Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Ազրպէյճանի Կողմէ Վարձատրուող Գործակալները Ինչպէ՞ս Կը Չարաշահեն Ամերիկեան Լրատուական Միջոցները

$
0
0

 ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Վերջին քանի մը տարիներուն տասնեակ յօդուածներ յայտնուած են Միացեալ Նահանգներու, Իսրայէլի եւ Եւրոպայի թերթերուն մէջ` շռայլօրէն փառաբանելով Ազրպէյճանը եւ խստօրէն քննադատելով Հայաստանը: Այս յօդուածներուն մեծ մասը գրած են ոչ ազրպէյճանցիներ, որոնք առատօրէն կը վարձատրուին Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ:

Քէյսի Միշէլ անունով ամերիկացի մը քաջութիւնը ունեցած է բացայայտելու այս կեղծիքը` «Ազրպէյճանի կողմէ ամերիկեան լրատուական միջոցներու չարաշահումը» խորագիրը կրող ծաւալուն յօդուածի մը մէջ: Ան ընդարձակ հետազօտութիւն իրականացուցած է` ազրպէյճանամէտ հեղինակներէն մէկ քանին առնչելով Ազրպէյճանի լաւ ֆինանսաւորուող լոպիիստական գործունէութեան:

Փորձելով «մաքրուիլ բռնապետի կերպարէն` Իլհամ Ալիեւի բռնակալական կառավարութիւնը ասպարէզ հանած է իրականութիւնը չարափոխող մասնագէտներ, խաբուած լրագրողներ, աւելի քան որեւէ այլ կառավարութիւն, փորձելով խախտել ամերիկեան լոպիիստական օրէնքները», գրած է Միշէլ:

Նշեալ` պատուէրով գրողներէն քանի մը հոգին կը փառաբանէ Ազրպէյճանը եւ կը մոլորեցնէ հանրութիւնը` հանդէս գալով իբրեւ երրորդ անաչառ կողմ, որ առարկայականօրէն կը գնահատէ Ազրպէյճանին մէջ տիրող իրավիճակը: Մինչդեռ, իրականութեան մէջ այս գրողները կը գտնուին ազրպէյճանական վարչակարգին կամ անոր պետական քարիւղի ընկերութեան` ՍՈՔԱՐ-ի վճարման ցուցակին մէջ: Ահա` կարգ մը յստակ օրինակներ.

Նախկին քոնկրեսական Տեն Պերթըն, որ կը վարձատրուէր Ազրպէյճանի ամերիկեան դաշինքը ղեկավարելուն համար, առնուազն երեք սիւնակ գրած է «Ուաշինկթըն Փոսթ», «Ուաշինկթըն Թայմզ» եւ «Տէյլի Քոլըր» թերթերուն մէջ այն մասին, թէ ի՛նչ հրաշալի երկիր է Ազրպէյճանը` առանց սակայն բացայայտելու, որ ինք Պաքուի վճարման ցուցակին մէջ է…: Բարեբախտաբար քոնկրեսական Պերթըն հրաժարած է իր աշխատանքէն, երբ Ազրպէյճան դադրած է իրեն վճարելէ…

Այնուհետեւ Միշէլ կը յիշատակէ ազրպէյճանամէտ քարոզչութեան առաւել բեղմնաւոր քարոզիչ Ճէյսըն Քացը` Ազրպէյճանի վարձած ամերիկեան լոպիիստական ընկերութեան` «Թուլ Շետ» խումբի հիմնադիրը: Քաց յօդուածներու ամբողջ շարք մը գրած է «Հաֆինկթըն փոսթ»-ի մէջ` փառաբանելով Ազրպէյճանի «ժողովրդավարութիւնը»` պնդելով, որ այդ երկիրը «յառաջադէմ, համաշխարհային, բաց, աշխարհիկ եւ արեւմտեան կողմնորոշում ունեցող հասարակութիւն է»:

Ի պատիւ իրեն` Քաց սկիզբը այդ յօդուածներուն մէջ բացայայտօրէն կը ներկայանար իբրեւ «Ազրպէյճանի Հանրապետութեան աւագ խորհրդատու»: Սակայն, կարճ ժամանակ անց, ան սկսաւ թաքցնել իր յարաբերութիւնները Ազրպէյճանի կառավարութեան հետ: 2013-ի վերջերը, փառաբանելով Ալիեւի վարչակարգը, Քաց գրեց առնուազն ինը յօդուած, որոնցմէ չորսը` «Ռոլ Քոլ»-ի, իսկ երեքը` «Տը Հիլ»-ի համար, այդ յօդուածներէն մէկուն մէջ յիմարաբար պնդելով, թէ` «Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները կրնան շատ բան սորվիլ Ազրպէյճանի պէս պետութենէ մը», կը հաղորդէ Միշէլ: 2014-ի սկիզբը Քաց վիրաւորական յօդուած մը գրեց նաեւ «Նեշընըլ Ռիվիու»-ի մէջ` «Հայաստանի կառավարութիւնը հաւասարեցնելով Թալիպանին»: Նշեալ ինը  յօդուածներուն մէջ Քաց չէ յիշատակած, որ իր ընկերութիւնը` «Թուլ Շետ» խումբը, կը վարձատրուի Ազրպէյճանի կողմէ…

Միշէլ շատ բան ըրած է բացայայտելու համար Քացը` կապուելով տարբեր հրատարակութիւններու հետ եւ տեղեակ պահելով զանոնք Քացի կատարողութեամբ` յօգուտ Ազրպէյճանի իրականացուող լոպիիստական աշխատանքներուն մասին: Այս հրատարակութիւններէն շատերը հետագային ճշդումներ աւելցուցին Քացի տպագրած յօդուածներուն մէջ` ընդգծելով, որ ան սերտօրէն կապուած է Ազրպէյճանի հետ:

Օրինակ, «Նեշընըլ Ռիվիու»-ն լսելէ ետք Միշէլը, նոր նշում մը կատարած է Քացի անուան տակ` բացայայտելով, որ Քաց օտարերկրեայ պետութիւններու, «ներառեալ Ազրպէյճանի կառավարութեան» խորհրդատուն է: «Հիլ» եւս աւելցուցած է խմբագիրին նշումը` Քացի անունէն ետք բացայայտելով, որ` «վերջինիս կը վճարեն Ազրպէյճանի ռազմավարական խորհրդատուութիւն տրամադրելուն համար: Այս նշումը աւելցուած է այն բանէն ետք, երբ «Հիլ»-ի ուշադրութեան ներկայացուած է Քացի` իբրեւ օտարերկրեայ գործակալ արձանագրուելուն փաստը»:

Այս յօդուածները ոչ միայն Ազրպէյճանի նկատմամբ մոլորութեան մէջ կը ձգեն ամերիկեան ընթերցողները, այլեւ ազրպէյճանական մամուլին մէջ վերատպուելէ ետք լրացուցիչ վնաս կը պատճառեն` իբրեւ ամերիկացիներու կողմէ Ազրպէյճանի ուղղուած բարձր գնահատականի վկայութիւն…

Փոխելով մարտավարութիւնը, Քացի կինը` Մելորի Մոս, 2014-ի կէսերուն սկսաւ գրել նմանատիպ հակահայկական յօդուածներ` արցախեան հակամարտութեան մասին: Յօդուածներէն մէկը ան գրեց «Քափիթըլ Ուիքլի»-ի եւ երկուքը` «Հիլ»-ի համար` հիւանդապահուհիի անուան տակ: Միշէլ բացայայտեց, որ Մելորի Մոս իր իսկ անունով արձանագրած էր BakuWoman.com կայքը, որ վերստին արձանագրուած է Ճէյսըն Քացի անունով: «Մոսի անունով արձանագրուած կազմակերպութիւնը եղած է «Թուլ Շետ» խումբը», կը հաղորդէ Միշէլ: Մելորի Մոսի սիւնակները պէտք է ներկայացուէին Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան նախարարութեան օտարերկրեայ գործակալներու արարքին ներքոյ: Երբ Միշէլ յայտնած է «Հիլ»-ն, որ Մելորի Մոս կապուած է Ճէյսըն Քացի եւ «Թուլ Շետ» խումբին հետ, «Հիլ» յօդուածին տակ աւելցուցած է խմբագիրին նշումը. «Այս սիւնակը ներկայացուցած էր ընկերութիւն մը, որ Ազրպէյճանի ռազմավարական խորհրդատուութիւն տրամադրելուն համար կը վարձատրուի: Նշումը աւելցուած է տեղեկատուութիւնը «Հիլ»-ի ուշադրութեան ներկայացուելէ ետք»:

Վերջապէս, Միշէլ կը նշէ փրոֆեսէօր Պրենթա Շաֆըրը, որ ազրպէյճանամէտ յօդուածներ գրած է «Նիւ Եորք Թայմզ» եւ «Ուաշինկթըն Փոսթ» թերթերուն մէջ: Երկու պարագային ալ ան չի նշեր, որ ինք եղած է Ազրպէյճանի պետական քարիւղի ՍՈՔԱՐ ընկերութեան խորհրդական: Հետագային երկու թերթերն ալ հրապարակած են խմբագիրին նշումը` բացայայտելով անոր ֆինանսական յարաբերութիւնները ՍՈՔԱՐ-ի հետ…

Կան նաեւ շատ ուրիշներ, զորս Ազրպէյճան վարձած է արեւմտեան լրատուական միջոցներուն մէջ քարոզչական նիւթեր հրապարակելու նպատակով` «Կասպեան աւազակապետութեան» օգտին, այնպէս, ինչպէս որ Միշէլ կը նկարագրէ այդ երկիրը:  Ցաւօք, մենք չենք կրնար թուարկել այդ քարոզիչները` առանց Ազրպէյճանի կողմէ անոնց վարձատրումը բացայայտող հիմնաւոր ապացոյցներու…

 

 

 

Արեւելահայերէնի թարգմանեց` ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

 

Արեւմտահայերէնի վերածեց` ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>