Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Կաթիլային Ներարկումներ

$
0
0

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Հրահանգով, լոզունգով, քարոզներով կամ որոշումներով կարելի չէ հայրենադարձութիւն իրականացնել:

Վերջին քսանհինգ տարիներու մեր հաւաքական փորձառութիւնն ալ կը վկայէ, որ մեծաթիւ ու միաժամանակ հայրենադարձութեան նոյնիսկ պատրաստ չենք ազգովին, նոյնի՛սկ` պետականօրէն:

Յամենայն դէպս, ի հեճուկս տարուէ տարի թափ ստացող արտագաղթին, «Դէպի երկիր» կարգախօսը կ՛աշխատի տարբեր ձեւերով, տարբեր դրսեւորումներով, որոնք եթէ նոյնիսկ ուղղակի ներգաղթի հոսք չեն ստեղծեր, ապա անոր ենթահողը պատրաստելու կը նպաստեն:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան սփիւռքեան կառոյցներու, յատկապէս` երիտասարդական միութիւններու նախաձեռնութեամբ, տարիներէ ի վեր եւ ամէն տարի աւելի՛ մեծ թիւով տղաք ու աղջիկներ Հայաստան, Արցախ ու Ջաւախք կ՛երթան` մասնակցելու այս կամ այն ծրագիրին:

Նոյնպէս ՀՄԸՄ-ի, ՀՕՄ-ի եւ Համազգայինի համահայկական կառոյցները իրենց անդամները Հայաստան տանելու տարբեր ծրագիրներ կ՛իրականացնեն:

Նոյնը կ՛ընեն բարեգործական եւ հասարակական բազմաթիւ այլ միութիւններ ու կազմակերպութիւններ:

Նոյնը կ՛ընէ նաեւ պետութիւնը` սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած «Արի տուն»-ով, համահայկական համագումարներով ու խորհրդաժողովներով:

Այս բոլորը կաթիլ առ կաթիլ ներարկումներ են Հայաստան այցելողներու հոգիներուն մէջ` անոնց յուշելով, որ աշխարհի միակ տեղը, ուր իրենք հարազատ կը զգան հողին, ջուրին ու միջավայրին հետ, Հայաստան աշխարհն է:

Այս կաթիլային ներարկումները կը հզօրանան ամէն անգամ, երբ այցելութիւնները կրկնուին: Նոր ծանօթութիւններ, նոր բացայայտումներ աւելի կ՛ամրապնդեն «նորոգ» յայտնաբերուած հայրենի հողին ընտելացումը` «Դէպի երկիր» ճանապարհը աւելի մատչելի, աւելի հարթ դարձնելով այսօր, վաղը կամ մօտիկ ապագային:

Արտագաղթի հաշիւը շարունակ կը կարդանք մամուլէն, պաշտօնական եւ անպաշտօն աղբիւրներէ: Ներգաղթի մասին պատկերացում չունինք: Որքա՛ն ալ անհամեմատ քիչ ըլլայ այդ թիւը, անոր հոգեբանական ազդեցութիւնը պէտք չէ թերագնահատել: Յատկապէս օտար ափերու վրայ ծնած երիտասարդներու ներգաղթը (կան այդպիսի պարագաներու բազմաթիւ օրինակներ) կրնայ շատերու համար ներշնչման աղբիւր դառնալ:

Հայաստանի մէջ արդար համակարգի ստեղծումը անշո՛ւշտ կրնայ աւելի արագացնել այս ամբողջ գործընթացը:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>