Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Տարօն Եւ Տարօնցիք (Տարօն-Տուրուբերանի Հայրենակցական Միութեան 100-ամեակին Առիթով

$
0
0

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

Տարօնի Օրացոյցները

Ինչպէս` մեր մշակութային, մարզական ու բարեսիրական կազմակերպութիւնները, հայրենակցական միութիւնները եւս կը սիրեն հրատարակել պատի ամէնամեայ օրացոյցներ: Ասիկա «գոյութեան» կամ «կենդանութեան» ապացոյց մըն է ոմանց համար, ուրիշներու դիտանկիւնէն` վարկի խնդիր, այլոց ըմբռնումով` պարզապէս նիւթական եկամուտի աղբիւր:

Տարօն-Տուրուբերանի հայրենակցական միութեան մասնաճիւղերն ալ, հինէն ի վեր, միշտ հրատարակած էին պատի օրացոյցներ:

Սակայն Տարօնի օրացոյցներուն հրատարակութիւնը, իբրեւ ձեռնարկ, անկիւնադարձ մը ապրեցաւ 2003 թուականին:

Այդ տարուան համար հայրենակցականի Հալէպի վարչութիւնն առաջարկեց ինծի պատրաստել վեց էջանի պատի օրացոյց մը` «պատշաճ բովանդակութեամբ», առանց երբեք ճշդելու այդ բովանդակութեան բնոյթը: Այլ խօսքով, ամէն ինչ ձգուած պիտի ըլլար իմ սեփական ճաշակին ու հայեցողութեան:

Ինչպիսի՞ նիւթերով կրնայի լեցնել օրացոյցին վեց էջերը, որպէսզի անոնք հետաքրքրութիւն ստեղծէին, նորութիւն մը բերէին, նաեւ ունենային ՄՆԱՅՈՒՆ արժէք մը: Իբրեւ սովորական տօնացոյց մը` տարուան աւարտին աղբաման չթափուէին, այլ գուրգուրանքով պահուէին գրադարանին մէջ:

Ինքնեկ մղումով մը յարմար դատեցի օրացոյցին վեց էջերուն վրայ ոգեկոչել հայ գիրի սպասարկու ՏԱՐՕՆՑԻ վեց մտաւորականներ, իւրաքանչիւրը առանձնաբար, կենսագրական նշմարներով, լուսանկարներով եւ լրացուցիչ ծանօթագրութիւններով: Ուրեմն այդ վեց դէմքերն եղան` Կարօ Սասունի, Հայկ Ասատրեան, Եդուարդ Տարօնեան, Սահակ վրդ. Տէր Մովսէսեան, Սիմոն Սիմոնեան եւ Մկրտիչ Մկրտիչեան:

Երբ կը տպուէր օրացուցային իմ այս անդրանիկ փորձը ու գոհունակութիւն կ՛առթէր բոլորին (օրացոյցը որդեգրուած էր Լոս Անճելըսի ու Պէյրութի մասնաճիւղերուն կողմէ եւս), ես բնաւ գաղափար չունէի, թէ առնուած այս քայլը որքա՜ն հեռուները պիտի տանէր զիս…

Ձեռնարկը կրկնուեցաւ յաջորդ տարի` վեց նոր դէմքերով: Այս անգամ ի մի խմբած էի պատմիչ Ստեփանոս Ասողիկ Տարօնցին, աստուածաբան Պօղոս Տարօնցին, տաղերգու Մկրտիչ Նաղաշը, Պոլսէն` պատմուածագիր Արփիար Տէր Մարգարեանն ու մտաւորական տոքթ. Պաղտասար Մանուէլեանը եւ Լիբանանէն` մատենագէտ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանը:

Երբ երրորդ տարուան (2005) օրացոյցն ալ հրապարակ հանուեցաւ նոյնաբնոյթ ու նոյնաձեւ բովանդակութեամբ, ա՛լ վստահ էի, որ այս աշխատանքը ինքնաբերաբար վերածուած էր հեռահաս ծրագրի մը, որ էր` տարօնցի գիրի ու մշակոյթի սպասարկուներու յուշամատեանի մը դանդաղագնաց պատրաստութիւնը:

Սկսուած կամաւոր գործը ամէն տարի շարունակուեցաւ անխափան, նոյնիսկ` Հալէպի պատերազմի թէժ ու աննպաստ մթնոլորտին մէջ, միշտ օրացոյցը զարդարելով նորանոր անուններով, որոնցմէ շատեր` բոլորովին անծանօթ:

Անուններ` ոսկեդարու փաղանգէն (Մեսրոպ Մաշտոց, Խորենացի, Դաւիթ Անյաղթ, Յովհան Մանդակունի կաթողիկոս), անուններ` միջին դարերէն (Եսայի Նչեցի, Ներսէս Մշեցի, Գրիգոր Տաթեւացի, Խաչատուր Տարօնցի, Թովմա Մեծոփեցի, Առաքել Բաղիշեցի), անուններ` վերջին հարիւր տարուան մեր արժէքներէն (Մշոյ Գեղամ, Ուիլիըմ Սարոյեան, Գէորգ Աճեմեան, Աբրահամ Ալիքեան), անուններ` Հայաստանէն (Խաչիկ Դաշտենց, Վաղարշակ Նորենց, Սողոմոն Տարօնցի, Մուշեղ Գալշոյեան, Վարդան Գրիգորեան, Վրէժ Իսրայէլեան) եւ այլն, եւ այլն:

Ընթացիկ 2017 թուականի օրացոյցը շարքին 15-րդն էր: Սա կը նշանակէ, որ ցարդ հաւաքուած ու խմբագրուած էր 90 դէմքի կենսագրութիւն: Պատկառելի թիւ մըն է այս, որ հակամէտ է դիւրաւ աւելնալու, քանի Տարօնի աշխարհը չպեղուած հանք մըն է, ու անոր սփռած մշակութային արժէքները որակով ու քանակով անմրցելի կը մնան` Հայաստանի միւս նահանգներուն հետ յարաբերաբար:

Աւելորդ չէ նշել, որ տասնհինգ տարիէ իվեր Տարօն-Տուրուբերանի հայրենակցական միութեան օրացոյցներուն վրայ տողանցող երախտարժան դէմքերէն գրեթէ ո՛չ մէկը (աննշան բացառութիւններով) յիշատակուած կամ ներկայացուած է Կարօ Սասունիի  պատմագրքին մէջ:

Կենսագրութիւններուն մեծամասնութիւնը արդիւնք է բանասիրական պրպտումներու եւ անդուլ հետազօտութիւններու:

Զանոնք պատրաստելու ընթացքին անձնատուր եղած եմ երկու հակասական զգացումներու. երջանկացած եմ նոր անուններու յայտնաբերումին դիմաց, հպարտացած եմ անոնցմով, միւս կողմէ ալ խո՛րապէս տխրած ու տառապած եմ` մտածելով որ այս անուները իրենց շառաւիղներն ու արժանաւոր յաջորդները չունեցան մեր օրերուն: Աւա՜ղ…

Տարօն Եւ Տուրուբերան

Քանի որ խօսեցանք Տարօն-Տուրուբերանի հայրենակցական Միութեան մասին, ուրեմն պատշաճ է, որ պահ մը կանգ առնենք նաեւ սա «Տարօն» եւ «Տուրուբերան» անուններուն վրայ, որոնց մասին մեր ժողովուրդին ջախջախիչ մեծամասնութիւնը գրեթէ ոչի՛նչ գիտէ:

Սկսինք Տուրուբերանէն:

Տուրուբերանը Մեծ Հայքի (այսինքն` պատմական հին Հայաստանի) 15 նահանգներէն մէկն էր: Նաեւ` ամէնէն ընդարձակներէն մէկը, բաղկացած` 16 գաւառներէ. Խոյթ, Ասպակունիք, Տարօն, Արշամունիք, Մարդաղի, Դասնաւորք, Տուարածատափ,Դալառ, Հարք, Վարաժնունիք, Բզնունիք, Երեւարք, Աղիովիտ, Ապահունիք, Կորի եւ Խորխոռունիք: Տուրուբերանի գլխաւոր քաղաքներն էին` Մուշը, Պիթլիսը, Խլաթը, Արճէշն ու Մանազկերտը: Անիկա օրրանն էր Մամիկոնեան նախարարական հայրենասէր տոհմին:

Իսկ Տարօնը, ինչպէս տեսնուեցաւ արդէն, Տուրուբերան նահանգի վերոնշեալ 16 գաւառներէն մէկուն անունն էր պարզապէս:

Բայց այս անունը` Տարօն, դարերու ընթացքին, հետզհետէ զգեցաւ նոր բնոյթ ու աշխարհագրական աւելի լայն հասկացողութիւն: Տուրուբերան նահանգի տարածութեան խոշոր մէկ մասը սկսաւ կոչուիլ Տարօնի աշխարհ, որ իր մէջ կ՛ընդգրկէր Սասունէն մինչեւ Խնուս ու Վարդօ, Մշոյ դաշտէն մինչեւ Պուլանըխ ու Մանազկերտ, Սղերդէն մինչեւ Դատուան ու Խլաթ երկարող աշխարհագրական գօտիները: Այլ խօսքով, գաւառը իր անունը տուաւ բովանդակ նահանգին:

Այստեղ, հետաքրքրական է Սասունի պարագան: Տարօն աշխարհին այս մեծ գիւղախումբը, որ Խորենացիի «Աշխարհացոյց»-ին մէջ կը կոչուի Սանասունք, մաս չէր կազմեր Տուրուբերանին, այլ կ՛իյնար անոր հարաւը գտնուող Աղձնիք նահանգին մէջ` որպէս անոր տասնմէկ գաւառներէն մին: Բայց աշխարհագրական հետագայ մերձեցումներով Սասունը շաղկապուեցաւ Տարօն աշխարհին ու դարձաւ անոր անանջատելի միաւորը, բաբախող սի՛րտը:

Տարօն աշխարհին նիւթական եւ աննիւթական հարստութիւնները անհաշուելի են:

Միշտ մտածեր եմ, թէ որքա՜ն լաւ ըրեր են մեր երէցները` իրենց հայրենակցական միութիւնը կոչելով «Տարօն-Տուրուբերան»: Զմայլելի է մանաւա՛նդ սա «Տուրուբերան» բառը, որ մեզի կը յուշէ Մեծ Հայքը ու կարծէք անզգալաբար մեր մտքերուն մէջ արթո՛ւն կ՛ուզէ պահել հին ու փառաւոր Հայաստանի մը երազը…

Նո՛յն է պարագան Վասպուրականի հայրենակցական միութեան ալ (առ այսօր գործօն` Ամերիկա ու Ֆրանսա), որ իր կարգին` կը փորձէ անմար պահել Մեծ Հայքի Վասպուրական նահանգին պատմական անունն ու թանկագին յիշատակը:

Հինէն եկող այս նուիրական անունները սոսկ տեղանուններ չե՛ն: Անոնք պատմութիւն են, քաղաքակրթութիւն, ժառանգութիւն, ազգային հպարտութիւն եւ դեռ շա՜տ բան:

(Շար. 4)


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>