարսկաստանի սահմանը կատարուած ստուգումները չարդարացուցին այդ տեղեկագիրները: Թրքական բանակը զանգուածային կերպով չէ կուտակուած սահմանի երկայնքին. անոնց կառոյցը քայքայուած է, եւ երկիրը զարհուրելի կերպով դատարկուած է քաղաքային թէ զինուորական բնակչութենէ: Իւրաքանչիւր գլխաւոր աւանէ որ անցանք, առաքելութեան պատասխանատուն հանդիպում ունեցաւ թուրք պաշտօնատարներուն հետ: Հարցուփորձ կատարուեցաւ քրիստոնեայ համայնքին մասին, եւ միշտ անոնց հետ հանդիպում տեղի ունեցաւ»:
Այստեղ պէտք է մատնանշել, որ առօրեայ տեղեկագիրներուն մէջ նշուած են թրքական բանակին եւ քրտական միաւորներու կողմէ առաքելութեան վրայ կատարուած յարձակումներ եւ առեւանգումներ, որոնք բարւոք լուծում ստացած են, սակայն` պատճառելով առաքելութեան շարքին վիրաւորներ:
«Ամերիկայի շահագրգռութիւնը իր միսիոնարներուն եւ բնիկ քրիստոնեաներուն մասին յստակօրէն շեշտուեցաւ: Հայերուն տեղահանութիւնը եւ ջարդերն ու վերապրողներուն վերադարձը արծարծուեցաւ իւրաքանչիւր հանդիպումին, ինչպէս նաեւ` այլ հարցեր, համոզելով թուրք պաշտօնատարները, որ իրենց երկիրը աշխարհի դատավարութեան ենթարկուած է: Առաքելութեան այցելութիւնը նկատելի բարոյական ազդեցութիւն ունեցաւ` երաշխաւորելու քրիստոնեաներուն կեանքի ու կալուածի ապահովութիւնը, մինչեւ խաղաղութեան խորհրդաժողովին տալիք գործադիր որոշումը:
Կրկին կը մատնանշենք, որ եթէ Ամերիկան ընդունի հոգատարութիւնը այն տարածաշրջաններուն, զորս այցելեցինք, անկասկած ան պիտի մղուի միջազգային պարտականութեան ուժեղ գիտակցութեամբ, եւ միաձայն փափաքովը, գոնէ այդպէս արտայայտած` իրեն գործակից Ազգերու դաշնակցութեան:
Առանց նախապէս ապահովելու նախապայմաններուն հաւաստիքը` ընդունիլ այս դժուարին պարտականութիւնը, ստոյգ ձախողութեան պիտի առաջնորդէ: Միացեալ Նահանգները պէտք է ճշդեն իրենց նախապայմանները` նախքան հարցին նախնական քննարկումը, անշո՛ւշտ նախապէս եւ ոչ թէ` ընդունելէ ետք, քանի որ կան բազմաթիւ զիրար հակասող շահագրգռութիւններ, որ ոեւէ ամերիկացի կրնայ պատկերացնել երկրին պատշաճ կառավարման: Միջազգային բարդութիւններու դէմ բոլոր հնարաւոր նախազգուշացումները պէտք է նախօրօք ընդունուին: Մեր կարծիքով, պէտք է յատուկ երաշխիքներ ապահովել Ֆրանսայի եւ Անգլիոյ հետ պաշտօնական համաձայնութիւններով եւ յստակ վաւերացում Գերմանիոյ եւ Ռուսիոյ կողմէ` Թուրքիոյ եւ Անդրկովկասի նկատմամբ անոնց դիրքորոշումները յարգելու երաշխաւորագիրներով:
Մասնայատուկ կերպով կարեւոր է հետեւեալը.
– Թրքական կայսրութեան արտաքին յարաբերութիւններու բացարձակ վերահսկողութիւն. ոչ մէկ դեսպան, պատուիրակ, նախարար կամ դիւանագիտական գործակալ պէտք չէ Թուրքիոյ մէջ հաւատարմագրուի, իսկ Թուրքիան, նոյնպէս, արտասահմանի մէջ ոչ մէկ ներկայացուցիչ ունենայ:
– Զիջումներ, որոնք կը վերաբերին բացառիկ առանձնաշնորհումներու, ենթակայ են վերանայման, եթէ յայտնուի, որ կը հակասեն պետութեան (Ամերիկայի) գերագոյն շահերուն:
– Զիջումներ, որոնք անբաղձալի են հոգատար կողմին համար, եւ որոնց վրայ աշխատանք չէ կատարուած` ջնջել: Հարկ եղած պարագային` տէրերուն հատուցում կատարել:
– Վերացնել դրութիւնը, որով յատուկ եկամուտներ յատուկ նպատակի կը ծառայեն: Բոլոր եկամուտները պէտք է վերահսկուին պետական գանձատան (կեդրոնական դրամատուն) կողմէ, եւ բոլոր պարտատէրերը միայն գանձատունը նկատեն իբրեւ վճարման աղբիւր:
– Պէտք է դադրի Թուրքիոյ ելեւմտական մեքենային վրայ օտարերկրեայ հակակշիռը, իմա` կազմալուծել օսմանեան պետական պարտքի խնամակալական խորհուրդը, վերապահելով իրաւունքը, կարգ մը անհատ անդամներ իբրեւ խորհրդատու պահելու, նկատի առնելով անոնց ունակութիւնը օսմանեան տնտեսութեան:
– Կայսրութեան բոլոր արտաքին պարտաւորութիւնները պէտք է մէկտեղուին եւ հատուցուին:
– Կայսրութենէն անկախացած երկիրները, օրինակ` Սուրիա, Իրաք, պէտք է դրամական տրամաբանական բաժին ստանան` արտաքին պարտաւորութեան, ինչպէս նաեւ հնարաւոր փոխհատուցում վճարելու պարտականութեան համար:
– Պատշաճ ծանուցումով Թուրքիոյ հետ գոյութիւն ունեցող առեւտրական պայմանագիրները չեղեալ յայտարարել:
– Բոլոր օտար կառավարութիւնները եւ զօրքերը հոգատարութեան տարածքներէն դուրս պէտք է գան հոգատարութեան ճշդած ժամանակացոյցով:
– Այս պայմաններուն հաւանութիւնը կրնայ դիւրաւ չիրականանալ: Շատ մը ազգեր ներկայիս ունին որոշ ելեւմտական հակակշիռ Օսմանեան կայսրութեան մէջ, եւ անոնք դիւրութեամբ պիտի չհրաժարին այդ մենաշնորհներէն:
– Առարկութեան կարիք չկայ, թէ Միացեալ Նահանգներու տնտեսական քաղաքականութիւնը չի կրնար կառավարուիլ օտար մայրաքաղաքներէ: Պարտքերու վերատնտեսումը` դրամագլուխի հաւանական նուազեցումով, բողոքի ալիք պիտի բարձրացնէ, սակայն պէտք է պարտադրել, թէ ոչ ամերիկեան խնամակալութիւն մը կրնայ խայտառակուիլ եւ վարկաբեկուիլ:
– Առաքելութիւնը չէ զգացած, թէ իրմէ կ՛ակնկալուի առաջարկ ներկայացնել Միացեալ Նահանգներու կողմէ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ հոգատարութիւն ընդունելու վերաբերեալ: Ուրեմն պարզապէս կը ներկայացնէ ամփոփում մը` թեր ու դէմ տեսակէտներու արդիւնք տեղեկութիւններու` վեց շաբաթ մնայուն կապ հաստատելով շրջանի ժողովուրդներուն հետ»:
7 օգոստոս 2017
(Շար. 1)
———————
(1) (http://www.aztagdaily.com/archives/315557)
(2) (http://www.president.am/hy/press-release/item/2015/01/29/President-Serzh-Sargsyan-visit-Tsitsernakaberd-Genocide/)
(3) (https://en.wikipedia.org/wiki/King%E2%80%93Crane_Commission)
(4) (https://en.wikipedia.org/wiki/Harbord_Commission)
(5) (https://www.youtube.com/watch?v=SW2juvDHayc) Տեսանիւթ
(6) (https://www.youtube.com/watch?v=Z5m6fx2bFq8) Տեսանիւթ
(7) (http://www.fundamentalarmenology.am/Article/9/164/THE-HARBORD-MISSION-REPORTS-ON-ARMENIA,-1919-IN-THE-U.S.-DEPARTMENT-OF-STATE-ARCHIVES-(a-video).html) Տեսանիւթ
(8) (http://armenianhouse.org/harbord/conditions-near-east.htm) https://en.wikipedia.org/wiki/James_Harbord