ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Պէյրութի մէջ 2016-ին լոյս տեսաւ Պայծիկ Արապեան-Գալայճեանի «Անմար կանթեղը լուսոյ» գիրքը, բաղկացած` 176 էջերէ եւ հինգ մասերէ:
Պայծիկ Արապեան-Գալայճեան կ՛ըսէ, որ Մելգոնեան կրթական հաստատութեան փակման որոշումէն (2004) մինչեւ այսօր, այդ որոշումին իսկական շարժառիթին հետ առնչուած հասարակաց համոզում մը դեռ չէ գոյացած:
Եօթանասուն եւ ինը տարի շարունակ անդուլ ղօղանջեցին լուսոյ տաճար` Մելգոնեան կրթական հաստատութեան զանգակները: Անոնք ղօղանջեցին խորհրդաւոր ուժգնութեամբ` մերթ աղջկանց շէնքէն ու մերթ ալ տղոց: Անոնք ղօղանջեցին պատկառելի զանգակատուն գագաթէն` իրենց շուրջ համախմբելու համար ի սփիւռս աշխարհէն մէկտեղուած հայ տղաք-աղջիկներ, որոնք ծարաւի էին հայեցի դաստիարակութեան, պահանջքը ունէին Մելգոնեանով հայանալու:
Պատմական ակնարկին մէջ հեղինակը կ՛ըսէ, որ Գրիգոր եւ Կարապետ Մելգոնեան եղբայրներուն կտակով 1926-ին Կիպրոսի մէջ, Նիկոսիայէն քիչ մը հեռու բացուեցաւ Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը: Հաստատութեան պատմութեան մէջ, գիտութիւններու կողքին յատկանշական էին արուեստի, կերպարուեստի եւ երաժշտութեան բնագաւառները: Մելգոնեանի ուսանողական տարիներուն է, որ կը յայտնաբերուին ուսանողին թաքուն ձիրքերը, ըլլան անոնք գրական, նկարչական, երաժշտական, մարմնամարզի, նոյնիսկ գրադարանավարութեան վարժութիւն ձեռք ձգելու լաւագոյն վայրն է հաստատութեան մատենադարանը:
Հայրենի հողին կանչը ունէր իր լռելեայն արձագանգը, նաեւ Մելգոնեանի յաջորդական սերունդներուն մէջ: Իւրաքանչիւր շրջանաւարտ սերունդի զգալի տոկոսը անպայմանօրէն կը մեկնէր Հայաստան` բարձրագոյն ուսում ստանալու եւ հայրենիք-սփիւռք միաձոյլ մեծ ամբողջութիւն մը կազմելու:
Մելգոնեան կրթական հաստատութեան կտակի յանձնառութեան բաժինին մէջ կ՛ըսուի, որ կրթական մարզը եղած է ու պիտի շարունակէ մնալ ծրագրային կարեւոր բնագաւառ մը ՀԲԸՄ-ին համար. բարեգործականը նիւթական հսկայ ներդրումներ կատարած է գաղթաշխարհի մէջ, հաստատելով ուսումնական այլազան ծրագիրներ, որոնք գոհացում տուած են հայութեան կարիքներուն: Տրուած նախապատուութիւնն ու շեշտը համապատասխան եղած են կազմակերպութեան ընդհանուր առաքելութեան. պահել ու զարգացնել հայկական ինքնութիւնն ու ժառանգութիւնը` կրթական, մշակութային ու մարդասիրական ծրագիրներով: ՀԲԸՄ ստանձնեց Մելգոնեան կրթական հաստատութեան հոգատարութիւնը: Մելգոնեան եղբայրներու տեսլականով առաջնորդուած, հաստատութիւնը իրագործեց մարդասիրական բացառիկ նպատակներ: Ուսումնական նոր առիթներ ստեղծուեցան գաղթաշխարհի հայ ուսանողութեան համար:
Կարապետ եւ Գրիգոր Մելգոնեան եղբայրները եղած են իրենց ժամանակի բացառիկ դէմքերէն, որոնք ունեցած են տեսլական ու տոգորուած են բարեսիրական զգացումներով իրենց հայրենակիցներուն հանդէպ: Անոնք մեր ժողովուրդի մեծագոյն բարերարներէն կը նկատուին: Մելգոնեան եղբայրները ՀԲԸ միութեան վստահեցան մատակարարումը իրենց նուիրատուութեան, որ բարձր մակարդակով ծառայէ հայ ժողովուրդի ազնուագոյն նպատակներուն:
Գիրքին յաջորդ բաժինը հարցազրոյցներ են մանկավարժ-արուեստագէտ Սեպուհ Աբգարեանի, ազգային բարերար Նազար Նազարեանի, բազմավաստակ տնօրէնուհի Սօսի Պետիկեանի եւ արուեստագէտ Յակոբ Յակոբեանի հետ:
Գիրքին հինգերորդ բաժինը Մելգոնեան կրթական հաստատութեան գործունէութեան նուիրուած առանձին յօդուածներ են: