Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Պարգեւատրումներ Սփիւռքի Նախարարութեան Յարկին Տակ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻԱ ԱՐԱՊԱԹԼԵԱՆ

27 յուլիսին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան պարգեւներ յանձնեց սփիւռքի մշակութային գործիչներուն:

ՀԲԸՄ-ի Փարիզի «Ահազանգ» թատերախումբի հիմնադրութեան 25-ամեակին առիթով եւ սփիւռքի մէջ հայ մշակոյթի տարածման նպաստելուն, այդ բնագաւառին մէջ ակնառու նուաճումներու եւ յաջողութիւններու, ստեղծագործական գործունէութեամբ Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան զարգացման, սփիւռքի միջգաղութային կապերու ամրապնդման ծիրին մէջ ունեցած մեծ ներդրումին համար նախարար Հրանուշ Յակոբեան «Ահազանգ» թատերախումբը պարգեւատրեց Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան «Ուիլիըմ Սարոյեան» մետալով:

Մետալը յանձնելով թատերախումբի գեղարուեստական ղեկավար Մկրտիչ Պասմաճեանին` սփիւռքի նախարարը շնորհաւորեց թատերախումբը:

«Ահազանգ» թատերախումբի գեղարուեստական ղեկավար Մկրտիչ Պասմաճեան շնորհակալութիւն յայտնեց եւ ըսաւ. «Պարգեւը պարտաւորեցնող է, նոր ուժ եւ ոգեւորութիւն պիտի տայ` շարունակելու մեր հայապահպան գործունէութիւնը, որպէսզի սփիւռքի մէջ ապրողը փորձէ հայերէն մտածել»:

Հրանուշ Յակոբեան սփիւռքի նախարարութեան «Ուիլիըմ Սարոյեան» մետալով պարգեւատրեց նաեւ «Արարատ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր, «Նոր սերունդ» մշակութային միութեան ատենապետ,  գաղութային, քաղաքական, հասարակական աշխուժ գործիչ Անի Եփրեմեանը` մասնագիտական եւ ազգային-հասարակական արդիւնաւէտ գործունէութեան, Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան զարգացման, երիտասարդ սերունդներուն կրթութեան եւ հայեցի դաստիարակութեան, ինչպէս նաեւ հայապահպանութեան գործին մէջ ունեցած դերին եւ աւանդին համար:

Անի Եփրեման շնորհակալութիւն յայտնեց եւ նշեց. «Երազս իրականացաւ, հայրենիքի մէջ հանդէս կու գամ հայ հանդիսատեսին առջեւ: Հայաստանի հողին վրայ հայու ինքնութեան ուժեղ ապրումներով կը լեցուիմ»:

Նախարարը երրորդ պարգեւը` սփիւռքի նախարարութեան «Երախտագիտութեան» մետալը շնորհեց լիբանանահայ Արարատ Ճէրէճեանին, որ կ՛աշխատի «Էմիրէյց» օդանաւային ընկերութեան մէջ: Ան հետաքրքական եւ ազգասիրական նախաձեռնութեան մը հեղինակը դարձած է:

Աշխատանքի բերումով այցելելով տարբեր երկիրներ` ան իր ազատ ժամերը կ՛օգտագործէ պատահաբար անցնող տեղացիներուն հայ ազգին ու Հայաստանին մասին պատմելով: Արարատ նաեւ յուշանուէրներ կը բաժնէ անոնց` հակիրճ տեղեկութիւն տալով հայկական մշակոյթին մասին: Իսկ հանդիպումի աւարտին հայկական եռագոյնով կը նկարուի տեղացիներուն հետ եւ կը տարածէ ընկերային ցանցերուն մէջ: «Իւրաքանչիւր հայ կրնայ իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ օգտակար դառնալ հայրենիքին: Կը յուսամ, որ ես գտած եմ իմ ձեւը», կըսէ ան:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>