Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Քիչ Մը Խենթուկ

$
0
0

ԽԱՉԱՏՈՒՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Ննջեցեալին Աստուծոյ կամքով ու օրհնութեամբ 93 տարի իր ընտանեկան եւ բարեկամական շրջանակին հետ ապրելէն ետք, մեր աշխարհէն հեռանալուն առթիւ արտասանած խօսքիս մէջ ակնարկեցի այն իրողութեան, որ Ցեղասպանութենէն ետք Ֆրանսա ծնած ու ապրած ինծի անծանօթ այդ հայրենակիցը, Տիրոջ կամքով, մեզ` քոյր-եղբայրներս, քով-քովի բերած էր եւ մինչեւ իր յաւէտ հանգչիլը սիրով ու անխոնջ կերպով աշխատած էր օդանաւագիտութեան եւ պարտիզամշակութեան մէջ: Իր օրինակին հետեւած էր Փարիզէն եկած իր միակ հարազատը եղբօրորդին` Մանուէլը, եւ Նիս ապրող հայերէն խօսող իր ազգականը` Պետրոսը:

Արարողութենէն քիչ անց Մանուէլ Պետրոսին հետ մէկ-երկու ժամ պիտի երթայ խնամելու իր հօրեղբօր անտէր-անտիրական ձգած պարտէզը ու յետոյ Փարիզ վերադառնայ:

Անդի աշխարհ մեկնողին եւ մեր` ապրողացս վիճակին մասին բաներ մը ըսած պահուս`

– Չա՛ր ես, ինչո՞ւ զիս մինակս ձգեցիր գացիր,- ճչաց տիկին Մարքոնին,- շատ լաւ էր, բայց քիչ մը խենթուկ էր:

– Քիչ մը խենթո՞ւկ էր, ուրեմն լաւ էր,- ըսի` խորհելով, որ ներկայիս բնական նկատուելու համար մէկը պէտք է քիչ մը խենթուկ ըլլայ. ամէն մարդ պէտք է քիչ մը խենթուկ ըլլայ, չըսի` ո՛չ աւելի:

«Հայր Մեր»-ը ֆրանսերէն արտասանենք միասին», ըսի: 97 տարեկան տիկին Մարքոնին սկսաւ ու մեզմէ արագ գնաց, վերջացուց, լսեցի, որ տիկինը Քու-Քեզ ըսելու տեղ, Ձեր-Ձեզ կ՛ըսէր մեր Երկնաւոր Հօր: Ատիկա տարիքի կապեցի` կարծելով, թէ ժամանակին մարդիկ Աստուծոյ հանդէպ աւելի յարգանք ունեցած են, քան` հիմա: Երեք տարի ետք տիկին Մարքոնին մէկ դար ապրած պիտի ըլլայ, ատոր համար Աստուծոյ հանդէպ մեզմէ աւելի սէր, յարգանք, ահ ու երկիւղ ունի:

Արտասանելու ատեն ալ մեզմէ հեռացաւ, փախուստ տուաւ արեւէն եւ կառքին կռթնած`  շուքին կեցաւ:

Եղբօրորդւոյն` Մանուէլին, ազգական Պետրոսին եւ տիկին Մարքոնիին ֆրանսացի փեսային հետ արագ բան մը խմելու գացինք. հոն, տիկին Մարքոնիին մտքի արթնութեան եւ ուշիմութեան մասին ըսի, որ «Հայր Մեր»-ը արտասանելու ատեն ան մեր Երկնաւոր Հօրը Դուն-, Քու ըսելու տեղ Ձեր-Ձեզ կ՛ըսէր: Մանուէլ Պօղոսեանը ըսաւ, որ ատիկա իտալերէնի ազդեցութիւնն է, ինչ որ կը նշանակէ, թէ տիկինը իտալական ծագում ունէր, ըսուածը տրամաբանական գտնելով հանդերձ, համացանցէն ստուգեցի, որ ֆրանսացի կաթողիկէները երեք դար, մինչեւ 1964 «Հայր Մեր»-ին ատեն Ձեր եւ Ձեզմով խօսած են, յետոյ ըրած են Դուն,- Քեզ, ոչ թէ` յարգանքի պակասի համար, այլ` հայր-զաւակ պարզ, մտերիմ եւ բնական յարաբերութեան համար… Ուստի տիկինը այն ատեն արդէն 44 տարեկան էր եւ չէր ուզած սորվածը փոխել: Եզրակացուցի, որ լեզուներուն մէջ ամէնէն դիւանագէտը անգլերէնն է, որ խօսակիցին կամ ունկնդիրին ո՛վ եւ ի՛նչ ըլլալը չի հարցներ եւ ամէնուն, մեծին ու պզտիկին եու կ՛ըսէ. ԵՈՒ` եւ վերջ:

Տիկին Մարքոնիին փեսան մեր հայ ըլլալը գիտնալու ատեն «Ազնաւուրին պէս» ըսաւ…

Մտածեցի, որ հայերս յամենայն դէպս բախտաւոր ենք. ի՞նչ պիտի ըլլայինք, եթէ Ֆրանսայի մէջ Ազնաւուրը չըլլար. լա՛ւ որ կայ Ազնաւուրը. շէ՛ն մնայ ու հազա՛ր ապրի, առողջ ու արթուն միտք ունենայ, ձայնը դալար. վա՜յ մեզ Տէր, բայց, Մանուէլ Պօղոսեանին ըսի, որ մենք ալ մեր մականունին համար պէտք է մենք մեզ հպարտ եւ բախտաւոր զգանք, որովհետեւ մեր մականունը ըսուելուն եւ կարդացուելուն պէս` լսողը ֆութպոլիստ եւ մարզիչ Էրիք Պօղոսեանին կը կապէ, մանաւանդ` սահմանը անցնելու ատեն եւ տարբեր աչքով կը նայի մեզի, նոյնիսկ եթէ ազգական կամ այդքան ալ մեծ ֆութպոլի խենթեր չենք:

Մանկուց զգացած էի, որ ֆրանսացիներն ալ մեզի պէս քիչ մը խենթուկ են: Անթիլիասի մեր ֆրանսերէնի ուսուցիչ, շարժապատկերի պարոն մըսիէօ Սինեման` ողորմած Ժան Փիեռ Կու Փելլըթանն ալ քիչ մը խենթուկ էր մեզի պէս: Ան մեր վրան աղուոր մը կը խնդար, ու երբ որ առիթը գտնէր, հատ մը կը փակցնէր մեր գլուխին: Օր մը տետրակիս եւ վիճակացոյցիս մէջ գրեր էր. «Դուք լաւ աշակերտ էք, բայց երբեմն զիս յուսախաբ կ՛ընէք»: Չէր գիտեր, որ ես զինքը յուսախաբ ընելէս առաջ ինքզինքս յուսախաբ ըրած կ՛ըլլայի… եւս առաւել մէյ մը սխալելէս ետք սխալներս կը գումարէի` սխալիս մասին մտածելով ու նեղուելով: Երաժշտութեան մէջ ալ այդպէս էի, վա՜յ որ երգած ատենս սխալ նոթ մը երգէի, անմիջապէս նորերը կ՛աւելցնէի, մանաւանդ եթէ լսողին անդրադառնալը նկատէի: Մեր մեծայարգ եւ սիրելի հոգելոյս ուսուցիչը` Գէորգ Գանտահարեանը, անդրադարձեր էր այս տկար կէտիս, մինչեւ վերջացնելս բան չէր ըսեր, որ չգումարեմ, ետքը կ՛ըսէր:

Եթէ տիկին Մարքոնին ըսաւ, որ ննջեցեալը քիչ մը խենթուկ էր, ուրեմն համակրելի եւ սիրելի մէկն էր, այլապէս տիկին Մարքոնին 97 տարեկանին պիտի չըսէր.

– Ի՛նչ չար ես, ինչո՞ւ զիս մինակս ձգեցիր, գացիր…

Տիկին Մարքոնիին աղջիկն ու փեսան ի՞նչ զգացին, երբ ան ըսաւ, որ ննջեցեաը զինք մինակ ձգած` գացած էր, Աստուած գիտէ՜:

Ճիշդ է, որ ամէնքս մենք զմեզ մինակ զգալու պահեր կ՛ունենանք ամէն օր: Ան ալ պէտք է, մանաւանդ` բան մը գրելու ատեն…

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>