Սփիւռքահայ արձակագիր եւ հասարակական գործիչ Հայկ Նագգաշեանի ընտանիքը հիմնած է «ՀԱՅԿ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ ԳՐԱԿԱՆ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ» հիմնադրամը` արժեւորելու հայրենի թէ սփիւռքահայ գրողներու հայերէն նորատիպ գրական-գեղարուեստական երկերը:
Այս առիթով կը յայտնենք, որ կազմուած է հնգանդամ Գնահատիչ մարմին, որ ստացուած գրական նիւթերէն մասնագիտական ընտրութիւն կատարելէ ետք, եզրափակիչ հաղորդագրութիւնը պիտի հրապարակէ 2018 թուականի հոկտեմբեր 20-ին` Հայ մշակոյթի ամսուան փառաւոր հանդիսութեան օրերուն:
Հետաքրքրուած հեղինակներէն կը խնդրուի 2017-ին իրենց լոյս ընծայած գիրքերէն հինգական օրինակ եւ նոյնին համացանցային PDF տարբերակը մինչեւ 2018 թուականի յունուար 20-ը փոստով առաքել տիկին Սօսի Նագգաշեանին:
Հասցէ.-
Sossie Naccashian
11848 Rue Filion,
Montreal, Quebec, H4J 1T3
CANADA
E-mail: n.sossie@yahoo.ca