Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Հայրենի Կեանք

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Յուլիս 28-ին Տեղի Ունեցաւ «Սփիւռք Ամառնային Դպրոց»-Ի Փակման Հանդիսաւոր Արարողութիւնը

Յուլիս 28-ին Երեւանի պետական համալսարանի մշակոյթի կեդրոնի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան «Սփիւռք ամառնային դպրոց»-ի փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Ծրագիրը իրականացուեցաւ Երեւանի պետական համալսարանին հետ միատեղ: Կազմակերպուեցան դասընթացքներ հետեւեալ հինգ ուղղութիւններով` հայոց լեզուի արագացուած ուսուցում, հայոց լեզուի ուսուցիչներու եւ կրթական գործի կազմակերպիչներու վերապատրաստում, երիտասարդ լրագրողներու վերապատրաստում, ազգային երգի խմբավարներու եւ պարուսոյցներու վարպետութեան դասընթացքներ, երիտասարդ առաջնորդներու եւ համայնքային գործի կազմակերպիչներու դասընթացք:

Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի ողջոյնի խօսքը մասնակիցներուն արտասանեց նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեանը` շեշտելով «Սփիւռք ամառնային դպրոց»-ի դասընթացքներուն դերը հայապահպանութեան աջակցելու գործին մէջ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Երեւանի պետական համալսարանի դասախօսական կազմին` դասընթացքները մեծ պատասխանատուութեամբ եւ բարձր մակարդակով կազմակերպելնուն համար եւ  նշեց, որ դպրոցի նպատակներէն մէկը օտար ափերու վրայ տարբեր մշակոյթներու ազդեցութեան տակ գործող  սերունդները հայ պահելն է: «Դպրոցի 3 դասընթացքները աւարտած են յուլիս 14-ին, աւարտեցան նաեւ` հայոց լեզուի արագացուած ուսուցման դասընթացքը, որուն մասնակցեցան մօտաւորապէս 120 սփիւռքահայ` 22 երկիրներէ, եւ հայոց լեզուի ուսուցիչներու եւ կրթական գործի կազմակերպիչներուն  վերապատրաստման դասընթացքը, որուն մասնակցեցան 58 սփիւռքահայ` 20 երկրէ: Սիրելի՛ մասնակիցներ, դուք ձեռք բերիք նոր գիտելիքներ եւ հմտութիւններ: Ձեր ամէնէն մեծ ձեռքբերումներէն մէկը նոր ընկերներն են: Նոր կապերն ու յարաբերութիւնները աստիճանաբար կը ձեւաւորուեն ազգային զօրաւոր ցանց, որ պէտք է դառնայ հայապահպանութեան երաշխաւորներէն մէկը»:

Ներկաները ողջունեց «Սփիւռք ամառնային դպրոց»-ի իրականացման Երեւանի պետական համալսարանի պատասխանատու Մհեր Յովհաննիսեանը: Ան նշեց, որ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան հետ Երեւանի պետական համալսարանին համագործակցութիւնը արդիւնաւէտ է, եւ դպրոցը տարուէ տարի կ՛արձանագրէ նորանոր յաջողութիւններ:

Հայաստանի սփիւռքի նախարարի տեղակալը եւ ծրագրի իրականացման պատասխանատուն  հաւաստագրեր յանձնեցին դպրոցի մասնակիցներուն:

Այնուհետեւ «Սփիւռք ամառնային դպրոց»-ի բոլոր ուղղութիւններու ներկայացուցիչները հանդէս եկան ազգային երգերու, պարերու կատարումներով, ասմունքեցին եւ ներկայացուցին իրենց ստեղծագործութիւնները, գոհունակութիւն յայտնեցին այսպիսի կարեւոր ծրագիր կեանքի կոչելնուն համար:

2012-2017 թուականներուն «Սփիւռք ամառնային դպրոց»-ի դասընթացքներուն մասնակցած է 1431 սփիւռքահայ: Իւրաքանչիւր տարի մասնակցած են նախատեսուածէն կրկնակի աւելի մասնակիցներ:

Ուսումնական, տեսական եւ գործնական պարապմունքներուն զուգահեռ, ծրագրի մասնակիցներուն համար կազմակերպուեցան  մշակութային ձեռնարկներ, անոնք այցելեցին թանգարաններ, շրջագայեցան Հայաստանի տեսարժան վայրերը, հանդիպումներ ունեցան յայտնի մտաւորականներու, պետական եւ հասարակական գործիչներու հետ:

62 Սփիւռքահայ Ուսուցիչ Վերապատրաստուեցաւ Հայաստանի Մէջ

Աւարտեցաւ սփիւռքահայ ուսուցիչներու վերապատրաստման ծրագիրը: Խ. Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանին մէջ 28 յուլիսին տեղի ունեցաւ սփիւռքահայ ուսուցիչներու վերապատրաստման ծրագրի ամփոփումը:

Վերապատրաստման դասընթացքը աւարտած ուսուցիչները հանդիսաւոր կերպով ստացան կրթութեան նախարարութեան վկայականները:

Յիշեցնենք, որ սփիւռքահայ ուսուցիչներու վերապատրաստումը պետութեան կողմէ հոգացուող ամէնամեայ ծրագիր է: Վերապատրաստման միամսեայ ծրագրին այս տարի մասնակցեցան 62 սփիւռքահայ ուսուցիչներ` 17 երկիրներէ:

Լոռիի Սմարթ-ը Ներկայացուեցաւ ՄԱԿ-ին

Կայուն զարգացման հարցերով ՄԱԿ-ի քաղաքական բարձրաստիճան ամէնամեայ հաւաքի ծիրին մէջ, ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցչութիւնը եւ ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագիրը Նիւ Եորքի կազմակերպութեան կեդրոնական գրասենեակին մէջ իրականացուցին կլոր սեղան-քննարկում:

«Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամը կը հաղորդէ, որ «Կայուն զարգացման նպատակներու իրագործման ուղղուած հանրօգուտ ներդրում եւ նորարարութիւն» խորագրով ձեռնարկը կը քննարկէր ՄԱԿ-ի զարգացման ծրագիրներու նպատակներուն համահունչ հասարակական ձեռներէցութիւնն ու նորարարութեան ազդեցութեան խթանումը:

ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ, դեսպան Զոհրապ Մնացականեան ներկայացուց քննարկման նպատակները` ըսելով. «Իւրաքանչիւր կառավարութեան գերագոյն նպատակը պէտք է ըլլայ ապահովել ժողովուրդին բարեկեցութիւնը. Հայաստան հզօր ներուժ ունի բազմաթիւ ոլորտներու, ներառեալ` գաղափարներու ուսումնասիրութեան եւ իրագործման մէջ»:

«Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամի խորհուրդի ատենապետ դոկտոր Կարօ Արմէն հանդիպման բանախօսներէն էր: Ներկայացնելով հիմնադրամին գործունէութիւնը եւ Հայաստանի գիւղական համայնքներու հզօրացման իրենց տեսլականը` ան նշեց, որ «Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամի նորարարական տարբերակին շնորհիւ` վերջին 13 տարիներուն ընթացքին նոր շունչ առած է 44 գիւղ, փոխուած է մօտաւորապէս 67 հազար մարդու կեանքը (տեսանիւթը` https://www.youtube.com/watch?v=JILUWqyaV70):

«Մեր նպատակն է զօրավիգ կանգնիլ Հայաստանի անտեսուած համայնքներու երիտասարդ սերունդին. սակայն մենք չենք կրնար որակեալ կրթութիւն ապահովել քանդուած շէնքերու պայմաններուն մէջ», ըսաւ դոկտոր Կարօ Արմէն:

«Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամը կը համադրէ ենթակառուցուածքային բարեկարգումներու ծրագիրները (հիմնականօրէն` նորոգուած դպրոցներ, հիւանդանոցներ, համայնքային կեդրոններ եւ համայնքային նշանակութիւն ունեցող այլ կարեւոր կառոյցներ) միջազգային որակի կրթական, հասարակական-տնտեսական, առողջապահական եւ համայնքային ծրագիրներու ստեղծման եւ իրագործման: Գերնպատակն է ուղղորդել եւ կարելիութիւն ընձեռել հայաստանցիներուն, որոնք գրագիտութեան բարձր մակարդակ եւ մեծ  ներուժ ունին,  յստակացնելու եւ կառուցելու սեփական ապագան:

Այնուհետեւ, Կարօ Արմէն ներկայացուց  «Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամի նորարարական ՍՄԱՐԹ նախաձեռնութիւնը. ժամանակակից հաղորդակցական արհեստագիտութիւններու եւ անգլերէնի կատարելագործման շնորհիւ` անիկա կապ կ՛ապահովէ Հայաստանի գիւղերու բնակչութեան եւ աշխարհի միջեւ: «Այս մօտեցման նպատակն է հայ գիւղացիին հասանելի դարձնել լաւագոյն կրթութիւնն ու մասնագիտական  վերաորակաւորումը: Այս կերպով պիտի տանք գիւղական համայնքներու յառաջընթացի թռիչքային սկիզբը», յայտնեց Կ. Արմէն:

Նախատեսուած 20 ՍՄԱՐԹ կեդրոնները պիտի փոխեն գիւղական Հայաստանի բնութագիրը` ծառայելով իբրեւ կրթական եւ ստեղծագործական հանգոյց այն տարածաշրջաններուն մէջ, որոնք ներկայիս զուրկ են նման կարելիութենէ. «Մենք կը ձգտինք ձեռք երկարել Հայաստանի մօտաւորապէս 1000 գիւղական համայնքներու` ՍՄԱՐԹ կեդրոններու գործունէութեան միջոցով», ըսաւ Կ. Արմէն:

Համաշխարհային նորարարութեան տեսանկիւնէն, դոկտոր Կարօ Արմէն առաջարկեց ՍՄԱՐԹ տարբերակը տեղայնացնել եւ գործարկել աշխարհի որեւէ անկիւն, ապա ան աւելցուց. «Անիկա ընդհանրական է ո՛չ միայն Հայաստանի, այլեւ ամբողջ աշխարհին համար»:

Այն հարցին, թէ ո՞րն է նորարարութեան եւ փոփոխութիւններու գաղտնիքը, Կարօ Արմէն ըսաւ. «Կարեւորութի՛ւնը` կայուն նախաձեռնութիւններու, որոնք պիտի յանգեցնեն փոփոխութիւններու: Անմխիթար պայմաններու մէջ գտնուող դպրոցի վերանորոգումը` առանց նպատակային կրթական ծրագիրներու, չի կրնար զարգացման թռիչքի ուղի ըլլալ»:

Յատուկ նիւթերու քննարկման ընթացքին անդրադարձ եղաւ ՄԱԿ-ի կայուն զարգացման միջազգային օրակարգի ծիրին մէջ նորարարական եւ ազդեցիկ նախաձեռնութիւններուն: Քննարկման բոլոր մասնակիցներն ալ կը համարուին փոփոխութիւններու շարժիչը Հայաստանի մէջ` նկատի ունենալով կայուն զարգացման գործին մէջ անոնց այլափոխութեան ուժն ու նորարար լուծումները:

Յայտնենք, որ ՄԱԿ-ի կլոր սեղան-քննարկման կը մասնակցէին հայաստանեան այլ ազդեցիկ ձեռնարկութիւններ եւ կազմակերպութիւններ, նաեւ` Սուրէն Ալոյեան («dasaran.am» կրթական ծրագիր), Մարի Լու Փափազեան (ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոն), Քեւըն Ճանզ (SOCAP), Պենի Պանըրճի (Stanford ChangeLabs), Միքա Ռիքքօ (Sitra Fund) եւ Հանս Վահլ (INSEAD):

Ստեփանակերտի Մէջ Տարեվերջին Գործելու Պիտի Սկսի Ուռուցքաբանական Նոր Կեդրոնը

1960-ական թուականներուն խորհրդային կառավարութիւնը Ստեփանակերտի մէջ ուռուցքաբանական հիւանդանոց հիմնելու որոշում տուած է: Հիւանդանոցի շէնքը ի սկզբանէ հիւանդանոցային պայմաններ չէ ունեցած:

Մօտաւորապէս 900 քաղաքացիի սպասարկող հիւանդանոցը շատ անմխիթար վիճակի մէջ էր:

Ապրիլ 2-ին, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ֆրանսահայ բարերար եւ հովանաւոր Ռիշար Օհաննէսեանի ներկայութեամբ, բացումը կատարուեցաւ Ստեփանակերտի նոր` ժամանակակից պայմաններով ուռուցքաբանական կեդրոնը:

Կեդրոնի գլխաւոր բժիշկ Արմէն Հայրիեան յայտնեց, որ կեդրոնին բացումը տեղի պիտի ունենայ տարեվերջին, երբ արտերկրէն հասնին պատուիրուած արհեստագիտական սարքերը:

Վարդան եւ Գոհարիկ Օհաննէսեաններու անուան հիւանդանոց դիմող քաղաքացիները այլեւս ստիպուած պիտի չըլլան բարդ վիրահատութիւններու համար Երեւան մեկնելու:

Նոր հիւանդանոցը կարելիութիւն պիտի ընձեռէ մասնագէտներուն քիմիաբուժութիւն եւ բարդ վիրահատութիւններ իրականացնելու:

Հաղորդենք, որ Արցախի մէջ ուռուցքային հիւանդութիւններէն ամէնէն տարածուածները կրծքագեղձի, թոքի եւ արգանդի վզիկի քաղցկեղներն են:

Հայաստան Սուրիահայերու Համար Անցեալ Տարի Ամերիկայէն 15 Միլիոն Տոլար Ստացած Է

Լրագրող  Լիլիթ Մուրատեանը կը տեղեկագրէ, որ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան յատկացումներու յանձնախումբը արդէն հաստատած է 2018 տարեշրջանին համար արտաքին գործողութիւններու եւ յարակից ծրագիրներու համար նախատեսուող յատկացումներու վերաբերեալ օրինագիծը, որ 10 միլիառով պակաս է նախորդ տարուան պիւտճէէն: Այս ծրագրով է, որ դրամական աջակցութիւն կը  ցուցաբերուի նաեւ Սուրիայէն գաղթականներ ընդունած երկիրներու, որոնց շարքին` նաեւ Հայաստանին:

Հայաստան Սուրիայէն ընդունած է 22 հազար գաղթական: Անցեալ տարի ամերիկեան յատկացումներէն Հայաստանին բաժին ինկած էր մօտաւորապէս 15 միլիոն տոլար: Այս տարի այս յատկացումը կրնայ բաւական նուազ ըլլալ:

Երեւանի Մէջ Բացումը Կատարուեցաւ Քանատահայ Քանդակագործ Մկրտիչ Տարագճեանի Քանդակներու Ցուցահանդէսին

Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ, Երեւանի Ժամանակակից արուեստի թանգարանին մէջ, օգոստոս 3-ին,  տեղի ունեցաւ քանատահայ քանդակագործ Մկրտիչ Տարագճեանի քանդակներու ցուցահանդէսին բացումը: Այս մասին հաղորդած են սփիւռքի նախարարութեան մամուլի վարչութենէն:

Սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան ներկաներուն արտասանեց նախարար Հրանուշ Յակոբեանի ողջոյնի խօսքը եւ շնորհաւորեց արուեստասէր հանրութիւնը` քանատահայ քանդակագործի անհատական ցուցահանդէսի բացման առիթով: «Յոյսով եմ, որ Մկրտիչ Տարագճեանի արուեստի ուժն ու գեղեցկութիւնը այս ցուցահանդէսի այցելուները դեռ երկար պիտի յիշեն ու զգան», նշեց Սերժ Սրապիոնեան:

Քանդակագործը շնորհակալութիւն յայտնեց սփիւռքի նախարարութեան գործուն աջակցութեան համար եւ մասնաւորապէս ըսաւ. «Ասիկա իմ առաջին անհատական ցուցահանդէսն է Հայաստանի մէջ, եւ ես ուրախ եմ, որ իմ քանդակներէս  քանի մը հատը արդէն այստեղ գտած են իրենց մշտական հասցէները` Եղիշէ Չարենցի տուն-թանգարան, Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոց եւ այլուր: Մասնագիտութեամբ բժիշկ եմ, սակայն զիս միշտ գրաւած է արուեստի ամենազօր ուժը, նկարած եմ տարիներ շարունակ, ապա հմտացած` քանդակագործութեան մէջ: Այսօր կը զբաղիմ միայն քանդակագործութեամբ»:

Մկրտիչ Տարագճեանի քանդակները կը գտնուին նաեւ Քանատայի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ: Քանդակագործին հեղինակած յայտնի լուսանկարիչ Եուսուֆ Քարշի յուշարձանը տեղադրուած է Օթթաուա քաղաքի կեդրոնական հատուածին մէջ, իսկ «Ընթերցողը» քանդակը` Մոնրէալի քաղաքապետարանի հանրային գրադարանին առջեւ:

Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը այցելուներուն համար բաց պիտի ըլլայ մինչեւ 17 օգոստոս:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>