Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

«Ազդակ»-ի Մեր Օրերը

$
0
0

ԼԵՒՈՆ ԳՈՒՇԵԱՆ

Մանկութեան եւ պատանութեան տարիներուս «Ազդակ» բառը ինծի համար միայն մէկ իմաստ ունէր. Պէյրութի մէջ հրատարակուող հայերէն թերթ մը, որ ամէն օր պէտք էր մեր տունը մտնէր: Այդ օրերուն Հալէպ հայերէն թերթ չունէր քաղաքական հասկնալի պատճառներով: Աւելի ուշ սորվեցայ, որ նաեւ ազդակ բառը միջոցի իմաստը ունի: Բայց եւ այնպէս, «Ազդակ»-ը արդէն իր դրական «աւերը» գործած էր միտքիս ու հոգիիս մէջ:

«Ազդակ» ամէն օր թարմ հացի նման կը հասնէր գրավաճառ Զաւէն Սապունճեանի «Օմար Խայեամ» գրատունը, որ օրուան ընթացքին միայն քանի մը ժամ բաց կ՛ըլլար: Զաւէն «ոտքի վրայ» շատ գործ ունէր ընելիք: Յաճախ, անօթի որբերու նման, երեկոները գրատան դրան առջեւ սպասողներ կ՛ըլլային, որպէսզի Զաւէնը ժամանէր ու թերթը բաժնէր: Թերթը առնելուս պէս, տուն կը վազէի, որովհետեւ հայրս ու մայրս կը սպասէին` իրար ձեռքէ խլելու համար զայն: Երբ հայրս 10-15 վայրկեան աչքէ անցընէր թերթը, մայրս պիտի ըսէր` կը բաւէ, Կարապե՛տ, շա՛տ եղաւ, քիչ մըն ալ ինծի տուր: Ես արդէն չափահաս տղայ` համբերել սորված էի, որպէսզի վերջը ամէնէն երկար ժամանակը ունենամ ծայրէ ծայր կարդալու թերթը:

«Ազդակ»-ը, սակայն, միայն լուրերու համար չէր: Անիկա նաեւ տեսակ մը դասագիրք էր, ազգային ու գաղափարական ներշնչարան: Աւետարանի չափ գուրգուրանքի առարկայ էր. կարելի չէր օրեր ետք զայն թափել, կամ օգտագործել որեւէ բան փաթթելու համար. այդ մէկը սրբապղծութիւն էր: Թերթը պէտք էր պահել, հոգ չէ թէ որքան տեղ գրաւէր: «Ազդակ» անբաժանելի մասնիկը դարձած էր մեր էութեան: Անոր միջոցով ես դարձայ մոլեգին ընթերցող, որուն բարեբեր պտուղները կը քաղեմ մինչեւ այսօր: Պատահեցաւ նաեւ, որ 90-ականներու սկիզբը պատիւը ունեցայ մաս կազմելու այդ օրերու խմբագիր Սարգիս Մահսերէճեանի ճիգերով Հալէպի մէջ ստեղծուած «Ազդակ»-ի թղթակիցներու խումբին:

Տասնամեակներ անցած են արդէն այն օրերէն, երբ Միջին Արեւելքէն հեռացայ, սակայն «Ազդակ»-ի օրերը կը մնան դրոշմուած յիշողութեանս մէջ: Հիմա կը մտածեմ, թէ այս հրաշալի թերթը վստահաբար ի՜նչ զոհողութիւններով գոյատեւած է ու պիտի գոյատեւէ` իր նուիրեալ աշխատակիցներով, պաշտօնէութեամբ եւ խմբագիրներով: Կը գիտակցիմ, թէ ի՛նչ ըսել է հայկական օրաթերթ հրատարակել օտարութեան մէջ, ամէն օր օտարացման վտանգը դիմագրաւող հայութեան համար:

Առաջին հայերէն թերթը, որ բռնած եմ ու պարուրուած` անոր բոյրով, «Ազդակ»-ը եղաւ: Առաջին սէրս` հայ մամուլի դրախտէն ներս: Եւ…  ինչպէ՜ս կարելի է մոռնալ ԱՌԱՋԻՆ ՍԷՐԸ ու անոր … կրքոտ գրգիռը:

Լոս Անճելըս


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>