Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Լիբանան Շուտով Քարիւղ Եւ Կազ Արտադրող Երկի՞ր Կը Դառնայ

$
0
0

Լիբանան, ուր ի տարբերութիւն իր բազմաթիւ դրացիներուն, քարիւղի եւ բնական կազի գիները սուղ են, վերջերս կ՛աշխատի իրականացնելու իր ծրագիրը` դառնալու քարիւղ եւ բնական կազ արտադրող երկիր մը այս տասնամեակի աւարտին:

Այս ծրագիրը իրականացնելու համար լիբանանեան կառավարութիւնը կը պատրաստուի ստանձնելու քարիւղի միջազգային ընկերութիւններու կառավարման իր նոր դերը, երբ բազմաթիւ բազմազգեաններ սկսած են իրենց գումար-առաջարկութիւնները ներկայացնելու` Լիբանանի մերձափնեայ շրջաններուն մէջ քարիւղի եւ բնական կազի պեղումներուն մասնակցութեան արտօնագիր ձեռք բերելու աճուրդին:

Այս իմաստով, Լիբանանի ջրելեկտրականութեան նախարար Սեզար Ապի Խալիլ վերջերս կոչ ուղղեց բազմազգեաններուն` յարգելու մրցոյթին մասնակցելու սեպտեմբերի 15-ի ժամկէտը, նկատի առնելով, որ պայմանագրութիւնները պիտի ստորագրուին յառաջիկայ նոյեմբերին: Արդէն իսկ 51 ընկերութիւններ ներկայացուցած են իրենց առաջարկները:

Փաստօրէն, Լիբանանի մերձափնեայ շրջանները բաժնուած են 10 մասերու (պլոքզ), որոնցմէ իւրաքանչիւրը պիտի տրուի քանի մը ընկերութիւններէ բաղկացած միութեան, իսկ առայժմ աճուրդի դրուած են միայն հինգ պլոքներ:

Նախատեսուած մրցոյթը պէտք էր իր լրումին հասնէր 4 տարի առաջ, սակայն ձգձգուեցաւ քաղաքական պատճառներով:

Կ՛արժէ հոս փակագիծ մը բանալ եւ նայիլ, թէ Լիբանան ինչպէ ՞ս հասաւ քարիւղի եւ կազի պեղումներու այս փուլին եւ մօտիկ ապագային կրնայ մաս կազմել արտադրող երկիրներու ընտանիքին:

Մերձափնեայ Շրջանները Հարուստ Են Քարիւղով Եւ Կազով

15 տարիէ ի վեր փաստագրուած տեղեկութիւններ շրջան կ՛ընեն, որ Լիբանանի մերձափնեայ շրջանները հարուստ են քարիւղով եւ կազով: Բազմաթիւ միջազգային ընկերութիւններ արդէն հետաքրքրութիւն ցուցաբերած են` մասնակցելու բազմամիլիոն տոլարներ պահանջող պեղումներուն:

Գիտական առաջին տուեալները քարիւղի գոյութեան մասին երեւան եկան 2002-2006 թուականներուն, երբ բրիտանական «Սփեքթրում» եւ նորվեկիական «Փի. Ճի. Էս.» ընկերութիւնները կատարեցին յաջորդական ձայնային ալիքներու օգտագործման ճամբով ուսումնասիրութիւններ` Լիբանանի ծովային սահմաններուն մէջ եւ յայտարարեցին, որ երկրաբանական բոլոր տուեալները ցոյց կու տան, թէ Լիբանանի մերձափնեայ շրջանները հարուստ են քարիւղով ու կազով:

Իսկ 2010-ին Միացեալ Նահանգներու երկրաբանական հետազօտութեան գրասենեակը յայտարարեց, որ Միջերկրական ծովու արեւելեան հատուածի երկիրներուն ամբողջութիւնը, այս պարագային` ծովային տարածութիւնները, հարուստ է քարիւղով եւ կազով: Նոյն աղբիւրին համաձայն, Լիբանանի, Սուրիոյ, Կիպրոսի եւ Իսրայէլի ծովատարածքին մէջ կը գտնուին 1,7 միլիառ տակառ քարիւղ եւ 122 թրիլիոն խորանարդ ոտք օգտագործելի կազ:

Գիտական այս տուեալներէն մեկնելով` Լիբանանի նախարարաց խորհուրդը 2010-ին հրապարակեց ծովափնեայ քարիւղի հարստութեան վերաբերեալ թիւ 2010/23 օրինագիծը, որ կ՛առաջադրէ օրէնքներ եւ մարմիններ` վերահսկելու եւ կառավարելու այս հարստութիւնը: 2010-էն մինչեւ այսօր, սակայն, պեղումներու ժամկէտը կը սպասէ քաղաքական համախոհութեան (կամ` աւարը բաժնուելու ձեւ մը ճշդող համաձայնութեան):

Առաջին Անգամ Չէ, Որ Պեղումներ Կը Կատարուին

Առաջին անգամ չէ սակայն, որ պեղումներ կը կատարուին Լիբանանի մէջ: 1947-էն սկսեալ պեղումներ կատարուած են ցամաքի վրայ` ֆրանսացի երկրաբան Լուի Տիւպերթէի եւ լիբանանցի երկրաբան ժորժ Սապպաղի գլխաւորութեամբ, Պեքաայի Քաա, Լեռնալիբանանի Թալ-Զանուպ, հարաւի Սըհմոր, Եհմոր, Ատլուն եւ հիւսիսի Ապրին եւ Թըրպոլ շրջաններուն մէջ: Այս պեղումները հաստատած են քարիւղի գոյութիւնը Լիբանանի հողատարածքին մէջ, բայց օրին անոր արտահանման ծախսերը շատ աւելի գնահատուած են, քան` եկամուտի հաւանականութիւնը:

Լիբանանի ուժանիւթի եւ ջրելեկտրականութեան նախարարութեան համաձայն եւ հիմնուած «Սփեքթրում» եւ «Փի. Ճի. Էս.» ընկերութիւններու հաշուարկումներուն վրայ, Լիբանանի ծովային տարածքի 10%-ին հետազօտութիւնը ցոյց տուած է առկայութիւնը շուրջ 30 թրիլիոն խորանարդ ոտք կազի եւ 660 միլիոն տակառ քարիւղի:

Բոլոր նախատեսութիւնները, սակայն, կը մնան նախատեսութիւն եւ թերի` մինչեւ պեղումներուն աւարտը:

Ծովափնեայ քարիւղի հարստութեան վերաբերեալ թիւ 2010/32 օրինագիծը խորհրդարանին կողմէ վաւերացուեցաւ յունուար 2011-ին: Օրինական իմաստով, այս օրինագիծը միայն կը վերաբերի ծովափնեայ պեղումներուն եւ յայտնաբերումներուն: Անիկա ունի 28 ենթաբաժանումներ, որոնք կը վերաբերին օրինագիծի գործադրութեան եղանակին:

18 ապրիլ 2013-ին ուժանիւթի նախարարութիւնը յայտարարեց, որ ընտրուած են 46 միջազգային ընկերութիւններ` մասնակցելու պեղումներու մրցոյթներուն: Նախարարութիւնը յայտնեց, որ անոնցմէ 12-ը պիտի ունենան գործառնական դերակատարութիւն: Այդ ընկերութիւններն են` «Անատարքօ» (ամերիկեան), «Շեւրոն» (ամերիկեան), «Էնի Ինթըրնեշընըլ» (իտալական), «Էքսոն Մոպիլ» (ամերիկեան), «ԻՆՓԷՔՍ» (ճափոնական), «Մաէրսք» (դանիական), «Փեթրոպրաս» (պրազիլական), «Փեթրոնաս» (մալեզիական), «Ռեփսոլ» (սպանական), «Շել Ի Էնտ Փ Տաչ» (հոլանտական), «Սթաթոյլ» (նորվեկիական) եւ «Թոթալ» (ֆրանսական):

Մրցոյթի ամբողջացման համար նկատի առնուած էր մէկ տարի, իսկ պեղումներու համաձայնագիրներու ստորագրութեան համար թուական ճշդուած էր փետրուար 2014-ը: Սակայն քաղաքական անհամաձայնութիւնները պատճառ դարձան մրցոյթի յետաձգման: Եթէ ամէն ինչ ընթանար ծրագրուածին համաձայն, 2018-20-ի միջեւ Լիբանան պիտի դառնար քարիւղ եւ կազ արտադրող երկիր մը:

Պայմանագիրի Մանրամասնութիւններ Տակաւին Չեն Հրապարակուած

Օտար ընկերութիւններու հետ ստորագրուելիք պայմանագիրին պատճէնը պատրաստ է, բայց անոր մանրամասնութիւնները հանրութեան սեփականութիւնը չեն դարձած տակաւին: Մասնագէտներ կ՛ըսեն, որ պեղումները ծախսալից են, եւ մրցոյթները շահած ընկերութիւնները պարտաւոր են կազմելու միութիւններ. կէտ մը, որ ճշդուած է պայմանագիրին մէջ: Նկատի ունենալով պեղումներու ծախսը` այդ ընկերութիւնները կ՛ակնկալեն ստանալ եկամուտին մէկ կարեւոր համեմատութիւնը:

Նախատեսուած իւրաքանչիւր հորի ծախսը կը գնահատուի 100 միլիոն տոլարով:

Գիտնականներու համաձայն, ոչ ոք կրնայ նախօրօք ըսել, թէ որքա՛ն կարելի պիտի ըլլայ արտահանել իւրաքանչիւր նաֆթահորէ եւ կազահորէ: Նոյնիսկ պեղումներու ընթացքին կարելի չէ ճշգրիտ թիւեր տալ: Միայն պեղումներէն ետք կարելի կ՛ըլլայ գիտնալ ճշգրիտ քանակը:

Ուսումնասիրութիւնները կու տան որոշ գաղափար մը, բայց երբե՛ք` ճշգրիտ թիւը: Սակայն, ըստ նոյն աղբիւրին, բազմազգեան ընկերութիւններ այսքա՛ն հետաքրքրութիւն ցոյց պիտի չտային, եթէ նախատեսուած քանակը շահաբեր չըլլար:

Տնտեսագէտներ աւելի պահպանողական տեսակէտ կ՛արտայայտեն եւ կ՛ըսեն, որ մեր սպասումները սահմանափակ պէտք է ըլլան: Երկրաբանական ուսումնասիրութիւններ կու տան տեսականօրէն հատուցելի մօտաւոր թիւեր: Անոնք երբե՛ք չեն կրնար ճշդել տնտեսականօրէն ստացուելիք իսկական քանակը:

Լիբանան Քարիւղ Եւ Կազ Արտադրող Երկի՞ր

Պեղումները կրնան Լիբանանը վերածել քարիւղ եւ կազ արտադրող երկրի: Այս պարագային, երկիրը կրնայ փակել իր պարտքերը, ապահովել ուժանիւթի իր կարիքները եւ ամրապնդել իր տնտեսութիւնը:

Եթէ նախատեսութիւնները ճիշդ դուրս գան, տնստեսութեան հեռանկարները պիտի ըլլան շատ փայլուն, կ՛ըսեն տնտեսագէտներ: Նախ պիտի դադրինք քարիւղ եւ կազ ներածելէ, ինչ որ պիտի պակսեցնէ պետական պիւտճէին ծախսերը, պիտի սկսինք վճարել աւելի քան 60 միլիառ տոլար գնահատուած մեր պարտքերը եւ եկամուտին մէկ մասը պիտի կարենանք գործածել երկրին վերաշինութեան եւ բարգաւաճման համար:

Բնականօրէն Լիբանան պիտի ստանայ եկամուտի իր բաժինը, բայց անիկա կախեալ է երեք տուեալներէ: Առաջին ազդակը տնտեսականօրէն արտահանուած եւ ծախու դրուած քարիւղին եւ կազին քանակն է: Երկրորդը` Լիբանան ինչպէ՞ս պիտի կարենայ մուտք գործել քարիւղ արտադրող երկիրներու արդէն իսկ բաւական բարդ շուկային մէջ: Ասիկա կ՛ենթադրէ` գիտական ծրագրում, քարիւղի եւ կազի ամբարման կեդրոններու ստեղծման յստակ քաղաքականութիւն եւ ռազմավարութիւն:

Երրորդ եւ մեր ընթերցողներու համար ամէնէն կարեւոր ազդակը քարիւղէն գոյացած եկամուտի հարցն է:

Ուժանիւթի նախարարութեան համաձայն, քարիւղէն եւ կազէն գոյացած եկամուտը պիտի բաժնուի բազմազգեան ընկերութիւններուն եւ Լիբանանի միջեւ: Լիբանանի բաժինով պիտի ստեղծուի անձեռնմխելի հիմնադրամ մը եւ պահ պիտի դրուի ապագայ սերունդներուն համար: Պարտքերը պիտի վճարուին տնտեսութեան զարգացման արդիւնքով գոյացած եկամուտէն եւ ոչ թէ` քարիւղի եկամուտէն:

Անձեռնմխելի այս հիմնադրամը, սակայն, տակաւին չէ ստեղծուած, հակառակ անոր որ 2010/23 օրինագիծը կը պարտաւորէ անոր ստեղծումը: Տակաւին յստակ չէ, թէ ո՛վ պիտի հովանաւորէ այս հիմնադրամը: Այլ խօսքով, մինչեւ հիմա յստակ չէ, թէ քարիւղէն եւ կազէն գոյացած գումարը ինչպէ՞ս պիտի գործածուի…

Աղբիւրներ

Journal of Petroleum Technology
Arabian Oil & Gas

http://www.arabianoilandgas.com/article-16016-feature-story-lebanons-production-ambitions/1/print/

https://www.spe.org/en/jpt/jpt-article-detail/?art=3145


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>