Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Ստացուած Գիրքեր. «Գրիգոր Նարեկացիի Գանձարանը Վերծանութիւն Եւ Քննութիւն» (Հեղինակ` Հենրիկ Բախչինեան)

$
0
0

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Պէյրութի մէջ, Շիրակ տպարանէն 2016-ին լոյս տեսաւ Հենրիկ Բախչինեանի «Գրիգոր Նարեկացու գանձարանը. վերծանութիւն եւ քննութիւն» գիրքը, բաղկացած` 373 էջերէ: Գիրքը հրատարակուած է ՀԲԸՄ-ի Վահրամ Ապտալեան մշակութային հիմնադրամի միջոցներով: Հեղինակը գիրքը նուիրած է իր ընկերներ` վաստակաշատ նարեկացիագէտներ Արշալոյս Ղազինեանի եւ Պօղոս Խաչատրեանի յիշատակին:

Գիրքը կ՛ընդգրկէ Գրիգոր Նարեկացիի Գանձարանը` ուսումնասիրողի վերակազմութեամբ: Բնագիրներուն կից կատարուած են անոնց վերծանութիւնները, բովանդակային մեկնութիւններն ու ծանօթագրութիւնները:

Հենրիկ Բախչինեան կ՛ըսէ, որ Գրիգոր Նարեկացիի գանձերն ու տաղերը կը ներկայացնեն անոր անզուգական գեղարուեստական ժառանգութեան ինքնատիպ ու արժէքաւոր մասը: Անոնք լայնօրէն տարածուելով` սփռուած են բազում գրչագիր մատեաններու մէջ եւ ապա տեղ գտած են տպագիր գիրքերու մէջ: 1513-ին Յակոբ Մեղապարտի հրատարակած Տաղարանին մէջ տպուած է Նարեկացիի տաղերէն «Սայլն այն իջանէր»  Յարութեան տաղը: Իսկ 1690-ին Վենետիկի մէջ հրատարակուած Տաղարանին մէջ տպուած է «Սեաւ իմ, գեղեցիկ»-ը: Հետագային, Նարեկացիի այլ ստեղծագործութիւններու շարքին տպուած են նաեւ անոր երեք գանձերը` նուիրուած Սուրբ Հոգիին, Եկեղեցիին եւ Խաչին: Աւելի ուշ հրատարակուած են Նարեկացիի «Մատենագրութիւնք»-ը, ինչպէս նաեւ շարք մը նորայայտ տաղեր եւ գանձեր: Երեւանի մէջ 1981-ին լոյս տեսաւ Արմինէ Քէօշկէրեանի աշխատասիրութեամբ տպագրուած գիտական-քննական ժողովածուն: Քէօշկէրեան նաեւ վերակազմած է Նարեկացիի հեղինակային Գանձարանը կամ Գանձտետրը:

Բախչինեան կը շարունակէ ըսելով, որ Գրիգոր Նարեկացիի տաղերուն զգալի մասը չափազանց դժուար ընկալելի է յատկապէս ժամանակակից ընթերցողի համար: Պատճառը բանաստեղծին լեզուաոճական համակարգն էր: Իր յորդուն մտքերն ու յոյզերը արտայայտելու համար Նարեկացին հանճարին յատուկ ազատութեամբ ու խիզախութեամբ երբեմն «մեղանչած է» լեզուական կանոններու դէմ` առաւել դժուար ընկալելի դարձնելով իր առանց այդ ալ բարդ լեզուն ու ոճը: Տաղերու ու գանձերու որոշ տողերու ու դրուագներու դժուար ընկալելիութեան մէջ իրենց բաժինը ունին նաեւ գրչագրական ինչ-ինչ աղաւաղումները: Տաղերու ու գանձերու հնագոյն ձեռագիրները կը վերաբերին ԺԳ.- ԺԴ. դարերուն: Հնարաւոր է, որ որոշ ընդօրինակութիւններ կատարուած ըլլան բանաւոր աղբիւրներէ: Նարեկացիի դժուար ընկալելի ստեղծագործութիւնները ըմբռնելու համար կարեւոր են անոնց բանասիրական, գրականագիտական քննութիւնները: Կատարուած են թէ՛ Ողբերգութեան մատեանի եւ թէ՛ տաղերու աշխարհաբար վերածումներ:

Հենրիկ Բախչինեան կը գրէ, որ 10-րդ դարու երկրորդ կէսին, երբ ասպարէզ իջաւ Գրիգոր Նարեկացին, առկայ էր արդէն կէսհազարամեայ ուղի անցած հայ թարգմանական եւ ինքնուրոյն հարուստ մատենագրութիւն: Ստեղծուած էին բազում մեծարժէք աստուածաբանական եւ իմաստասիրական երկեր, սքանչելի պատմագրութիւն, վարք-վկայաբանութիւններ, ներբողներ, ծիսական մատեաններ:

Վաղ միջնադարեան հայ երաժշտական բանաստեղծական արուեստը գլխաւորաբար դրսեւորուած էր իբրեւ եկեղեցական պաշտօներգութիւն կամ օրհներգութիւն: Կազմուած էին կցուրդական-Շարակնոցի եւ Ժամագիրք-Աղօթամատոյցի նախնական խմբագրութիւնները: Օրհներգութեան ասպարէզին մէջ հանդէս եկած էին Ոսկեդարու նշանաւոր հեղինակներ Սահակ Պարթեւն ու Մեսրոպ Մաշտոցը, Մովսէս Խորենացին, Յովհան Մանդակունին ու Ստեփանոս Սիւնեցին: Անոնց գործը շարունակած էին Կոմիտաս Աղցեցին, Սահակ Ձորոփորեցին, Յովհան Օձնեցին, բանաստեղծուհի Սահակդուխտ եւ ուրիշներ: Շարականագրութեան ասպարէզին մէջ աւելի ուշ իր ծանրակշիռ ներդրումը կատարեց Ներսէս Շնորհալին: Միւս կողմէ, արդէն ստեղծուած էր պատմական ողբի մէջ յայտնի առաջին յայտնի նմուշը` Դաւթակ Քերթող:

Իբրեւ հոգեւոր, կրթական, գիտական, գրչական ու մանրանկարչական կեդրոններ ծաղկած են շարք մը վանքեր, ինչպէս` Սանահինի, Հաղբատի եւ Նարեկի վանքերը:

Անանիա Նարեկացի Նարեկայ վանքին մէջ հիմնած էր դպրոց, ուր իր Յովհաննէս եղբօր հետ ուսանած է Գրիգոր Նարեկացին: Ապագայ մեծ բանաստեղծի միտքի եւ ստեղծագործական կեանքի կազմաւորման համար որոշիչ դեր կատարած են ուսուցիչը` Անանիա Նարեկացին եւ հայրը` Խոսրով Անձեւացին: Խոսրով Անձեւացի կատարած է հայ ժամակարգութեան մեկնութիւնը եւ այդ բնագաւառին մէջ մասնագիտացած էին նաեւ անոր երեք որդիները: Գրիգոր Նարեկացի հօր այդ մեկնողական աշխատութիւնը գրչագրած է եւ յիշատակարանին մէջ տեղեկացուցած, որ իր աւագ եղբայր Սահակը կատարած է մեկնութեան առաջին գրչութիւնը: Այս եւ նման գործերուն մասնակից էր նաեւ միւս եղբայրը` Յովհաննէս:

Ժամակարգութեան իմացութիւնը, ի թիւս այլ կարեւոր գործօններու, պայմանաւորած է Նարեկացիի ստեղծագործական կեանքի սկզբնաւորումն ու ընթացքը:

Նարեկացիէն շատ առաջ շարական-օրհներգը վաղուց արդէն կայացած էր եւ տուած բազում արժէքներ: 9-րդ դարուն չէ ստեղծուած ոչ մէկ շարական: 10-րդ դարուն եւս Շարակնոցը չէ ճոխացած: Նարեկացիին ժամանակակից Ստեփանոս Ապարանեցին (Մոկացի) յօրինած է օրհներգներու շարք մը, որուն Օրհնութիւնը ընդգրկուած է կանոնական Շարակնոցին մէջ, իսկ Հարցնը, իր կազմով, պարականոն դարձած է:

Բախչինեան կը նշէ, որ Գրիգոր Նարեկացիի համար անձուկ եղած են շարականի կաղապարները եւ անմիջական կախուածութիւնը եկեղեցական ծիսակարգէն: Իր յախուռն ներաշխարհը դրսեւորելու համար անոր անհրաժեշտ եղած են պարտադրուած ձեւաչափերէն ու եկեղեցական արարողակարգէն հնարաւորինս ազատ եւ անկախ տաղեր:

Շարակնոցը եւ Ժամագիրքը կազմաւորած են Մեսրոպ Մաշտոց եւ Սահակ Պարթեւ, եւ ծիսամատեանի առաջին խմբագրութիւնը կատարած է Յովհան Մանդակունի: Ժամագիրքը կը բացուի Աւետարանէն քաղուած Տէրունական աղօթքով եւ կը բովանդակէ բազում այլ աղօթքներ: Ժամագրքային աղօթքը ժամերգութեան առանձին տեսակ է: Անիկա արձակ շարադրանքով, երգուող կամ ասերգուող խօսք է առ Աստուած: Ունի աղերսական, օրհնաբանական, փառաբանական ու գովաբանական բովանդակութիւն եւ կը լրացնէ ժամերգութեան մէջ առատօրէն գործածուող սաղմոսները:

Ժամագրքային աղօթքի հիման վրայ կամ հետեւողութեամբ Գրիգոր Նարեկացի ստեղծած է իր աղօթքները: Բանաստեղծը զանոնք համակարգած է առանձին մատեանի մէջ եւ կազմած իր հեղինակային Աղօթագիրքը կամ Աղօթամատեանը: Նարեկացին ինք իր երկը «Աղօթից մատեան» կոչած է: Իր աղօթքները Նարեկացին օժտած է բանաստեղծական արուեստի բոլոր հիմնական յատկանիշներով` ռիթմ, չափ, յանգ, արտայայտչական եւ պատկերաւորման միջոցներ: Գրիգոր Նարեկացին, առաջինը ըլլալով, բանը` բանաստեղծական խօսքը, տարանջատած է երաժշտութենէն, մեղեդիէն:

Բախչինեան կ՛ընդգծէ ըսելով, որ Նարեկացին ոչ միայն բանաստեղծական խօսքը տարանջատած է երաժշտական բաղադրիչէն, այլեւ բանաստեղծութեան վերածած աղօթքը դուրս բերած է պաշտօներգութենէն. դարձուցած արտապաշտամունքային, որուն շնորհիւ անոր Աղօթամատեանը, Նարեկը, միջնադարուն եւ այնուհետեւ լայնօրէն տարածուած է հանրութեան մէջ: Եկեղեցին, սակայն, նոյնպէս անմասն չէ մնացած իր իսկ ժամակարգական աղօթքներու հետեւութեամբ եւ ի նպաստ եկեղեցւոյ ու հաւատքի ստեղծուած այս մեծարժէք Աղօթամատեանէն, որուն որոշ հատուածներ խազաւորելով ու եղանակաւորելով` ընդգրկած է թէ՛ Ժամագիրքին եւ թէ՛ Պատարագամատոյց ու Մաշտոց ծիսարաններու եւ այլ երաժշտական ժողովածուներու մէջ:

Նարեկացիի գանձերը բաղկացած են տարբեր քանակի տողեր ընդգրկող 7 – 10 տուներէ կամ դրուագներէ. ամէնէն փոքրածաւալ գանձը ունի 87, ամէնէն մեծը` 168 տող: Գանձի վերջին դրուագը փոխն է, իբրեւ գանձի պարտադիր մաս: Նարեկացին իր քարոզ-գանձերը յօրինած է ազատ ոտանաւորով, օժտած է յօդակապերով, այլեւ հարուստ պատկերաւորման ու արտայայտչական միջոցներով` ստեղծելով գեղարուեստական բարձր արժէքներ: Եթէ Նարեկացիի աղօթքները երաժշտութենէն տարանջատուած բանաստեղծութիւններ են, ապա գանձերը կատարուած են մեղեդիական պատմողական ասերգի արտայայտչական միջոցներով:

Ժամագրքային երգին անդրադառնալով Բախչինեան կը գրէ, որ հայ եկեղեցւոյ ժամասացութեան մէջ ընդգրկուած թարգմանական եւ ինքնուրոյն ժամերգներու հետեւութեամբ Նարեկացին ստեղծած է իր երգերը, որոնք քարոզ-գանձերու նման նուիրուած են եկեղեցական տօներուն: Բանաստեղծը նպատակ ունեցած է ոչ թէ այդ երգերով համալրել ժամագիրքը, այլ ստեղծել բոլորովին նոր` այս անգամ եւս եկեղեցական արարողակարգի սահմաններէն դուրս երգեր:

Նարեկացիի նորօրինակ երգը տարբերակելու համար ժամագրքային երգերէն եւ առհասարակ բոլոր երգուող բնագիրներէն, կոչած են տաղ: Ինչպէս գանձերը, տաղերը եւս ունին փոխեր: Որոշ անկախ փոխեր գրչագիրներու մէջ կոչուած են տաղ, կամ հակառակը: Որոշ տաղեր ու փոխեր աւելի ուշ ընդօրինակութիւններու մէջ կոչուած են նաեւ մեղեդի:

Բախչինեան կը նշէ, որ Նարեկացիի տաղերու ծաւալները շատ տարբեր են` բաղկացած ըլլալով զանազան քանակի տուներէ: Տաղերու մէկ մասը ունի հաւասար, մէկ մասը` անհաւասար քանակի տողեր ընդգրկող տուներ: Որոշ տաղեր գրուած են պատասխանի կազմութեամբ: Տաղերը յօրինուած են ոտանաւորի տարբեր չափերով` թէ՛ ազատ եւ թէ՛ կանոնաւոր, չունին յանգեր, սակայն օժտուած են հանգիտութեամբ:

Բախչինեան կ՛ըսէ նաեւ, որ Նարեկացին, ինչպէս համակարգելով իր բանաստեղծական աղօթքները` կազմած է իր հեղինակային Աղօթամատեանը, այնպէս ալ ստեղծած է իր հեղինակային գանձարանը: Վերջինիս հետեւողութեամբ երեւան եկան գանձարան ժողովածուները: Հայ երաժշտական-բանաստեղծական արուեստի արժէքաւոր մասը ներկայացնող այդ ժողովածուներու հիմնադիրը Գրիգոր Նարեկացին է իր գանձարան-գանձատետրով: Որոշ տաղեր Նարեկացին չէ ընդգրկած իր գանձարանին մէջ: Գանձարանը բաղկացած է գանձ-տաղ-փոխ միաւորներէն, որոնք կը կոչուին գանձարանային կանոն կամ գանձ-շարք: Եթէ Նարեկացիի Աղօթամատեանը պահպանուած է գրեթէ անխաթար, ապա անոր հեղինակային գանձարանը պահպանուած է թերի ու մասնատուած` հետագային կազմուած ընդհանրական գանձարաններու կազմին մէջ:

Գիրքին առաջին մասը գանձարանի վերծանութիւնն է, երկրորդը` արտագանձարանային տաղերը, այնուհետեւ` գանձարանի քննութիւնը. կայ նաեւ բնագրային ծանուցումներու բաժին:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>